Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ-Փութին Ալասքայի Վեհաժողովը Եւ Միջին Արեւելքի Հնարաւոր Կարգաւորումները

Օգոստոս 26, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Օգոստոս 2025-ին Ալասքայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած վեհաժողովը մեծ մասամբ քննարկեց Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը: Սակայն հանդիպումը միաժամանակ հարցեր բարձրացուց աշխարհաքաղաքական տարբեր խնդիրներու մասին, որոնք կ՛առնչուին Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի հարցերուն: Թէեւ Միջին Արեւելքը բացակայ էր  պաշտօնական հաղորդագրութենէն, սակայն շատ հաւանական է, որ Սուրիա, Իրան եւ Իսրայէլ  ներգրաւուած ըլլան ամերիկեան-ռուսական յառաջիկայ փուլերուն:

Ալասքայի վեհաժողովը եղաւ 2025-ի ամէնէն ուշագրաւ դիւանագիտական հանդիպումներէն մէկը: Անիկա տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Ուքրանիոյ պատերազմը աւելի ու աւելի մաշեցնող փուլ թեւակոխած է: Պաշտօնական բացատրութեամբ, վեհաժողովը նպատակ ունէր դուրս գալ այս մաշեցնող վիճակէն: Փութին կը փնտռէր միջազգային ճանաչում եւ պատժամիջոցներու թուլացում, մինչդեռ Թրամփ ուզեց ներկայանալ իբրեւ խաղաղութեան առաջնորդ:

Բոլոր քննարկումներուն կեդրոնը Ուքրանիան էր, յատկապէս` ՕԹԱՆ-ի անվտանգութեան երաշխիքներու հետ կապուած: Բայց նոյնքան կարեւոր է նաեւ այն, ինչ որ չըսուեցաւ: Հանդիպումի ընթացքին Միջին Արեւելքի խնդիրներու ոչ մէկ ակնարկութիւն եղաւ: Դիւանագիտութեան մէջ լռութիւնը հազուադէպօրէն պատահական է: Աւելի յարմար է զայն մեկնաբանել որպէս գիտակցաբար ընտրուած յետաձգում:

Քաղաքական ձերքբերումնե՞ր

Վեհաժողովին անմիջական արդիւնքները լայնօրէն ներկայացուեցան որպէս մարտավարական յաղթանակ մը Փութինի համար: Ան միջազգային բեմ վերադարձաւ` Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ հաւասար մակարդակի վրայ նստելով, առանց նոր պատժամիջոցներու բախելու:

Թրամփի համար վեհաժողովը ծառայեց ներքին եւ արտաքին նպատակներու: Ներքին ճակատի վրայ ան ամրապնդեց իր պատկերը` որպէս առաջնորդ, որ կը շրջանցէ պաշտօնական կառոյցները, իսկ աշխարհին ցոյց տուաւ իր նախընտրութիւնը` առաջնորդ-դէպի առաջնորդ դիւանագիտութեան: Այս գիծը համահունչ է անոր ընդհանուր արտաքին քաղաքական ոճին,   նախընտրեց երկկողմանի յաղթանակներ ապահովել, քան` վստահիլ բազմակողմանի կառոյցներու ճիգերուն:

Միջին Արեւելքը` որպէս լուռ դիւանագիտութիւն

Միջազգային յարաբերութիւններու տեսութիւնը կ՛ընդգծէ, որ մեծ պետութիւնները յաճախ տարբեր հակամարտութիւնները կը կապեն իրարու: Այս պարագային, Ռուսիան կրնայ աւելի ճկուն ըլլալ Ուքրանիոյ հարցին մէջ, եթէ Միացեալ Նահանգները լուռ կերպով ընդունին Մոսկուայի գերակայութիւնը Սուրիոյ մէջ: Նոյնպէս, Ուաշինկթընի համար լծակ կրնայ ըլլալ Մոսկուայի ազդեցութիւնը Իրանի վրայ` մանաւանդ կորիզային հարցերուն շուրջ:

Պատմական նախադէպեր ալ կան: Պաղ պատերազմին զէնքերու վերահսկողութեան համաձայնութիւնները յաճախ զուգորդուած էին լուռ պայմանաւորուածութեամբ` Միջին Արեւելքի կամ Ասիոյ մէջ:

Ռուսիոյ առանձնայատկութիւնը այն է, որ կը պահպանէ միաժամանակ կապեր ե՛ւ Իրանի, ե՛ւ Իսրայէլի հետ: Սուրիոյ մէջ ան գործակցեցաւ Իրանի հետ, բայց նաեւ թոյլատրեց Իսրայէլին` օդային հարուածներ իրանեան դիրքերուն դէմ: Այս երկակի դերը Մոսկուային կը տրամադրէ բացառիկ ճկունութիւն:

Եթէ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները ուղղակի ազդեցութիւն ունին քարիւղի ու կազի հոսքերու վրայ, ապա անոնք անուղղակիօրէն կապ ունին Միջին Արեւելքի կայունութեան վրայ` նկատի ունենալով այս ծիրին մէջ գլխաւոր դերակատարներէն մէկը` Սէուտական Արաբիան:

Ռազմավարական Լռութիւն

Ալասքայի վեհաժողովին Միջին Արեւելքի հարցերու բացակայութիւնը կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս ռազմավարական անորոշութիւն: Այս լռութիւնը երկու կողմերուն ալ կու տայ ճկունութիւն` հետագայ գաղտնի բանակցութիւններու դռները բաց պահելով:

Այս անորոշութիւնը լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ.

– Իսրայէլ կը մտահոգուի, որ Ամերիկա-Ռուսիա այս հանդիպումը կրնայ սահմանափակել իր գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ:

– Իրան կրնայ մեկնաբանել լռութիւնը որպէս Ուաշինկթընի անուղղակի ընդունում` Ռուսիոյ առաջնային դերի:

– Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի երկիրները կը տեսնեն վեհաժողովը որպէս նախազգուշացում, որ իրենց անվտանգութիւնը կրնայ երկրորդական դառնալ մեծ պետութիւններու համաձայնութիւններուն դիմաց:

Եզրակացութիւն

Ալասքայի վեհաժողովը կը բացայայտէ մեծ պետութիւններու, դիւանագիտութեան կրկնակի բնոյթը. այն, ինչ կ՛ըսուի, եւ այն, ինչ որ չ՛ըսուիր: Պաշտօնական մակարդակով, խօսակցութիւնը Ուքրանիոյ շուրջ էր: Բայց լռութիւնը Միջին Արեւելքի վերաբերեալ` չի նշանակեր անպատասխանատուութիւն, այլ կը նշանակէ յետաձգուած օրակարգ:

Տեսութիւններու եւ պատմական փորձառութեան հիման վրայ կարելի է ենթադրել, որ ապագայ բանակցութիւններուն մէջ Միջին Արեւելքը պիտի վերադառնայ իբրեւ փոխանակման նիւթ: Տարածաշրջանի պետութիւններուն համար այս լռութիւնը եւս մէկ անգամ  ցոյց տայ, որ իրենց ճակատագիրը յաճախ կ՛որոշուի ոչ թէ տեղական զարգացումներուն, այլ մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական հաշուարկներուն հիման վրայ:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ուաշինկթընեան Փաստաթղթի Ուրւականն Ու Իրանի Չփարատւած Մտահոգութիւնները

Յաջորդը

Էտուարտ Սփերձեան Կը Բարելաւէ Իր Մրցանիշը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?