Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Տողատակի Մատնանշում, Կոչ Եւ Պատգամ

Հոկտեմբեր 25, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_102116

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու շուրջ քննարկումներ չկան, սակայն Մոսկուա միայն պիտի ողջունէ, եթէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ երկիրները, ներառեալ Թուրքիան, կառուցողական դերակատարութիւն ունենան ղարաբաղեան տագնապի լուծման ջանքերուն մէջ»:

Նախքան Զախարովան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման մէջ Թուրքիոյ դրական դերակատարութեան հարցին վերաբերեալ նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած էր. «Թուրքիա կրնայ դրական դեր խաղալ` ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի ապաշրջափակումը եւ տնտեսական համագործակցութիւնը շրջանին մէջ»:

Ռուսական դիւանագիտութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն վերոնշեալ յայտարարութիւնները իրողութեան մէջ նախ եւ առաջ տողատակի հաստատում մըն են, թէ Թուրքիան դրական դերակատարութիւն չունի ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման մէջ, ինչ որ իբրեւ Մինսքի խմբակի անդամ պարտականութեան կատարման մէջ թերացում մը կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ, ինչպէս Զախարովա կ՛ընդգծէ. «Մինսքի խմբակի բոլոր անդամներուն ուղղակի պարտականութիւնն է ներդրում ունենալ ղարաբաղեան տագնապի  լուծման ջանքերուն մէջ»: Քաղաքական-դիւանագիտական գետնի վրայ Անգարայի բացայայտ ազրպէյճանամէտ կողմնորոշումը, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը եւ Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ ժխտական զարգացումներուն անոր ուղղակի մասնակցութեան բազմաթիւ երեսները (սպառազինութեան մատակարարում, ազրպէյճանական ուժերու մարզում, մասնայատուկ ուժերու եւ կամաւորներու առաքում եւ այլն) կու գան ընդգծելու Զախարովայի մեղմ կերպով մատնանշած այդ թերացումին տարողութիւնը:

Զախարովայի եւ Լաւրովի յայտարարութիւնները թերացումի մը մատնանշումը ըլլալու կողքին նաեւ Թուրքիոյ ուղղուած տողատակի կոչեր են` փոխելու իր վերոնշեալ երկարամեայ ոչ կառուցողական դերակատարութիւնը:

Սակայն Զախարովա իր յայտարարութեան սկիզբէն իսկ կ՛ընդգծէ, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիան կառուցողական դերակատարութիւն ստանձնէ, ան Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր պիտի չդառնայ, որովհետեւ ներկայ «ձեւաչափը փոփոխութեան ենթարկելու շուրջ քննարկումներ չկան», եւ Անգարա կրնայ արժանանալ միայն Մոսկուայի դրական գնահատանքին, որ գործնական գետնի վրայ շօշափելի արտայայտութիւն մը կրնայ ունենալ միայն այլ օրակարգի մը մէջ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Օժանդակելու Լիբանանին, Որպէսզի Ան Կարենայ Դիմագրաւել Գաղթականներու Տագնապը»

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Զօր. Միշել Աունը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?