Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Առանց մեծ յաւակնութիւններու, այլ թեթեւ երգիծանքի ճամբով խորքային որոշ հարցեր ներկայացնելու ծառայող ժապաւէն մը երեւցաւ վերջին շաբաթներուն, լոս անճելըսեան պաստառներու վրայ, հաւասարապէս ներգրաւելով հայ եւ ոչ հայ հանդիսատեսներ: Հայ հանդիսատեսը վստահաբար աւելի լայն ձեւով ներգրաւուեցաւ ժապաւէնին մէջ, որովհետեւ շատ աւելի հաղորդակից է հոն արծարծուած հարցերուն ու բացուող երեւոյթներուն, որոնք օտարին համար առաւելաբար կը մնան ֆոլքլորային պատկերումի սահմաններուն մէջ:
Մեր խօսքը կը վերաբերի «Երեք շաբաթ Երեւանի մէջ» Ժապաւէնին, որ գողտրիկ պատմութեան մը վրայ հիւսուած է: Երկու արտադրիչներ Երեւան կ՛երթան ժապաւէն մը նկարահանելու նպատակով, որուն հիմքը` սփիւռքահայու մը կողմէ մանուկի մը որդեգրումի հարցն է. նախօրօք կապ հաստատած են հայաստանաբնակ «միջնորդ»-ի մը հետ, որ իբր թէ պիտի դիւրացնէ իրենց գործը եւ ապահովէ նկարահանման դիւրութիւններ. ունին նաեւ ամերիկաբնակ պայմանաւորեալ հովանաւոր մը: Աշխատանքին համար ճշդուած է երեք շաբաթներու ժամանակամիջոց մը: Նախաձեռնութիւնը կը վերածուի ձախորդութիւններու շարանի մը, որովհետեւ նախ Կոտոյին սպասելու վիճակ մը կը ստեղծուի, յետոյ, բոլոր անոնք, որոնք տրամադրութիւն կը ցուցաբերեն աջակցելու ժապաւէնին պատրաստութեան, «հեղինակաւոր կարծիք» ունին բեմագրութեան մասին, իւրաքանչիւր «հեղինակութիւն», իբրեւ «փորձառու» արարած, կ՛ուզէ ներդրում մը ունենալ պատմութեան վերադասաւորման մէջ… Օրերն ու շաբաթները կը սահին, դեգերումները կը վերածուին տեղքայլի կացութեան, ժապաւէնը կը մնայ ծրագիր, սկիզբ չ՛առներ, որ կարելի ըլլայ ըսել` կը նմանի այս կամ այն երաժիշտին անաւարտ համանուագին: Կ՛աւարտի` յոյսի նշոյլով մը:
Առաջին մակարդակով, նիւթը երգիծական կացութիւններով հիւսուած պատմութիւն մըն է, որ սակայն ունի քանի մը տարած ու խորք-խաւ` միշտ հեռու մնալով քարոզէ ու «օրինակելի վիճակներ» տարազելու առաքելութենէ:
Ամէն բանէ առաջ ժապաւէնը կարելի է նկատել Հայաստան-սփիւռք աղուոր գործակցութեան մը արդիւնքը: «Սփիւռքցի» Վահէ Պէրպէրեանի, Վահիկ Փիրհամզիի եւ բազմաթիւ ուրիշներու կողքին, ներդրում ունին «հայաստանցի» Հրանդ Թոխաթճեան, Խորէն Լեւոնեան եւ բազմաթիւ երգիչ-երգչուհիներէ եւ դերասաններէ կազմուած հոյլ մը: Կը տողանցեն մարդկային ունակութիւններ ու ժողովրդային հոգեբանութիւն դրսեւորող դրուագներ, որոնք եթէ առաջին ակնարկով «հայկական» են, հանդիսականը շուտով կ՛անդրադառնայ, որ նման վիճակներ միայն հայութեան իւրայատուկ չեն. օրինակի համար, հայաստաբնակ գործակիցը` Ռուպօ, պատրաստուելիք ժապաւէնին շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար հնարքի մը դիմած է. լուր տարածած է, որ դեր պիտի ունենայ Ալ Փաչինոն (բնականաբար Ալ Փաչինօ լուր ալ չունի, թէ նման ծրագիր կայ). ու աստղերով ներգրաւուելու պատրաստ բարեմիտ ժողովուրդը կը խռնուի արտադրիչներուն շուրջ` յուսալով, որ մեծ դերասանը պիտի տեսնէ ու հաւանաբար անոր կողքին պիտի երեւի պաստառի վրայ: Ժողովրդային նոյնօրինակ ծանծաղ բարեմտութեան երեւոյթ մը ցուցադրուած էր տասնամեակներ առաջ, հանճարեղ Փիթըր Սելըրզի խաղարկութեամբ ժապաւէնի մը` «Աֆթըր տը Ֆոքս»-ին մէջ, ուր խումբ մը մաքսանենգներ իտալական ծովեզերեայ փոքր քաղաքի մը բնակիչները ներգրաւած էին իբր թէ իրենց պատրաստելիք ժապաւէնին մէջ, օգտագործելով հռչակաւոր աստղի մը (Վիքթը Մեչըր) հետ նկարահանուելու առիթը: Այլապէս, գիւղական ասպնջականութեան ու հիւրը մատաղով մը դիմաւորելու պատկերն ալ, հայկական ըլլալով հանդերձ, է՛ նաեւ միջինարեւելեան: Իսկ ժապաւէնին վերջին վայրկեաններուն ներկայացուող վիճակ մը` Հայաստանը ձգելով այլ երկիր տեղափոխուելու հրապոյրով տարուած ընտանիքի մը կացութիւնը շեշտակիօրէն հայկական է դժբախտաբար, ու ախտի վերածուած է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, թէեւ հոս ալ կարելի է այդ ախտը տարածուած տեսնել ընդհանրապէս Երրորդ աշխարհի ու մասնաւորաբար պարտադիր տագնապներու մատնուած երկիրներու մէջ:
Ժապաւէնը պատրաստուած է մեծ թիւով դերակատարներու, պարզ մահկանացուներու եւ մասնագէտներու գործակցութեամբ: Նկատառելի թիւ մը կը կազմեն արտադրութեան մասնակիցները, որոնց նիւթական ներդրումը վստահաբար բանալի դեր ունեցած է գործը ոտքի հանելու մէջ, կէտ մը, որ ընդհանրապէս կ՛անցնի աննկատ եւ սակայն դերակատարներուն ու բեմադրութեան մասնակիցներուն չափ գնահատելի է այս պարագային: Չէ՞ որ հայկական որակաւոր ժապաւէններ հազուադէպ են, ու անոնց ետին չեն կանգնիր հոլիվուտեան գանձարկղներ…:
Կարելի է այլ նկատողութիւններ ալ ընել` շարունակելու համար ժապաւէնին բարեմասնութիւնները, սակայն կ՛արժէ աւելցնել գոնէ երկու կէտ. ժապաւէնը զերծ է աժան սեռայնութեան ու անսպառ վայրագութեան այն ախտերէն, որոնք իրենց տիրապետութեան տակ կը պահեն արուեստի այս աշխարհը` իբրեւ նախապայման ժողովրդականութեան ու մակերեսային յաջողութեան. բեմադրիչ ու արտադրող նաեւ չեն դիմած արդի արհեստագիտութեան աժան տպաւորութիւն ստեղծող միջոցներու օգտագործման, նմանապէս ահաւոր ախտ մը` վերջին տասնամեակներու ժապաւէններու մէջ (արհեստագիտութեան օգտագործումը երբ կը հասնի չափազանցութեան ու որեւէ նպատակի չծառայող միջոցի, կը հարուածէ արուեստի այս ու այլ կալուածներ, ինչպէս` երգահանդէսները):
Վերջապէս, ժապաւէն մը, որ հաճոյքով կը դիտուի երէցին, երիտասարդին ու պատանիին կողմէ: Անիկա օգոստոսի սկիզբը ցուցադրուելէ ետք Երեւանի մէջ, սեպտեմբերի կիսուն հասաւ Լոս Անճելըս. կը յուսանք ու կը մաղթենք, որ ճամբորդութիւնը շարունակուի նաեւ այլ շրջաններու մէջ` հաճելի ժամանցէ աւելի՛ն պարգեւելով հանդիսականներուն: