Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոզ, Խոզակ Եւ Խոզանակ

Դեկտեմբեր 3, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

khoz-3_120316Յառաջադէմ երկիրներու մէջ` Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, ամէնէն շատ սպառող ու սիրուած մսեղէններէն մին է խոզի միսը:

Միւս կողմէ, սակայն, զարմանալի է, որ այսքան սիրուած մսեղէնը հայթայթող անասունը` խոզը, ենթակայ է անարգանքի, նուաստացումի:

«Խոզ» բառը, որ հնչիւնային տեսակէտէ ալ սիրուն կազմութիւն մը չունի արդէն, մեր բերնին մէջ կը գործածուի բացառաբար ժխտական իմաստով ու երանգներով.

– Խոզի պէս մարդ մըն է,- կ՛ըսենք յաճախ, եթէ ուզենք ակնարկել մէկու մը, որ կոշտ-կոպիտ վերաբերմունք ունի իր շուրջիններուն նկատմամբ ու անփափկանկատութեան դափնեկիր մըն է…

– Այնքա՜ն գիրցեր է, որ խոզի նմաներ է,- կ՛ըսենք երբեմն` ակնարկելով անոնց, որոնց վիզն ու մարմինը շատ հաստցեր է, եւ որոնք կորսնցուցեր են այլեւս իրենց ֆիզիքական նրբութիւնն ու վայելչութիւնը…

Ու այսպէս արտայայտուելով հանդերձ, մեր սեղաններուն վրայ մի՛շտ տեսնել կ՛ուզենք խոզի միսը` ընկերակցութեամբ… կարմիր գինիի:

Բայց գիտենք արդէն, որ խոզի միսը արգիլեալ ուտեստեղէն մըն է մահմետականներու եւ հրեաներու համար: Ղուրանը յստակօրէն կը թելադրէ իր հետեւորդներուն` չճաշակել խոզի միսը, այս անասունը նկատելով պիղծ ու գարշելի եւ այլազան հիւանդութեանց աղբիւր:

Աւետարանն ալ բազմաթիւ ակնարկներ ունի խոզի մասին: Ամէնէն նշանաւորը` «Ձեր մարգարիտները մի՛ նետէք խոզերուն առջեւ, որպէսզի  չկոխկռտեն զանոնք իրենց ոտքերուն տակ» խրատն է, որ առածի կարգ անցած է: Երբ մեր դիմաց կը գտնուի մէկը, որ ընդունակ չէ հասկնալու կամ գնահատելու մեր խօսքն ու գործը, այն ատեն կ՛ըսեն մեզի. «Խոզերուն առջեւ մարգարիտ մի՛ նետեր»:

Խոզը ընտանի անասուն մը կը նկատուի: Զայն կը բուծանեն ագարակներու մէջ, եւ անասնապահութեան այս տեսակը կը կոչուի «խոզաբուծութիւն»: Խոզեր արածող հովիւներն ալ կը կոչուին «խոզարած»:

Կան սակայն վայրի խոզեր ալ, որոնք անտառներու մէջ  կ՛ապրին, եւ որոնք կը կոչուին «վարազ»: Որսորդներու ամէնէն նախընտրելի թիրախներն են վարազները, որոնց միսը եւս յարգի է ու համով:

Խոզը ԿՃՂԱԿԱՒՈՐ անասուն մըն է, այսինքն` ոտքին մատները ծածկուած են կարծր պատեանով` կճղակով, կովերու եւ ոչխարներու նման: Ան նաեւ ԿՆՃԻԹԱՒՈՐ է (կնճիթը խոզին ցցուն քիթն է): Խոզի ձագը կը կոչուի ԽՈՃԿՈՐ:

khozanag_120316Շատ պիտի զարմանաք, եթէ ձեզի ըսուի, որ «խոզանակ» բառը կազմուած է «խոզ» արմատէն: Ի՞նչ առնչութիւն:

Ըստ Մալխասեան բառարանին, նկատի առնելով,  որ խոշոր վրձինները շինուած կ՛ըլլային խոզի թաւ ու կարծր մազերէն, ուստի այդ վրձինները կոչուած են «խոզանակ»:

Կը մնայ սա «խոզակ» բառը: Ի՞նչ է խոզակը: Լսա՞ծ էք այս բառը երբեւիցէ:

Այս մէկը «խոզ»-ին հետ բնաւ կապ չունի:

sheram_120316Խոզակը շերամին ինքն իր մարմնին շուրջ հիւսած բոժոժն է, փաթոյթը, պատեանը, որմէ կը ստացուի մետաքսը, մետաքսաթելը:

Գիտենք, որ շերամը (այլ անունով` թրթուր), որդ մըն է, օրհնեա՜լ որդ մը, որ կը սնանի թութի տերեւներով: Շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին թրթուրը շինած կ՛ըլլայ խոզակ մը, որմէ կը ստացուի 1000-1500 մեթր երկարութեամբ մետաքսաթել: Իր այս շնորհակալ «գործ»-ը աւարտած թրթուրը յաջորդ օրերուն կը փոխակերպուի թիթեռնիկի, կը ծակէ խոզակը ու դէպի դաշտերն ու ծաղկաստանները կը թռչի…

Մայր բնութեան հրաշալի երեւոյթներէն մէկն է ասիկա:

Հալէպ 

 

Նախորդը

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Քարայրներէն Մէկուն Մէջ

Յաջորդը

Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ. Լիբանանի Թեմի Դպրաց Դասերու Համագումար

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?