Երբ Կը Պակսի Չափի Ու Սահմանի Զգացումը
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Լրագրութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն ենթադրող աշխատանք է: Տեղեկութիւնը զէնք է, եւ լրագրողը լուր ու տեղեկութիւն փոխանցելով հանրութեան` իրականութեան մէջ զայն «կը զինէ»: Եւ ինչպէս տան մէջ գործնական առումով հրազէն պահողը, եթէ զայն գործածել չի գիտեր, անպայմանօրէն ինքն իր կամ իր տան մէկ անդամին գլխուն փորձանք կը բերէ, նոյնն է լրագրութեան պարագային, երբ անճիշդ, խեղաթիւրուած կամ յերիւրածոյ տեղեկութիւններ տարածելը միայն...



















