«ԱԿՕՍ». Հայ երաժշտական գանձարանին մէջ անհամար են Մարաթուկ սարին ձօնուած երգերը: Իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով Մարաթուկ սարին գագաթը այդքան ալ դիւրին հասանելի չէ եղած բոլոր ժամանակներուն:
Վերջերս, շնորհիւ Ազիզ Տաղճըի նախագահած միութեան ջանքերուն Մարաթուկ սարը թէ՛ տեղական իշխանութիւններուն եւ թէ՛ մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութիւններու ուշադրութեան արժանացաւ: Այս ծիրին մէջ Պաթմանի (Սասուն) մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրէնութիւնը Պոլսոյ մէջ տեղեկատուական բնոյթով ժողով մը կազմակերպեց: Ժողովին հրաւիրուած էին` Սասունի հայրենակցական միութեան ատենապետ Արամ Տեմիր, միութեան անդամներէն Պէսսէ Քապաք եւ Սամի Արթան:
Տնօրէն Մեհմետ Իհսան Ասլանլը բացատրութիւններ տուաւ ցարդ կատարուած գործերուն մասին: Ան նշեց, որ բացի հայոց Պետրոս Առաքեալ վանական համալիրէն եւ բարձրադիր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն` նորոգութիւն կը նախատեսուի նաեւ եզիտիներու ուխտավայրերու եւ ասորիներու Մոր Քիրիաքոս վանքին համար ալ:
Լուսաբանական բնոյթով այս ժողովին «ՀայՃար»-ի անունով ներկայ էր ճարտարագէտ Նազար Պինաթլը, որ յայտնեց, թէ «ՀայՃար» միութիւնը պատրաստ է վերանորոգման աշխատանքներուն նպաստելու` իբրեւ խորհրդատու:
Այսպիսի նորոգութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ գտնուող կարեւորագոյն նիւթերէն մէկը նորոգութենէ ետք տուեալ շինութեան շահագործման ձեւն է:
Ըստ երեւոյթին, գործող կառավարութիւնը համարձակութիւն չունի եկեղեցի մը նորոգելով` պաշտամունքի բանալու: Մնաց որ, տարածաշրջանի վրայ այսպիսի պահանջ մըն ալ չկայ: Անցեալին Աղթամար կղզիի պատմական եկեղեցւոյ նորոգութեան ընթացքին եւս այս նիւթը օրակարգի վրայ յայտնուած էր, եւ այդ ժամանակուան պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան մերժած էր եկեղեցւոյ սեփականութիւնը ստանձնել` յայտնելով, որ այդ տարածքին մէջ հաւատացեալներու հօտ մը գոյութիւն չունի, եւ պատրիարքարանը չի կրնար նոյնիսկ պահակի մը ամսականը վճարել: Այդ ժամանակ լուծումը գտնուած էր` եկեղեցին թանգարանի վերածելով, եւ հայերը ստացան տարին մէկ անգամ` Սուրբ Խաչի տաղաւարին ս. պատարագ կատարելու իրաւունքը: Այդպիսի լուծում մը կ՛առաջարկուի նաեւ Մարաթուկի բարձրադիր Սուրբ Աստուածածին եւ ստորոտի Պետրոս Առաքեալ վանքին համար:
Անշուշտ որ այս բոլորը ողջունելի զարգացումներ են երկար տարիներ անտէրութեան մատնուած այս սրբավայրին համար: