Դեկտեմբերը կրթական եւ ընկերային-բարեսիրական գործունէութեամբ բեղուն ամիս մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին համար: Ազգային Միացեալ վարժարան փոխադրութեան նախօրեակին, քոլեճը բնականոն թափով շարունակեց իր ընթացիկ աշխատանքները` նորանոր յաջողութիւններ եւ իրագործումներ աւելցնելով դպրոցավարական իր հարուստ փորձառութեան վրայ:
Կրթական Գործունէութիւն
Դեկտեմբերին ընթացք առին միջնակարգի աշակերտութեան յետմիջօրէի դասընթացքները` անգլերէնի, արաբերէնի եւ ուսողութեան նիւթերու դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու համար: «Ժպիտ» ընկերակցութեան կողմէ հովանաւորուող այս դասընթացքները կ’երկարին մինչեւ տարեվերջ եւ տեղի կ’ունենան շաբաթը երկու անգամ, մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութեամբ:
Դեկտեմբերին շարունակուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (MECC) հետ գործակցաբար տեղի ունեցող սուրիահայ պատանիներու դասընթացքները, որոնք հինգերորդ տարին ըլլալով` կ’իրագործուին քոլեճին կողմէ: Այս տարուան դասընթացքին կը մասնակցին Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ թաղամասերու մէջ բնակող 180 փոքրիկներ, որոնք կը յաճախեն հայկական տարբեր վարժարաններ: Կարեւոր թիւ մըն ալ վարժարան չի յաճախեր` ճամբորդութեան պատրաստութեան մէջ գտնուելով:
Սուրիահայ պատանիներու դասընթացքները տեղի կ’ունենան շաբաթավերջերուն, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը, օրական երեքական պահով, ուր կ’ուսուցանուին` անգլերէն, ուսողութիւն, գիտութիւն, ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ, նկարչութեամբ ինքզինք արտայայտել եւ մարզական զանազան խաղեր: Տօնական օրերու առիթով, 24 դեկտեմբերին, սուրիահայ պատանիները հրաւիրուեցան շարժապատկերի սրահ, ուր անոնք դիտեցին «Տիզնի»-ի նորագոյն պատրաստութիւններէն մէկը:
Ընկերային Գործունէութիւն
Դեկտեմբեր ամիսը քոլեճին համար յատկանշուեցաւ նաեւ տօնական ձեռնարկներու աշխուժ եռուզեռով: 16 դեկտեմբերին քոլեճին տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց Ամանորի ծնողական աւանդական խրախճանք: 23 դեկտեմբերի երեկոյեան քոլեճին աւարտական դասարանները կատարեցին Նոր տարուան ընկերային հաւաքոյթ: Յաջորդ օր` 24 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ս. հաղորդութենէ ետք, քոլեճին Աշակերտական խորհուրդը կազմակերպեց Ամանորի իր ձեռնարկը` երգերով, պարերով, զաւեշտներով եւ Կաղանդ պապայի ժամանումով: Նոյն օրը, քոլեճին ուսուցչական կազմը ընկերային առանձին հանդիպումով մը նշեց Ամանորը:
Կ’արժէ նշել, որ տօնական օրերու նախօրեակին քոլեճը ձեռնարկեց «Տօնական օրերու առիթով կը յիշենք» բնաբանով արշաւի մը` քոլեճին աշակերտութիւնը մղելով բարեսիրական որոշ աշխատանք կատարելու եւ յիշելու անոնք, որոնք տօնական օրերու ուրախութենէն զրկուած են: Առ այդ, քոլեճին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները դիմեցին օգտակար կարգ մը նախաձեռնութիւններու: Եօթներորդ դասարանները օժանդակեցին Պուրճ Համուտի կարիքաւոր ընտանիքներու` իրենց հաւաքած գումարներով սննդամթերք ապահովելով անոնց: Ութերորդ դասարանի աշակերտները այցելեցին Ազգային ծերանոց, իններորդ դասարանը` «Զուարթնոց» կեդրոն, տասներորդ եւ արուեստից բաժնի Ա. դասարանի աշակերտները ուրախացուցին ԼՕԽ-ի «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան սրտի ճաշարան»-ի ծերունիները, տասնմէկերորդ եւ արուեստից Բ. դասարանի աշակերտները նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին հիւանդանոցային բարդ պարագայ ունեցող նախկին աշակերտի մը, իսկ աւարտականի աշակերտները ընկերային յատուկ երեկոյ մը կազմակերպեցին սուրիահայ փոքրիկներու համար:
