ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Տխուր փորձառութիւն էր հետեւիլ Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) 2-րդ համագումարին վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դեկտեմբեր 17-ի ելոյթին:
Տխուր եւ միաժամանակ ցաւալի էր: Մեր առջեւ պարզուեցաւ քաղաքական առաջնորդ մը, որ ճիգ չէր խնայեր ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ պարտուողականութեան գաղափարակիր: Իրեն յատուկ յոխորտանքով կը կատարէր ան իր պարտուողականութեան թեզին ներկայացումը: Իրեն յատուկ մեծամտութեամբ կը յաւակնէր ան ժողովուրդը առաջնորդել դէպի ետ, դէպի ենթակայութիւն, դէպի ստրկամտութիւն:
Լ. Տէր Պետրոսեանի համար իրօք որ, իր իսկ երբեմնի բնութագրումով, «ազգային գաղափարախօսութիւնը կեղծ քաթեկորիա է»: Պէտք է որ «կեղծ քաթեկորիա» ըլլայ, քանի որ ազգը ըստ ամենայնի ունի արժանապատուութիւն, հպարտութիւն եւ անխորտակ հայրենասիրութիւն: Քանի որ ազգը ըստ էութեան կը գուրգուրայ իր անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան, վստահութիւնը ունի ապաւինելու իր սեփական ուժերուն, արիութիւնը ունի պահպանելու իր հայրենի հողատարածքը, մինչեւ իսկ անխառն յանդգնութիւնը ունի ցանկալու եւ գործելու ի խնդիր հայրենի հողերու ամբողջացման:
Բայց այս ազգային յատկութիւնները կեղծ են Լ. Տէր Պետրոսեանին համար: Իրեն համար չեն կրնար ընդունելի ըլլալ մեր ժողովուրդին մէջ արմատացած այս ազգային գաղափարախօսութիւնը: Խանձարուրէն պոլշեւիկացած եւ կոմսոմոլեան թրծունակութեամբ, ան երբեք չկրցաւ եւ չի կրնար թօթափել իր գաղափարական հնամաշ համոզումները:
Իր վերջին ելոյթով ան անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու իր այդ համոզումներուն էութիւնը: Պէտք է ըսել, որ ան առնուազն մնաց հաւատարիմ իր էութեան: Իր ելոյթը խոստովանութիւն մըն էր այդ հնամաշութեան մասին, որ իր ամբողջական էութեամբ մերկացաւ ՀԱՔ-ի համագումարին: Ան, «ի բերանոյ քումմէ», այսինքն` իր իսկ բերնով, ներկայացուց իր քաղաքական ու գաղափարական ինքնութիւնը, որ պարզապէս խորթ էր ու խորթ պիտի մնայ մեր ժողովուրդին համար:
Եւ ի՞նչ պատմեց Լ. Տէր Պետրոսեան:
Ան պատմեց, որ մեր ժողովուրդի բոլոր ցաւերուն եւ չարիքներուն «արմատը կոռուպցիան է»: Սակայն ան մոռցաւ ըսելու, որ այդ ախտին արմատաւորումը սկսաւ իր նախագահութեան օրով եւ իր իսկ օրհնութեամբ:
Ան պատմաբանասիրական դասախօսութիւն կատարեց «ազգ-բանակ»-ի տեսութեան մասին` երկար բարակ խօսելով պատմական երեք օրինակներու մասին, եզրակացնելու համար, որ մեր ժողովուրդը ո՛չ միայն կարիքը չունի «ազգ-բանակ»-ին, այլեւ կարողութիւնը չունի զայն կիրարկելու: Սակայն, իբրեւ պատմաբան, ան առարկայականութիւնը չցուցաբերեց պարզելու, թէ իր պատմական օրինակները ինչպէ՛ս եւ որքանո՞վ առնչելի են հայկական փորձառութեան:
Ապա ան դիմեց իրեն վարժ դարձած հեգնական մօտեցումին` վարկաբեկելու համար մեր ազգային արժէքներն ու համոզումները:
Ան յայտնեց. «Հայ ժողովրդի նուաճողական նկրտումների մասին ծիծաղելի է խօսել, եթէ, ի հարկէ, նկատի չունենանք Բաքուն գրաւելու, Արեւմտեան Հայաստանն ազատագրելու եւ ծովից ծով Հայաստան ստեղծելու ցնորամիտ անուրջները»: Եւ ան շարունակեց հեգնել «փուչ կարգախօսներ», որոնք իրեն համար «հեքիաթների շարք» մըն են, ինչպէս, օրինակ, «ազգովի դառնանք ֆիտայի», «ազգ-կազմակերպութիւն», «ծովից ծով Հայաստան», «ոչ մի թիզ հող», «համահայկական պանք», «Ստամբուլը` արեան ծով»: Իրեն համար այս «շարքին» մէջ կ՛իյնայ նաեւ «ազգ-բանակի» գաղափարը, որ այնքան ալ վտանգաւոր չէ, որովհետեւ «նախորդ փուչիկների պէս շուտով կը պայթի»:
Այս մարդը, ըստ երեւոյթին, հոգեկան եւ հոգեբանական լուրջ բարդոյթներ ունի մեր ժողովրդային ու հոգեկան արժէքներու մասին: Այնքան իր մէջ արմատացած են այս բարդոյթները, որոնք երկար ատենէ կը պղտորեն իր քաղաքական դատողութիւնը: Ասոր արդիւնք է, որ ան Իլհամ Ալիեւին մէջ կը տեսնէ «ռացիոնալ» ղեկավարը, իսկ Թուրքիան կը համարէ Հայաստանի դէմ թշնամական քայլերէ զերծ երկիր: Իսկ ամէնէն ահաւորը` ան կը շարունակէ պնդել, որ «Հայաստանը զերծ է իր գոյութեանն սպառնացող գրեթէ բոլոր… արտաքին վտանգներից»:
Ուրեմն, ըստ իրեն, յանուն խաղաղութեան եւ ստամոքսի կշտացման, ղարաբաղեան հարցը պէտք է լուծել արիւնով ազատագրուած հայրենի հողատարածքներու յանձնումով: Այս խաղաղասիրական գործընթացին յաջողութեան համար, Լ. Տէր Պետրոսեան արհամարհանքով կ՛ուզէ վանել «ոչմիթիզհողականները»:
Եւ վերջապէս կը հասնինք Լ. Տէր Պետրոսեանի բուն եւ իսկական նպատակին: Ան կը յայտարարէ. «Հայ ազգային քոնկրեսը, իր նախորդի` Հայոց համազգային շարժման պէս, Հայաստանի միակ կուսակցութիւնն է, որը ոչ միայն երբեք չի թաքցրել, այլեւ բազմիցս հրապարակաւ յայտարարել է փոխզիջման եւ խաղաղութեան կողմնակցի իր դաւանանքը»: Ահաւասի՛կ ԼՏՊ-ի եւ ՀԱՔ-ի գաղափարական հանգանակը:
Բայց այս գաղափարական հանգանակը նոր չէ: Մենք անոր հանդիպեցանք 1920-ի մայիսին, երբ գրեթէ նոյնը կ՛որոճային հայ պոլշեւիկները` տապալելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Այդ պատճառով կորսնցուցինք մեր անկախութիւնը եւ մեր ազատագրած հողերուն գրեթէ կէսը:
Հիմա պահն է բարի գալուստ մաղթել Սարգիս Կասեաններու ժառանգորդ` Հայաստանի քաղքենի համայնավարներու քոնկրեսին եւ անոր պարագլուխ ԼՏՊ-ին: