Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Մէջ Հոգեհանգիստ` Արա Տէմիրճեանի Եւ Արա Քենտիրճեանի Յիշատակին
Դաշնակցական նուիրեալ գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ գործավար Արա Տէմիրճեանին յիշատակին հոգեհանգիստ կատարուեցաւ Երեւանի Կոնդի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեհանգիստի արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, Գերագոյն մարմինի անդամներ, հարազատներ եւ դաշնակցական ընկերներ: Արա Տէմիրճեան բոլորին կողմէ կը յիշուի որպէս համեստ, սակաւախօս, ինչպէս նաեւ գործին նուիրեալ անձ, որ մինչեւ իր կեանքին աւարտը ծառայած էր ժողովուրդին:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան նշեց, որ Արա Տէմիրճեանին մահով ամբողջ դաշնակցական մեծ ընտանիքը սուգ կ՛ապրի:
«Կը սգայ, որովհետեւ ան գործի, գրիչի նաեւ լուրջ պատասխանատուութիւններ ստանձնող մարդ էր: Ընկեր Արան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ծաւալուն աշխատանքներ կատարած է: Իսկ երբ ղարաբաղեան շարժումը սկսաւ ան Հայաստան եկած եւ սկսած է գործել: Կարճ ժամանակ անց անոր Հայաստան մուտք գործել արգիլուած է` օրուան իշխանութեան կողմէ` Դաշնակցութեան դէմ պայքարին պատճառով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հակառակ ատոր ալ, երբ առիթը ստեղծուեցան ան իսկոյն վերադարձաւ: Ըստ Նալպանտեանի, Արա Տէմիրճեան չէր սիրեր ուշադրութիւն գրաւել, այլ կը սիրէր անկիւն մը քաշուած իր գործը կատարել:
«Անոր կարեւոր գործերէն մէկը սերունդ պատրաստելն ու դաստիարակելն էր: Ան գաղտնապահ, վստահելի, ամուր ու կայուն դաշնակցական ընկեր էր: Միշտ իր ժողովուրդին ու իր ընկերներուն նուիրուած էր: Արա Տէմիրճեան օրինակելի հայ մարդու տիպարն էր», շեշտեց Նալպանտեան:
Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ 16 նոյեմբերին Պէյրութի մէջ մահացած Արա Քէնտիրճեանի յիշատակին: Մարիօ Նալպանտեան նաեւ խօսեցաւ անոր վաստակին մասին:
Արցախի Նախագահը Երիտասարդական Արշաւին Իր Մասնակցութիւնը Եւս Բերած Է
25 նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է «Ճանաչենք մեր երկիրը» խորագիրը կրող երիտասարդական արշաւ մը, որուն մասնակցած էին Արցախի մէջ գործող երիտասարդական կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու, երիտասարդական թեւերու ներկայացուցիչներ եւ համալսարանական ուսանողներ: Արշաւին միացան նաեւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ այլ պաշտօնատարներ:
Արշաւին մասնակցողները այցելեցին Դադիվանք վանական համալիր, ուր Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Յովհաննէս քահանան նահատակներու հոգիներուն հանգստութիւն կատարեց եւ մեր երկրի խաղաղութեան համար աղօթք յղեց առ Աստուած:
Ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան ներկայացուց Դադիվանքի պատմութիւնն ու արցախահայութեան կեանքի Ծառ գաւառի ունեցած դերակատարութիւնը: Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ մինչեւ 18-րդ դարու երկրորդ կէսը այս տարածքը հայաբնակ էր: Նոյն այդ ժամանակներէն ի վեր թրքական եւ քրտական քոչուոր ցեղերուն ներխուժումը սկսած էր տուեալ տարածք: Արշաւին մասնակցողները նաեւ տեղեկացան Սուրբ Աստուածածինի միջնադարեան վանական համալիրի պատմութեան մասին:
Արցախի նախագահը Դադիվանքի մօտակայքը գտնուող Ս. Աստուածածինի վանական համալիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ երիտասարդական արշաւի մասնակցողներուն հետ: Շահումեանի տարածքին մէջ կատարուող աշխատանքները հակիրճ կերպով ներկայացնելով` ան մասնաւորապէս կարեւոր նկատեց Սոթք-Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհային բարեկարգման աշխատանքները:
