Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշեցնե՛նք Լիբանանցիներուն Նահատակաց Օրուան Կարեւորութիւնը Եւ Լիբանանի Մէջ Օսմանեան Կայսրութեան Կատարած Ոճիրները

Մայիս 6, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎԻԿ ԱԴԱՄԵԱՆ

6-may-65

16-րդ դարուն, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կը սկսի նուաճումներ կատարել` ընդլայնելով կայսրութեան սահմանները, Լիբանան եւս կ՛անցնի օսմանեան տիրապետութեան տակ: Մօտաւորապէս չորս հարիւր տարիներու տիրապետութենէն ետք, ազդուելով Երիտասարդ թուրքերու կողմէ 1908-ին սկսած թուրք ազգայնական շարժումէն, որուն սկզբնական նպատակը արդարութիւն տարածելն ու բարեկարգումներ կատարելն էր, արաբական աշխարհին, մասնաւորապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, սկիզբ կ՛առնէ արաբական ազգայնական շարժում մը, որ նպատակադրած էր ձերբազատիլ օսմանեան տիրապետութենէն: Այդ օրերուն Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ Պաղեստին ճանչցուած էին իբրեւ «Մեծն Սուրիա»: Լիբանանցի եւ սուրիացի խումբ մը յեղափոխականներ կը դիմեն ֆրանսական իշխանութիւններուն` անոնցմէ խնդրելով օժանդակութիւն` յեղափոխութեան յաջողութեան եւ ազատագրումէն ետք իրենց երկիրներուն ապահովութեան համար: Սակայն դաւաճանութեան մը պատճառով կը բացայայտուին յեղափոխականներուն եւ ֆրանսական կողմին միջեւ հաղորդակցական նամակները, յեղափոխականները կը ձերբակալուին եւ  6 մայիս 1916-ին կախաղան կը բարձրացուին: Այդ իսկ պատճառով մայիս 6-ը կը դառնայ Լիբանանի նահատակաց օր:

2008-ին այս օրը կը դադրի պետական պաշտօնական արձակուրդներու ցանկին մէջ տեղ գտնելէ եւ լիբանանցի ժողովուրդը կը սկսի մոռնալ այդ օրուան կարեւորութիւնը: Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք օրուան խորհուրդը, պիտի կեդրոնանամ այն քայլերուն վրայ, որոնց առնչութեամբ պէտք է աշխատանք տանինք իբրեւ լիբանանահայեր` լիբանանցիներուն յիշեցնելու այս օրուան կարեւորութիւնը: Նահատակութիւնը կը նկատուի նուիրումի գերագոյն ձեւը, կը նահատակուի այն անձը, որ մէկդի դնելով իր անձնական կեանքն ու «ես»-ը, ամբողջովին կը նուիրուի գաղափարի մը իրականացման կամ դատի մը յաջողութեան:

Այս տարի այնպէս մը կը զուգադիպի, որ Լիբանանի տարածքին 8 մայիսին պիտի սկսին չորս հանգրուաններէ բաղկացած քաղաքապետական  եւ թաղապետական ընտրութիւններ, լիբանանեան հանրային կարծիքը, պետութիւնն ու բոլոր պատկան մարմինները, բոլոր կուսակցութիւններն ու միութիւնները, որոնք կը հպարտանան Լիբանանով, այսօր միայն հետաքրքրուած են այդ ընտրութիւններով ու քուէի հաշիւներով եւ ոչ ոք կը մտածէ նախաձեռնութեան մը մասին` առնուազն ոգեկոչելու համար մայիս 6-ին նահատակուած ազատութեան ռահվիրաներու յիշատակը: Առ ի յիշեցում, եթէ անոնք անկախութեան ջահը վառելով չբարձրանային կախաղան, այսօր ոչ միայն քաղաքապետութիւն, այլեւ նոյնիսկ պետականութիւն պիտի չունենայինք: Իսկ մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, որ լաւապէս գիտենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ նահատակութիւն եւ ի՞նչ կը նշանակէ զոհաբերութիւն` ի սէր հայրենիքի ազատութեան, իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ, պէտք է մեր ուսերուն վերցնենք այս հարցին հետապնդման աշխատանքը, նոյնիսկ եթէ ոչ ուղղակիօրէն, բայց առնուազն սատար կանգնելով այն փոքրամասնութիւններուն, որոնք տակաւին կ’ոգեկոչեն մայիս 6- ի նահատակներուն յիշատակը եւ կ՛աշխատին մայիս 6-ը կրկին ազգային տօնի մը վերածելու ուղղութեամբ:

Իբրեւ նահատակ նախահայրերու ժառանգորդներ, պէտք է մաս կազմենք բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք աշխարհին ցոյց կու տան թրքական կեղտոտ եւ անմարդկային քաղաքականութիւնը: Ինչո՞ւ ոչ, թերեւս մենք պէտք է ըլլանք նախաձեռնողները, որպէսզի հանրային կարծիքին ներկայացնենք Օսմանական կայսրութեան ժամանակաշրջանին անոր տիրապետութեան տակ գտնուող երկիրներուն ապրած թշուառ վիճակը: Հայը միշտ եղած է ազատատենչ եւ պատմութեան ընթացքին յաճախ օժանդակած է այլ ազգերու ազատագրական պայքարներուն յաջողութեան: Հոս կ’ուզեմ օրինակը տալ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանին, որ, անտեսելով թրքական կողմի բոլոր հալածանքները, կը պայքարի բոլոր փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն համար, իսկ մենք այստեղ` Լիբանանի մէջ, ուր ազատօրէն կարելի է արտայայտուիլ, արդեօք ի՞նչ կ՛ընենք լիբանանցիներուն յիշեցնելու իրենց հերոսներուն տարած գործին կարեւորութիւնը: Լիբանանցին պարտաւոր է գիտնալ իր պատմութիւնը, որովհետեւ պատմութիւնն ու անցեալը մոռնալով, ազգ մը կը կրկնէ նոյն սխալները, որոնց պատճառով կրած է ցաւալի հետեւանքներ: Լիբանանցիին յիշեցնելով այս բոլորը, նաեւ մենք աշխատած կ’ըլլանք ի նպաստ մեր սեփական դատին: Պէտք է մասնակից դառնանք ոեւէ աշխատանքի, որ կրնայ թուրք երիտասարդութեան ներկայացնել իր նախահայրերուն կատարած անմարդկային ոճիրները, այդ ձեւով կը յաջողինք անոնց ապացուցել, որ միայն հայկական կողմը չէ, որ զոհ դարձած է այդ կայսրութեան ծայրայեղ քաղաքականութեան, այլ նաեւ ժողովուրդները այն բոլոր երկիրներուն, որոնք գտնուած են օսմանեան տիրապետութեան տակ: Թուրք երիտասարդութեան զարթնումի աշխատանքը կարեւոր է, որովհետեւ ան է, որ հետագային պիտի հասնի իշխանութեան եւ այսօրուան սթափեցման մեր աշխատանքները ապագային պիտի ըլլան ի նպաստ մեր դատին վերաբերող բանակցութիւններուն:

Նաեւ պէտք է նշել, որ այս նիւթին առնչուող աշխատանքներուն ընդմէջէն Լիբանանի ժողովուրդին պէտք է յիշեցնենք այն իրականութիւնը, որուն պատճառով մենք բազմիցս տուժած ենք պատմութեան ընթացքին: Պէտք է յիշեցնենք, որ պէտք է վստահիլ միայն սեփական ուժին եւ հեռու մնալ մեծ տէրութեանց շահադիտական խոստումներէն` անոնց տալով Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ կայացած Սայքս-Փիքոյի հռչակաւոր համաձայնութեան օրինակը, որ կը ծրագրուէր նոյն շրջանին, երբ նահատակուած յեղափոխականները բանակցութիւններու մէջ էին եւ հրաշալի խոստումներ կը ստանային նոյնինքն այս պետութիւններէն: Բոլորս միասին, միասնականօրէն պէտք է աշխատինք բոլոր ազգերու իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր, պէտք է ըլլանք արդար եւ վճռակամ, որովհետեւ ազատատենչն ու արդարութեան համար պայքարողը չեն կրնար աշխատիլ յատուկ անարդարութեան մը սիրոյն եւ անտեսել մնացեալները: Այո՛, թերեւս երեւակայական է հասնիլ Պղատոնի երազած արդարութեան, սակայն առնուազն պէտք է աշխատիլ կարելի եղածին չափ հասնելու իտէալական այդ արդարութեան:

 

 

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Ակնարկ. Երաշխիքներ` Հրադադարի Եռակողմանի Վերահաստատման Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?