ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Քսանմէկ տարի առաջ, 1995-ի նոյեմբերին, իբրեւ նորանշանակ հովիւ Ամերիկա հասնելէս շաբաթ մը ետք, ներկայ եղայ Մասաչուսեցի Ուայթինսվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեդարձին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանի ներկայացուցիչը Թորգոմ Ա. քհնյ. Յակոբեանը, եւ Ուայթինսվիլի նախկին հովիւ, այցելու եւ հարեւան հոգեւորականներէն Օշական վրդ. Մինասեանը, Արշակ Ա. քհնյ. Տաղլեանը, տէր Թորգոմը եւ Ուսթըրի հոգեւոր հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Պեքիարեանը, որուն հիւրը եղած էի հասած օրս:
Օրուան գլխաւոր բանախօսը հայր Օշականն է, որ իր աթոռէն մէկը միւսին ետեւէն պատմեց զուարճալի դրուագներ եւ արժանացաւ բուռն ծափահարութեանց:
Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը ազնուասիրտ, սրտակից բարեկամս` լուսահոգի Սեպուհ Գալուստեանը զիս համայնքին ներկայացուց իբրեւ նոր հոգեւոր հովիւի եւ հրաւիրեց խօսելու: Չեմ յիշեր, թէ ի՛նչ ըսի այդ իրիկուն, բայց Սեպուհը եւ շատերը ըսին, թէ սրտով խօսեցայ, մինչեւ հիմա չեմ հասկցած, թէ ի՛նչ ըսել է սրտով խօսիլ, հապա ինչո՞վ պիտի խօսիմ… Յամենայն դէպս, կարեւոր է, որ խօսողը սրտով խօսի. սրտին մասին խօսքը կը գոհացնէ զիս:
Տեղս երթալու ատեն տէր Թորգոմը զիս բռնեց եւ ըսաւ.
– Տղա՛ս, դուն Սարգի՞ս, թէ՞ Յարութիւն Պօղոսեանին զաւակն ես, եւ համբուրեց զիս: Տէր Թորգոմ Արաբ Բունարի մէջ ՀՄԸՄ-ի անդամ եղած էր, եւ ընկերը` հօրս ու հօրեղբօրս:
Մեր երեկոյթին ճաշերը պատրաստած Ուսթըր բնակող ծանօթ խոհարար Սահակն ալ ըսաւ, որ սրտէս խօսեցայ, եւ աւելցուց.
– Աստուած քու ամէնէն տկար տեղդ զօրացնէ…
Ի՞նչ, այս մարդը ի՞նչ կ՛ըսէ ինծի, ըսի մտքիս, եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք քիչ մը մտահոգուեցայ ես ինծի: Այս Սահակը ուրկէ՞ գիտէ զիս, եւ ո՞վ իրեն իմ ամէնէն տկար տեղիս մասին բան ըսած է, եւ ուզեցի գիտնալ, թէ իմ ամէնէն տկար տեղս ո՞ւր է, բայց չգտայ, մինչեւ հիմա ալ չեմ գտած, ամէն անձի պէս` տկար տեղեր ունիմ, դուն ալ ունիս, եւ Աստուած գիտէ:
Սահակ Տեւեճեանը եւ Ուսթըրի ամերիկահայոց եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութեանց հաւաքոյթներուն ճաշերը պատրաստողն էր: Յուղարկաւորութեանց յաջորդող հոգեճաշերը պատրաստողը: Պատահեցաւ, որ հաստատեմ, թէ Սահակը ուրիշներուն ալ կ՛ըսէր` «Աստուած քու ամէնէն տկար տեղդ զօրացնէ»: Ըսել է, թէ Սահակը իմ ամէնէն տկար տեղս չի գիտեր, եւ պէտք ալ չունի գիտնալու ի՞նչ պէտք ունի իր գլուխը ի զուր ցաւցնելու:
Հասկցայ, որ խորքին մէջ Սահակ օրհնած էր զիս այդ իրիկուն: Ի դէպ, իր ինքնաշարժին թիւը «Սահակ II SAHAG II» էր, Սահակ Ա.ը հայոց Սուրբ Սահակ Ա. կաթողիկոսն էր, եւ երկրորդը, Սահակին կարծիքով, ինքն էր, Տեւեճեան Սահակը, ատոր համար ինքն իրեն սուրբ Սահակ կ՛ըսէր:
Սահակ հսկայակազմ էր, ուժեղ, աշխատասէր, տարիքը առած, բայց կը գործէր, ինչպէս ամերիկահայերը կ՛ըսեն. կը գործէր, եւ իր արեւելեան ուտեստեղէնի խանութը միշտ բաց էր: 2013-ին, Ամերիկայէն Ֆրանսա վերադարձէս առաջ, մեր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած հոգեճաշի ատեն ձեռքով նշան կ՛ընէր, քովը կ՛երթայի եւ ինծի գաղտնիք մը յայտնելու պէս կ՛ըսէր.
– Տէ՛ր հայր, ա՛լ ի՞նչ, այս տարիքիս առանց փայտի կը քալեմ:
Մոռցած ըլլալով իր այդ գաղտնիքը արդէն յայտնած ըլլալը, ուրիշ ատեն ալ նոյնը կ՛ընէր` կարեւոր բան մը ըսելու պէս. քովը կ՛երթայի եւ մեծ գոհունակութեամբ ու խոշոր ժպիտով կ՛ըսէր.
– Տէ՛ր հայր, ալ Աստուծմէ ի՞նչ ուզեմ, այս տարիքիս առանց փայտի կը քալեմ:
Չէի կրնար իրեն ըսել` «Աստուած քու ամէնէն տկար տեղդ զօրացնէ, Սահա՛կ»:
Ատիկա իր խօսքն էր, եւ ես իրե՞ն պիտի կլլեցնէի…
Ամէն մարդ լաւ գիտէ, որ առողջութիւնը թանկագին է ամէն մարդու համար:
Ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով օրհնութիւնը, մէկը օրհնելը կը կայանայ բարի, ազնիւ, լաւ, բուժիչ խօսքեր ըսելուն մէջ: Benediction լատիներէն է, եւ ֆրանսերէն ու անգլերէն կը նշանակէ` լաւ բան, լաւ խօսք ըսել: Եւ այդ է, որ ծնողները կ՛ընեն իրենց զաւակներուն, հոգեւորականները` իրենց հաւատացեալներուն, սրտակից բարեկամները` իրարու, եւ հայ եկեղեցականները լաւ խօսքեր կ՛ըսեն զիրենք մտիկ ընողներուն, եկեղեցական արարողութիւնները, համայնքային եւ մշակութային երեկոյթները օրհնող ու արձակող եկեղեցականը կ՛օրհնէ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ կը խնդրէ, որ Քրիստոս պահէ ու պահպանէ հայ ազգը, եկեղեցին եւ հաւատացեալները` թշնամիներէն եւ փորձանքներէն, չարերէն: Չեմ գիտեր, թէ օրհնեալ բայը կրնա՞յ որեւէ կապ ունենալ օր եւ հանել բայարմատին հետ, օր-հ-ա-նել, օրը առանց չարիքի եւ փորձանքի անցընելու աղօթք, մաղթանք կատարել:
Անցեալ կիրակի Սահակին օրհնութիւնը միտքս ինկաւ խօսքիս մէջ եւ անվարան կրկնեցի.
– Աստուած քու ամէնէն տկար տեղդ զօրացնէ,- ըսի զիս մտիկ ընող հայրենակիցներուս. միտքս յստակացուցի` պարզելով, որ մեզմէ ամէն մէկը տկար տեղ մը ունի, կ՛ունենայ, եւ կ՛ուզէ, որ այդ մտահոգիչ տկար տեղը բուժուի, զօրանայ:
Անշուշտ չեմ գիտեր, թէ ո՛վ Սահակին սորվեցուցեր էր այս աղօթքը, մաղթանքը, օրհնութիւնը, որ այնքա՜ն խորիմաստ նշանակութիւն ունի եւ կ՛ունենայ լսողին վրայ:
Ականջդ կանչէ, սո՛ւրբ Սահակ, եւ այս պարագային սուրբ բառը կը գործածեմ մաքուր իմաստով, սուրբ` կը նշանակէ մաքուր, եւ ամէն մարդ կը կամենայ իր կամայ թէ ակամայ գործած մեղքերուն դէմ պայքարիլ, կարելի եղածին չափ ինքզինք մաքրել, եւ ատոր համար է, որ մեր հոգին ու մարմինը մաքրող սուրբ հաղորդութիւնը ստանալէ առաջ մեր մեղքերը կը խոստովանինք: Իբրեւ հայ քրիստոնեայ` կոչուած ենք ըլլալու մաքուր սուրբ, մաքրուիլ մեզ աղտոտող մեղքերէն:
Կիրակիի պատարագէն ետք ոմանք ըսին, թէ Սահակին խօսքերը տպաւորած էր զիրենք:
– Աստուած քու ամէնէն տկար տեղդ զօրացնէ:
Նիս, 15 նոյեմբեր 2016