Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երդումը` Ծառայելն Է

Դեկտեմբեր 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱԼԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

«Ծառայութիւնը կեանքի որակ է, ճանապարհ է եւ նպատակ»:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

img-20161130-wa0014

Ամէնօրեայ աշխարհի լուրերը այնքան կը ճնշեն մեզ, որ մենք յաճախ կը դառնանք անկարող` մարդկութեան տառապանքին ձեռք երկարելու:

Քանի մը ամիս առաջ էր տակաւին, սուրիացի փոքրիկ տղուն (Օմրանին) պատկերը մեր յիշողութեան մէջ դրոշմուած է` արիւնլուայ, ցնցուած վիճակի մէջ, անորոշութեան ուրուականը աչքերուն մէջ, գամուած էր աթոռին, կորսնցուցած ընտանիքը, ապահովութիւնը եւ ամէն բան: Ան կը ներկայացնէր աշխարհի այս օրերուն իրավիճակը: Անապահով, անարդար, վայրագ եւ անխնայ:

Ինչպէ՞ս կրնանք այս բոլորը ընկալել, երբ մենք կը ձգտինք եւ կ՛երազենք` խաղաղութիւն, ապահովութիւն, համերաշխութիւն, հանդուրժողութիւն եւ երջանկութիւն համայն մարդկութեան:

Մեր հաւատքը, յոյսերը եւ իղձերը ինչպէ՞ս կրնանք ի գործ դնել` փոփոխութիւն բերելու հոն, ուր ցաւ կայ, տխրութիւն, ուր մարդիկ դարձած են անկարող` իրենց առօրեայ պէտքերը հոգալու: Ազատութիւն ունինք ընտրութիւն մը ընելու, անտարբե՞ր մնալ, թէ՞ դրական բան մը ընել, նոյնիսկ` ամենափոքր բանը:

Եւ ահա Հայ օգնութեան միութիւնը կը ներկայանայ մեզի լաւագոյն ձեւով դուռը լայն բանալու ծառայութեան, իր կազմակերպչական եւ մարդասիրական նպատակներով: Միութենական աշխատանք մը, որ հաւաքական ապագայ սերունդի մը տեսլականն է: Կամաւոր աշխատանք, ուր ընկերուհիներ կը ծառայեն` ի մտի ունենալով ազգ մը, որ գիտակից է մարդկութեան բարօրութեան եւ վերելքին:

Ինչո՞ւ ապրիլ մութին մէջ, երբ կարելիութին կայ ընտրելու լոյսը:

Ինչո՞ւ ապրիլ անձնասէր եւ տխուր, երբ ուրախութիւնը ձեռնտու է:

Լաւագոյն միջոցը խաղաղութիւն գտնելու, մեր անձերէն դուրս գալով, ձեռք երկարելն է եւ բանալին` իսկական կապին մեզ շրջապատող մարդոց հետ:

Մեր անձնական ցաւերը եւ յուսախաբութիւնները երբ մեր ուսուցիչը դարձնենք, այն ատեն միայն կրնանք ստանալ ծառայելու գաղափարը եւ մղումը, ինչպէս որ կը վկայէ ԼՕԽ-ի ազնուական ծնունդը, անոր անսակարկ նուիրումի սքանչելի հերոսուհիները, որոնք տեսան հայութեան ծով արցունքը, տառապանքը եւ հայրենահան ու զրկեալ սերունդները:

Ո՛վ ազնուական հայորդի, այսօր երբ թիկունք կը կանգնիս` քու ժամանակդ տրամադրելով, սիրայօժար, յանձնառութեան վառ օրինակ կը դառնաս` գիտակցելով, որ Աստուած պիտի օրհնէ այս ծառայութիւնը:

Այս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի 2016 տարին Ծառայութեան տարի հռչակելու առիթով եւ անհրաժեշտութիւն նկատելով զայն, ահա կու գանք առաւել նուիրումով գործօն մասնակցութիւն բերելու հայ ազգին ծառայելու վսեմ գործին:

Յատուկ շնորհակալութիւն` իւրաքանչիւր խաչուհիի, որ անսակարկ նուիրումով կը ծառայէ հարիւրամեայ հայադրոշմ այս կազմակերպութեան:

Այսօր նոր դաշտը ընդարձակած է, ու ծառայողներուն օրհնութիւնները լուռ կը հասնին Հայաստան եւ հերոսական Արցախ:

Ծառայէ…

Երդուիր միշտ ծառայել:

 

23 նոյեմբեր 2016

Նախորդը

Այդ Մենք Ենք

Յաջորդը

«Կամաւորին Վարձքը Կատար»

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?