Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ո՞վ Է Խնդրարկուն

December 3, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_120316

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մեծամտութեան չափն ու սահմանը այնքան անցած է, որ վերջերս անոր կատարած յայտարարութիւնները սկսած են անմտութիւն բուրել եւ վկայել հոգեբանական վատառողջութեան մասին:

Այդ յայտարարութիւններէն մէկն էր Սուրիա գտնուող թրքական զինեալ ուժերու նպատակին մասին անոր կատարած ձախաւեր յայտարարութիւնը, որ գայթակղութիւն յառաջացուց եւ քիչ մնաց, որ տակաւին երէկ բնականոնացած ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն լուրջ վնաս պատճառէր:

Էրտողան այլ «իմաստուն» խօսք մըն ալ ըսաւ, երբ Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ երկրի համայնքապետերուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը փոխէ Թուրքիոյ նկատմամբ իր «թշնամական» դիրքորոշումը, Թուրքիան պատրաստ է Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դառնալու: Մեծամտութեան ծանր ախտին պատճառով Էրտողանի միտքին մէջ իրականութիւնը աղաւաղուած է, իսկ իրողութիւնը` շրջուած: Ան կը թուի համոզուած ըլլալ, թէ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր անդամ 28 երկիրները գիշեր ու ցերեկ կ՛աղաչեն ու կը պաղատին, որպէսզի բռնատիրական ու այլատեաց Թուրքիան, որուն արժեչափերը երբեք չեն համընկնիր եւրոպական արժեչափերուն եւ որուն արժէքները ոչինչով նման են յառաջադէմ Եւրոպայի արժէքներուն, բարեհաճի անդամ դառնալ Եւրոպական Միութեան:

Այդ բարեգործութիւնը կատարելու եւ ծառայութիւնը մատուցելու համար Էրտողան կը ճշդէ նախապայմաններ. Եւրոպական Միութիւնը պէտք է դրական քայլերու ձեռնարկէ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման եւ գաղթականներու խնդիրի լուծման հարցերուն մէջ, որոնց կատարման պարագային Թուրքիան ալ իր կողմէ պիտի կատարէ դրական քայլեր, որոնք նոյնիսկ չի բարեհաճիր ճշդել: Այլ խօսքով` «տուէ՛ք մեր ուզածը, որուն դիմաց բաներ մը կ՛ընենք», կ՛ըսէ մեծահոգի բարերարը:

Աւելի՛ն, թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը նշէ, որ ան ըսած է. «Որքան հաց տաք, այնքան քոթլեթ պիտի ստանաք»: Այստեղ դարձեալ կ՛երեւի Էրտողանի վատառողջ տրամաբանութիւնը. հացի կարիք ունեցողը, փոխարէնը քոթլեթ կը խոստանայ… Եթէ ուրիշներու բաժնելու չափ քոթլեթ ունիս, ինչո՞ւ հաց կը մուրաս, իսկ երբ նոյնիսկ կտոր մը հաց չունիս, ինչպէ՞ս կ՛ակնկալես, որ ուրիշներ խոստումիդ հաւատան:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ. Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Պաշտօնական Բացում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.