Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵԼԻՔԸ… (Մելիք Յակոբ Մելիքսէթեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

December 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ԶՕԼՈՅԵԱՆ
Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի

melik_1224165 դեկտեմբեր 1979…

Յատուկ առաքելութեամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը զիս Քուէյթ ուղարկեց: Օդակայանին մէջ հոգելոյս տէր Պարոյրը իր երէց որդիին` Քեռիին եւ կարգ մը ազգայիններուն հետ եկած էր դիմաւորելու զիս: Հակառակ ձմրան եղանակին, տաք էր Քուէյթը, ջերմ էին նաեւ զիս դիմաւորողներուն սիրտերը:

Յաջորդն օրն իսկ սկսայ հանդիպիլ Ազգային վարչութեան անդամներէն ոմանց: Երեկոյեան, լուսահոգի տէր հայրը ըսաւ թէ լաւ կ՛ըլլայ` քեզ տանիմ լաւ բարեկամներուս մօտ: Քանի մը հոգիի հանդիպելէ ետք ըսաւ. «Երթանք Մելիքին, ուրիշ է Մելիքը»:

Մելիքը ամենայն յարգանքով ընդունեց մեզ իր ոսկերչական խանութէն ներս: Կայծակնային արագութեամբ մը յարգանքին միախառնուեցաւ համակրանք մը, մտերմութիւն մը, հարազատութիւն մը: Տաք սիրտ մը

Այդ տաք ու սիրելի սիրտը մնաց սրտիս մէջ, որ կարծես կանգ առաւ բաբախելէ, երբ Մելիքին մահուան գոյժը առի: Անմիջապէս քակուեցաւ յուշերու եւ քառասունհինգ տարիներու իրարու հետ մեր ունեցած միշտ ուրախ, հաճելի եւ մտերիմ պահերուն ժապաւէնը:

Սրտով բարի, մաքուր ու անկեղծ հայ մըն էր Մելիքը: Յիսուս Բարթողիմէոս առաքեալը կը նկարագրէ որպէս մէկը, «որուն մէջ նենգութիւն չկայ»: Համաստեղ պիտի ըսէր` «մաքուր ու ճերմակ էջ մըն  է» իր սիրտը, առանց որեւէ արատի: Կողմնակի հաշիւներ ու շահեր գոյութիւն չունէին իր հայու հոգիին մէջ: Կը սիրէր հայու իր ինքնութիւնը, եկեղեցին եւ դպրոցը, արժէքներ, որոնք դարերով պահած ու պահպանած են մեզ: Հայոց պատմութիւնը եւ մեր ազգին գոյութիւնը կը դիտէր ամէնէն պարզ հասկացողութեամբ, եւ ճիշդ այս պատճառով ամբողջ իր կեանքի ընթացքին եղած էր իրապաշտ, գործնապաշտ: Ազգին անցեալի փորձառութիւնը, ներկայի իրավիճակը կը դիտէր զարմանալի իմաստութեամբ եւ զայն կեանքի կը վերածէր հեռատես մարդու կարողութիւններով: Ինքզինք լաւ կը ճանչնար, ուսումնական համեստ իր մակարդակին ծանօթ` կեանքի դպրոցին մէջ յաջողած անձ մըն էր, ուրիշներուն ուսուցիչը ըլլալու կարողութիւններով ու շնորհքներով:

Շատեր չեն գիտեր, թէ ի՛նքը եղաւ խրախուսողը եւ գործնապէս նպաստողը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, յատկապէս Շարժա-Տուպայի եւ Ապու Տապիի համայնքներուն կազմակերպումին: Առաջին իսկ հանդիպումին, երբ իրեն յայտնեցի առաքելութեանս նպատակին մասին եւ ըսի, թէ կը մտածեմ նաեւ Էմիրութիւններ անցնիլ, անմիջապէս անցագիրս ուզեց եւ ո՛չ միայն վիզան ապահովեց, այլ ճամբորդութեան բոլոր ծախսերը հոգալէ ետք, ընկերացաւ ինծի, յաջորդ շաբաթն իսկ: Հոն, Շարժա-Տուպայի մէջ աննախատեսելի հեռատեսութեամբ մը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով ընթրիքի հրաւիրեց բոլոր հայերը, ինչ որ առիթը եղաւ շրջանին կազմակերպուելուն առաջին քայլին, շրջան մը, որ այսօր իր եկեղեցիներով ու ազգային կազմակերպ կեանքով վերելք մը կ՛ապրի:

Իր առատաձեռնութիւնը ծանօթ է բոլորիս, սակայն այս արարքը եւ միայն պարզապէս առատաձեռնութեան արտայայտութիւնը չէր, այլ` նուիրումի, հեռատեսութեան, համոզումի եւ հաւատքի միախառնութիւն մը, որ հայու իր պարզ ու սիրազեղ հոգիին պատկերն է:

Իր գերագոյն գոհունակութիւնն ու երջանկութիւնը իր ընտանիքն էր, կինը` Պիան, մայրը` տիկին Ծաղիկը եւ սիրասուն զաւակները: Թէ՛ սիրով, թէ՛ յարգանքով եւ թէ՛ անձնազոհութեամբ նուիրուած էր անոնց: Որպէս հարազատ անդամը իր ընտանիքին վկան եմ իր ընտանեկան ուրախ ու շէն մթնոլորտին: Կարօտով կը յիշեմ իր քաղցր, յարգալից վերաբերմունքը, հարազատութիւնը, նոյնիսկ խօսակցութեան բարձր իր ձայնը: Ի՜նքն էր Մելիքը:

Վերջին անգամ զինք տեսայ Լիբանանի մէջ, քանի մը ամիսներ առաջ, առողջական բարդութիւններու ենթակայ վիճակով: Ամբողջ մեր խօսակցութիւնը բացայայտումն էր ազգային իր նախանձախնդրութեան, մտահոգութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն: Ազգային կեանքը եւ Քուէյթի մեր համայնքը եղան իր կեանքին իմաստ տուող ապրումները, որոնցմով տասնամեակներ ապրեցաւ, եւ առանց պաշտօնի ու դիրքի, ասպետական ոգիով ուսուցանեց բոլորին, միշտ հետամուտ ներդաշնակ, յաջողագոյն եւ բարեկարգ ապագային: Այսօր Մելիքը չկայ: Այսօր Քուէյթը առանց իրենց նոյնը չէ: Իմաստուն հայր մը կը բացակայի հոն:

ՄԵԼԻՔԸ ՈՒՐԻՇ  ԷՐ…

 

 

Նախորդը

Իրանը Հայաստանով Փոխում Է Տարածաշրջանային Քաղաքական Հաշուեկշիռը

Յաջորդը

«Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկի Համայնքային Բարգաւաճման Տիկնանց Յանձնախումբի Ամանորի Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.