Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայութիւնը Անբաժան Մէկ Մասնիկն Է Սուրիոյ Ժողովուրդի Խճանկարին»

Հոկտեմբեր 27, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

jirayr_00

Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ:

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Հալէպահայ համայնքէն ներս արձանագրուած վերջին նահատակներու գոյժին ազդեցութեան տակ, զանգուածային լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրին Հալէպի մէջ խուճապի ստեղծման մասին լուրեր: Ձեր դիտանկիւնէն, այս օրերուն ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ Հալէպի մէջ:

ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ.- Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի դէպքերու սկզբնական տարիներուն Հալէպը եւ հալէպցիք շատ աւելի ծանր օրեր ապրեցան, երբ շատեր նոյնիսկ ստիպուեցան իրենց տուներէն դուրս գալու` յաջորդական եւ մեծաթիւ հրթիռակոծումներու պատճառով. անոնց ժամանակաւորապէս տրամադրուեցան ազգային կարգ մը հաստատութիւններու գետնայարկերը` որպէս առաւել ապահով ապաստարաններ: Այսպիսի ծանր օրեր ապրեցաւ, օրինակ, Նոր Գիւղի բնակչութիւնը: Փառք Աստուծոյ, այսօր պատկերը այդպէս չէ: Այս չի նշանակեր սակայն, որ քաղաքը վերագտած է իր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Հրթիռակոծումներ ու պայթիւններ կրկին տեղի կ՛ունենան` երբեմն նուազ, երբեմն աւելի մեծ թիւով, յաճախ պատճառ դառնալով մարդկային թէ նիւթական վնասներու, երբեմն` զոհերու:

«Գ.».- Անցնող օրերուն, ցաւօք, զոհուեցան մեր 8 հայրենակիցները: Ճիշդ է` իւրաքանչիւր հրթիռակոծում թէ պայթում կը ցնցէ յատկապէս նահատակներ, զոհեր տուող մեր հայրենակիցները, հոգեպէս կ՛ընկճէ բնակչութիւնը, սակայն արդեօք այս մէկը կարելի՞ է հաւաքական խուճապ նկատել եւ փոթորկեցնել աշխարհասփիւռ հայորդիներու զգացումներն ու ահազանգ հնչեցնել հայկական լրատուադաշտին մէջ:

Ժ. Ռ.- Ինծի զարմանալի կը թուին այս տարաձայնութիւնները եւ պահ մը մտածել կու տան, թէ արդեօք կա՞ն այդ բոլորին ետին այլ նպատակ հետապնդողներ: Այս մէկը կը ձգեմ ընթերցողներուն եւ այս բոլորը լսողներուն դատողութեան:

«Գ.».- Կարգ մը լրատուամիջոցներ կ՛ենթադրեն, որ Հալէպէն դուրս ելլել ուզող հայորդիներուն դիմաց անուղղակի արգելքներ կը դրուին: Ի՞նչն է նման ենթադրութիւններու տուն տուող պատճառը:

Ժ. Ռ.- Ո՛չ մէկ արգելք եղած է ազգային կամ պետական պաշտօնական կողմերէն ոեւէ մէկուն նկատմամբ, որ ուզած է ճամբորդել, տեղափոխուիլ, դուրս գալ քաղաքէն կամ երկրէն: Փաստը զանազան ճամբորդողները, դուրս եկողներն են, որոնք առանց դժուարութեան, առանց արգելքի, օրինաւոր կերպով կը ճամբորդեն, կ՛երթեւեկեն, դուրս կու գան կամ կը վերադառնան: Հետեւաբար ճիշդ չէ ու կարելի չէ խօսիլ արգելքի մասին: Կրկին կ՛ենթադրեմ, որ նման տարաձայնութիւն վերը յիշուած, ինծի համար անհասկնալի նպատակներու շարունակութիւնն է:

«Գ.».- Գոյութիւն ունի՞ն մեծաթիւ ընտանեկան պարագաներ, որոնք կ՛ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան, սակայն նիւթական դժուարութեան համար չեն մեկնիր:

Ժ. Ռ.- Նախ ես իրաւունք չունիմ մարդոց կողմէ արտայայտուելու եւ ըսելու, թէ անոնք ո՛ւր կ՛ուզեն ուղղուիլ` Հայաստա՞ն, թէ՞ այլուր, սակայն ոեւէ մէկը, որ պիտի մեկնի, բնականաբար իր նիւթական կարելիութիւնները ինք պիտի սերտէ. եթէ անպայման ծրագրած է մեկնիլ եւ նիւթական դժուարութիւններու դիմաց է, բնականաբար կրնայ ունենալ իրեն օգնողներ եւս: Այնպէս որ, ես չեմ կարծեր, որ նիւթական հարցն է հիմնական արգելքը, սակայն մեկնելէն ետք կեանքը արժանապատիւ կերպով շարունակելու հարցը եւս կը մտահոգէ այդպիսիները:

«Գ.».- Հալէպի հայ համայնքի կառոյցները կը գործեն մինչեւ օրս: Ձեր կարծիքով` սուրիահայ համայնքի գոյութիւնը ընդհանրապէս եւ հալէպահայ համայնքինը մասնաւորապէս ինչպիսի՞ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:

Ժ. Ռ.- Անկասկած որ հայութիւնը անբաժան մէկ մասնիկն է Սուրիոյ ժողովուրդի խճանկարին, ոչ միայն այսօր, այլեւ` ողջ պատմութեան ընթացքին: Հայութիւնը ոչ միայն յետեղեռնեան օրերու ներկայութիւն է այս երկրին մէջ, այլ դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող պատմութիւն ունի` սկսած հայ վաճառականներու տարածաշրջանին մէջ երթեւեկութեան օրերէն: Այս իրականութեան խօսուն փաստն է Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին` իր դարաւոր ներկայութեամբ, Ազգային առաջնորդարանը, որ հաստատուած է տասնհինգերորդ դարէն, հոգետունը, որուն պատմութիւնը կ՛երկարի մինչեւ տասներորդ դար: Հետեւաբար հայութիւնը այս երկրին մէջ դարարմատ ներկայութիւն ունի եւ կարեւոր մէկ բաղկացուցիչն է Սուրիոյ ժողովուրդի խճանկարին: Այսօր անոր բացակայութեամբ այդ խճանկարէն բաժին մը կը պոկուի: Այստեղ ապրող իւրաքանչիւր հայ նոյնացած է այս երկրի սովորութիւններուն, բարքերուն, կեանքի բոլոր աւանդոյթներուն հետ: Փաստը այն է, որ մեկնողներ տակաւին կ՛երազեն Հալէպը, տակաւին կը հարցնեն Հալէպի մասին, նոյնիսկ Հալէպէն դուրս հասակ առած, հալէպցի ծնողներու սերունդներ իրենց ծնողներէն լսածներուն մասին կը հարցնեն Հալէպ ապրող իրենց հարազատներուն: Սա կը նշանակէ, որ այդ հոգեկան կապը կայ եւ երկար պիտի մնայ տակաւին: Անկախ այն իրողութենէն, թէ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս ի՛նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ որպէս համայնք` թէ՛ այս երկրին, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի համար:

Նախորդը

Հալէպաբնակ Հայեր Կ՛արտայայտուին

Յաջորդը

Գաղութէ- Գաղութ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?