Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խաղաղութեան Պայմանագիր». Հայաստանի Նուաստացուցիչ Յանձնուողականութիւն

Օգոստոս 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քանի մը տարուան լարուած, միակողմանի բանակցութիւններէն ետք, մարտ ամսուն երկու երկիրները յայտարարեցին, որ վերջապէս համաձայնութիւն գոյացուցած են «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի բոլոր 17 կէտերուն շուրջ: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան ընդունած է Ազրպէյճանի կողմէ թելադրուած բոլոր պայմանները:

Երբ Հայաստանը խնդրեց Ազրպէյճանին ճշդել ստորագրութեան արարողութեան օր, Պաքու մերժեց: Նկատի ունենալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատրաստակամութիւնը` յաւելեալ զիջումներ կատարելու, Ալիեւ յետաձգեց պայմանագիրի վերջնականացումը` նոր պահանջներ ներկայացնելու նպատակով:

Նոյնիսկ երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը հրաւիրեց Սպիտակ տուն` «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը ստորագրելու, ան մերժեց: Փաստաթուղթը պարզապէս նախաստորագրուեցաւ, այդ պատճառով ալ անիկա պարտադիր ուժ չունի:

2025 թուականի օգոստոս 11-ին Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը վերջապէս հրապարակեցին «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի ամբողջ բովանդակութիւնը, որ պաշտօնապէս կը կոչուի` «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիր»:

Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ համաձայնիլ ստորագրել «Խաղաղութեան պայմանագիր», երբ`

1.- Ազրպէյճանական զօրքերը 2021-էն ի վեր բռնագրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէկ մասը:

2.- Ազրպէյճան հայ պատանդները կը պահէ Պաքուի բանտին մէջ:

3.- 120 հազար տեղահանուած արցախահայերուն չեն արտօներ վերադառնալ իրենց նախնիներուն հայրենիքը:

Պայմանագիրի «արդար, համապարփակ եւ մնայուն խաղաղութեան» խոստումը թէեւ ազնիւ կը թուի, սակայն խորքին մէջ անիկա կը մնայ սին յայտարարութիւն: Ոչ ոք կ՛առարկէ խաղաղութեան, երբ անիկա իսկապէս «արդար» եւ «մնայուն» է: Այնուամենայնիւ, Ալիեւի շարունակական սպառնալիքները ցոյց կու տան, որ ան ոչ թէ խաղաղութեան կը ձգտի, այլ` հայկական հողերուն:

Եկէք` ուսումնասիրենք «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի 17 յօդուածները.

Յօդուած 1.- Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը ճանչնան նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու իրենց սահմանները:
Ասիկա կը վաւերացնէ Խորհրդային Միութեան կողմէ պարտադրուած արհեստական սահմանները:

Յօդուած 2.- Կողմերը կը հաստատեն, որ ապագային ձեռնպահ պիտի մնան տարածքային պահանջներէն եւ կ՛երաշխաւորեն չաջակցիլ միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը «տրոհելու կամ վտանգներու» գործողութիւններուն:
Ասիկա կը խոչընդոտէ ապագայ հայրենասէր  հայկական կառավարութեան կողմէ պատմական տարածքային պահանջներու հետապնդումը Արեւմտեան Հայաստանի, Արցախի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ  եւ լռութեան կը մատնէ այլակարծութիւնը:

Յօդուած 3.- Կողմերը որեւէ երրորդ կողմի թոյլ չեն տար օգտագործել իրենց տարածքները` միւս կողմի վրայ յարձակելու համար:
Այնուամենայնիւ, թրքական զինուած ուժերը եւ ժիհատական վարձկանները կը մնան Ազրպէյճանի մէջ:

Յօդուած 4.- Երկու կողմերն ալ պէտք է զերծ մնան իրարու ներքին գործերուն միջամտելէ:

Սակայն Ազրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան փոխէ իր սահմանադրութիւնը, վերադարձնէ գնուած զէնքը եւ հեռացնէ Եւրոպական Միութեան դիտորդները:

Յօդուած 5.- Երկու կողմերը կը հաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ինչ որ կ՛ենթադրէ դեսպաններու փոխանակում:
Ազրպէյճանի ապագայ դեսպանին վերաբերող նոյնիսկ աննշան դէպք մը կրնայ պատրուակ ծառայել Պաքուին` յարձակելու Հայաստանի վրայ:

Յօդուած 6.- Միացեալ յանձնաժողովը պիտի սահմանազատէ եւ սահմանագծէ սահմանները:
Վէճի պարագային արդեօք Ազրպէյճան պիտի յարգէ՞ միջազգային իրաւարարութիւնը:

Յօդուած 7.-  Կողմերը որեւէ երրորդ կողմի ուժեր չեն տեղակայեր իրենց միացեալ սահմանի երկայնքով:
Արդեօք Ազրպէյճան իր տարածքէն պիտի հեռացնէ՞ թրքական զօրքերը եւ ժիհատական վարձկանները` միաժամանակ պահանջելով, որ Հայաստան հեռացնէ Եւրոպական Միութեան դիտորդները:

