ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Հայերէն մանկական երգերու եւ մեկնաբանողներու չգոյութեան պատճառով երկար տարիներ հայ երեխան ձեւով մը «անտեսուած» էր երաժշտական բնագաւառէն ներս:
Հայ մանուկին ականջը կը լեցուէր այն տեսակի երաժշտութեամբ, որ կ՛ունկնդրուէր իր տան մէջ:
Շատ մը փոքրիկներ, հասակ առած են դասական երաժշտութեան մթնոլորտին մէջ, ուրիշներ` եւրոպական երգերով: Եղած են նաեւ թրքերէն երգեր ունկնդրող ընտանիքի զաւակներ, եւ անոնք խելահաս տարիքի հասնելէ ետքն անգամ շարունակած են ունկնդրել այդ տիպի երգեր:
Բարեբախտաբար հայերէն էսդրատային երգերու հայ տուներէն ներս մուտք գործելէն ետք անհետացաւ թրքական երաժշտութիւնը:
Արա Քեքեճեան շատ մը երաժշտական նորութիւններու նախակարապետը եղած է հայերուս մէջ: Սա անժխտելի իրականութիւն մըն է:
Արձանագրած է տասնեակներով ֆրանսերէն եւ հայերէն երգեր, սակայն, դժբախտաբար, մասնաւոր ընդունելութեան չէ արժանացած:
Խելահասներէն յոյսը կտրած, սակայն երբե՛ք չյուսահատող Արան մտածեց մանուկներու մասին, որոնց շատ աւելի դիւրին է գոհացնելը, եւ արձանագրեց մանկական երգ մը «Մի՛ լար, հոգի՛ս, մի՛ լար», որ բաւական ընդունելութիւն գտաւ մանուկներուն քով եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ անոնց ծնողներուն մօտ:
Քաջալերուած` արձանագրեց մանկական երգերու շարք մը, արտադրութեամբ Դանիէլ Տէր Սահակեանի:
Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը` շաբաթավերջերուն անհամար էին պարահանդէսներն ու երգահանդէսները: Հայ ծնողներ, իրենց անչափահաս զաւակները վստահելով ընտանիքին մօտիկ անձի մը, յաճախ կը վայելէին այդ երեկոները, մինչ իրենց մանուկները, տուներու մէջ «բանտարկուած»` ձեւով մը անտեսուած էին, երբ յանկարծ Արան յայտնուեցաւ իր «Շոգեկառք»-ով, «Փոքրիկ կօշկակար»-ով, «Իշուկ»-ով ու «Նապաստակ»-ով:
Կարճ ժամանակի ընթացքին Արան մեծ ընդունելութիւն գտաւ հայ մանուկներու մօտ:
Արային կազմակերպած մանկական երգահանդէսները միշտ լեցուն էին երեխաներով եւ անշուշտ` անոնց ծնողներով, մեծամասնութեամբ` մայրերով եւ մեծ մայրերով:
Ամրան Մեթնի շրջանի գիւղագնացներուն մեծ մասը հայեր էին, եւ հոն գտնուող ճաշարան-սրճարաններու մէջ ելոյթ ունեցողները` բոլորը անխտիր հայ երգիչներ ու նուագախումբեր:
Արան ամէն ամառ իր նուագախումբով ելոյթ կ՛ունենար Տհուր Շուէյրի պանդոկ «Քասսուֆ»-ի դէմը գտնուող փոքրիկ սրճարան-ճաշարանի մը մէջ: Որքան որ կը յիշեմ, ճաշարանին տուած էր հայկական անուն մը` «Կարինէ», սակայն շատ քիչեր կը յիշէին այդ վայրին իսկական անունը: Պարզապէս կ՛անուանէին «Արային քով»:
Ամէն հինգշաբթի կէսօրէ ետք հոն տեղի կ՛ունենար մանկական պարահանդէս` Bal d՛enfants:
Փոքրերը անհամբեր կը սպասէին այդ օրուան` քանի մը ժամ զուարճանալու համար:
Մանուկները, շատ մը մեծերու նման, տեղեակ չէին սրճարանին անունէն եւ անհամբեր էին երթալու «Արային քով»` վայելելու հինգշաբթիի մանկական պարահանդէսները:
Տարի մը, նորութիւններու մասնագէտ Արան, փոքրերը աւելի ուրախացնելու միտումով (նաեւ աւելի յաճախորդ ընդունելու ակնկալութեամբ), բերաւ նաեւ կապիկ մը, որմէ ետք փոքրերը փոխանակ երթալու «Արային քով», կ՛ըսէին` «Երթանք կապիկին քով»:
Արան կը սիրէր մանուկները, եւ իրեն համար մեծ հաճոյք էր ուրախացնել փոքրերը:
Դժբախտաբար հայր դառնալու բախտին չարժանացաւ Արան:
* * *
Երկար տարիներ Արան «մրցակից» չունեցաւ: Եղաւ հայկական միակ մանկական երգիչը: Ձայնասկաւառակները իրարու յաջորդեցին, սակայն երգահանդէսներն ու մանկական պարահանդէսները զգալիօրէն նուազեցան:
Պատերազմ էր, եւ երաժշտական կեանքը սառած` Լիբանանի մէջ:
Լիբանանահայութեան մէկ մասը գաղթած էր արեւմտեան երկիրներ:
Հայութեան թիւը սկսած էր նուազիլ, փոխարէնը լոսանճելըսահայութեան թիւը օրէ օր կը բազմանար: Միջին Արեւելքի խառնակ վիճակէն փախուստ տուող սփիւռքահայեր Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն ու Պարսկաստանէն խարիսխ նետեցին ծովերէն անդին, Միացեալ Նահանգներ, մեծ մասամբ` Լոս Անճելըս:
Մեծ էր նաեւ մայր հայրենիքէն արտագաղթողներու թիւը:
Հայկական էսդրատային երգիչներէն գրեթէ բոլորը հաստատուած էին վայր մը, ուր քանի մը տարի առաջ, երբ ճամբան քալած ժամանակ մէկու մը ականջին հայերէն բառ մը հասնէր, ուրախացած եւ զարմացած, կանգ առնելով, իրարու կը հարցնէին.
– «Հա՞յ ես, ուրկէ՞ եկած ես»: Այսօր հայերու հանդիպիլը շատ բնական երեւոյթ դարձած է, սակայն իրարու «Ուրկէ՞ եկած ես»-ը տակաւին կը շարունակուի: Կլենտէյլի նման հսկայ քաղաքի մը բնակչութեան աւելի քան 20 տոկոսը հայեր են: Ամէն անկիւն կը հանդիպինք հայկական նպարատունի, կամ հայկական անուն կրող ճաշարանի մը:
Հայկական վարժարանները սկսած են նեղ գալ: Մեծ է օտար հանրային վարժարաններ յաճախող հայ մանուկներուն թիւը:
Մանկական նոր երգերու կարիքը զգալի է:
* * *
Վագօ:
Five Fingers նուագախումբի նախկին թմբկահար Վարդգէս Տէլլալեանը (աւելի ճանչցուած` Վագօ կրճատուած անունով), Լոս Անճելըսի մէջ, եղաւ առաջին մանկական երգերու մեկնաբանը:
Վագոյին մանկական երգացանկը բոլորովին տարբեր է Արա Քեքեճեանէն: Երգերը, բոլորը անխտիր, իր անձնական յօրինումներն են:
Դարը փոխուած է: Նախապէս փոքրերը միայն կ՛ունկնդրէին երգերը: Վագօ եղաւ առաջին անձը (հայերու պարագային), որ ձայներիզներու հետ հրատարակեց նաեւ տեսերիզներ (վիտէօ, իսկ աւելի ուշ` Տի Վի Տի), այսպիսով փոքրիկը չէր գոհանար միայն ունկնդրելով երգիչին ձայնը, կը տեսնէր նաեւ երգեցողութիւնը եւ երգի նիւթին համեմատ` նկարներ կամ տեսարաններ:
Լսատեսողութիւնը շատ աւելի տպաւորիչ է ի մասնաւորի փոքրերու մօտ:
Վագոյին առաջին ձայնապնակ-տեսերիզը եղաւ «Մանկական աշխարհ»-ը, որուն յաջորդեց, «Չար Արմէն»-ը:
Վագոն յօրինած է 70-է աւելի մանկական երգեր: Ժամանակի չգոյութեան պատճառով բոլոր երգերը չեն արձանագրուած:
Իր կիթառի ընկերակցութեամբ կ՛այցելէր հայկական վարժարաններ:
Շատ յաճախ սիրայօժար մանկական ելոյթներով կ՛ուրախացնէր հայ մանուկները, նաեւ` հայկական ծերանոցներու մամիկներն ու պապիկները:
Հրաւէրներ ստացած է Ամերիկայի տարբեր նահանգներէ եւ Քանատայէն: Մինչեւ իսկ ելոյթ ունեցած է Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երբ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, տարի մը արձակուրդի գացած էր իր ծննդավայրը` Լիբանան:
Դժբախտաբար ներկայիս առողջական պատճառով դադրեցուցած է իր ելոյթները, սակայն տակաւին կը յօրինէ հայերէն եւ անգլերէն մանկական եւ ոչ մանկական երգեր:
* * *
Վագոյէն քանի մը տարի ետք Լոս Անճելըսի մէջ Թալին Փարթամեան եղաւ առաջին իգական մանկական երգչուհին:
Թալին ունի երգելու իւրայատուկ ոճ: Երգերու դաշնաւորումն ու ձայնագրութիւնը կը կատարէ իր ամուսինը` Ալեքս Բեսոս:
Իր երգերէն քանի մը հատը թարգմանուած են անգլերէն կամ ֆրանսերէն մանկական երգերէ:
Թալին նմանապէս իր խտասկաւառակներուն հետ միատեղ ձայնագրած է գունագեղ տեսերիզներ:
Իր ամենասիրուած երգերէն կարելի է յիշել, «Հինգ բադիկներ», «Պզտիկ քոյր», «Աքլոր աղբարը արթուն է» (մեր ժամանակներուն, կ՛երգէինք «Աքլոր աղբարը մեռեր է»):
Թալին հրաւէրներ ստացած է Ամերիկայի տարբեր նահանգներէ, մայր հայրենիքէն եւ բազմիցս ելոյթներ ունեցած է իր ծննդավայրին մէջ` Լիբանան:
Հոյ Լարի:
Փաուլա Գասապեան եւ Ժանեթ Եթենեքեան, երկու զարմիկներ են: Մանկութեան տարիներուն յաճախած են Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, պատերազմի պատճառով գաղթած են Լոս Անճելըս:
Երգելու սէրը արթնցած է, երբ տակաւին Ճեմարանի աշակերտներ էին, եւ մաս կազմած են դպրոցական երգչախումբերու:
«Րաֆֆիին երգերով կը մեծցնէինք մեր զաւակները», հեռաձայնային խօսակցութեանս միջոցին յայտնեց Փաուլա: «Մտածեցինք հայերէն երգել կարգ մը Րաֆֆիին երգերուն հայերէն բառեր շարադրելով»:
Իւրայատուկ անուն մըն է մեկնաբանող զոյգին անունը, Հոյ Լարի:
Փաուլա Գասապեանէն կը տեղեկանամ բացատրականը:
«Հէյ» եւ «Հոյ» հայկական երգերու մէջ յաճախ գործածուած ուրախ մթնոլորտ ստեղծող բացագանչութիւններ են, իսկ «լարի» կու գայ հայկական «լար» բառէն (հայկական լարային գործիքներ): Հայերը շատ յաճախ տկարութիւն մը ունեցած են հայկական լարային գործիքներու նկատմամբ, ինչպէս` թառ եւ քամանչա:
Երգերուն հայերէն բառերը Փաուլա եւ Ժանեթ միասին կը գրեն:
Հրապարակի վրայ ունին 4 խտասկաւառակ եւ երկու «Տի Վի Տի»:
Հրաւէրներ ստացած են Նիւ Ճըրզիէն եւ Քանատայէն:
Լոս Անճելըսի մէջ ունեցած են բազմաթիւ ելոյթներ:
Երկուքն ալ զաւակներու մայր են եւ շատ երկար չեն կրնար ճամբորդել, սակայն իրենց երազներէն մէկն է այցելել իրենց ծննդավայրը` Լիբանան եւ անշուշտ այցելել իրենց սիրելի դպրոցը` Ճեմարան:
Վերը յիշեցի Րաֆֆի անունը: Ո՞վ է Րաֆֆին:
Աշխարհահռչակ մանկական երգերու մեկնաբան է Րաֆֆի Գաւուքեանը, որ ճանչցուած է պարզապէս Րաֆֆի անունով:
Ծնած է Եգիպտոս եւ 1958-ին իր ընտանիքով գաղթած է Քանատա:
Ունի բազմաթիւ մանկական երգեր: Միջազգայնօրէն ճանչցուած է Րաֆֆին` որպէս մանկական երգերու լաւագոյն մեկնաբաններէն մէկը, սակայն քիչեր տեղեակ են իր հայ ըլլալու իրողութենէն: Բնաւ հայերէն չէ երգած: Մնացած է հայութենէ հեռու` հակառակ իր ծնողքին լաւ հայ ըլլալուն եւ իր մօրը որոշումով Րաֆֆի անունը կը կրէ հայազգի վիպասան Րաֆֆիի անունով:
Ներկայիս եւ անցեալին Լիբանանի մէջ ունեցած ենք բազմաթիւ երգչախումբեր: Բոլորին երգացանկը եղած է դասական կտորներ:
Ալեքս Մնակեան եղաւ առաջին խմբավարը, որ կազմեց մանկապատանեկան «Նանոր» երգչախումբը:
Երգացանկը հարուստ էր ազգային եւ յեղափոխական երգերով:
«Նանոր» երգչախումբին երգացանկը մանկական երգերէ չէր բաղկանար, սակայն մանուկներ եւ պատանիներ իրենց հասակակիցներուն կողմէ երգուած երգերը շատ աւելի հաճոյքով կ՛ունկնդրէին:
Ալեքս Մնակեանի մահէն ետք, իր սքանչելի գործը ներկայիս կը շարունակէ մանկապատանեկան «Կարկաչ» երգչախումբի խմբավար` Զաքար Քէշիշեան:
Լոս Անճելըս, 2016
Շար. 4