Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 24. Ազգային, Քաղաքական Եւ Քաղաքացիական Բարձր Գիտակցութեան Դրսեւորումով

May 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հակառակ անցնող շաբաթներուն լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ տիրող թերահաւատութեան եւ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու եւ քաղաքական շրջանակներու փոխանցած ու տարածած` ընտրութիւններու թուականի յետաձգման լուրերուն, ահաւասիկ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները իրականութիւն են արդէն եւ ընթացք կ՛առնեն այս կիրակի, 8 մայիսին:

ՀՅԴ ընտրական մեքենան կը գործէ աշխուժ, ակումբները եւ ժողովրդային տուները վերածուած են երիտասարդներու, փորձառու ընկերներու եւ համակիրներու կամաւոր աշխատանքի խճողուած վայրերու եւ կազմակերպչական աշխատանքները կ՛ընթանան ճշդուած ժամանակացոյցի հիման վրայ: Այս ընտրութիւններուն ընդհանրապէս եւ մայրաքաղաք Պէյրութի ընտրութիւններուն մասնաւորապէս հայ համայնքի լիիրաւ, ամբողջական, յանձնառու, կարգապահ եւ խիտ շարքերով մասնակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի:

Որքան ալ հայ համայնքի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութիւնը վայելող ցանկերուն եւ առաջադրած թեկնածուներուն յաջողութեան գրաւականները մեծ են, որքան ալ Դաշնակցութեան ծաւալած քաղաքական, յարաբերական աշխատանքները եւ ընտրական դաշինքները վերջին օրերուն տուած են իրենց դրական արդիւնքը, այսուհանդերձ այս ընտրութիւններուն մեր համայնքի ամբողջական մասնակցութիւնը կը զգենու յաւելեալ վճռական նշանակութիւն: Մայրաքաղաքին մէջ հայ համայնքի ներկայութեան ուժեղ եւ խոր ամրագրումի կարեւոր առիթ է այս հանգրուանը` համայնքի իրաւունքներու երաշխաւորման եւ երկրի պետական կառոյցին մէջ յաւելեալ գործօն ու աշխուժ դերակատարութիւն ստանձնելու առումով: Արդարօրէն ակնկալելի է, որ Պէյրութի քաղաքապետութեան բարիքներէն օգտուի նաեւ հայ համայնքը իր ծաւալած ընկերային, բարեսիրական, կրթական, մշակութային եւ մարզական հարուստ գործունէութեանց մարզերուն մէջ, եւ այդ առումով քաղաքապետական խորհուրդի եւ անոր ենթայանձնախումբերուն մէջ անպայման որ հայկական գործօնի տիրական ներկայութիւնը  կարեւոր է այս պարագային:

Մայրաքաղաքը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ որեւէ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական կառուցուածքին ու գործընթացներուն համար: Աւելի՛ն, մայրաքաղաքը` Պէյրութը խորհրդանիշ է համայնքներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան, հանգամանք մը, որ հայութեան համար կը ներկայացնէ յատուկ նշանակութիւն եւ կը հանդիսանայ առաջնահերթ խնդիր:

Այս ընտրութիւններուն ողջունելի երեւոյթ է, որ հայ համայնքը ջախջախիչ տոկոսով կը ներկայանայ համախմբուած ու միաւորուած իր հայ թեկնածուներուն շուրջ: Այս դրական երեւոյթին ամբողջական ու հարազատ ընկալումը անպայման պիտի դառնայ ամուր ենթահող յառաջիկայ քաղաքական եւ ընտրական գործընթացներուն ճշդորոշման մէջ եւ ազգային ու համահայկական խնդիրներու շուրջ գաղութին նուաճած միասնականութիւնը պիտի համալրուի Լիբանանի ներքին քաղաքական հարթակին վրայ նաեւ դրսեւորուելիք հայ համայնքի երբեմնի միասնակամութեամբ:

Հետեւաբար, մեկնելով այս բոլոր հանգամանքներէն եւ իրողութիւններէն, 8 մայիսին մայրաքաղաքի հայկական քուէատուփերուն շուրջ ստեղծուելիք աշխուժ եւ վարակիչ մթնոլորտը բոլոր տուեալները ունի նոր հանգրուանի մը սկիզբը դառնալու: Աւելի՛ն, հակառակ շրջանային առկայ ծանր իրավիճակներուն եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու դիմագրաւած դժուարին մարտահրաւէրներուն, ներկայ հանգրուանին հայութեան միացեալ ու ամբողջական մասնակցութիւնը մայրաքաղաքի եւ այլ ընտրատարածքներու մէջ` Այնճար, Զահլէ, Պուրճ Համուտ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Մեթն, Քեսրուան, Ժիպէյլ եւ Հիւսիս` Թրիփոլի, հիմնական է եւ այս երկրին հանդէպ վստահութեան գործօնի բարձրացման յաւելեալ փաստ մը դառնալու բոլոր տուեալները ունի:

Այո՛, եկէ՛ք յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, մեր օրինակելի մասնակցութեամբ եւ արձանագրած յաջողութեամբ հաւաքաբար, հպարտութեամբ ու վճռակամօրէն ըսենք` ԱՀԱՒԱՍԻԿ ՄԵՆՔ` ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ …

 

 

 

Նախորդը

Ականջալո՛Ւր` Մայիս 6-ի Նահատակներուն

Յաջորդը

Խմբագրական. Կանխամտածուած Սովամահութիւնը Ցեղասպանութիւն Է

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.