Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որբացած» Յուշարձանին Ամէնօրեայ Աղաղակը (6 Մայիս)

May 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

img_9318

Պատահա՞ծ է, որ քարեղէն իրերն անգամ բարձրագոռ աղաղակեն եւ ուզեն իմաց տալ, թէ իրենք գոյութիւն ունի՛ն, դեռ կանգո՛ւն են այն պատուանդանին վրայ, որ կրցած է տոկալ բազում փոթորիկներու եւ պահած է իր բովանդակ հնչեղութիւնը:

Այո՛, հնչեղութիւն ոչ թէ անոր համար, որ ունի գեղարուեստական բարձր որակ կամ քանդակուած է աշխարհահռչակ արուեստագէտի մը ձեռամբ, այլ այն պատճառով, որ անիկա համեստ յուշարար-օղակն է հանդիսացեր իրերայաջորդ սերունդներու, պատմելով դաժան տարիներու մէկ ահաւոր սպանդին, ազգային մտաւորականներու կախաղան բարձրացնելու թրքութեան ոճիրին մասին:

Եթէ երբեք ուզենք հասկնալ այդ ամէնօրեայ աղաղակին դրդապատճառը, ապա անիկա պարզապէս անոր համար է, որ տուեալ քանդակը կ՛ապրի զարմանքի ու հիասթափութեան պահեր, կը տուայտի առանձնութեան զգացումէ, հոգին է, որ խոցուած է, ականատես է բազում ողբերգական երեւոյթներու, տխուր է ան, վշտացած եւ չ՛ուզեր չարաշահուիլ իր իսկ ժողովուրդին կողմէ, որ այս կամ այն առիթին, գիրքերու լուսանցքին կամ տողատակի կը յիշէ զինք` առանց լիարժէք եւ իրաւ իմաստաւորումի:

Արդ, մայրաքաղաքի սրտին հաստատուած երբեմնի Նահատակաց յուշարձանն է անիկա, որ տասնամեակներու պատմութիւնը իր շալակին կը շարունակէ ապրիլ եւ շնչել իր ժողովուրդին կողքի, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ ինք պահպանած է իր դիմագիծը, մինչ իր սեփական ժողովուրդը դարձած է դիմազերծ եւ անտարբեր:

Իր կանգնեցման օրերէն ի վեր այս յուշարձանը դարձած է խորհրդանիշը մտքի ազատութեան, ժողովուրդի մը պոռթկումին ու կրած տառապանքին, օսմանեան բարբարոսութիւններուն եւ մանաւանդ` ազգային վերականգնումին:

Յուշարձանը ամուր եւ վեր բռնած է ջահը` հաւատալով անոր լոյսին ու թողած ժառանգին: Կոթողային է անոր իմաստն ու պատգամը: Ան ջանասիրութեամբ իր շրջապատին կը փոխանցէ պատուաբեր ու խորիմաստ այն ընկալումը, թէ հայրենիքներ կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն բացառաբար սեփական ժողովուրդի նուիրաբերումով եւ ազգային անշահախնդիր գործելակերպերու որդեգրումով:

Եւ հակառակ անոր որ ան իր աչքերով տեսած, ճաշակած ու իր մորթին վրայ զգացած   է եղբայրասպան տասնհինգամեայ (1975-1990) պատերազմին ահաւորութիւնը, նոյնիսկ կրելով սպիներ, այդուհանդերձ, տոկացած ու մնացած է իր համոզումին տէր ու տիրական:

Ճիշդ է, որ  յետպատերազմեան տարիներուն  յուշարձանը կրկին ներկայացաւ իր շրջապատին, այս անգամ, այսպէս ասած, նոր Լիբանանի մը տեսլականով եւ վերականգնած հայրենիքի մը յուսադրիչ կռուանը ըլլալու յաւակնութեամբ, սակայն իր երբեմնի դիմագիծն ու խորհուրդը ընդմիշտ կորսնցուցած Պուրճի հրապարակը տեսակ մը այլանդակ էր դարձած եւ արժեզրկած նոյն կոթողին իմաստը:

Փաստօրէն, մեր օրերուն եղան ժամանակներ երբ մայիս 6-ի խորհուրդը աղաւաղել փորձեցին` անոր տալով սովորական քանդակի մը իմաստը: Եղան նաեւ տարիներ, երբ  լիբանանահայութիւնը իբրեւ արժանապատիւ քաղաքացի եւ իր պատմութեան հաւատարիմ ազգ, իր միասնական հաւաքներով իր շրջապատին յիշեցուց, թէ Նահատակաց յուշարձանը հայրենիքի ու սեփական ժողովուրդի մը ոգեղէն պատմութեան, անգնահատելի արժէքին մաս կը կազմէ, հետեւաբար, հարկ է տիրութիւն ընել անոր, որպէսզի կորուստի չմատնուի ազգային ինքնութեան դիմագիծն ու արժանապատուութիւնը:

Եւ, ի պատիւ լիբանանահայութեան, անոր բուռն կեցուածքը իր դերն ու հսկայ տարողութիւնը ունեցաւ, երբ բազում առիթներով հայութիւնը հաւաքուեցաւ անոր շուրջ եւ ամրագրեց իր հաւատարմութեան եւ համոզումներուն իրաւացիութիւնը:

Այդուամենայնիւ, ի տես ներլիբանանեան վերջին տարիներու անպատկառ եւ զզուելի վերաբերումներու, քաղաքական մտքի դալկութեան, ոչ հայրենասիրական կեցուածքներու, փտածութեան եւ կաշառքի ահաւոր համեմատութեան,  հաւանաբար անկաշառ ու հայրենասէր լիբանանցին ամէն առիթի ինքզինքին հարց կու տայ, թէ արդեօք Պէյրութի նահատակաց յուշարձանին ներկայութիւնը, այդ ալ մայրաքաղաքի սրտին, այլեւս որեւէ իմաստ ունի՞, եւ կամ պէտք չէ՞ զայն փոխադրել հեռու վայր մը եւ   տեղադրել անտառածածկ լերան մը գագաթին, որպէս հնատիպ արձան մը, որուն երբեմնի իմաստը ա՛լ կորսնցուցած է իր հնչեղութիւնը:

Հաւանաբար, հազարամեակ մը ետք, քարայրաբնակ այլ ցեղախումբ մը, տեսնելով եւ զգալով անոր հնչեղութիւնը, զայն պաշտամունքի առարկայ դարձնէ:

Կ՛արժէ տեսնել այդ օրերը:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Երաշխիքներ` Հրադադարի Եռակողմանի Վերահաստատման Համար

Յաջորդը

Ականջալո՛Ւր` Մայիս 6-ի Նահատակներուն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.