Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ալպա» Համալսարանի Նախագահ Փրոֆ. Անտրէ Պըխազիի Դամբանականը` Լիբանանահայ Արուեստագէտ Կիւվտէրի Յուղարկաւորութեան Արարողութեան

December 3, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Թարգամանեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

alba_120316

Այսօր մութ օր մըն է, շատ մութ, արուեստի, «Ալպա»-ի, Կիւվտէրի ընտանիքին, աշակերտներուն, ուսանողներուն եւ բարեկամներուն համար: Շատ յուզուած եմ եւ տխուր` կանգնելով այստեղ, ձեր առջեւ, արտասանելու համար այս խօսքերը ի պատիւ այս իւրայատուկ մարդուն, որուն գործընկերը, ապա բարեկամը եղած եմ:

Ան «Ալպա» կը հասնի 1980-ին, ճակատը արդէն իսկ զարդարուած շքեղ դափնեպսակներով, սրընթաց կը ձեռնարկէ իր նախասիրած առաքելութեան, որ իր կեանքին հիմնական գործերէն մէկը կը մնայ. կերտել ուսանողներու սերունդներ, որոնց նախապաշարումները, կանխակազմուած գաղափարները, բնածին եւ ձեռքբերուած սահմանները կը քանդէ, որպէսզի աւելի լաւ ձեւաւորէ զանոնք, զարգացնէ անոնց հետ անվերջ հորիզոններ, ազատ արձակէ կրքոտ, տիրական, անարգել ստեղծագործութիւնը…

Նախ` շփոթած, երբեմն նոյնիսկ վախցած այս բուռն մրրիկէն, այս բառերու հեղեղէն, որ ան կը թափէ անոնց վրայ` գրգռելու անոնց երեւակայութիւնը, աշակերտները, սերունդէ սերունդ, հրապուրուած, հիացած, տարուած, առ յաւէտ կը պահեն Կիւվտէրի անփոփոխ պատկերը իբրեւ տեսլական ունեցող հսկայ մը, անվերջ միտքերու Վարպետ մը, արուեստավարժ մը….

36 տարիներու ընթացքին իր հզօր ձայնով ան ցնցած է հիմնարկին պատերը իր հզօր ձայնով, իր բուռն խօսքով, իր ձեւին վարպետութեամբ, իր սուր աչքին անողոք փայլքով: Իր աշխատանոցը, իսկական բզզացող փեթակ մը, ուր կը շառաչեն հազարաւոր շշունջներ եւ աղաղակներ անհաւանական իրերու, որոնք մարմին կը ստանան, սովորական անշունչ նիւթեր, որոնք մանրած, ձեւաւորած, ձեւափոխած, հաւաքած, միացուցած  եւ անջատած է, մինչեւ զանոնք ամբողջովին կենդանի դարձնելը, այս աշխատանոցը, անկասկած, յաղթական աշխատանոցն է իւրայատուկ արուեստի մը, անընդհատ վերանայուած, վերանորոգուած…

36 տարիներու ընթացքին ան անընդհատ ճեմած է «Ալպա»-ի միջանցքներուն մէջ, ծանր խօսքեր ըսելով ոմանց, քաջալերելով ուրիշները անընդհատ երեւակայելով նոր միջոցներ, նոր նիւթեր` արտայայտելու համար իր անսանձ երեւակայութեան անթիւ երեսները…

Սիրելի՛ Կիւվտէր,

Որքան սերունդներ օգտուած են քու անզուսպ երեւակայութեանդ յատուկ մթնոլորտէն, քու ստեղծագործական գործունէութենէդ բխող բանաստեղծութենէն, քու յաւերժօրէն հետաքրքիր մտքի սահմաններէդ յորդող մշակութային ձգտումէն:

Այս բոլոր սերունդները եւ «Ալպա»-ն գիտակից են ձեզի նման վարպետ մը ունենալու  բախտաւորութեան, որովհետեւ իսկական վարպետը միայն այն է, որ գիտէ փոխանցել իր հսկայական գիտելիքները եւ ամէն մէկուն մէջ արմատաւորել ստեղծագործութեան կրակը… քեզի մեր քովը ունենալէն ետք, սիրելի՛ Կիւվտէր, մենք այլեւս երբեք նոյնը չենք… որովհետեւ վստահաբար ազդուած պիտի ըլլանք նման յորձանքէ…

Շա՛տ սիրելի Կիւվտէր,

Դուն մաս կը կազմես, ոգեւորութեամբ եւ խանդավառութեամբ, մինչեւ կեանքիդ վերջին շունչերը, ստուերային զինուորներու բանակին, բացառիկ դասաւանդողներու շարքին, որոնք աշխատած են անդադար, տարիներ շարունակ, փոխանցելու իրենց գիտելիքները եւ սէրը նորահաս սերունդներուն, այսպէս միշտ աւելի բարձր, աւելի հեռու տանելով «Ալպա»-ի անունը եւ համբաւը…

Շնորհակալութիւն Կիւվտէր:

Ցտեսութիւն:

 

 

Նախորդը

Արդի Հայ Արձակի Առինքնող Երեւոյթը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Արուեստագէտ, Գեղանկարիչ Կիւվտէրի Յիշատակին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.