Յօդուած 8.- Կողմերը կը դատապարտեն եւ կը պայքարին անհանդուրժողականութեան, ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան, անջատողականութեան, բռնի ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ…
Այս կէտը կրնայ օգտագործուիլ իբրեւ պատրուակ Հայաստանի կառավարութեան համար` ճնշելու արցախահայերուն եւ ընդդիմադիր խումբերուն գործունէութիւնը:

Յօդուած 9.- Կողմերը պարտաւոր են որոնել անցեալի զինուած հակամարտութիւններուն ընթացքին անհետ կորսուածները:
Այս դրոյթը գովելի է, եթէ իրօք իրականացուի:

Յօդուած 10.- Կողմերը համաձայն են համագործակցելու տարբեր ոլորտներու մէջ:
Ասիկա բարենպաստ պարտաւորութիւն է:

Յօդուած 11.- Կողմերը ազատ են կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները ՄԱԿ-ի այլ անդամներու հետ:
Այս դրոյթը որեւէ վտանգ չի պարունակեր:

Յօդուած 12.- Կողմերը… կ՛առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով ու այս համաձայնագիրով եւ չեն կրնար վկայակոչել իրենց ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները` իբրեւ հիմնաւորում այս համաձայնագիրը չգործադրելու:
Այդ պարագային ինչո՞ւ Ազրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան փոխէ իր սահմանադրութիւնը:

Յօդուած 13.- Այս համաձայնագիրի գործադրութեան վերահսկելու համար պիտի ստեղծուի երկկողմանի յանձնաժողով:
Արդեօք Ազրպէյճանը պիտի ընդունի՞ յանձնաժողովի որոշումները:

Յօդուած 14.- Կողմերը պէտք է իրենց վէճերը կարգաւորեն խաղաղ ուղիով:
Եթէ Ազրպէյճան մերժէ կատարել միացեալ յանձնաժողովի կամ այլ միջազգային մարմիններու որոշումները, ի՞նչ միջոցներ ունի Հայաստան:

Յօդուած 15.- Կողմերը պէտք է յետս կոչեն իրարու դէմ ներկայացուած իրենց իրաւական պահանջները միջազգային որեւէ ատեանէ:
Ասիկա կը զրկէ Հայաստանը` պատերազմական յանցագործութիւններու համար Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու իրաւունքէն:

16-րդ եւ 17-րդ յօդուածներն անվնաս են:

Նկատի ունենալով, որ այս յանձնուողական փաստաթուղթը ստորագրուած է ճնշման տակ, ուրեմն, միջազգային իրաւունքին համաձայն, անիկա կը նկատուի անվաւեր: Փաշինեան դիտաւորեալ կը խեղաթիւրէ «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը` ընտրողները համոզելու, որ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն զինք վերադարձնեն իշխանութեան:

Յաջորդ կարելի քայլերը` Փաշինեանի եւ Ալիեւի ծրագիրները մերժելու համար.

1.- Հեռացնել Փաշինեանը պաշտօնէն` նախքան անոր կողմէ «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ի ստորագրութիւնը:

2.- Եթէ այդ մէկը ձախողի, յառաջիկայ հանրաքուէին քուէարկել Ազրպէյճանի կողմէ թելադրուած Հայաստանի նոր սահմանադրութեան դէմ, ինչ որ պիտի ստիպէ Ալիեւը` մերժելու «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը, իսկ Փաշինեանը` հրաժարական տալու:

3.- Եթէ Փաշինեանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Սահմանադրական դատարանն ու Ազգային ժողովը հաստատեն «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ը, հայ ժողովուրդը տակաւին կարելիութիւն ունի մերժելու զայն` հանրաքուէի միջոցով դէմ քուէարկելով: Ալիեւ կը պնդէ հանրաքուէ կատարել` համոզուելու համար, որ ոչ միայն Հայաստանի կառավարութիւնը, այլ նաեւ ժողովուրդը կ՛աջակցի այս «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ին:

4.- Վերջապէս, Փաշինեանը պէտք է գիտնայ, որ ապագայ հայրենասէր կառավարութիւնը պիտի հրաժարի «Խաղաղութեան պայմանագիր»-էն` զայն յայտարարելով անվաւեր` «Թրամփի ուղի»-ին հետ միասին:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր

Յաջորդը

Թենիս. Քարլոս Ալքարաս Եւ Նովաք Ճոքովիչ Կրնան Իրարու Հանդիպիլ Եու. Էս. Օփընին

RelatedPosts

35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Անկախութեան Հռչակագիր Կ՛ընդունէր

Օգոստոս 23, 2025
Ազնուական Մարդը   (Պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Ազնուական Մարդը (Պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանի Յիշատակին)

Օգոստոս 23, 2025
Թանկագին Բարեկամիս` Ժոզեֆ Ճապրայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
Անդրադարձ

Թանկագին Բարեկամիս` Ժոզեֆ Ճապրայեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Օգոստոս 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?