Ի՞նչ է կանոնագիրքը, կամ այլ խօսքով` եկեղեցական օրէնսգիրքը
Կանոնագիրքը Հայց. առաք. եկեղեցւոյ իրաւական օրէնսգիրքն է: Ան կը պարունակէ Հայ եկեղեցիին վերաբերող ամբողջ իրաւական համակարգը, որուն շնորհիւ կ՛ապահովէ իր ներքին կարգը, կը պաշտպանէ իր անդամներուն իրաւունքները, կը տնօրինէ անոնց պարտականութիւնները, կ՛երաշխաւորէ արդարութեան սկզբունքին գործադրումը ու կ՛ամրագրէ կառավարման կարգուկանոնը:
Արդեօք ունի՞ Հայց. առաք. եկեղեցին նման կանոնագիրք, այլ խօսքով` եկեղեցական օրէնսգիրք մը
Որքան ալ տարօրինակ թուի այս կարեւոր հարցին պատասխանը, պէտք է ըսել` ունի եւ միաժամանակ չունի: Աւելի ճշգրիտ` պատմականօրէն ունեցած է, սակայն ներկայ վիճակով` առայժմ չունի ժամանակակից կեանքի պայմաններուն եւ պահանջներուն համապատասխանող գործնական ու կիրարկելի ձեռնարկ մը:
Բնականաբար պէտք է հարց տալ` գրաւոր օրէնսգիրքի մը բացակայութեան պարագային ինչպէ՞ս է կառավարուած Հայ եկեղեցին մինչեւ մեր օրերը: Բարեբախտաբար գրաւոր ժառանգութենէ բացի` Եկեղեցին ունի նաեւ նուիրականացած բանաւոր աւանդութիւն մը, որ կը վերաբերի` քրիստոնէական հաւատքի բովանդակութեան, սովորոյթներուն, ծէսերուն եւ կենսակերպին, որոնք Եկեղեցիին մէջ զարգացած են դարերու ընթացքին: Ան միշտ չէ, որ գրաւոր կ՛աւանդուի, այլ յաճախ բանաւոր կը փոխանցուի Եկեղեցւոյ կեանքին եւ գործելակերպին մէջ, օրինակ` եկեղեցական որոշակի տօներ նշելու եղանակը, ծիսական ձեւերը, վանականութիւնը եւ որոշ աղօթքներ, տաղեր ու հոգեւոր երգեր: Ահա այսպէ՛ս է կառավարուած մեր Եկեղեցին դարեր շարունակ: Բայց մի՞թէ այսպէս շարունակելը գոհացուցիչ է, երբ ընկերային-հասարակական կեանքն ու ընդհանրապէս աշխարհը երէկուանը չեն, իսկ վաղուան մարտահրաւէրները շատ աւելի աննախընթաց ու հզօր պիտի ըլլան, քան երբեւէ եղած են:
Մինչդեռ, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, կանոնական իրաւունքի օրէնսգիրքը կարգուկանոն հաստատելու համար գրի առնուած հեղինակաւոր, պաշտօնական ու պարտաւորեցնող օրէնքներու, այս պարագային` եկեղեցական կանոններու ամբողջութիւնն է, որուն ստորեւ պիտի անդրադառնանք մանրամասնօրէն:
Եկեղեցական իրաւակարգի անհրաժեշտութիւնը ներկայ ժամանակներուն
Իւրաքանչիւր Եկեղեցի, յարաբերաբար մեծ կամ փոքր համայնք, որ կ՛ուզէ մշտապէս գոյութիւն ունենալ եւ կանոնակարգուած գործել, էական է, որ ունենայ ընդհանուր իրաւական հիմք: Հայ եկեղեցին` որպէս հոգեւոր առաքելութիւն ունեցող համազգային կրօնական կառոյց, նոյնպէս կը պահանջէ յստակ կանոններ` իր առաքելութիւնը արդիւնաւէտ, արդարացի եւ միատեսակ կարենալ իրագործելու համար: Կանոնական իրաւունքը, որ ամրագրուած պէտք է ըլլար Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կանոնագիրքին մէջ, կը ստեղծէ իրաւական շրջանակ, որ կը կառուցէ Եկեղեցւոյ կեանքը, կը կարգաւորէ անոր անդամներուն միջեւ համագործակցութիւնը, նաեւ կ՛ապահովէ հոգեւոր պաշտօններու եւ խորհրդակատարութիւններու իրականացումը: Կանոնագիրքը, փաստօրէն, ոչ միայն իրաւական կանոններու ժողովածու մըն է, այլեւ` եկեղեցական կարգուկանոնի, պատասխանատուութեան եւ հաւատացեալներու փրկութեան հանդէպ հոգատարութեան արտայայտութիւն: Հետեւաբար նման օրէնսգիրքի նշանակութիւնը կը կայանայ ոչ միայն անոր արտաքին ձեւաւորման, այլեւ եկեղեցական կեանքի հոգեւոր ու հովուական բնագաւառներուն մէջ:
Արդարեւ, Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կանոնագիրքը, այլապէս` օրէնսգիրքը, որուն մասին կը խօսինք, իր կարեւորութեամբ շատ աւելին է, քան` լոկ եկեղեցական կառավարման կանոններու հաւաքածոյ մը: Ան Եկեղեցիին կը ծառայէ իբրեւ միջոց` իր բոլոր անդամներուն կեանքը կարգաւորուած ձեւով դէպի Քրիստոս ուղղորդելու համար: Իր առաջնահերթ նպատակներէն մին է` ապահովել Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն իրաւունքներն ու տնօրինել անոնց պարտականութիւնները: Հաւատացեալներ, ըլլան անոնք աշխարհական թէ հոգեւորական կարգէ, շնորհիւ այս օրէնսգիրքին պէտք է յստակ գիտնան, թէ Եկեղեցիին մէջ ի՞նչ են իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, նաեւ` թէ իրենք ինչպէ՞ս պիտի վերաբերին իրենց անձին հետ կապ ունեցող ճշգրիտ իրավիճակներու յառաջացման պարագային:
Եկեղեցական օրէնսգիրքի միւս յատկանիշերէն, այլեւ հիմնական նպատակներէն մէկն ալ Եկեղեցւոյ միասնութեան եւ կարգուկանոնի պահպանման խթանումն է: Հայ եկեղեցին համաշխարհային հաստատութիւն մըն է, որ ոչ միայն կը ներառէ Հայաստանի բնակչութեան 90 տոկոսը, այլեւ` ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը: Այս իրողութենէն մեկնելով` անհերքելի փաստ է, որ իր անդամները ապրելով նաեւ սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ` ենթակայ են մշակութային եւ կրօնական բազմաբնոյթ ազդեցութիւններու: Հակառակ այս դրութեան` Հայ եկեղեցւոյ հեղինակաւոր եւ պարտաւորեցնող օրէնսգիրքը միանշանակ կ՛ապահովէ, որ իր հիմնական եւ կարեւորագոյն սկզբունքները, օրինակ` քահանայագործութիւնը, խորհուրդներու մատակարարումը, թեմերու եւ հովուութիւններու կառավարումը ամէնուր իրագործուին նոյն հաւատոյ դաւանութեան, սրբազան աւանդութեան եւ ինքնութեան հետ առնչուող դրոյթներուն համաձայն: Այս իրողութիւնը կը հաղորդէ արժանահաւատութիւն եւ կը ներշնչէ փոխադարձ վստահութիւն Եկեղեցւոյ թէ՛ հոգեւոր սպասաւորներուն եւ թէ՛ աշխարհական շրջանակներուն միջեւ:
Ի դէպ, այստեղ պէտք չէ անտեսել եկեղեցական օրէնսգիրքի հովուական հանգամանքը: Անոր յօդուածներէն շատեր կը հետապնդեն մարդու բարոյական կեանքի կայացումը, անոր փրկութիւնը` հիմնախնդիր ունենալով ոչ միայն մարդ արարածի մարդ ըլլալը, այլ` մա՛րդ մնալը: Այս առումով, օրինակ` ամուսնութեան պարագային, ոչ միայն պէտք է նկատի առնուի սուրբ պսակի խորհրդակատարութեան կամ որեւէ մէկ ծիսակատարութեան վաւերականութիւնը, այլեւ` մարդոց անհատական կեանքի իրավիճակը: Այսպէս, Եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքը ոչ թէ լոկ կանոններ սահմանող օրէնսգիրք մըն է, այլ միաժամանակ ունի ծառայական եւ խնամարար բնոյթ:
Ի վերջոյ, եկեղեցական օրէնսգիրքը նաեւ կ՛առաջադրէ դատական-իրաւաբանական կանոններ, օրինակ` ամուսնալուծման կամ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ստեղծուած տարատեսակ չարաշահումներու վերաբերեալ` դրամաշորթութեան, վարքուբարքի, կուսակրօնութեան ուխտի խախտման, միասեռականութեան, մանկապղծութեան եւ այլն: Դատական կանոններով ամրագրուած այս բոլոր գործառոյթները եկեղեցական կեանքին կը շնորհեն արժանահաւատ թափանցիկութիւն, կը պաշտպանեն ենթական կամայականութիւններու դէմ, որ միանգամայն կը համապատասխանէ Աւետարանի արդարութեան ոգիին եւ արդարադատութեան ուսմունքին:
Աւանդութեան եւ ներկայի միջեւ-
կանոնական իրաւունքի պարտաւորեցնող կարեւորութիւնը
Վերոգրեալ ակնարկուեցաւ, որ Հայց. առաք. եկեղեցին աւանդաբար ունեցած է պատմական օրէնսգիրք մը, որ առաջին անգամ 1964 թուականին զայն ուսումնասիրող Վազգէն Յակոբեանը պայմանականօրէն կոչած է «Կանոնագիրք Հայոց»[1]: Սոյնը ձեւաւորուիլ սկսած է Ե.-ԺԷ. դարերու ընթացքին` աստիճանաբար խմբագրուելով, լրացուելով ու հարստանալով նորանոր կանոնախումբերով եւ աւանդուած բազմաթիւ գրչագրերով:
Արդարեւ, «Կանոնագիրք Հայոց»-ը միջնադարեան հայ եկեղեցական իրաւունքի ժողովածու է` բաղկացած հոգեւոր-եկեղեցական, ծիսադաւանական, բարոյախրատական եւ համայնքային այլեւայլ խնդիրներ ընդգրկող կանոններէ, որոնք ամփոփուած են առանձին կանոնախումբերու մէջ: Զայն առաջին հաւաքագրողն ու խմբագրողը եղած է Ը. դարու հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Գ. Իմաստասէր Օձնեցին, որուն նախաժողովածուն կազմուած է 24 կանոնախումբերէ. ասոնց 15-ը յունական բնօրինակներէ թարգմանական գործեր են, իսկ մնացեալ 9-ը կանոնախումբերը ազգային-եկեղեցական ժողովներու եւ հայ եկեղեցական հայրերու սահմանած կանոններն են: Ժ. դարու կէսին, սոյն կանոնագիրքը ընդլայնուելով` բովանդակած է 40 կանոնախումբ, իսկ մինչեւ ԺԷ. դար համալրուելով ու շարունակաբար խմբագրուելով` ընդգրկած է 98 կանոնախումբ:
«Կանոնագիրք Հայոց»-էն բացի` նաեւ հարկ է նշել ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն ստեղծուած Մխիթար վրդ. Գօշի եւ Սմբատ Սպարապետի (Գունդստաբլ) «Դատաստանագիրք»-երը, որոնք, իրենց կարգին` մեծապէս նպաստած են հայ իրաւաբանական մտածողութեան զարգացման նոր վերելքին` պարփակելով պետական ու տարածքային կառավարման, քրէական եւ քաղաքացիական իրաւունքի կարեւոր ոլորտներ:
Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ի վերջին խմբագրութիւնը տեղի ունեցած է ԺԷ. դարուն եւ այս ժամանակաշրջանէն ի վեր ոչինչ փոխուած է, իսկ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը, կարծէք, ընդարմանալով` որեւէ զարգացում չէ արձանագրած. արդեօ՞ք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ տեղի չեն ունեցած նշանակալից իրադարձութիւններ, կամ չեն ստեղծուած իրավիճակներ, որոնց իրաւական-օրինական անդրադարձը արտացոլացուցած ըլլար «Կանոնագիրք Հայոց»-ը:
Փաստօրէն, «Կանոնագիրք Հայոց»-ը այսօրուան ընկալումներուն եւ իրաւագիտական չափանիշերուն համաձայն ամբողջական, համահունչ, քոտաւորուած կամ կանոնագրուած իրաւական օրէնսգիրք մը չէ, այլ առանձին կանոններու պատմականօրէն մշակուած ժողովածու մըն է, որ կը ծագի տիեզերական ժողովներու սահմանած, տարբեր ժամանակաշրջաններուն գումարուած ազգային-եկեղեցական ու տեղական ժողովներու կայացուած, նաեւ Ընդհանրական եկեղեցիի հայրերու եւ հայոց կաթողիկոսներու կողմէ սահմանուած որոշումներէն: Հակառակ անոր որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ի կանոններէն շատեր գուցէ տակաւին ի զօրու են մեր եկեղեցական իրականութեան մէջ, սակայն այս ժողովածուն, ներկայ վիճակով, առանձնապէս եւ իրաւաբանօրէն չունի պարտաւորեցնող բնոյթ` Հայց. առաք. եկեղեցիին կողմէ ճանչցուած եւ հայոց ազգային-եկեղեցական ժողովէ մը հեղինակաւորուած ընթացիկ գործնականութիւն: Աւելի վաղ ան կանոնական իրաւունքի բնագրերու եւ համապատասխան յօդուածներու ազատ, չաժմէականացուած աւանդոյթ է` առանց եկեղեցական պաշտօնական վաւերականութեան` ներկայի եկեղեցական իրաւական համակարգին մէջ:
Բաց աստի` պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն իրողութիւնը, որ միայն Ի. դարուն է, որ, այսպէս կոչուած, «Կանոնագիրք Հայոց»-ին մէջ ներառուած ձեռագրերու հաւաքածոները բաժնուեցան քանի մը ձեռագրախումբերու` Սիրական Տիգրանեանի[2], Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի[3], Ներսէս վրդ. Ակինեանի[4] եւ Վազգէն Յակոբեանի[5] համապարփակ գիտական աշխատանքներուն շնորհիւ:
Այստեղ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Վազգէն Յակոբեանի աշխատասիրութեամբ եւ Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակութեամբ լոյս տեսած «Կանոնագիրք Հայոց»-ի գիտական մեծղի երկհատորները` 1964-ին Ա., իսկ 1971-ին Բ. հատորը: Բայց, եղո՜ւկ, Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքի այս երկհատորեակը հասանելի է բացառապէս իր բնագիր գրաբարով, որ ոչ միայն անհասկնալի է հայ ժողովուրդի լայն շրջանակներուն, այլեւ` նոյնիսկ շատ մը եկեղեցականներու, որոնց ընկալելի չէ նոյնիսկ իրենց անգիր սորված գրաբար աղօթքներուն բովանդակութիւնը:
Պէտք է նկատի ունենալ կարեւոր պարագայ մը եւս, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ին մէջ ներառուած շատ մը կանոններ այնուհետեւ ժամանակահունչ չեն ու չեն համապատասխաներ արդի կեանքի իրականութիւններուն: Ի հարկէ կարելի է այստեղ բազմաթիւ օրինակներ մէջբերել, սակայն պիտի բաւարարուիմ միայն յուշել այն կանոնները, որոնք բացառապէս սահմանուած են, օրինակ, Ե.-ԺԱ. դարերուն Հայաստանի մէջ ծաւալած Մծղնէական, բորբորիտոններու, պաւղիկեան ու թոնտրակեան աղանդաւորական շարժումներուն եւ անոնց դաւանած վարդապետական սկզբունքներուն դէմ: Անշուշտ այսօր ալ գոյութիւն ունին աղանդաւորական տարատեսակ շարժումներ, բայց անոնց հաւատալիքներն ու ուսմունքը բոլորովին այլ բնոյթ ունին, քան` վերոնշեալ դասական աղանդները: Այս առնչութեամբ պէտք չէ մոռնալ նաեւ «Կանոնագիրք Հայոց»-ին մէջ սահմանուած այն բոլոր կանոնները` կապուած հասարակական կեանքի որոշակի իրավիճակներուն, բարոյական հարցերուն, հեթանոսութենէ մնացած սովորոյթներուն, ծիսական-կարգապահական այլազան խախտումներուն, որոնք ընդհանրապէս ժամանակավրէպ են եւ ամենեւին գոյութիւն չունին արդի հասարակական կեանքին մէջ:
Ժընեւ, 9 օգոստոս 2025
Յիշատակ Եփեսոսի Ս. Ժողովոյն երկեր իւր հայրապետացն
(Շար. 1)
[1].- Վազգէն Յակոբեան, «Կանոնագիրք Հայոց», Ա, Երեւան, 1964: Նոյնը, Բ, Երեւան, 1971:
[2].-«Армяне» (Санкт Петербург, 1910, Եր., 1992),), «Հին հայկական կանոնների գիրք» (ռուս., Պետերբուրգ, 1918), «Судебная книга Мхитара Гоша и Книга канонов» (Тифлис, 1925) ուսումնասիրութիւնների, «Հայոց իրաւունքի պատմութեան ներածութիւն» (ձեռագրի իրաւունքով, Եր., 1923):
[3].- Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեան, Հայոց եկեղեցական իրաւունքը, Ա, Շուշի, 1903; Նոյնը, Բ, Շուշի, 1905:
[4].- Ն. Ակինեան, Շահապիվանի ժողովին կանոնները, Բնագիր եւ քննութիւն, «Յաւելուած», Բ տպագրութիւն, Վիեննա, 1950, էջ 61-66; Թուղթ Մակարայ Բ. Երուսաղէմի Հայրապետի առ Վրթանէս եպիսկոպոսապետ Սիւնեաց Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ, Վիեննա, 1930:
[5].- Տե՛ս Վազգէն Յակոբեան, «Կանոնագիրք Հայոց», նոյն տեղը: