Ազնուական Մարդը (Պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանի Յիշատակին)
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Քառասուն օր առաջ, լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն պրն. Կարպիս Թիւթիւնճեանը: Ան կը պատկանի այն սերունդին, որ լիբանանահայ համայնքի հաւաքական կեանքի զարգացման ու աշխուժացման մէջ բերած է իր կարեւոր ներդրումը: Աշխատասիրութեամբ, յարատեւութեամբ ու հաւատարմութեամբ նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ յաջողած Լիբանանի տնտեսական ու առեւտրական բնագաւառին մէջ ունենալ իր ուրոյն հեղինակութիւնը` արժանանալով նաեւ տեղացի բարեկամներու բարձր գնահատանքին եւ...




