Նախագահ Սահակեան քաջալերեց այդպիսի արշաւներու կազմակերպումը նորահաս սերունդին հայեցի դաստիարակութեան, հարազատ երկրի պատմութիւնը, մշակոյթն ու բնութիւնը ճանչնալու, ինչպէս նաեւ ընկերական կապերը ամրապնդելու տեսանկիւնէն:
Երիտասարդները զիրենք մտահոգող բոլոր հարցերուն վերաբերող հարցումներ յղած են երկրի ղեկավարին, մասնաւորապէս ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան հիմնախնդիրներուն վերաբերող:
Աւելի Քան Քսան Տարի Սպասումէ Ետք Արարատի Մարզին Մէջ Բնակարանամուտ Կատարած Է 2 Ընտանիք
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ֆինանսաւորումով եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրը կը գործէ Հայաստանի տասը մարզերու մէջ: Համագործակցող կազմակերպութիւններուն ղեկավարներն ու խումբերը դարձեալ մարզային այցելութիւն կատարած են: Այս անգամ անոնք բնակարանամուտ կատարած են Դուին համայնքին մէջ:
Ասատրեաններուն ընտանիքին մէջ երեքն են` մայր եւ երկու որդի: Կանուխ հասակին մէջ հայրը կորսնցուցած եւ տարիներու զգալի մասը խոնաւ ու մութ նկուղի մէջ անցուցած Ասատրեաններուն փոքր որդին` Բագրատը, այսօր ալ չի հաւատար, որ բարեկարգուած եւ լուսաւոր տունը իրենցն է:
«Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս նկարագրեմ զգացումներս: Մեծ եղբայրս` Սենիկը, որ հիմա արտերկրի մէջ կ՛աշխատի, կը զանգէ ամէն օր ու կը ստիպէ նկարագրել մեր նորակառոյց տունը: Չի համբերեր, թէ ե՞րբ վերադառնայ եւ իր աչքերովը տեսնէ մեր երազանքներու տունը: Տարիներու սպասումէ ետք ես ալ չեմ հաւատար մեր երջանկութեան», ըսած է Բագրատը:
«Ժամանակակից աշխարհի մէջ մարդիկ պէտք չէ ստիպուած ըլլան սպասելու քսան տարի բնակարան ունենալու համար: Տանիքով ապահովուած ըլլալը պէտք չէ ըլլայ երազանք. այս մէկը կեանքի տարրական պայման է: Երբ կայ ապահովութեան զգացում, կ՛ըլլայ նաեւ զարգանալու, երկրին օգտակար ըլլալու ցանկութիւն: Ուրախ եմ, որ յաջողած համագործակցութեան շնորհիւ` հերթական ընտանիքը իր բնակարանամուտը կը տօնէ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Խումբերու այցելութեան միւս վայրը Աւետիսեաններու օճախն էր: Այս ընտանիքը եւս քսան տարիէ աւելի բնակած է կիսակառոյցի մօտ տեղադրուած մետաղական տնակի մէջ` «տոմիկի մէջ», զուրկ` կենցաղի տարրական պայմաններէն, օրինակ` խոհանոցէ եւ լոգարանէ:
«Մեծ որդիս ամուսնացաւ եւ ստիպուած էր վարձքով ապրելու, որովհետեւ քնանալու տեղ չունէր: Հիմա փոքր որդիիս ամուսնանալու ժամանակն է, եւ երջանիկ եմ, որ վերջապէս մարդավարի պիտի ապրինք: Երախտապարտ եմ ընտանիքիս օճախ ստանալուն համար», յայտնած է Աւետիսեաններու ընտանիքին հայրը` Ալեքսանը:
«Կը թուի, թէ գոնէ Արարատեան դաշտին մէջ պէտք է որ չըլլան այսպիսի պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներ, սակայն աշխատող եւ քարէ հաց հանող ընտանիքի համար ալ յաճախ դժուար կ՛ըլլայ կառուցել եւ աւարտին հասցնել տարիներու շինարարութիւնը: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած երկու ընտանիքներն ալ ծանր եւ դժուար ճանապարհ անցած են, եւ իւրաքանչիւրը իր տխուր պատմութիւնը ունի: Այսօր, վերջապէս, երջանկանալու օր է անոնց համար: Ուրախ եմ, որ կարելիութիւնը ունինք կիսելու անոնց երջանկութիւնը», հաղորդած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
2016 թուականին բնակարանաշինութեան ծրագրի իրականացման համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մօտաւորապէս 105 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է: Նախատեսուած է 41-ի փոխարէն` այս տարի լուծել 42 ընտանիքի բնակարանի հարցը: Հինգ տարուան համագործակցութեան շնորհիւ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ աջակցութիւն ստացած է 135 ընտանիք:
Ջաւախեցի Ուսանողները Եւս Ներառուած Են «Տաշիր»-ի Ծրագիրներուն Մէջ
«Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամն ու Կարապետեաններու ընտանիքը իրենց ծրագիրներուն մէջ պարբերաբար կը ներգրաւեն նաեւ ջաւախեցի մեր հայրենակիցները: Միայն վերջին երեք տարիներուն պարգեւատրուած են ծնունդով ջաւախեցի, Հայաստանի մէջ ուսանող հարիւրէ աւելի բարձր յառաջդիմութիւն ունեցող ուսանողներ, Ջաւախքի մէջ աշխատող քանի մը տասնեակ հայ ուսուցիչներ, ընդունուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ուսանող ջաւախեցի բազմաթիւ ուսանողներու կրթաթոշակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու խնդրանք-նամակները, քանիցս աջակցութիւն ցուցաբերուած է Ջաւախքի մէջ Տէրեանական օրերու կայացման նախաձեռնութիւններուն:
Հերթական ծրագրի ծիրին մէջ, այս օրերուն, ծնունդով ջաւախեցի, Հայաստանի մէջ ուսանող 15 ուսանողներ եւս, կրթաթոշակի նպատակներով, ստացան 150 հազարական դրամ գումար` «Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ: Այսպիսի խնդրանքով հիմնադրամին դիմած էր «Ջաւախք» հայրենակցական-բարեգործական կազմակերպութեան նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանը:
Աւելի՛ն. հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Կարապետեանին որոշումով, Հայաստանի մէջ ուսանող ջաւախեցի 200 ուսանողներ յունուարին պիտի ներառուին երիտասարդներու ծաղկաձորեան եռօրեայ հանգիստի արդէն աւանդական դարձած ծրագրին մէջ: Յիշեցնենք, որ այդ ծրագրի ծիրին մէջ դեկտեմբերին երկու հանգրուանով Ծաղկաձորի մէջ իրենց եռօրեայ հաւաք-հանգիստը անցուցած են լոռեցի 400 ուսանողներ:
Սանահինի Համալսարանի Հիմնադրութեան 1050-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով
Երեւանի Հիւսիսային համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստանը` տարածաշրջանային գիտական կրթական կեդրոն» նիւթով միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Սանահինի համալսարանի հիմնադրութեան 1050-ամեակին:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան գիտաժողովի բացման ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Հիւսիսային համալսարանի ղեկավարութեան` Սանահինի 1050-ամեակը նշելուն համար: «Համալսարանական կրթութիւնը միայն գիտելիք չէ, անիկա նաեւ յիշողութիւն է, որ կը կապէ անցեալը ապագային: Եւ այն, որ Հիւսիսային համալսարանը կը նշէ մեր միջնադարեան լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն 1050-ամեակը, արդէն կարեւոր է ե՛ւ գիտական, ե՛ւ խորհրդանշական իմաստով, որովհետեւ, ի վերջոյ, մենք կարիքը ունինք վերարժեւորելու մեր քաղաքակրթութիւնը եւ հասկնալու, թէ ո՛րն է հայու տեսակը կապող կարեւոր հիմքը: Այս իմաստով կրնանք հպարտօրէն ըսել, որ մենք այն ժողովուրդն ենք, որ կրցած է համաշխարհային ձեռքբերումները տեղայնացնել, դարձնել սեփականը եւ ստեղծել իր ուրոյն մշակոյթը», ըսած է կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
Հիւսիսային համալսարանի նախագահ Բորիս Մակիչեան յայտնած է, որ անհրաժեշտ է ամէն տեսակի ջանք ի գործ դնել` իրազեկելու Սանահինի 1050-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մասին: «Սանահինի համալսարանը 130 տարի աւելի շուտ հիմնադրուած է, քան` հանրաճանաչ Օքսֆորտի համալսարանը: Մենք աշխարհի 30 երկիրներու աւելի քան 50 համալսարաններու ուղարկած ենք Սանահինի պատմութիւնը` փաստելու համար, որ Հայաստանը սովորական երկիր չէ», շեշտած է ան:
Հայաստան` 20 Ամէնէն Նորարար Երկիրներու Շարքին
18-19 նոյեմբերին Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստան 2018 թուականին` Հայաստանը 20 ամէնէն նորարար երկիրներու շարքին» խորագրով գործարար նորարարական ֆորում, որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանի փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը` նախարարի տեղակալ Գագիկ Թադէոսեանի գլխաւորութեամբ:
Նախաձեռնութեան նպատակն էր նիւթերու համաձայն քննարկումներու, գործարար ներկայացումներու եւ կապերու միջոցով լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի նորարարական զարգացման մարտահրաւէրները, քննարկել զանոնք յաղթահարելու եղանակներն ու ծրագիրները:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանին կողմէ ֆորումի մասնակիցները ողջունած է Գագիկ Թադէոսեանը` նշելով, որ նախաձեռնութիւնը կարեւոր է նորարարական ոլորտին մէջ գործողներն ու անկէ օգտուողները համախմբելու, առկայ հիմնական հարցերը միասնաբար քննարկելու եւ համագործակցութեան ձեւաչափեր մշակելու համար:
Նախարարին տեղակալը կարեւոր նկատած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցը` շեշտելով, որ պէտք է նպաստել, որպէսզի տեղեկատուական արհեստագիտութեան, նորարարական եւ գործարար ծրագիրներ առաջարկող առեւտրական հաստատութիւններու, մատակարարներու նորարարական առաջարկները կեանքի կոչուին: Ան ընդգծած է, որ փոխադրութեան կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութիւնը հետեւողական աշխատանք կը տանի, որպէսզի այս ոլորտին նկատմամբ մօտեցումները` սկսեալ մասնագէտներ պատրաստելու ծրագիրներէն, արտադրութեան եւ նորարարական գործընթացներէն, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանի ձեռքբերումները ներկայացնելու վերաբերող աշխատանքները ըլլան կանոնակարգուած:
«Հայաստան 2018 թուականին` Հայաստանը 20 ամէնէն նորարար երկիրներու շարքին» գործարար նորարարական ֆորումին մասնակցած են միջազգային կազմակերպութիւններու շուրջ 200 ներկայացուցիչներ` Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Իսրայէլէն եւ Վրաստանէն:
Ֆորումը կազմակերպուած է «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան» կողմէ:
Եւրոպական Միութեան Յանձնակատարը Թումօ Այցելած Է
Եւրոպական Միութեան Հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան հարցերով յանձնակատար Քարլոս Մոէտաս, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, 18 նոյեմբերին այցելած է Երեւանի Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն: Յանձնակատարը Երեւան կը գտնուի հետազօտութեան, գիտութեան եւ նորարարութեան հարցերուն նուիրուած Արեւելեան գործընկերութեան 8-րդ ոչ պաշտօնական նախարարական երկխօսութեան հանդիպման մասնակցելու նպատակով:
Թումօ-ի տնօրէն Մարիլու Փափազեանի ընկերակցութեամբ, հիւրերը շրջագայած են կեդրոնին մէջ, ծանօթացած են կրթական ծրագրին եւ զրուցած` ուսանողներուն հետ:
Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելած է պէյրութցի ձեւաւորող Ֆարա Ֆայատի աշխատանոցը եւ Թումօ-ի Եէլինկ գծանկարային սթարթափը: Հիւրերը մեծ հետաքրքրութեամբ ծանօթացած են Եւրոպական Միութիւն-Թումօ միացեալ նախագիծի` փտածութեան դէմ պայքարի վերաբերող վիտէօ-խաղի ստեղծման, որուն վրայ կ՛աշխատին Թումօ-ի 16-20 տարեկան ուսանողները` կեդրոնի մասնագէտներուն օգնութեամբ: