ԵՒՆԻԿԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Հայկական ասեղնագործութիւնը ժողովրդական ստեղծագործութեան հին եւ հարուստ բնագաւառներէն մէկն է: Ան մշակուած է հազարամեակներէ ի վեր: Հին ժամանակներէն ասեղնագործութիւնը եղած է հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ կնոջ սիրած զբաղումներէն մէկը: Հայկական ասեղնագործութեան մասին կը վկայեն մեր մատենագիրները` Ագաթանգեղոս, Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ: Հին դարերու զարգացած արուեստը սերունդէ սերունդ անցնելով հասած է մեզի: Միջնադարէն մեզի հասած են ասեղնագործուած պատառիկներ, զգեստներու եւ ծածկոցներու մնացորդներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական զարդարանքներ:
Հայկական ասեղնագործը զարգացած է հիմնական երեք ուղղութիւններով` ժողովրդական, առեւտրային եւ եկեղեցական:
Հայկական ասեղնագործութիւնը հարուստ է իր բազմազանութեամբ:
Հայկական ասեղնագործութեան մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ ասեղնակարերու: Անոնց մէկ մասը տարածուած են բոլոր հայաբնակ վայրերու մէջ, իսկ միւս մասը տեղական բնոյթ ունեցած է եւ զարգացած որոշ վայրերու մէջ միայն, ինչպէս` Սասունի, Մուշի, Մարաշի, Վանի, Այնթապի եւ Տարսոնի կարերը:
Կիներ կ՛ասեղնագործէին յատկապէս իրենց աղջիկ զաւակներուն օժիտ պատրաստելու համար, անոնց մանկութենէն սկսեալ: Նշանուող հայ աղջիկ մը պարտաւոր էր իր պատրաստած օժիտին մէջ ունենալ առնուազն վեց ասեղնագործութիւն` անկողինի երես, մահճակալի ծածկոց, մահճակալի կարպետ, քառակուսի բարձ, մանուկի գօտի, ծրար…:
Կիլիկեան Հայաստանի քաղաքներու մէջ օտար միսիոնարներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էին ասեղնագործութեան եւ գորգագործութեան կեդրոններ: 1894-96 Համիտեան ջարդերէն ետք մինչեւ 1914 ու մեծ եղեռն կազմակերպուած ձեւով հայ կանանց ձեռագործ աշխատանքները կ՛արտածուէին Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ:
Իւրաքանչիւր գաւառ ունեցած է իր շրջանին անունը կրող իւրայատուկ ասեղնագործ կամ հիւսուածք: Յիշենք մէկ քանին:
Այնթապի գործ, Մարաշի գործ, Ուրֆայի գործ, Սվազի գործ, Վասպուրականի գործ… եւ այլն:
ԱՅՆԹԱՊԻ ՁԵՌԱԳՈՐԾը նաեւ կը կոչուէր «հայկական ճերմակ գործ»: Այս գործին համար կ՛օգտագործուէր տէսկեահ, որուն վրայ կտորը ամրացած կ՛ըլլար, կտորէն կը քաշէին թելեր եւ այդ թելերը բաժնելով փեթակի նման կը լեցնէին:
ՄԱՐԱՇԻ ՁԵՌԱԳՈՐԾ կամ Մարաշի գործ: Մարաշ իր յարակից բնակավայրերով նշանաւոր եղած է ասեղնագործութեամբ: W.J. Childs 1912-ին «Across Asia Minor on foot» գիրքին յառաջաբանին մէջ գրած է «… կրնաս տեսնել նաեւ Մարաշի հիւսուածեղէններ, որոնք կը գործուին, եւ աղջիկներ իրենց տարօրինակ ասեղնագործութիւնը կը հիւսեն անոր վրայ. տեսակ մը ասեղնագործութիւն, որ քաղաքին անունով կը կոչուի…»:
Մարաշի երկտեսակ կարը իւրայատուկ է: Առաջինը կը կոչուի հարթակար եւ երկրորդը` հիւսուածք-կար: Այս երկրորդ տեսակի կարը գաղտնի կար մը ըլլալուն կը ներկայացնէ յաւելեալ արժէք: Հարթակարը ժողովրդային լեզուով կը կոչուի Աթլասլամա, երկրորդը` Գաղտնակար կամ Իրկա:
Մարաշը բամպակի մշակման ու ներկման կարեւոր կեդրոններէն եղած է: 1898 փետրուարին սկովտիացի Acnes Salmond-ը գրած է հետեւեալը «… լաւ վարպետ մը գտանք Ստեփան Պաղտասարեան անունով, յետոյ որբանոցին մէկ կողմը նոր շէնք մը աւելցուցինք եւ քանի մը տէսկեահներ հաստատեցինք… քաղաքէն 40-ի չափ երիտասարդուհիներ եւ որբեւայրիներ կու գային գործելու…»:
Մարաշի գործը յստակ աշխատելաոճ ունի: Ունի նաեւ զարդանկարներու կամ մոթիֆներու անուններ, ինչպէս` ֆինճանլը, եէտի տաղ չիչէք կամ ճիլվէլի, ճառագայթ, պայամլի, մուսգան, պարտագլը, չիթ իննէ, զամպագլի եւ այլն:
Մարաշի գործը ընդհանրապէս գունաւոր վառ գոյնի դերձաններով կ՛աշխատցուէր, ինչպէս նաեւ ոսկեթելով եւ արծաթ թելով: Ներկայիս սակայն փոխուած է, գունաւոր գոյներու փոխարէն կը գործածուի աւելի մեղմ կարպետային գոյներ:
Մարաշի գործը ընդհանրապէս մութ գոյն թաւիշներու վրայ կ՛աշխատցուէր. սեւ, սրճագոյն, մութ կարմիր… սակայն ներկայիս կը գործածուին նաեւ բաց գոյն թաւիշներ, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի կերպասներ:
Մարաշի ասեղնագործութիւնը նաեւ կ՛օգտագործուի եկեղեցիներու մէջ` քահանաներու զգեստներու, հողաթափերու եւ զանազան տեսակի ծածկոցներու պատրաստութեան:
Աշխատանքը սկսելու համար անհրաժեշտ էր ընտրել գծագրութիւնը կամ մոթիֆը եւ գծագրել կերպասին վրայ: Գծագրողը առանձին վարպետ էր, իսկ հիմնական գործիքը` եղէգնեայ գրիչ շեղակի կտրուած ծայրով: Սա յատուկ մասնագիտութիւն էր, ինչպէս է նաեւ ներկայիս: Վերջը սկսան փայտէ եւ թիթեղէ կաղապարներ պատրաստել, եւ ներկի թաթխելով կերպասին վրայ ամուր սեղմել: Ներկայիս տարբեր մեթոտներ կ՛օգտագործուին:
Մարաշի հիւսուածք-կարի ամէնէն պարզ ձեւն է մէկ գիծի վրայէն անցնիլ չորս անգամ: Միայն առաջին եւ երկրորդ շարքերը կը կարուին կտորին վրայ, 3-րդ եւ 4-րդ շարքերը կը հիւսուին առաջին եւ երկրորդ շարքերուն վրայ: Կան նաեւ աւելի բարդ զարդանկարներ, ուր թելը կ՛անցնի 6, 8 կամ աւելի անգամներ:
Ընդհանրապէս կարելի է դիտելով որեւէ ասեղնագործութիւն, անոր կարուձեւի կամ հիւսուածքի գաղտնիքը քակել. սակայն շատ դժուար է Մարաշի գործի գաղտնիքին վերծանումը:
ՈՒՐՖԱՅԻ ԳՈՐԾ – կը կոչուի «լիցք», լեցուելէ ետք կը շրջանակուի ոսկեգոյն թելերով կամ բանուած գոյներէն աւելի մութ երանգովը: Ուրֆայի գործը կը նմանի գեղանկարչութեան:
ՍՎԱԶԻ ԳՈՐԾ – Զուտ հայկական ասեղ է: Համրանքի վրայ յենուած գործ է: Ներկայիս էթամինի վրայ կ՛աշխատին: Սվազի գործը ամբողջութեամբ գորգի տեսք ունի:
ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾ ԿԱՄ ԺԱՆԵԱԿ – Ամէնէն դժուար եւ հնագոյն գործերէն մէկն է: Շատ նուրբ, մեծ վարպետութիւն եւ լարուած ուշադրութիւն կը պահանջէ այս գործը:
ՎԱՆԻ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ – Այս գործը կ՛աշխատցուի երկու ձեւով. առաջին կարը կ՛աշխատցուի թափանցիկ կտաւի վրայ կը բարձրանայ երեք թել, ապա հորիզոնական երեք թել որոնց շուրջ ոսկեթել հարթակարով մը կը գեղեցկացնեն զարդանկարը: իսկ երկրորդ կարը շղթայակարն է, ուր խիտ շարքերով կը ծածկեն զարդանկարները:
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ – Ձեռքի աշխատանքով հարուստ է եղած Կեսարիան: Հին արհեստներէն էր մանաւանդ ասեղնագործութիւնը որ կ՛արտահանուէր օտար երկիրներ: 19-րդ դարուն Կեսարիոյ մէջ զարգացաւ «եազմա»-ի արտադրութիւնը: Եազման սպիտակ թափանցիկ կտոր էր, որուն վրայ յատուկ կաղապարներով կը գծէին եւ գունաւոր ներկերով կը զարդարէին: Կեսարիոյ մէջ նաեւ նշանաւոր էր «մաղակար»-ը, որ թափանցիկ կտորի վրայ ոսկի եւ մետաքս թելերով կը լեցնէին այնպիսի խիտ ձեւով, որ կարծես աշխատցուած կերպաս էր:
(Թէեւ շարքը երկար է, բայց մենք պիտի բաւականանանք այսքանով մեր այս յօդուածին համար):
«… Արմատախիլ հայ մարդը ուզելով կամ չուզելով իր մորթին վրայ կրեց եւ կը կրէ մշակութային ցեղասպանութեան ամէնօրեայ հետեւանքը: Մշակութային ցեղասպանութեան զոհ գացին ու տակաւին զոհ կ՛երթան մեր տոհմիկ աւանդութիւնները…» (Զաւէն Զաքարեան «Մարաշի գործը, կորսուող աւանդութիւններ»), որոնց կարգին նաեւ ձեռագործի բնագաւառը, որ մեծ նահանջ արձանագրած է:
Ցեղասպանութենէն ետք Հալէպ եւ Լիբանան հաստատուող մեր մեծ մայրերը իրենց նիւթական անցուկ պայմաններու մէջ իսկ աշխատեցան տարբեր տեսակի ասեղնագործեր թէ՛ իրենց օրապահիկը ապահովելու, եւ թէ իրենց աղջիկ զաւակներուն օժիտ պատրաստելու համար: «Պէյրութում … բնակուող հայ կանայք նոյնպէս զբաղուել են ասեղնագործութեամբ: Ոչ միայն իրենց սեփական պահանջները բաւարարելու, այլ վաճառքի, ապրուստի միջոցներ հայթայթելու համար: Գեղարուեստական բարձր կատարելութեան շնորհիւ նրանց արտադրանքը թանկ է գնահատուել» (Սերիկ Դաւթեան «Հայկական ասեղնագործութիւն»): Անոնց յաջորդող սերունդներուն մօտ կամաց կամաց նահանջ արձանագրեց այս մէկը: Կենցաղային պայմանները բարելաւուեցան, հետաքրքրութիւնները այլուր եղաւ դժբախտաբար: Սակայն անհատներու եւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շնորհիւ աշխատանք կը տարուի մեր աւանդական ձեռագործները վերստին լոյսին բերելու: Կը խորհիմ, որ ներկայիս մեր ասեղնագործերը մանաւանդ Մարաշի, Սվազի եւ Ուրֆայի ձեռագործները թափ ստացած են, զարթօնքի մէջ են:
Անհրաժեշտ է, որ մեր այս աւանդական ձեռագործները վառ պահենք եւ ջահը փոխանցենք նոր սերունդին, «միեւնոյն հոգածութեամբ որ մենք ժառանգած ենք մեր նախորդ սերունդներէն»:
«Ինքնանպատակ չէ՛ աւանդապահ մնալու մեր պարտաւորութիւնը: Պարզապէս աւանդութեանց կառչած մնալու ճամբով միայն կրնանք պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը` թրծելով մեր հողային պատկանելիութիւնը» (Զաւէն Զաքարեան «Մարաշի գործը, կորսուող աւանդութիւններ»):
Օգտագործուած աղբիւրներ
1.- Զաւէն Զաքարեան «Մարաշի գործը, կորսուող աւանդութիւններ» «Ազդակ» օրաթերթ, 21 յուլիս, 2014:
2.- Հրազդան Թոգմաճեան «Մարաշի ասեղնագործութիւն», Հալէպ, 2010:
3.- Սերիկ Դաւթեան «Հայկական ասեղնագործութիւն», Երեւան, 1972: