Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի Աջակցութեամբ 86 Փոքրիկ Վերականգնողական Բուժում Ստացած Է
Ամփոփուած է Կոշի մանկական վերականգնողական եւ ցերեկային խնամքի կեդրոնին` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեան արդիւնքը: Այս տարի Երեւանէն եւ Արագածոտնի, Արմաւիրի ու Շիրակի մարզերէն կեդրոն այցելած եւ ցերեկային պայմաններու մէջ վերականգնողական բուժում ստացած է 3-14 տարեկան 86 փոքրիկ:
Մտային եւ ֆիզիքական առաւել ծանր պարագաներ ունեցող փոքրիկներուն հետ տարուած են մասնագիտական յատուկ աշխատանքներ. շաբաթական 5 օր իւրաքանչիւր փոքրիկի հետ անհատական վերականգնողական բուժում կատարած է նուազագոյնը 3 մասնագէտ: Արմենակ եւ Աննա Թադէոսեաններու անուան կեդրոնին մէջ եօթժամեայ անհատական եւ խմբակային վարժանքներէն օգտուած են մանկական ուղեղային կաթուած, ողնուղեղի բնածին ճողուածք, յօդերու հարցեր, կոնքազդրային յօդի բնածին անկարողութիւն, օթիզմի ախտորոշմամբ եւ յետվիրահատական շրջանին մէջ վերականգնողական ծառայութեան կարիք ունեցող փոքրիկներ:
Մասնագէտները արձանագրած են, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ գործընկերութեան շնորհիւ` փոքրիկներու առողջութեան վերականգնման թափը բաւական լաւ ընթացք առած է:
«Այս կեդրոնին համար թիրախային խումբ են ո՛չ միայն առողջական լուրջ հարցեր ունեցող փոքրիկները, այլեւ` անոնց ծնողները: Օգնելով փոքրիկին` մասնագէտները հոգեբանական չափազանց կարեւոր աջակցութիւն ցուցաբերած են նաեւ իրենց հարցերուն մէջ ինքնամփոփ դարձած ծնողներուն: Իբրեւ ծրագրին աջակցող կազմակերպութիւն` մենք ստանձնած ենք կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցելու եւ մասնագէտներուն համապատասխան գործիքներ տրամադրելու պատասխանատուութիւնը: Արդիւնքին վերաբերող մասնագիտական գնահատականները յուսադրող են: Եթէ կայ փոքրիկներու առողջութեան վերականգնման ցուցանիշ, մենք յաջողած ենք», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի նիւթական աջակցութեան շնորհիւ, ծառայութիւններու կազմակերպումը` դէպի կեդրոն եւ հակառակ ուղղութեամբ փոքրիկներու տեղափոխումն ու սնունդի երկանգամեայ տրամադրումը, 2013 թուականէն կը կատարուի անվճար: Քառամեայ համագործակցութեան շնորհիւ` կեդրոնը ձեռք բերած է նաեւ անհրաժեշտ կահոյք, օժանդակ եւ մասնագիտական սարքաւորումներ:
«Հայաստան» Հիմնադրամը Ջերմոցներ Կը Կառուցէ Եւս 59 Ընտանիքներու Համար
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, արժանթինահայերու նիւթական աջակցութեամբ, Տաւուշի մարզին մէջ սկսած է ջերմոցներու կառուցման երրորդ փուլին:
Ոսկեւան, Արծուաբերդ, Կոթի, Ներքին Ծաղկաւան, Բերդաւան, Այգեհովիտ, Կողբ, Զօրական, Դիտաւան, Կիրանց գիւղերու 57 շահառու ընտանիքներու տնամերձ հողատարածքներուն վրայ պիտի կառուցուին 100 քառ. մեթր մակերեսով ջերմոցներ: Երկու ջերմոց ալ պիտի կառուցուի Խաչարձանի մէջ` հիմնադրամի Աւստրալիոյ տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ: Ծրագրի ծիրին մէջ գիւղացիներուն պիտի յատկացուին սածիլներ, եւ պիտի տրամադրուի անվճար խորհրդատուութիւն:
Ծրագրի համակարգող Մարիամ Ճենճիրճեանի համաձայն, շահառուները պիտի ընտրուին վիճակահանութեամբ եւ համաֆինանսաւորման պայմանով: Այս փուլին 59 ջերմոցի համար դիմած էր 100 ընտանիք: Մէկ ջերմոցի ընդհանուր արժէքը շուրջ 5400 տոլար է, որուն մօտաւորապէս 400-ը պիտի վճարէ շահառուն:
«Տարուէ-տարի կ՛աւելնայ ջերմոցի սեփականատէր դառնալ ցանկացողներուն թիւը, որ կը խօսի ծրագրին յաջողութեան մասին», դիտել տուած է ծրագրի համակարգողը:
Առաջին եւ երկրորդ փուլերուն, 43 ընտանիք Դիտաւան, Կիրանց, Բաղանիս, Այգեհովիտ, ՎազաշԷն, Գանձաքար եւ Խաչարձան գիւղերուն մէջ կը մշակէ իր ջերմոցը` ապահովելով իր կայուն եկամուտը:
Մանսուրեան Ապրիլեան Հերոսներուն Նուիրուած Ստեղծագործութիւն Կը Գրէ
Յօրինող Տիգրան Մանսուրեան ապրիլեան պատերազմի հերոսներուն նուիրուած ստեղծագործութիւն կը գրէ: 22 դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը` նշելով, որ ինք պատուիրած է նման ստեղծագործութիւն գրել:
«Պիտի ըլլայ 8-10 վայրկեան տեւող ստեղծագործութիւն, որ կ’ուզենք հնչէ ապրիլի 24-ին կայանալիք համերգին: Ապրիլ 24-ին համահայկական պիտի կայանայ սիմֆոնիք նուագախումբին առաջին համերգը, զոր կ՛ուզէի, որ եզրափակուէր Մանսուրեանի այս նոր գործով», ըսած է նախարարը:
Էդուարդ Թօփչեանը, Սերգէյ Սմբատեանն Ու Կարէն Դուրգարեանը` Համահայկական Նուագախումբի Ղեկավարներ
Համահայկական սիմֆոնիք նուագախումբին գաղափարը արդէն իրականութիւն դարձած է, անոր միանալու դիմում ներկայացուած է 19 պետութենէ: Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան լրագրողներուն յայտնած է, որ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավարները պիտի ըլլան Էդուարդ Թօփչեանը, Սերգեյ Սմբատեանը եւ Կարէն Դուրգարեանը: Նուագախումբին առաջին համերգը պիտի կայանայ 24 ապրիլին:
«Նուագախումբին ստեղծման գաղափարը հիմնուած է միասնականութեան վրայ, եւ ապրիլ 24-ն ալ խորհրդանշական է այդ առումով, քանի որ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք ցաքուցրիւ եղաւ ազգը: Ինչ կը վերաբերի նուագախումբին, ապա անիկա մնայուն կազմ պիտի չունենայ, եւ համերգէն համերգ պիտի փոխուին մասնակիցները: Հիմա արդէն ունինք երաժիշտներ Իտալիայէն, Սպանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Սուրիայէն… Շուրջ 50 երաժիշտ արդէն համախմբուած է այս գաղափարին շուրջ», դիտել տուած է նախարարը:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ նուագախումբը պիտի կատարէ միայն հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները` Կոմիտասէն մինչեւ ժամանակակիցներու գործերը:
Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի տնօրէն Ռուզաննա Սիրունեան տեղեկացուցած է, որ իրենք ամէն օր դիմումներ կը ստանան նուագախումբին միանալու փափաք ունեցողներէ: Նուագախումբի կազմին մէջ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի երաժիշտները` ֆիլհարմոնիք, երիտասարդական նուագախումբերէ, օփերայի թատրոնէն եւ այլ նուագախումբերէ:
«Այժմ կը փորձենք մենակատարներու հարցը լուծել, թէեւ այնքան ալ խնդիրներ չկան, քանի որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ երբ լսէ գաղափարին մասին, կ’ուզէ անպայման իր մասնակցութիւնը բերել», յայտնած է Սիրունեան:
Երաժիշտները անվճար կերպով պիտի մասնակցին համերգներուն, իսկ համերգային ծրագիրները պիտի շարունակուին հայաշատ քաղաքներուն մէջ, մասնաւորապէս` Պուէնոս Այրըսի, Լոս Անճելեսի, Նիւ Եորքի, Փարիզի, Թեհրանի եւ Պէյրութի մէջ:
Ազգային Գրադարանի Գիրքերուն 7 Տոկոսը Հրապարակուած Է
2016 թուականը ծանրաբեռնուած տարի եղած է Ազգային գրադարանին համար: Ամփոփելով ընթացիկ տարին` Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան նշած է, որ ձեռքբերում եւ ճիշդ որոշում կը նկատէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող «Հայաստանի ազգային գրապալատ»-ի միացումը Հայաստանի Ազգային գրադարանին:
Ըստ Զարգարեանի, այն գործառոյթները, որոնք կ՛իրականացուէին գրապալատին կողմէ, միաժամանակ կը կատարուէին նաեւ Ազգային գրադարանին կողմէ, եւ ճիշդ որոշում էր երկուքին միաւորումը:
Ազգային գրադարանի տնօրէնը, ներկայացնելով կատարուած աշխատանքները, խօսած է նաեւ գրադարանի հաւաքածոյի հրապարակման մասին:
«Յակոբ Մեղապարտէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը` հայ ազգը տպագրած է 126 հազար գիրք: Հրապարակուած է 2 միլիոն էջ մամուլ, 6700 գիրք: Միաւորներու առումով շատ են: Կարելի է ըսել, որ արդէն հրապարակած ենք գիրքերուն 7 առ հարիւրը», յայտնած է Զարգարեան:
Ճափոն Հայաստանին 39 Հրշէջ Մեքենայ Պիտի Տրամադրէ
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տնօրէն, գնդապետ Մուշեղ Ղազարեան եւ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան արդիւնաբերութեան զարգացման եւ հանրային քաղաքականութեան վարչութեան գործադիր տնօրէնի գլխաւոր խորհրդական Հիրոյուքի Հայաշի 19 դեկտեմբերին ստորագրած են «Հայաստանի մէջ հրշէջ-փրկարարական գոյքի բարելաւում» ծրագրի նախապատրաստական ուսումնասիրութեան մասին դաշտային երկրորդ ուսումնասիրութիւն, քննարկումներու արձանագրութիւնը:
«Հրշէջ սարքաւորումներու բարելաւում» դրամաշնորհային ծրագրին հիմնական նպատակն է արդիականացնել Սիւնիքի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզային հրշէջ-փրկարարական ստորաբաժանումներուն գոյքը եւ ինքնաշարժները, ինչ որ պիտի նպաստէ նշուած մարզերուն տնտեսական եւ ընկերային զարգացման:
Դրամաշնորհային ծրագրին համաձայն, Ճափոնի կառավարութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանին տրամադրել 36 միաւոր հրշէջ մեքենայ, 3 միաւոր սանդուխաւոր մեքենայ, շարժական արհեստանոցներ եւ պահեստամասեր, որոնք կը համալրեն վերոնշեալ մարզերու թեքնիք շտեմարանը:
Յիշեցնենք, որ 2010-ին «Երեւան քաղաքի հրշէջ գոյքի բարելաւում» ծրագրի շրջանակներուն մէջ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան կողմէ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան նուիրաբերուած է 28 նոր հրշէջ-փրկարարական մեքենայ:
2010-2012-ին «Հայաստանի մէջ շարժային վտանգի գնահատում եւ կառավարման ծրագրաւորում» միացեալ ծրագրով ճափոնական կողմը գնահատած է Երեւանի շէնքերուն վիճակը եւ պատրաստած համապատասխան կառավարման ծրագիր:
2014 թուականէն արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը եւ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութիւնը կը գործադրեն «Հայաստանի մէջ սողանքային աղէտի կառավարում» եռամեայ ծրագիրը:
Յայտնենք, որ հայ-ճափոնական փոխգործակցութեան շնորհիւ` արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը բազմաթիւ աշխատակիցներ վերապատրաստման եւ փորձի փոխանակման նպատակով գործուղուած են Ճափոն:
Համազգային Թատրոնը Նոր Գեղարուեստական Ղեկավար Ունի` Վիգէն Չալդրանեան
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ «Սօս Սարգսեան»-ի անուան Համազգային թատրոնի տնօրէնութեան որոշումով Համազգային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար նշանակուած է բեմադրիչ, բեմագիր Վիգէն Չալդրանեանը:
19 դեկտեմբերին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը:
«Յարգելով եւ գնահատելով մեծ վարպետին` Սօս Սարգսեանի յիշատակը, կ’ուզենք թատրոնին նոր շունչ հաղորդել, թարմ խաղացանկով օժտել եւ զայն տանիլ միջազգային ասպարէզ: Համոզուած եմ, որ Չալդրանեան իր փորձառութեամբ, անցած ուղիով եւ մասնագիտական բարձր վարպետութեամբ մեծ օգուտ պիտի բերի թատրոնին», նշած է նախարարը:
Համազգային թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանին համաձայն, թատրոնի հիմնադիրին ու իրենց ուսուցիչին` Սօս Սարգսեանէն ետք, անկարելի կը թուէր այլ գեղարուեստական ղեկավարի առկայութիւնը, քանի որ անոր դերը չափազանց մեծ էր իրենց կեանքին մէջ: «Կը կարծեմ, որ գտած ենք այն ճիշդ մարդը, որ կրնայ ստանձնել այդ ծանր բեռը: Կը շնորհաւորեմ Վիգէն Չալդրանեանը եւ կ’ուզեմ ըսել, որ անկէ մեծ ակնկալութիւններ ունինք», շեշտած է տնօրէնը:
