Սիրելի՛ Կիւվտէր,
Առաջին անգամ ըլլալով քու ներկայութեամբ հաւաքուած ենք եւ քու բարձրաթռիչ ձայնդ, համակող զգացումներդ եւ յուզումներդ, անհանգիստ շարժումներդ ու աչքերէդ փայլատակող յուզումի եւ ուժականութեան անխառն զգացումները չենք լսեր ու տեսներ:
Յոգնատանջ մարմինդ կը հանգչի այսօր: Եկած ենք վերջին հրաժեշտ տալու քեզի, վարձքդ կատար ըսելու եւ հաստատելու, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ մեծ տառերով դրոշմեցիր քու ներկայութիւնդ: Եկած ենք սակայն այս անգամ ոչ թէ ժպիտով, այլ խոր յուզումով քեզի հետ հաղորդակցելու: Հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը, արժանապատուութիւնը, վերապրումի կամքն ու վճռակամութիւնը եւ վերջապէս համամարդկային արժէքներու հանդէպ քու տածած սէրդ, յարգանքդ, գուրգուրանքդ եւ պաշտամունքի հասնող երկիւղածութիւնդ դուն վերածեցիր կեանքի ոճ, ապրելակերպի ու ստեղծագործական աշխարհի ներշնչարանի:
Դուն սովորական արուեստագէտ մը չդարձար: Դուն ինքնին արուեստի դպրոց ու փիլիսոփայութիւն եղար: Միայն չստեղծագործեցիր, այլ փորձեցիր քու ստեղծագործութիւններովդ կերտել մարդկային ազնիւ արժէքներ, յիշեցնել հայութեան հանդէպ թուրքին կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ մանաւանդ ապացուցել բոլորին հայութեան ապրելու ու գոյատեւելու կամքն ու վճռակամութիւնը:
Սիրելի՛ Կիւվտէր, արդէն կարօտցանք քեզի: Համազգայինի ցուցահանդէսներուն ներկայ եղող բազմութիւնը, արուեստագէտները եւ արուեստասէրները միշտ պիտի փնտռեն քեզ: Այո՛, կարիք պիտի ունենանք պոռթկումներով լեցուն արտայայտութիւններուդ եւ մեր կեանքը մնայուն կերպով շարժման մէջ պահելու քու դրսեւորած երբեմնի գերբնական ուժիդ ու խանդավառութեանդ: Հակառակ անոր որ յաճախ կը խօսէիր, այսուհանդերձ շատ բան պահուած կար հոգիիդ ու մտքիդ մէջ: Դուն մեզի հետ էիր, բայց միշտ մտքով ու հոգիով այլ տեղ կը ճախրէիր: Այլ ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ կ՛ուզէիր տեսնել մարդկութիւնը` արժէքային քո՛ւ դաւանած չափանիշերովդ: Այդ իսկ պատճառով շատ յաճախ մնացիր անհասկնալի: Երանի թէ գեղանկարչութեան կողքին նաեւ գրէիր, թուղթին յանձնէիր բոլոր տագնապներդ, զգացումներդ ու տեսիլքներդ, որպէսզի գալիք սերունդները քու ճամբովդ եւս քիչ մը աւելի ներշնչուէին ու քիչ մը աւելի մարդանային ու հայանային, որովհետեւ մեր կեանքը օրէ օր քու տեսակիդ աւելի կարիքը կը զգայ: Մաքուր, անբասիր, անշահախնդիր, հաւաքական ցաւը իր անձնական ցաւին վերածող, հայութեամբ հպարտ, օտարին հետ հաւասարէ հաւասար յարաբերող, հեղինակութիւն պարտադրող, միջավայր համակող, երիտասարդութեան հետ խօսող ու զայն իր թմբիրէն դուրս բերող գլխագիր մարդը դարձար դուն:
Տէր Զօրի մէջ հայ մօր ու որբացած մանուկին կրած տառապանքը ամէն վայրկեան չարչրկեց ու կրծեց հոգիդ ու միտքդ, կ՛ուզէիր ապրեցնել այդ բոլորը գալիք սերունդներուն մէջ եւ միաժամանակ յեղափոխաշունչ կեցուածքով, ուժեղ անհատականութեամբ եւ վերջապէս բարոյական արժեհամակարգով կը փորձէիր պայքարի շունչ ու ոգի ներարկել բոլորին: Դուն մեծութիւն մըն էիր, ու քու մեկնումովդ բոլորս վստահաբար աւելիով կը զգանք այդ մեծութիւնը: Քիչ ետք, երբ վերադառնանք մեր տուներն ու մեր աչքերը սեւեռենք պաստառներուդ, անոնց մէջ պիտի նկատենք յաւելեալ շարժում եւ տեսնենք, որ անոնք հաւատարմօրէն կը շարունակեն քու կեանքի առաքելութիւնդ: Դուն մեզի` բոլորիս անխտիր, սորվեցուցիր, որ աշխատանքը կ՛ազնուացնէ մարդու հոգին, որ` տարիքը չի կրնար արգելակել մարդու ստեղծագործական թռիչքը: Դուն մեզի պատգամեցիր տէրը դառնալ լքուածին ու անգործածելիին եւ այդ բոլորը վերստեղծել ու վերակերտել: Այսպիսի ապրումներով ու դաւանած փիլիսոփայութեամբդ դուն կենսաւորեցիր կեանքդ եւ քու ապրած ժամանակահատուածդ ու դարձար վաւերական արուեստագէտ, մեծ դաստիարակ եւ տիպար մը մեր կեանքին մէջ:
Երթաս բարով, թերեւս հանգչելու կարիքը ունիս այլեւս: Կը յիշեմ վերջերս ԱԼՊԱ համալսարանի կազմակերպած պարգեւատրման հանդիսութիւնը եւ քու անհանգիստ վիճակդ: Կարծես ուժգնօրէն կ՛ուզէիր բռնել ժամանակը, կ՛ուզէիր ամբողջականօրէն ապրիլ ամէն մէկ ակնթարթը, կ՛ուզէիր ուշացնել մահուան հետ քու հանդիպումդ, որովհետեւ աշխատանք ունէիր տակաւին, ըսելիքներ ունէիր, կ՛ուզէիր Կիւվտէրը ապրի, որովհետեւ կը զգայիր, որ ժողովուրդը Կիւվտէրը շատ կը սիրէ:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանեկան պարագաներուդ, աշակերտներուդ եւ բոլորին:
Սիրելի՛ Կիւվտէր,
Հայուն ճակատը քեզի համար սրբութեան վերածեցիր: Մի՛շտ կ՛ուզէիր, որ հայը մնայ բարձրաճակատ, եւ այդ իսկ պատճառով իւրաքանչիւր հայորդի ճակատէն կը համբուրէիր: Այժմ եկած է ժամանակը, որ մենք բոլորս խոնարհինք եւ համբուրենք լայն ու հպարտ ճակատդ, ոչ թէ քեզ մեծարելու, այլ մենք զմեզ զօրացնելու, թարմացնելու` քու կամքովդ ու տեսիլքովդ համակուելու եւ շարունակելու համար մեր կեանքի երթը:
Բարի ճանապարհ քեզի՛ մե՛ծ վարպետ, պիտի յիշենք քեզ մի՛շտ եւ ամէն տեղ: Գիտցի՛ր, որ այժմ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ կ՛արձագանգէ ձայնդ: