Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաբկանքով Անկախութիւն- Փաշինեանի Ճանապարհը Դէպի Կործանում

August 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Անկախութեան հռչակագիրի 35-ամեակին առիթով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ուղերձին մէջ փորձեց սեփականացնել եւ իւրովի  իմաստաւորել այն փաստաթուղթը, որ ծնունդ առաւ 1990-ին` հայ ժողովուրդի միասնական կամքէն:

Անոր  ուղերձը մերկացուց այն դաժան ճշմարտութիւնը, որուն մասին ժողովուրդը վաղուց կը խօսի, Փաշինեան կանխամտածուած կերպով երկիրը  տարաւ դէպի պատերազմ եւ պարտութիւն` քանդելով Հայաստանի անկախութեան ամենակարեւոր հիմքերը:

Իր բառերով` «Զիջումները կը նշանակէին Հայաստանի անկախութեան կորուստ»: Իրականութիւնը սակայն լրիւ հակառակն է. «անխուսափելի պատերազմը», զոր ինք գիտակցաբար չկանխեց, պատճառ դարձաւ` հազարաւոր նահատակներու, Արցախի կորուստին, հայաթափման, Հայաստանի տարածքներու կորուստին եւ պարտադրուած խաղաղութեան: Փաշինեան պարտուողական  այս վիճակը կը ներկայացնէ` իբրեւ «աւելի անկախ, աւելի ինքնիշխան Հայաստան»:  Այս խօսքերը դատարկ հնչիւններ են: Հայաստանը երբեք այսքան խոցելի եւ կախեալ չէ եղած իր թշնամիներէն: Խաղաղութեան մասին անոր խօսքերը մերկ բառեր են, որովհետեւ խաղաղութիւնը, որով կը պարծենայ, պարտութեան եւ օտար շահերու գնով ձեռք բերուած պարտադրանք մըն է:

Փաշինեանի հռետորաբանութիւնը վտանգաւոր է. նախկիններու սխալները շահագործելով` ան կ՛արդարացնէ սեփական կործանարար քաղաքականութիւնը: Իր փաստարկները կը բեռցնէ «անկախութիւն» բառով, մինչդեռ իրականութիւնը բոլորովին հակառակն է. Հայաստանը կորսնցուցած է անկախութեան հիմնասիւները` անվտանգութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, պատմական ժառանգութիւն:

Փաշինեան կը փորձէ խաբկանքով ներկայացնել, որ իբր թէ Հայաստան երբեք այսքան անկախ եւ ինքնիշխան չէր եղած: Սակայն մեր ժողովուրդը լաւ գիտէ, որ իրական անկախութիւնը կը չափուի ոչ թէ գեղեցիկ բառերով, այլ` գործով: Հայաստանը օր ըստ օրէ աւելի կախեալ կը  դառնայ Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն: Մեր անվտանգութեան համակարգերը քանդուած են, մեր սահմանները` վտանգուած, մեր ազգային շահերը` նուաճուած:

Անկախութիւնը չի կառուցուիր միակողմանի զիջումներով ու պարտութեամբ: Անկախութիւնը կը պահուի` ուժով, արժանապատուութեամբ, արդար պահանջատիրութեամբ եւ պատմական հիմքերու հաւատարմութեամբ, իրաւունքներու պաշտպանութեամբ:

Այսօր, 35 տարի  ետք, մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել ոչ միայն մեր սահմանները, այլ նաեւ` մեր պետականութեան հիմնադիր փաստաթուղթը: Հայաստանի ապագան կախեալ է ոչ թէ Փաշինեանի խաբկանքներէն, այլ` Անկախութեան հռչակագիրին  հանդէպ ժողովուրդին հաւատարմութենէն: Անկախութեան հռչակագիրը մեր վերանկախացած հանրապետութեան ծննդեան վկայականն է: Մերժելով հռչակագիրը`  Փաշինեան կը մերժէ Հայաստանի Հանրապետութեան իսկական գաղափարը:

Մեր պարտականութիւնը պիտի  ըլլայ  բարձրաձայն պաշտպանել Հայաստանի անկախութիւնը, պաշտպանել հռչակագիրը:  Հայ ժողովուրդը իր վճռական «Ո՛չ»-ը պիտի  ըսէ  Փաշինեանի  կործանարար քաղաքականութեան:

Հայաստանի ապագան չի կառուցուիր պարտուող ղեկավարներու ձեռքով. ան կը կառուցուի` հաւատարիմ, արժանապատիւ ոգիով, ազգային յիշողութիւնը պաշտպանելով, եւ անկախութեան գաղափարը վերակենդանացնելով:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւններ. Աշխարհաքաղաքական Նախատրամադրուածութիւն Եւ Ընդհանուր Դրոյթներ (Մաս Ա.)

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցին Եւ Կանոնական Իրաւունքի Օրէնսգիրքի Բացակայութիւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.