«Ես ոչ թէ պաշտօն, այլ առաքելութիւն կը ստանձնեմ: Այս ստեղծագործական խումբին հետ կ’ուզեմ ստեղծել առողջ ընտանիք եւ քալել արուեստի ճամբով: Այդ առաքելութիւնը կրնամ իրականացնել իւրաքանչիւրիդ աջակցութեամբ», իր կարգին ընդգծած է Չալդրանեան: Նոր գեղարուեստական ղեկավարը ըսած է, որ քաջածանօթ է թատերախումբի անդամներուն մեծամասնութեան եւ կը կարծէ, որ լաւագոյնները ներգրաւուած են հոն: «Կ’ուզեմ, որ Համազգայինը դառնայ առողջ, մրցունակ թատրոն: Ինծի համար թատրոնը առողջարան է. հանդիսատեսը պէտք է դիտէ ներկայացումը, առողջանայ եւ իր միւս գործերուն երթայ, եթէ այդպէս չէ, ապա անիկա չի ծառայեր իր նպատակին», շեշտած է ան:
Խօսելով թատրոնի շէնքին մասին` Արմէն Ամիրեան ընդգծած է, որ հարցը քննարկման փուլի մէջ է, եւ իրենք արդէն տարբերակներ ունին, սակայն որոշումը դեռ հաստատուած չէ, այդ իսկ պատճառով ինք չ՛ուզեր մանրամասնութիւններ ներկայացնել:
Անդրադառնալով շարժապատկերի աշխարհին մէջ իր աշխատանքին` Չալդրանեան ըսած է, որ անիկա ժամանակաւորապէս պէտք է համբերէ: Նոր գեղարուեստական ղեկավարը չուզեց մանրամասնութիւններ ներկայացնել թատրոնին առնչուած իր ծրագիրներուն մասին, սակայն նշած է, որ կը պատրաստուի անդրադառնալ ինչպէս հայ, այնպէս ալ արտասահմանեան դասականներու ստեղծագործութիւններուն: Չալդրանեանի համաձայն, ինք իսկապէս երջանիկ է գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ մեծ պատասխանատուութիւն կը զգայ ինչպէս թատերախումբին, այնպէս ալ հանդիսատեսին առջեւ:
Բեմադրիչ, դերասան, բեմագիր, արտադրիչ Վիգէն Չալդրանեան ծնած է 26 դեկտեմբեր 1955-ին, Երեւան: Կը կրէ սասունցի մեծ հօր անունը` Վաղարշակ, սակայն շարժապատկերի աշխարհին մէջ յայտնի է Վիգէն անունով: Առաւել նշանաւոր է «Ապրիլ», «Ձայն բարբառոյ®», «Տէ՛ր, ողորմեա՛», «Լռութեան սիմֆոնիա», «Քրմուհին» ժապաւէններով:
«Հայաստան» Հիմնադրամը Արցախի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն Համար Սկսած Է Առանձնատուներ Կառուցել
2016-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, ենթակառուցուածքային տարբեր ծրագիրներուն զուգահեռ, սկսած է Արցախի մէջ առանձնատուներ կառուցել 5 ու աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներուն համար: Այս նպատակին համար կը յատկացուին 2015 թուականին կատարուած հեռուստամարաթոնին հաւաքուած գումարներուն մէկ մասը եւ անհատ բարերարներու նուիրատուութիւնը:
Հիմնադրամէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, ներառեալ` Մարտակերտի, Մարտունիի, Որոտանի, Աւետարանոցի, Վանքի, Նոր Հայկաջուրի, Ճանկաթաղի, Մուշկապատի, Ճարտարի, Խանձաձորի, Մեծ Թաղերի, Ակնաբերդի, Ճարեքթարի, Եղէգնուտի, Միրիկի, Բերդիկի, Քրասնիի, Չափարի, Կուսապատի, Մայրամաձորի, Նորագիւղի, Վարանդայի եւ Վուրգավանդի քաղաքային ու գիւղական շրջաններուն մէջ կառուցուած են ու տակաւին կը կառուցուին 28 առանձնատուներ:
Ինը առանձնատուններ արդէն ամբողջութեամբ կահաւորուած են ու պատրաստ` օգտագործուելու: Ճարտար, Քրասնի, Մարտակերտ, Մարտունի եւ Ճանկաթաղ շրջաններուն մէջ բնակող հինգ բազմազաւակ ընտանիքներ (Յարութիւնեանները, Շիրինեանները, Բաղդասարեանները, Մովսէսեանները, Պետրոսեանները եւ Սարգսեանները) արդէն իրենց բնակարանները ստանձնած են:
Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին եւ տեղական մարմիններու միացեալ նիստին տրուած որոշումին համաձայն, 24 նոյեմբեր 2016 թուականին տեղի ունեցած հեռուստամարաթոնի աւարտին հաւաքուած գումարները ծառայեցին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման նպատակին, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան տարբեր նախաձեռնութիւններու: Իսկ Արցախի մէջ բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատուներու կառուցումը պիտի շարունակուի: