Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւնը Վերջապէս Արժանի Կերպով Ներկայացուեցաւ «Խոստումը» Ժապաւէնին Մէջ. «Նէյշըն»

October 25, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0000terry2

«Ակունք»

Ամերիկեան ամենահին ու յարգուած թերթերէն` «Նէյշըն»-ի մէջ Փիեթրօ Շաքարեան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ժապաւէնին եւ` նշած, որ անիկա` «պիտի բացայայտէ պատմութեան ամէնէն ողբերգական էջերէն մէկը, որ անամօթաբար ուրացուած է չափազանց երկար ժամանակ»:

Ներկայացնելով 20-րդ դարասկիզբի ողբերգական դէպքերուն ժամանակագրութիւնն ու սահմռկեցուցիչ մանրամասնութիւնները` յօդուածագիրը կը մէջբերէ ամերիկացի դիւանագէտ Լուիս Այնըշթայնի կողմէ 1920-ին նոյնինքն «Նէյշըն»-ի մէջ հրապարակուած նիւթէն հատուած մը, ուր գրուած է. «Հայերէն աւելի ո՛չ մէկ ազգ տանջուած է թրքական կառավարութեան իրականացուցած սպանութիւններու դիւային քաղաքականութեան պատճառով»:

Ապա անդրադառնալով ամերիկացի բեմադրիչ Թերի Ճորճի «Խոստումը» ժապաւէնին` հեղինակը կը գրէ. «Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժապաւէն  նկարահանելը դիւրին գործ չէ, սակայն այս մէկը տուեալ նիւթով պատրաստուած լաւագոյն ժապաւէնն է` հզօր դերասանական կազմով, տպաւորիչ տեսարաններով եւ ճշմարտացի պատմութեամբ»:

Շաքարեան նաեւ կը գրէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժապաւէն պատրաստելու բազմաթիւ փորձեր` տարբեր տարիներու, տարբեր պատճառներով ձախողած են Հոլիվուտի մէջ, աւելի կարեւոր դարձնելով հանգուցեալ Քըրք Գըրգորեանի ջանքերով իրականացած «Խոստումը» ժապաւէնի իրականացումը:

«Խոստումը» ժապաւէնի գլխաւոր առաւելութիւններէն մէկն է այն, որ անիկա կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան բոլոր կողմերը` առանց աղաւաղելու ժամանակագրութիւնը, դէպքերու աշխարհագրութիւնն ու պատմական իրողութիւնը: Գովելի է, որ կարօտախտի եւ տառապանքի հետ մէկտեղ, ժապաւէնի գլխաւոր թեմաներէն է նաեւ քաջութիւնը», կը շարունակէ յօդուածագիրը:

Ան նաեւ կը նշէ, որ «Խոստումը» Ցեղասպանութեան մասին այն հոլիվուտեան ժապաւէնն է, որուն հայերը երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասէին: «Վստահ եմ, որ ժապաւէնը դիտելէ ետք, բազմաթիւ հայեր պարզապէս պիտի ըսեն` «Ապրի՛ս»», կ՛եզրափակէ Շաքարեան:

Շաքարեանի սոյն յօդուածին անդրադառնալով` «Սիսթըմ աֆ ը Տաուն»-ի մեներգիչ Սերժ Թանգեան նշած է, որ անիկա «կատարեալ յօդուած մըն է «Խոստումը» ժապաւէնին եւ Հայոց ցեղասպանութեան թեմային մասին»:

 

 

Նախորդը

Իրանում Քրտական Շարժման Մասին

Յաջորդը

«Չես Կրնար Ամբողջ Ժողովուրդ Մը Բնաջնջել». «Խոստումը» Ժապաւէնի Բեմադրիչ Թերի Ճորճ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.