ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Եսական եւ այլամերժ ախորժակներով գերյագեցած մարդկային ընկերութեան մէջ, իսկական մխիթարանքի եւ սիրոյ յուսատու շող մըն է, ծառայութեան եւ նուիրումի նման շարժում մը», իր կամաւորներով:
ԼՕԽ-ականներս ամէն տարի կը տօնենք կամաւորներու օրը, որպէսզի առիթ ընծայենք մեզի` խորհելու, մտածելու կամաւորական աշխատանքի մասին, վերանորոգելու համար մեր կենսունակութիւնն ու եռանդը եւ մենք մեզ հաշուեյարդարի հրաւիրելու եւ խոկալու մեր կատարած սխալներուն մասին, միասնական եւ հաւաքական ձեւով, դառնալու համար ՀՕՄ-ի շատ սիրելի բանաստեղծ Մ. Իշխանի խօսքով` «Իսկական մխիթարանքի եւ սիրոյ յուսատու շող…»:
Նախ` քերականական վերծանումով, տարբաղադրենք կամ-աւոր բառը, որ կազմուած է «կամ» արմատով եւ «աւոր» ածանցով, ուրեմն կամաւոր կը նշանակէ կամք ունեցող:
Բառարանային սահմանումով, կամաւորը այն անձն է, որ ինքնամատոյց է, ինքզինք նուիրող, կամքի տէր, առանց ստիպողութեան, ազատ ինքնիշխան, պարտականութիւն վերցնող, կամովին, փափաքով աշխատանք մը կատարելու, առանց հարկադրութեան, առանց եսը առջեւ մղելու, փառքը փնտռելու եւ խանգարելու կատարուելիք գործը:
Առաջին առթիւ կամաւոր բառը գործածուած է, երբ զինուորական ծառայութեան ատեն, պատերազմի մասնակցելու համար, այր մարդիկ ազատ կամքով գացած են ճակատ` պատերազմելու թշնամիներուն դէմ: Անոնք կոչուած են կամաւորներ: Երբ զինուորական ծառայութեան ատեն, պատերազմի մասնակցելու համար` պատերազմելու թշնամիներուն դէմ: Անոնք կոչուած են կամաւորներ:
Ինչպէ՞ս ստեղծուած է կամաւոր աշխատանքը։ Ան ստեղծուած է երկու տեսակ պայմաններու տակ` խաղաղ պայմաններու եւ պատերազմական կամ դժբախտ պատահարներու ատեն.
Ա.- Խաղաղ պայմաններու մէջ տարիներ շարունակ մարդիկ, մարդկային արժէքներու նկատմամբ փոխելու համար իրենց հայեացքը, աշխատած են եւ կ՛աշխատին տակաւին կամաւոր ձեւով աւելի յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծելու տեսլականով:
Խաղաղ ժամանակ կամաւորին նպատակն էր եւ է նպաստել ձեռնարկներու, հիմնարկներու, դպրոցաշինութեան, մշակութային կեանքին, հասնիլ առաւելագոյնին, օժանդակել հիւանդին, ծերին, բանտարկեալին:
Եւ այսպէս, գոյութիւն ունեցած են եւ ունին բնութեան պահպանութեան, որսորդական, ձկնորսական, հին կոթողներու, յուշարձաններու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններ, որոնք պայքար կը տանին քանդումի եւ անարդարութեան դէմ: Կան նաեւ կիներու իրաւունքներու, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ: Արհմիութիւններ կը գործեն` վերջ տալու անիրաւութիւններուն: Անբուժելի հիւանդութիւններու դէմ պայքարողները ողջունելի են իրենց գիւտերով: Կայ սեռային բռնութիւններու դէմ յարատեւ պայքար` դարձեալ կամաւորական ոգիով:
Բ.- Պատերազմներու, բնական, տարերային աղէտներու ատեն մարդիկ չըլլալով կողմնակի դիտորդը տուժածներուն վիշտերուն եւ դժբախտութիւններուն` կ՛օգնեն շտապ ձեւով ամոքելու համար անոնց վիշտերը:
Այս պայմաններու տակ եւ վտանգաւոր վայրերու մէջ առաջին առթիւ կը յայտնուին «Կարմիր խաչ» կամ «Կարմիր մահիկ» կազմակերպութիւններ եւ ձեռք կ՛երկարեն ժողովուրդին` անել կացութեան մատնուած կամ մահուան սեմին, երբ ան ճգնաժամային իրավիճակի մէջ է եւ օգնութեան կարիք ունի: Անոնք ներկայ են նաեւ համաճարակներու, պատերազմի եւ կամ որեւէ աղէտի պահուն` փրկելու համար վիրաւորները, օգնելու կարօտեալներուն ու զոհերու ընտանիքներուն: Չմոռնանք նաեւ «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը, ազատ լրագրողները, թէժ ճակատներու վրայ յատկապէս անհատներ, որոնք նո՛յն ոգիով արիւն տալով հիւանդին դեղ բաշխելով` կը հասնին աղքատին, հիւանդին եւ ծերին:
Մեր պատմութեան մէջ ունեցած ենք նաեւ նախաքրիստոնէական շրջանին քրմուհիներ, որոնք կամովին, ինքնայօժար ծառայած են մեհեաններուն եւ դաստիարակած են երիտասարդուհիներ` անոնց սորվեցնելով գորգագործութիւն եւ ասեղնագործութիւն:
Քրիստոնէական շրջանին Եղիշէ պատմիչ կը յիշատակէ «տիկնայք փափկասունք»-ին ցուցաբերած շինարար ոգին եւ անոնց ժողովուրդին ծառայութիւնն ու մարտունակութիւնը:
Երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապ նետուեցաւ, հայ կամաւոր կին մըն էր, որ 13 տարի հոգ տարաւ անոր, որ չմեռնի անօթութենէն:
Տեղին է յիշել նաեւ քրիստոնեայ շրջանին միանձնուհիները, որոնք մարդոց ծառայեցին Քրիստոսի օրինակով:
Չմոռնանք մեր կրօնաւորները, գրիչները, որոնք ի սպաս դրին իրենց ուժերը հայ մշակոյթին եւ ժողովուրդին:
Աւելի ուշ կամաւորական շարժումներ կազմուեցան ազատագրելու համար թրքական վայրագ լուծէն: Իսկ յայտնի երկու քաջ կիներ «Ճառընտիր» իրենց կռնակին կապած հասցուցին Էջմիածին:
Որո՞նք են յատկանիշները կամաւորներուն, որո՞նք են այն անձերը, որ նուիրումի, գութի, բարեսիրական աշխատանքը կը համընկնի իրենց խառնուածքին, նկարագրին:
Կամաւորը զգայուն է, կամքի տէր, շրջահայեաց, կորովի, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս զօրաւոր: Եսակեդրոն, անձնասէր, անտարբեր, անհոգ նկարագիր ունեցողները բնականաբար չեն կրնար ծառայութեան ոգի ունենալ եւ օգնել դժբախտին, կարիքաւորին եւ գաղափարը ունենալ վատ կացութիւն մը աւելի լաւ պայմաններու մէջ պահելու եւ բարելաւելու ամբողջ հասարակութեան մը կեանքի ձեւը:
Կամաւորին կամքը զօրաւոր է, հետեւաբար ան խոր հաւատքով, ուժգնօրէն ձեռնամուխ կ՛ըլլայ իր սիրած գործին, ապա ան կրնայ յաղթահարել որեւէ դժուարութիւն, զրկանք, ձախորդութիւն, որպէսզի հասնի իր առջեւ դրուած նպատակին եւ կը կատարէ իր մտայղացումը: Անտարբեր անձը չի կրնար կամային մեծ ջանքեր գործադրել:
Կամաւորներ ընդհանրապէս ունին նկարագրի հասարակաց գիծ մը, որ կը միացնէ եւ կը համախմբէ անձեր` մէկ գաղափարի, մէկ նպատակի շուրջ, որուն նկատմամբ ունին սէր, հաւատք եւ նոյնիսկ կը նուիրեն իրենց կեանքը եւ այսպէս ծնան կամաւորական խումբեր` Հայաստանը, Արցախը ազատագրելու համար: Այսպէս ծնաւ ՀՕՄ-ը 1910-ին, որուն մէկ միաւորն է ԼՕԽ-ը:
ՀՕՄ-ը իր 18.000 կամաւորներով այն կազմակերպութիւնն է, որուն շարքերուն մէջ զօրաւոր կամքով հայ կիներու կամաւոր ուխտեալ բանակ մը ինքզինք նուիրած է եւ կը նուիրէ տակաւին հայ ժողովուրդի մարմնական, մշակութային պահպանման գործին:
Մէկ դար եւ աւելի ան եղած է իր ժողովուրդի չարչարանքներուն խաչակիրը, այդ ժողովուրդին բաբախող սիրտը:
Սիրելի՛ ԼՕԽ-ականներ, շարունակենք կատարել բարի գործեր, հոգեպէս հարստանանք, շարունակենք ըլլալ կամաւոր «ուխտեալներ, հայ օգնութեան սուրբ գործին», «ժողովուրդին հետ ժողովուրդին համար» նշանաբանով: Լաւ եւ վատ օրերուն մեր գաղութին, մեր հայրենիքին առջեւ նոր մարտահրաւէրներով եւ անսահման նուիրումով պատրաստակամութեամբ թող միշտ բացուին մեր ջերմ սրտերը:
11 նոյեմբեր 2016
Պուրճ Համուտ