Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Կազմաւորումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Օգոստոս 27, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոյի արտահերթ նիստին, 5 յուլիս 1921-ին, Իոսիֆ Ստալինի անձնական միջնորդութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի բռնակցուեցաւ:

Նախապէս արդէն Լենին, երբ Մոսկուայի մէջ ռուս-թրքական բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենային, նշած էր որ իրենք ստիպուած են ժամանակաւորապէս զոհաբերել հայ աշխատաւորներուն շահերը յանուն համաշխարհային յեղափոխութեան: Իսկ Ստալին համոզում յայտնած էր որ հայապատկան տարածքներու համար չ՛արժեր հարցեր ունենալ կամ կռուիլ Թուրքիոյ հետ, մանաւանդ որ հայկական յաւակնութիւնները «կայսերապաշտական պահանջներ» են:

Բոլշեւիկներ Լեռնային Ղարաբաղի արտակարգ կոմիսար նշանակեցին Ասքանազ Մռաւեանը: Սակայն Ազրպէյճանի յեղկոմի նախագահ Նարիման Նարիմանով յայտարարութեամբ մը դէմ արտայայտուեցաւ Մռաւեանի նշանակման: Կովկասեան բիւրոյի անդամներ Գրիգորի Օրջոնիկիձէ եւ Սերգէյ Կիրով Նարիմանովի թելադրեցին ընդունիլ Մռաւեանի նշանակումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով առաջնորդուիլ ազգագրական սկզբունքներով: Ազգագրական սկզբունքին համաձայն հայկական որեւէ գիւղ պիտի չմիացուէր Ազրպէյճանի, եւ ազրպէյճանական որեւէ գիւղ պիտի չմիացուէր Հայաստանի:

* * *

Ծիծեռնակավանք Քաշաթաղի շրջանին մէջ
Քաշաթաղի շրջանի Արծուաշէն գիւղը

Խորհրդային Ազրպէյճանի բռնակցումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայն ծաւալ ստացան հողերու բռնագրաւումները: Մինչեւ 1921 նոյեմբեր գիւղացիներէն 117.560 դեսիատին (մէկ դեսիատինը հաւասար է 1.09 հեկտարի) հող բռնագրաւուեցաւ եւ ազգայնացուեցաւ: Բռնագրաւուեցան նաեւ 42.764 դեսիատին արօտավայրեր: Ազգայնացուեցան նաեւ շուրջ 140 հազար դեսիատին անտառներ:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները, ընդունուած օրէնքին համաձայն, ազգայնացուած հողերը հաւասար չափով գիւղացիներուն պիտի բաժնէին: Լեռնային շրջաններուն մէջ իւրաքանչիւր ընտանիքի պէտք է երեք դեսիատին հող տրուէր, իսկ դաշտային շրջաններուն մէջ` մէկ դեսիատին հող:

Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքները ոտնահարելով, ազրպէյճանական իշխանութիւնները իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի կէս դեսիատինէն ալ փոքր հողատարածք տուին, իսկ դաշտային շրջաններու ազրպէյճանական գիւղերուն մէջ իւրաքանչիւր ընտանիքի հինգ դեսիատին հող տրուեցաւ: Հայկական գիւղական կարգ մը համայնքներ ալ առանց հողի մնացին:

* * *

Ռուսաստանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր պայմանները ստիպեցին Լենինը ժամանակաւոր կերպով դադրեցնելու երկրին մէջ «ընկերվարական շինարարութիւնը» եւ նոր քաղաքականութիւն մշակել: 1921-ին մշակուեցաւ նոր տնտեսական քաղաքականութիւնը (ռուսերէն` Նովայա էկոնոմիչեսկայա պոլիտիկա` ՆԷՊ), որ եկաւ փոխարինելու ռազմական համայնավարութիւնը:

Խորհրդային իշխանութիւնները մասամբ չեղեալ յայտարարեցին գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան համատարած ազգայնացումը եւ ներդրեցին խառն տնտեսութեան համակարգ, որուն հիմամբ թոյլ կը տրուէր մասնաւոր անձերու ունենալ փոքր ծաւալի ձեռնարկութիւններ, հողակտորներ եւ կրկին զբաղիլ ազատ առեւտուրով: Հացահատիկի պարտադիր առգրաւումը փոխարինուեցաւ բնամթերքի տուրքով: Նախատեսուած էին նաեւ դրամական համակարգի բարեփոխումներ եւ արտասահմանեան ներդրումային հնարաւորութիւններու ստեղծում:

Նոր տնտեսական քաղաքականութեան սկզբունքները կեանքի կոչելու նպատակով Շուշիի մէջ Ղարաբաղի գաւառներու կուսակցական պատասխանատու աշխատողներու համագումար հրաւիրուեցաւ: Որոշուեցաւ թոյլատրել բոլոր տեսակ մթերքներու եւ արդիւնաբերական ապրանքներու ազատ առեւտուրը, ապրանքներու արտահանում գաւառէ գաւառ, վարձակալութեան կարգով տալ եկամուտ չբերող կամ անգործութեան մատնուած արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ եւ առաջին հերթին մետաքսի գործարանները:

Համագումարի որոշումին համաձայն Դիզակի եւ Խաչենի շրջաններուն մէջ ազգայնացուած մետաքսի գործարաններէն տասնմէկը վարձակալական կարգով մասնաւոր անձերու յանձնուեցան:

Մետաքսի արդիւնաբերութեան մէջ շուտով ակնառու յաջողութիւններ արձանագրուեցան: Յամառ աշխատանքի շնորհիւ 1922-ին հինգ գործարաններ գործի դրուեցան, որոնցմէ մէկը պետական էր, չորսը` վարձու տրուած: Գործարանները որակաւոր բոժոժով ապահովելու նպատակով Հադրութի մէջ հիմնուեցաւ իտալական Չիչէ հունտային ընկերութիւնը: Շերամապահութեան զարգացումը Լեռնային Ղարաբաղի գիւղացիական  տնտեսութիւններուն հնարաւորութիւն տուաւ մեծ քանակութեամբ շահոյթ ապահովել:

* * *

Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը կը ճանչնայ Հայաստանի անբաժանելի մաս

Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութիւններու կեդրոնական գործոց կոմիտէներու լիազօր համագումարը 12 մարտ 1922-ին որոշեց կազմաւորել Անդրկովկասեան ընկերվարական խորհրդային հանրապետութիւններու դաշնակցային միութիւնը: Նորաստեղծ միութեան ղեկավար մարմինի անդամներ ընտրուեցան Նարիման Նարիմանով, Փոլիքարպ Մտեւանի եւ Ալեքսանդր Միասնիկեան:

Պաքուի մէջ 10-էն 13 դեկտեմբեր 1922-ին տեղի ունեցաւ Անդրկովկասի խորհուրդներու առաջին համագումարը, որ որոշեց Անդրկովկասեան ընկերվարական խորհրդային հանրապետութիւններու դաշնակցային միութիւնը վերակազմաւորել իբրեւ Անդրկովկասեան ընկերվարական դաշնակցային խորհրդային հանրապետութիւն:

Ռուսաստանի, Անդրկովկասեան, Ուքրանիոյ եւ Պիելոռուսիոյ խորհրդային հանրապետութիւններու լիազօր պատուիրակներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ, 28 դեկտեմբեր 1922-ին, հաստատեց Խորհրդային Միութեան կազմաւորման համաձայնագիրը եւ հռչակագիրը: Խորհրդային Միութեան սովետներու առաջին համագումարը հաստատեց այդ երկու փաստաթուղթերը, իսկ 30 դեկտեմբեր 1922-ին պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Միխայիլ Կալինին, Միխայիլ Ցխակայա, Միխայիլ Ֆրունզէ, Գրիգորի Պետրովսկի եւ Ալեքսանդր Չերվիակով ստորագրեցին զանոնք: Նոյն օրը, Խորհրդային Միութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը հնչեց Մոսկուայի  Մեծ թատրոնի  բեմէն:

* * *

Բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան բիւրոն 1921 յուլիս 5-ին, Ստալինի որոշումով, Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի «բաղկացուցիչ մաս» անոր կազմին մէջ ձգած էր: Որոշումին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Ազրպէյճանի «պատկանելիութեան» մասին ակնարկութիւն չէր եղած:

Սակայն Կովկասեան բիւոյի այդ որոշումէն ետք Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը մտադիր չէր կազմաւորելու ինքնավար մարզ:

Կովկասեան բիւրոյի ճնշումով, Ազրպէյճանի Կենտգործկոմի 7 յուլիս 1923-ի որոշումով, Արցախի տարածքի մէկ հատուածին վրայ, որ անոր մէկ-չորրորդ մասը կ՛ընդգրկէր, կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը:

Կովկասեան բիւրոյի որոշումին հակառակ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն դուրս ձգուեցան անոր հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային շրջանները, որոնց բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայ էր:

Ազրպէյճանական կեդրոնական գործադիր կոմիտէի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուէր.

«Ղարաբաղի հայկական մասէն կազմաւորել ինքնավար մարզ` իբրեւ Ազրպէյճանի Խորհրդային ընկերավարական հանրապետութեան բաղկացուցիչ մաս, կեդրոնը` Խանքենդի գիւղաքաղաքը:

Ինքնավար մարզի կառավարման մարմիններն են մարզային գործադիր կոմիտէն եւ տեղական խորհուրդները:

Մինչեւ մարզային գործադիր կոմիտէի կազմաւորումը ստեղծել ժամանակաւոր յեղափոխական կոմիտէ, պարտաւորեցնել երկու ամիսէն ոչ ուշ խորհուրդներու համագումար հրաւիրել մնայուն գործադիր մարմին ընտրելու համար:

Ծանօթութիւն: Բոլոր արօտավայրերու, անտառներու, այգիներու, հողերու եւ ջուրերու փաստական տիրակալութիւնը կը մնայ անոնց ներկայ տէրերուն:

Բոլոր անհրաժեշտ ելեւմտական եւ արհեստագիտական միջոցներով մարզային գործադիր կոմիտէն կը մատակարարուի Անդրկովկասեան ընդհանուր միջոցներէն` Ազրպէյճանի կեդրոնական գործադիր կոմիտէէն տրուած անմիջական կարգադրութեամբ:

Մարզի կանոնադրութեան մշակման եւ վարչական միաւորները Ղարաբաղի ինքնավար մարզին փաստօրէն յանձնելու, ինչպէս նաեւ ինքնավար մարզի սահմանները որոշելու համար խառն յանձնաժողով ստեղծել Ղարաբաղի, Ցածրադիր Ղարաբաղի, Քիւրտիստանի եւ Անդրկովկասեան կեդրոնական իշխանութեան ներկայացուցիչներէն: Յանձնաժողովին պարտաւորեցնել որպէսզի իր աշխատանքը աւարտէ մինչեւ սոյն թուականի օգոստոս 15-ը»:

* * *

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Խորհրդային Հայաստանի միջեւ ցամաքային կապը խզելու, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութիւնը շրջափակման մէջ առնելու նպատակով 16 յուլիս 1923-ին Ազրպէյճանի իշխանութիւնները արհեստականօրէն կազմաւորեցին Կարմիր Քիւրտիստանը` Լաչին վարչական կեդրոնով:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի սահմանները ճշդող յանձնաժողովի նախագահ Միր Ջաֆար Բաղիրով 8 հոկտեմբեր 1923-ին, Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լաչինի Եւ Խանքենդիի (Ստեփանակերտ) միջեւ գտնուող թրքաբնակ Խալփալու, Զարալու եւ Մուսուլմանլար գիւղերը, ինչպէս նաեւ Շուշի քաղաքը Կարմիր Քիւրտիստանի կազմին մէջ ընդգրկել:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (26 Օգոստոս 2025)

Յաջորդը

Հերթը Հասած Է Սասնայ Մարաթուկի Վանքի Վերանորոգութեան

RelatedPosts

Հայերու 1949-ի Զանգուածային Աքսորը
Պատմական

Հայերու 1949-ի Զանգուածային Աքսորը

Նոյեմբեր 12, 2025
Հայաստանէն Ազրպէյճանցիներու Տեղափոխումը Եւ Վերաբնակեցումը Արցախի Մէջ
Պատմական

Հայաստանէն Ազրպէյճանցիներու Տեղափոխումը Եւ Վերաբնակեցումը Արցախի Մէջ

Նոյեմբեր 5, 2025
Չարդախլու Գիւղը` Զօրավարներու Օրրան.   Մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան Եւ Համազասպ Բաբաջանեան
Պատմական

Չարդախլու Գիւղը` Զօրավարներու Օրրան. Մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան Եւ Համազասպ Բաբաջանեան

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?