Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինը Դարձեալ Արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի երկու պալատները մէկ անգամ եւս օրէնք ընդունեցին` քրէականացնելով Ֆրանսայի կամ միջազգային դատարաններու կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը կամ այլ ցեղասպանութիւններու կամ մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքներու ժխտումը, մեղմացնելու փորձը կամ ծայրայեղ նուաստացումը, եթէ անոնց կ՛ուղեկցի բռնութեան կամ ատելութեան հրահրում: 14 հոկտեմբերին Ֆրանսայի ծերակոյտը 156 կողմ եւ 146 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ հաւանութիւն...




















