– Օրիո՛րդ, տե՛ս, փունջ մը վարդ բերած եմ, որ եթէ մէկը մոռցած է, տամ իրեն:
– Իմ վարդս ճերմակ չէ:
– Ես երկու հատ բերեր եմ, օրիո՛րդ:
– Կարեւորը գոյնը չէ, ծաղիկ բերելն է, այդպէս չէ՞, օրիորդ…
– Օրիո՛րդ, վարդին տեղ ուրիշ ծաղիկ բերած եմ, կ՛ըլլա՞յ:
Եւ այսպէս, մինչ կը տեղային աշակերտներուն անվերջանալի թուացող հարցումները, կը նայէի անոնց փայլուն աչուկներուն մէջ ու յստակ կը տեսնէի վաղուան պահանջատէր հայուն ուրուագծուած աչքերը: Մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին իր անմեղ ձեռքերով ծաղիկ մը վերցնելու խոր գիտակցութեամբ դպրոց եկող աշակերտը անտարակոյս վաղը իր ձեռքերուն մէջ բռնէ այն սուրն եւ գրիչը, որով շարունակէ պայքարը իր նախահայրերու իրաւունքներու վերատիրացման եւ ճշմարտութեան հաստատման համար` հասնելով յաղթանակին:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ապրիլեան նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման ծիրին մէջ տեղի ունեցող աշակերտական հաւաքներէն անմասն չմնաց Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը: Ուրբաթ, 22 ապրիլ 2016-ին միջնակարգի աշակերտները մասնակցեցան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած միջվարժարանային աշակերտական ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութեան, որմէ ետք վերադառնալով դպրոց` համախմբուեցան դպրոցին կից գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ` Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու: Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով, աշակերտութեան երգեցողութեամբ, ապա հերթաբար աշակերտները խոնարհեցան Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողին դիմաց եւ իրենց ծաղիկները զետեղեցին:
Աշակերտները իրենց ելոյթներով, ազգային-հայրենասիրական երգերով, ասմունքային կատարումներով, կենդանի պատկերներով, ներկայացումով, սրտի խօսքերով եւ ապրումներով պատմեցին հայ ազգի ամենամեծ ողբերգութիւնը, երգեցին հայոց ցաւն ու վիշտը, բայց նաեւ գովերգեցին հայ ժողովուրդին ապրելու եւ արարելու կամքը, հաստատեցին հայ արժէքները յաւերժ պահելու հրամայականը եւ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ նահատակներու արիւնով գրուած կտակին:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ դպրոցի տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ ապրիլ 24-ը արցունքի ու արիւնոտ յուշի կողքին, կը ներարկէ պայքարելու նոր աւիշ, կը ներշնչէ հպարտութիւն, աշխատանք եւ պատասխանատուութեան գիտակցում, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտութեան` քաջալերեց զանոնք ձեռնարկի մասնակցութեան համար եւ եզրափակեց. «Դո՛ւք ձեր ելոյթներով բարձր հնչեցուցիք օրուան պատգամը` հայ մնալու հրամայականը, դրսեւորեցիք պահանջատիրական կամքը, լաւագոյնս փաստեցիք, թէ շարունակելու էք հայութեան դարաւոր պայքարը մինչեւ յաղթանակ»:
Աշակերտները «Սարդարապատ» յաղթերգով փակուած յայտարարեցին ձեռնարկը: