ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Կամաւոր աշխատանքը ազնուական եւ առողջ ընկերութեան մը ազդանշանն է: Այն ընկերութիւնը, որ ունի իրենց անձնական կեանքերը, շահերը, փառքերը եւ հաշիւները մէկդի դրած անդամներ, որոնք կը լծուին միութենական եւ կամաւոր աշխատանքի, կ՛ապացուցէ հաւաքականութեան մը պատուական ըլլալը:
Միութենական աշխատանքը անշուշտ ինքնանպատակ չ՛ըլլար: Կը ձգտի աւելի լաւ, արդար եւ հաւասար ընկերութեան մը: Աւելի՛ն. միութենական կեանքը կրնայ ռազմավարական կարեւորութիւն ունենալ: Պահ մը երեւակայենք հայկական սփիւռքը առանց միութիւններու, առանց կամաւոր ղեկավարներու, առանց գործի նուիրեալ խաչուհիներու… Արդեօք կը գոյատեւէ՞ր: Պատասխանը յստակ է բոլորիս:
ԼՕԽ-ին մատուցած ծառայութիւնները` հայ ազգին, անփոխարինելի են: Կամաւորներու այս կնոջական բանակը իր ամբողջ էութեամբ նուիրուած է ծառայելու ազգի բոլոր զաւակներուն: Հայ դատի աշխատանքները, մշակոյթի զարգացումը եւ լեզուի պահպանումը նոյնքան կարեւոր եղած են ԼՕԽ-ին համար:
Նոյն այս միութիւնը չզլացաւ հայ աշակերտին մատուցել արտադպրոցական սերտարան եւ գրադարան, հայ մանուկին համար կազմակերպել կազդուրման կայան, հայ ծերունիին տրամադրել տաք ճաշ եւ դեղորայք, հայ մայրիկին սորվեցնել խոհանոցի եւ ասեղնագործութեան գաղտնիքները: ԼՕԽ-ը գերադասեց իրեն նմանող այլ միութիւններ: Այս հսկայական աշխատանքը բնականաբար կարելի չէր ըլլար առանց միութեան կամաւորներու հսկայ փաղանգին:
Մեր ընկերուհիները եկան ապացուցելու, որ նուիրեալներու փոքր խմբակ մը շատ մեծ աշխատանք կրնայ իրագործել: Մեր ընկերուհիները փաստեցին կամաւոր կեանքի կարեւորութիւնը ընկերութեան մը եւ անհատի մը համար:
Կամաւոր կեանքը մարդը կ՛ազնուացնէ, մտահորիզոնը կ՛ընդարձակէ, եւ պատկանելիութիւն կը սերմանէ: Կամաւոր կեանքը կը սորվեցնէ, որ տալը յաճախ ստանալէն քաղցր է, բարձրացնելով է որ կը բարձրանանք, կեանքեր փոխելով է, որ կեանքի իմաստը կը հասկնանք:
Անշուշտ միութենական կամ կամաւորական շարքերու պատկանիլը առանձինն բաւարար չէ: Կամաւորը պէտք է ձգտի ըլլալ որոշ դիմագիծի եւ արժէքներու տէր անձ մը: Առ այդ, պէտք չէ մոռնանք հաւատարիմ մնալ կամաւորի իտէալին, իսկ մեր քայլերը առաջնորդուին համազգային արժէքներու հիման վրայ:
ԼՕԽ-ի կամաւորը, օրինակ, չի կրնար իր հիմնադիրներու արժէքներէն եւ կեցուածքէն տարբեր խմորում ունենալ: Հարկ է յիշեցնել այդ խմորումը: ԼՕԽ-ական կամաւորը մեծին հետ մեծ է, իսկ փոքրին հետ` փոքր, սակայն երբե՛ք ուրիշէն գերադաս: Խոնարհ է, հեզ է եւ հասկցող: Բարի է, ազնիւ ու համբերող: ԼՕԽ-ական կամաւորը տիպար կին մըն է, հոգատար մայր է, օգնութեան հասնող քոյր եւ բոլորին «ընկերուհի»-ն: Ան հաւաքականութիւնը կը գերադասէ անձնականին եւ միութեան ճամբով ծառան է ազգին, ամբո՛ղջ ազգին, առանց բացառութեան կամ նախապատուութեան:
Իսկ եթէ այս տիպարներէն հեռու ենք, ուրեմն ԼՕԽ-ի էութենէն հեռու ենք:
Այսօր հաւանաբար միութիւններու եւ կամաւոր աշխատանքի նուիրումի ամէնէն դժուար շրջաններէն է: Կեանքի պայմանները, ժողովուրդին առաջնահերթութիւնները, ընկերային հարցերը, արհեստագիտութեան եւ ընկերային ցանցերու ալիքները, ինչպէս նաեւ ինքնամփոփումի ձգտումները կը խաթարեն միութիւններու կեանքի ընթացքը: Բայց եւ այնպէս, միութիւններու եւ կամաւորական աշխատանքի առկայութիւնը եւ կարեւորութիւնը կը մնան անշարժ:
Բայց այս մէկը որոշ հրամայականներ կ՛ենթադրէ եւ ակնկալութիւններ կը դնէ միութիւններուն վրայ: Նաեւ` ԼՕԽ-ին:
Պէտք չէ վախնանք փոփոխութիւններէ: Լսենք, տեսնենք, նոյնիսկ փնտռենք տարբեր կարծիքներ, նոր գաղափարներ եւ միտքեր: Յառաջդիմական ըլլալէ չսարսափինք:
Պէտք չէ վախնանք սերնդափոխութենէ: Նոյնութիւնը լճացման կը տանի: Պէտք է պատրաստենք իրերայաջորդ սերունդներ` առնելու մեր տեղերը եւ ստանձնելու զանազան պատասխանատուութիւններ:
Պէտք է ձգտինք մասնագիտական եւ կատարելագործուած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ մարդկային թէ ֆինանսական պաշարներու ճիշդ օգտագործման:
Հարկ է աշխատիլ մեր կամաւորներու շարքերու երիտասարդականացման գծով, որ ո՛չ միայն անդամներու պէտք է վերաբերի, այլ նաեւ գաղափարներու եւ գործի մօտեցման եղանակին:
Կարեւոր է սերտենք մեր հասանելիութեան կարկինը եւ գործելադաշտի ընդարձակութիւնը: Հասնինք բոլորին, հեռուին` մօտիկէն առաջ, հակառակորդին` համակիրէն առաջ:
Մէկ ձեռքը չի ծափեր, բայց միութիւն մը աղմուկ կրնայ բարձրացնել: Այդ աղմուկը կը վերածուի գաղափարի, դատի եւ նպատակի: Իսկ այդ նպատակի իրականացման հոլովոյթին կը միանան ուրիշներ եւ ուրիշներ: Այսպէս կը ստեղծուին կամաւորներու բանակներ:
Պէտք է ընդունիլ, որ մեր ազգային, քաղաքական, կուսակցական, եւ միութենական կեանքին մէջ տակաւին շատ աւելի տալիք ունի հայ կամաւորուհին: Իրաւունքն է աւելիով ներկայացուիլ: Առիթ տանք: Առիթ տանք եւ պիտի տեսնենք, զգանք ու վայելենք անոնց մօտեցման տարբերութիւնը եւ լուծումներու արդիւնաբերութիւնը:
Առիթ տանք եւ տեսնենք հայ կնոջական բանակը ու անոր կամաւորներու կարողութիւնները:
Պիտի տեսնենք, որ, հակառակ ճամբաներու մութ ու խորտուբորտ վիճակին, հաստատ քայլերով կ՛ընթանան դէպի նպատակ, դէպի նուիրում, դէպի ծառայութիւն, անոնց հետ վառ պահելով «Անահիտ»-ի, «Կարինէ»-ի, «Աստղիկ»-ի եւ ուրիշ շատ-շատերու արժէքները:
ԼՕԽ-ի խաչուհիները կը շարունակեն յառաջ երթալ:
Մեր ընկերուհիներուն ճամբա՛յ բացէք: