Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Կեդրոնին Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

Նոյեմբեր 29, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

artisanat-armenien_112916

«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» նշանաբանէն մեկնած` 86 տարիներ շարունակ  Լիբանանահայ օգնութեան խաչը գործեց ի նպաստ իւրաքանչիւր հայորդիի եւ փորձեց հասնիլ անոր կարիքներուն:

Ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջելու զուգահեռ, ԼՕԽ-ը փորձեց նաեւ տէրն ու պահապանը հանդիսանալ հայկական արժէքներուն, յատկապէս` ձեռագործներուն:

Հայկական ասեղներու մեծարժէք ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը 1976-ին հիմը դրաւ ձեռագործներու աշխատանոցին:

Այսօր ԼՕԽ-ի փոքրիկ աշխատանոցի  հիմնադրութենէն 40 տարիներ անցած են:

Հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, հակառակ երկրիս մէջ տիրող բոլոր դժուարութիւններուն, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական տագնապներու, մարդուժի անբաւարարութեան եւ այլն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը մնաց միշտ պատնէշի վրայ եւ ջատագովը հանդիսացաւ հայ մշակոյթին եւ արժէքներուն պահպանման:

Ձեռարուեստի փոքրիկ աշխատանոցը վերածուեցաւ ձեռարուեստի կեդրոնի մը, ուր 4 տասնամեակներ  շարունակ պահպանուեցան հայկական ասեղները, եւ այդպիսով  մեր մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցուեցաւ  հայ կիներուն: Աւելի՛ն, ան մնայուն եկամուտի աղբիւր դարձաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ընկերային եւ առողջապահական ծրագիրներուն յաջողութեան:

Շնորհիւ Շրջանային վարչութիւններու  աչալրջութեանց եւ ձեռարուեստի յանձնախումբերու հետեւողական ճիգերուն, 40 տարիներ առաջ հիմնուած փոքրիկ աշխատանոցը այսօր վերածուած է պատկառելի կեդրոնի մը:

Մշակութային ժառանգութիւններու սերունդէ սերունդ փոխանցումը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է անկասկած: Այդ պարտականութեան գիտակցութեամբ գործած են ձեռարուեստի յանձնախումբերը 4 տասնամեակներէ ի վեր:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը Ձեռարուեստի Կեդրոնին հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով կը խոնարհինք ամէն հայուհիի առջեւ, որ բծախնդրօրէն եւ գիտակցօրէն տէր կը կանգնի իր մշակութային արժէքներուն:

Շրջանային վարչութիւնը նոր  40-ամեակներու նուաճումներ կը մաղթէ հայկական ձեռարուեստին եւ հայկական ասեղներու, հայ մամիկէն իր երիտասարդ թոռան փոխանցումը կենսական համարելով, ԼՕԽ-ականի մեծ յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր երթը:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Պիտի Պահպանենք Արժէքները

Յաջորդը

Թուրքիան Պիտի Վերադառնա՞յ Խալիֆայութեան Եւ Պիտի Ջնջէ՞ Օրինականութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?