Լրագրողը Խօսքի Ասպետ Է. Ի՛Նչ Ասպետ` Առանց Նժոյգի…
ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
Հաղորդակցական բնագաւառին մէջ արձանագրուած արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացման դարաշրջանին հնարաւոր դարձաւ խօսքի եւ արտայայտութեան սահմանափակուածութիւններու վերացումը: Սկզբնապէս համացանցի վրայ տեղադրուած կայքէջերը եւ աւելի ուշ Դիմատետրը դիւրացուցին սեփական տեսակէտ ոչ թէ յայտնելու, այլեւ սփռելու կարելիութիւնը, մանաւանդ երբ պատեհութիւն ստեղծուեցաւ քողարկուած դէմքերով, ծածկանուններով կամ կեղծ անուններով արտայայտուելու: Վերացան ամօթի կամ ամօթխածութեան բոլոր պատնէշները, անհետացան ազատ կարծիք յայտնելու, դժուարութիւն յարուցող պայմանները, եւ յառաջացաւ կարծիքներու բացայայտման մեծ լսարան, ուր սակայն ո՛չ խօսողը լսող ունի, ո՛չ լսողը` ականջ:
Բնականաբար ազատ արտայայտուիլը պահանջուած եւ քաջալերելի սկզբունք է, սակայն այդ ազատութիւնը շահագործուեցաւ, եւ ազատ խօսքի ջատագովութեան ծածկոյթին ներքեւ ի գործ դրուեցան մթնոլորտ խանգարելու, ապատեղեկանք տարածելու եւ իրականութիւն խեղաթիւրելու նենգ նախագիծեր:
Այս անընդունելի գործը «լրագրութիւն» վերնագիրին ներքեւ ստանձնեցին լրագրական գիտութենէն բոլորովին անտեղեակ մարդիկ, որոնք ոչ միայն լրագրութեան եւ լրատուութեան տարբերութիւնը չէին գիտեր, այլեւ լրագրութեան սկզբունքներուն, տեսակներուն եւ միջոցներուն մասին անգամ չէին կարդացած:
Իրավիճակը աւելի բարդացաւ, երբ նմանօրինակ մարդիկ ստեղծեցին «լրատուամիջոց» եւ համարձակութիւն ունեցան իրենք զիրենք հայկական մամուլի ներկայացուցիչ անուանել: Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ: Պատահեցաւ մեծ աղէտ, որուն հետեւանքները ամէնէն աւելին կրեց սուրիահայութիւնը, ի մասնաւորի` հալէպահայութիւնը:
Այս տեսակի «լրատուութիւն» կատարող կողմերուն համար, անտարակոյս, Սուրիոյ պատերազմի եւ սուրիահայութեան վիճակի բնագիրը բաւական պարարտ նիւթ մատակարարող վերնագիրներ էին: Սկզբնապէս տեղի-անտեղի նիւթերով «յօդուածագրութեամբ» սկսած աշխատանքը աւելի ուշ դարձաւ հալէպահայ համայնքին մասին գրուած անճիշդ տեղեկատուութիւն: Յետոյ իրավիճակը առաւել խառնելով` գրուեցան հալէպահայոց անձնական կեանքին վերաբերող այնպիսի նիւթեր, որ ենթական անգամ կասկածեցաւ այդ նիւթին հերոսը ինք ըլլալուն:
Այսքանն ալ բաւարար չհամարելով, ապականելու համար մամուլի դերակատարութիւնը ընկերութեան մէջ, անցան յաջորդ փուլին, երբ սկսան հալէպահայ համայնքի աշխատանքներուն կամ հալէպահայութեան իրավիճակին մասին տեղեկութիւն ստանալու համար դիմել պատահական անձնաւորութիւններու, որոնք ո՛չ հեռուէն, ո՛չ մօտէն առնչութիւն ունէին իրականացուող աշխատանքներուն հետ, այլ աջէն ձախէն իրենց կէս սխալ, կէս անստոյգ լսածները որպէս լուր հաղորդեցին: Կարելի է պատկերացնել, որ երբ այս անճիշդ լուրերը վերլուծումի ենթարկուեցան, ի՛նչ «փայլատակումներ» յառաջացան:
Լրագրութիւնը խօսքի արուեստ է, լրագրողը` խօսքի բանաձեւման արուեստագէտը. երբ լրագրողին մօտ կը բացակայի արուեստի հմտութիւնը, անոր արտադրած խօսքը կը դառնայ կեղծ արուեստ, որուն տարածումը կը վնասէ հասարակութեան:
Լրագրողին եւ անոր գրիչին միջեւ կապը հարկ է հիմնուած ըլլայ պարկեշտութեան եւ ազնուութեան սկզբունքներուն վրայ: Լրագրողը խղճամտութեամբ պիտի վարուի իր գրիչին հետ, զգուշութեամբ վերաբերի անոր հետ, չյանձնէ անոր չապացուցուած խօսքեր եւ չտարածէ անհիմն տեղեկութիւններ:
Լրագրողն ու աչառութիւնը հարկաւոր է, որ յարատեւ թշնամիներ մնան:
Լրագրողը խօսքի ասպետ է. ի՛նչ ասպետ` առանց նժոյգի, առանց հիմնաւոր խօսքի, առանց ճշմարտացիութեան…
Մամուլը ընկերութեան զարգացման նպաստող չափազանց կարեւոր ազդակ է, որուն գաղափարախօսական, դաստիարակչական, կազմակերպչական եւ հոգեբանական պարտականութիւնները տարբեր դարաշրջաններուն, սկսեալ Հին Եգիպտոսի մէջ փարաւոններու օրերէն մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւն, անփոխարինելի ազդեցութիւն ունեցած են ժողովուրդի զարթօնքի ու դաստիարակութեան գործին մէջ:
Լրագրութիւնը ընդհանրապէս մամուլի եւ մասնաւորաբար լրագիրի հիմնական կռուանն է, որուն ամրութենէն կախեալ է մամուլի անխափան յարատեւութիւնը:
Խղճամիտ լրագրողը իր հաղորդած ճշմարտացի լուրերով եւ տեղեկութիւններով կ՛ամրապնդէ այդ կռուանը եւ կը նպաստէ լրատուամիջոցի անարգել երթին:
20-րդ դարու կէսերուն եւ 21-րդ դարու սկիզբը Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական եւ տնտեսական տարբեր բնոյթի յարափոփոխ դժուար կացութիւններուն կամ նոյնիսկ պատերազմական իրավիճակներուն մէջ, հայ իրականութեան մէջ գործող երեք կարեւոր թերթեր` «Ազդակ»-ը, «Ալիք»-ն ու «Գանձասար»-ը իրենց առաքելութեամբ եւ անխափան երթով սփիւռքահայ մամուլի մատեանին մէջ պատուաբեր արձագանգ ձգեցին: