Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւն

Մայիս 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին, երբ յետադարձ ակնարկով մը նախորդ տարուան համահայկական պահանջատիրական մեր երթը արժեւորենք, ապա պիտի հաստատենք, որ Համահայկական հռչակագիրի հրապարակումով ամրագրուեցաւ մեր ազգային  միասնականութիւնը ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք միասնական գործելաոճի որդեգրումով, այլեւ` քաղաքական մեր պահանջներու յստակ բանաձեւումով եւ Հայ դատի պայքարը իրաւական, քաղաքական թէ քարոզչական դաշտերուն մէջ համադրուած ճիգերով շարունակելու վճռակամութեամբ:

Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարի վերջ հայ ժողովուրդը համայն աշխարհին կը ներկայանայ որպէս մոխիրներէն վեր բարձրացած յարուցեալ ժողովուրդ, որ ունի անկախ երկու հանրապետութիւն, կազմակերպ սփիւռք, մարտունակ ու ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած երիտասարդութիւն, միաժամանակ, սակայն, խլուած հայրենիք ու մշակութային հսկայ ժառանգութիւն:

101 տարի անց հայութիւնը իր զոյգ պետութիւններով եւ սփիւռքով կը շարունակէ պայքարիլ` մէկ կողմէ ի՛ր իրաւունքներու վերատիրացման, միւս կողմէ` համայն մարդկութեան սպառնացող ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար: Այո՛, համայն  մարդկութեան, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը  ոչ միայն ազգային ողբերգութիւն էր, այլեւ` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Միջազգային ընտանիքը, դատապարտելով հանդերձ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ակնկալուած վճռակամութիւնը չցուցաբերեց, ան  բաւարարուեցաւ ցաւակցական ու դատապարտական խօսքերով, ինչ որ պարարտ հող ստեղծեց ցեղասպանութեամբ քարտէսներ փոխելու նկրտումներ  ունեցող կողմերուն համար` վերարտադրելու յանցագործութեան այս եղանակը:

Միջին Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցող ոճրարարքները կը վկայեն այս  մասին: Բնակչութեան ջարդ, հաւաքական սպանդ, երկրի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, փոքրամասնութիւններու սպառնացում:

Աւելի՛ն. 101 տարի վերջ, Հայկական հարցին հետ ցեղասպանութեան ճամբով հաշուեյարդար կատարելու իր ոճրային փորձէն ու անպատիժ մնացած ըլլալու  իրողութենէն խրախուսուած Թուրքիան իր կրտսեր եղբայրը` Ազրպէյճանը կը մղէ պետական ծրագրուած քաղաքականութեամբ, զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսմամբ եւ անմեղ բնակչութեան սպառնալով «լուծելու Արցախի հարցը»:

Արցախի մարտունակ բանակը, սակայն, համայն հայութեան զօրակցութեամբ, ձախողութեան մատնեց դաւադրական այդ ծրագիրը, իսկ  թուրք-ազերիական համադրուած այս փորձը անգամ մը եւս վկայեց, թէ այնքան ատեն, որ Թուրքիան կը շարունակէ ուրացման իր քաղաքականութիւնն ու կը մերժէ հայ ժողովուրդի արդար հատուցումը, այնքան ատեն որ Ազրպէյճան կ՛ուրանայ արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքն ու կը շարունակէ խանգարել ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան յառաջընթացը, երաշխաւորուած չի կրնար ըլլալ Հայաստանի ու Արցաի անվտանգութեան:

Հայ դատի կարեւոր մէկ օղակը հանդիսացող Արցախի միջազգային ճանաչումով ու պատմական մեր իրաւունքներու վերատիրացումով միայն պիտի երաշխաւորուի մեր հայրենիքի անվտանգութիւնը:

Այս երաշխիքի  ապահովման համար խաղաղասէր մեր ժողովուրդը պէտք է վերածուի քաղաքական ուժեղ գործօնի` իր զոյգ պետութիւններով, հզօր բանակով, աշխուժ դիւանագիտութեամբ, զանազան ոլորտներու մէջ  մասնագիտացած երիտասարդութեամբ, ժամանակակից տեղեկատուական յառաջընթացին համահունչ զանգուածային լրատուամիջոցներով, միաժամանակ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով Հայաստանի ու Արցախի բարգաւաճման:

Զ. Պ.

24/4/2016

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պիտի Օժանդակե՛նք

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ընտրական Մեքենայի Կամաւորները Կը Զարմացնեն Տեղացի Թէ՛ Քուէարկողները Եւ Թէ՛ Վստահուած Անձերը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?