Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպահայ Լեւոն Շառոյեանի Մենագրութիւնը Գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի Մասին

Նոյեմբեր 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՄԱՐՄԱՐԱ»

simon-simonian-kirk_112916Միայն պատերազմի եւ աւերումներու լուրեր չեն, որ կը հասնին Հալէպէն: Պարբերաբար կը ստանանք նաեւ խրախուսիչ տեղեկութիւններ, որոնք մէկ կողմէ հիացում ու զարմանք կը պատճառեն մեզի, միւս կողմէ ալ յոյս կը ներշնչեն, որ հալէպահայ գաղութը, թերեւս, կարողանայ վերականգնել ինքզինք այս երկարատեւ քանդիչ պատերազմէն ետք ու մնալ սփիւռքեան իր անփոխարինելի առաքելութեան մայր գիծին վրայ:

Այսպէս, ահա դարձեալ բարի լուր մը` Հալէպէն:

Հալէպաբնակ մեր սիրելի աշխատակից, գրական հետազօտիչ ու բանասէր Լեւոն Շառոյեան լոյսին բերած է իր չորրորդ գիրքը, որ հիւթեղ մենագրութիւն մըն է լիբանանահայ երբեմնի բազմաշխատ գրագէտ, գրահրատարակիչ, կրթական մշակ եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանի մասին (1914-1986): Գիրքը կը կոչուի «Լեռնականներու վերջին շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան»: Շառոյեանի նորագոյն երկասիրութիւնն է ասիկա, որ այս անգամ լոյս ընծայուած է Երեւանի մէջ, «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչատան կողմէ: Հեղինակը զայն գրի առած է Սիմոնեանի մահուան 30-ամեակին առիթով:

Տակաւին քանի մը ամիս առաջ էր, երբ այնքա՜ն ուրախութեամբ ողջունած էինք մեր սիրելի բարեկամին նախորդ հատորը, որ կը կրէր «Դեգերումներ հայ գիրի ու պատմութեան գետեզրին» խորագիրը: Աւելի քան 300 էջանի փառաւոր ու բովանդակալից ժողովածու մըն էր ան, որ հմայիչ պտոյտի մը կը հրաւիրէր մեզ դէպի մեր գրականութեան ու մշակոյթին անդաստանները: Հիմա, ահաւասիկ կ՛ողջունենք նորը, որ փոքրածաւալ գրքոյկ մըն է, հազիւ 70 էջանի:

Պիտի յիշեն մեր ընթերցողները, որ Սիմոն Սիմոնեանի նուիրուած այս մենագրութիւնը, անցնող ամրան, յօդուածաշարքի ձեւով լոյս տեսած էր արդէն «Մարմարա»-ի մէջ (նաեւ` Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ին ու Պէյրութի «Ազդակ»-ի էջերուն)` հետաքրքրութեամբ կարդացուելով բոլորին կողմէ: Հեղինակը լա՛ւ ըրած է` այդ շարքը հրատարակելով առանձին գրքոյկով, որ լայն տարածում պիտի գտնէ մանաւանդ Հայաստանի մէջ, ուր քիչեր քաջածանօթ են Սիմոնեանին:

Սիմոն Սիմոնեան սփիւռքի առաջին սերունդի ամէնէն բեղմնաւոր մտաւորականներէն մին եղած է, սերնդակից` Անդրանիկ Ծառուկեանի, Մուշեղ Իշխանի, Օննիկ Սարգիսեանի, Եդուարդ Պոյաճեանի եւ նմաններուն: Գործած է նախ Հալէպ, ապա ամբողջ 40 տարի` Պէյրութ: Իր սեփական «Սեւան» հրատարակչատունէն լոյս ընծայած է շուրջ 500 հայերէն գիրք (25 տարուան ընթացքին)` մրցանիշ մը կոտրելով այս մարզին մէջ: Իսկ իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթը աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ (1958-1974) հանդիսացեր է ոչ միայն մտաւորական ընտրանիի մը ցանկալի ժամադրավայրը, այլեւ` ցոլարանը հայութեան հաւաքական բաղձանքներուն եւ արեւմտահայերէնի շքեղութեան:

Սիմոնեան, արմատներով` սասունցի, շատ տպաւորիչ պատմուածքներ գրի առած է Սասունէն Հալէպ գաղթած հայ աւանդապահ լեռնականներու մասին: «Լեռ եւ ճակատագիր» հաստափոր հատորը իր մշակած գրականութեան ընտրանին կարելի է սեպել: Իսկ «Անժամանդրոս» կոչուած ծաւալուն վէպը հրապարակ հանուած է յետմահու: Սիմոնեան տասնամեակներ շարունակ հայ դպրոցականներու սիրելին եղած է, երբ անոնց գրասեղաններուն վրայ իբրեւ դասագիրք օգտագործուած են իր «Հայոց պատմութիւն» շարքին վեց պատկերազարդ հատորները:

Այս բոլորին վրայ, ահաւասիկ, լուսարձակ բացեր է Լ. Շառոյեան` խղճամիտ մերձեցումով, առանց Սիմոնեանը անձամբ ճանչցած ըլլալու: Մեզ կը զարմացնեն այն մանրամասնութիւններն ու տուեալները, որոնք Շառոյեանի կողմէ քով-քովի բերուեր են այնքան բծախնդրութեամբ եւ վարպետութեամբ հիւսեր են այս սքանչելի մենագրութիւնը, կամ եթէ կ՛ուզէք` կենսագրական դիմանկարը: Շշմեցուցիչ աշխատանք է ասիկա, մանաւանդ եթէ նկատի առնուին այն անբնական ու խաւարակուռ պայմանները, որոնց մէջ կ՛ապրի ու կը ստեղծագործէ հեղինակը: Գրքոյկը փոքրածաւալ է, բայց գերազանցապէս` բովանդակալից: Լի` շշմեցուցիչ ըլլալու չափ առատ տեղեկութիւններով: Սիմոն Սիմոնեանի մասին գրեթէ ամէն ինչ պատմուած է այստեղ, լայնօրէն արժեւորուած է անոր գրական բերքը, եւ կարելի է ըսել, որ լուսապսակ մը հիւսուած է անոր գլխուն: Այս գրքոյկին շնորհիւ` հիմա լրիւ կը ճանչնանք Սիմոնեանը:

Գիրքը, ինչպէս` Շառոյեանի միւս բոլոր գործերը, կը կարդացուի հետաքրքրութեամբ, անձանձրոյթ, հեզասահօրէն, քանի գրի առնուած է դիւրասահ եւ հիւթեղ լեզուով մը, որ ինքնին արժանիք մըն է:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ նիւթին առնչուող սեւ-ճերմակ լուսանկարներ:

Սիմոն Սիմոնեանի դամբարանին վրայ դրուած անկորնչելի դրասանգ մըն է այս մենագրութիւնը:

Պոլիս, 27 սեպտեմբեր 2016

 

 

Նախորդը

Թուրքիան Պիտի Վերադառնա՞յ Խալիֆայութեան Եւ Պիտի Ջնջէ՞ Օրինականութիւնը

Յաջորդը

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյց

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?