Քոլեճին Պարգեւատրումը
Ազգային, կրթական այսքան բեղուն գործունէութիւնը չէր կրնար աննկատ մնալ հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք շնորհակալ քայլով մը երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ձեռամբ, «Երախտագիտութեան մետալ»-ով պարգեւատրեցին քոլեճը` առ ի գնահատանք տասնամեակներու ընթացքին անոր ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան:
Արդարեւ, Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող այս քոլեճը անցնող 52 տարիներուն հայ կեանքին տուած է 1280 շրջանաւարտներ, որոնք իրենց անձնական կեանքի յաջողութիւններուն հետ մէկտեղ իրենց հայեցի դրոշմը տուած են ընդհանրապէս հայկական սփիւռքին եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին: Քոլեճին հանրածանօթ շրջանաւարտներէն կ’արժէ նշել Յարութ Սասունեանը («Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի տնօրէնն ու խմբագիրը), Նազարէթ Պէրպէրեանը (ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը, 1982-2005, այժմ` Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի մնայուն աշխատակից), Յարութիւն Պէրպէրեանը («Բագին» ամսագիրի խմբագրութեան երկար տարիներու անդամ, կրթական մշակ եւ բանաստեղծ), Վահէ Պէրպէրեանը (ծանօթ կատակերգակ, գրագէտ եւ դերասան), Կարօ Քեպապճեանը (ԼՂՀ-ի Մերձաւոր Արեւելքի ներկայացուցիչ), Րաֆֆի Միքայէլեանը (միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, հայրենի «Փարոս» երգչախումբի խմբավար), Էլօ Սարաճեան-Հերկելեանը (բանաստեղծ եւ արուեստաբան), Զոհրապ Եագուպեանը (լիբանանահայ թատրոնի մեծ երախտաւոր, բեմադրիչ եւ դերասան), արցախեան պատերազմի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանը, Լիզպոնի նահատակ Սիմոն Եահնիեանը եւ ուրիշներ:
Քոլեճէն իրենց ստացած ազգային դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան շնորհիւ, այսօր, սոֆիայակոբեանականներ պատնէշի վրայ են ամէնուրեք: Յատկանշական անուններէն կ’արժէ նշել Ժան Գոսաքեանը (Լոս Անճելըսի Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն), Ասպետ Քոչիքեանը (ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու տնօրէն եւ «Արմինիըն Ռիվիու»-ի խմբագիր), Վերա Ջուլհաճեան-Եագուպեանը (Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն), Արմէն Ապտալեանը (OTV-ի հայկական լուրերու գլխաւոր պատասխանատու), Արեգնազ Մանճիկեանը (Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն), Վիգէն Աւագեանը (Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն եւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր), Արա Վասիլեանը (ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի տնօրէն), Զաքար Քէշիշեանը (Շուշիի «Վարանդա» եւ Համազգայինի «Կարկաչ», «Այգ» երգչախումբերու հիմնադիր եւ վաստակաշատ խմբավար), Անանիա վրդ. Գուճանեանը (Շահինշահրի հոգեւոր հովիւ, Սպահան, Իրան), Տարօն քհնյ. Ստեփանեանը (Ուինսքընսընի հոգեւոր հովիւ), Սեդա Մանկասարեանը (Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ), Ժաք Յակոբեանը, Տօնիկ Տօնապետեանը («Ազդակ»-ի խմբագրութեան անդամներ), Շողիկ Թորոսեանը (լիբանանահայ հանրածանօթ երգչուհի, Համազգայինի երաժշտանոցի դասատու), Գօգօ Քէլէշեանը (Համազգայինի Կիպրոսի միաւորի գլխաւոր պարուսոյց), Ծոցի արաբական երկիրներու պատկերասփիւռի կայաններու փայլուն աստղ` խոհարար Զարմիկ Հալլաճեանը (Շեֆ Զարմիկ), Րաֆֆի Կէօվօղլանեանը, Մարտիկ Ասլանեանը (Պուրճ Համուտի նախկին եւ ներկայ փոխքաղաքապետներ) ու բազմաթիւ այլ անուններ: