Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Անվերջակէտ Առճակատում Ցեղասպան Թուրքին Հետ» (Հեղինակ` Յովսէփ Էսկիճեան)

Դեկտեմբեր 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

kirk-hovsep-esguidjian_122416Հայ ընթերցողի սեղանին է արդէն Յովսէփ էսկիճեանի երկրորդ գիրքը, որ կը կրէ «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ» խորագիրը: Հատորը ընթերցեցինք մեծ հաճոյքով: Եւ, ինչպէս առաջին հատորի բովանդակութիւնը, հոս եւս կը տողանցէին հայ գիրն ու միտքը, արուեստի շունչն ու ոգին:

Հեղինակը այս հատորը նուիրած է իր հօր յիշատակին, որուն երազն է եղած իր զաւակը տեսնել հայ ճեմարանի շրջանաւարտ եւ յանձնառու հայու ոգեկանութեամբ լիացած: Աւելի՛ն. Յովսէփ Էսկիճեան գիրքը ձօնած է իր վաղեմի դասընկերոջ` Մելքոն Յակոբեանին, որ սիրով եւ անվերապահօրէն յանձն առած է ստանձնել հատորին մեկենասութիւնը:

Խորքին մէջ, սոյն հատորը առաջինին ամբողջացումն է, այսինքն` Յովսէփ Էսկիճեան մտաւորականը, գրողը, բանաստեղծն ու հրապարակագիրը իր ներաշխարհով, յուզական երանգով, մտածելու եզակիութեամբ, հայրենապաշտի զգացողութեամբ, փոթորկոտ հոգիով եւ յանձնառու մօտեցումով արդէն ներկայ է իր երկրորդ հատորին մէջ:

Գիրքին մէջ աւելի գերակշռող են արձակ գրութիւնները, քան ոտանաւորները, աւելի շեշտուած է Յովսէփ Էսկիճեանի գաղափարայնութիւնը` այն առումով, որ, իբրեւ դաշնակցական հրապարակագիր իր գրիչին թիրախ դարձեր էին մոնկոլատիպ թուրք Էօզալը, թաթարածին Տէմիրէլը, Գորշ գայլի յետնորդ Էրտողանը, որոնց հայասպան եւ հայաջինջ մտադրութիւններուն մերկացումն է, որ կը կատարէ հեղինակը:

Տեղին է յիշեցնել, որ Յովսէփ Էսկիճեանի գրականութիւնը (արձակ թէ քերթուած) խորքին մէջ գլխագիր զրոյց մըն է ինքնիր անձին հետ: Ան քաջ հաւատացողն է հայու ստեղծագործ եւ գիտական  հանճարին: Անոր համար աշխարհահռչակ հայ աստղագէտներու, ֆիզիքոսներու, ուսողագէտներու եւ տիեզերքի գաղտնիքներուն տիրացած գիտնականներու գոյութիւնը պատահական երեւոյթներ չեն, այլ` հայ ոգիի ու մտքի հազարամեակներու խտացումն է, ազգային հզօր կարողութիւններու բիւրեղ արտայայտութիւնը:

Աւելի՛ն. գրող ու մտաւորական հեղինակին սուր հայեացքներուն կիզակէտը հանդիսացած են հայ գիտնականի, մարզիկի, հերոսի, երբեմնի իշխանի ու թագաւորի հայածին արարքները, սխրանքները, յաղթանակներն ու հայաբոյր արժէքները: Փաստօրէն, Յովսէփ էսկիճեան ամէն քայլափոխի ու առիթի փառքը կը հիւսէ բոլոր անոնց, որոնց հմայքն ու հեղինակութիւնը պատիւ բերած են ազգին ու Արարատին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հատորի բովանդակութեան, հայ ընթերցողը պիտի հանդիպի ազգային թեմաներ շօշափող գրութիւններու, պատմական դէմքերու եւ դէպքերու յիշատակումին, սիրոյ խայտանքին, անցեալի յուշերու եւ ապրումներու գեղեցիկ նկարագրութիւններու, ազգն ու հայրենիքը յուզող մտահոգութիւններու, որոնք մեզի կը ներկայանան լեզուով մը մաքուր, պատկերներով արտայայտիչ եւ լեզուամտածողութեամբ մը վարակիչ:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն, որ Էսկիճեանական գրելաոճն ու հարցերուն մօտենալու եղանակը ունի իր իւրայատկութիւնը, այն առումով` որ անոր լեզուն պերճ ու խայտանքով լեցուն է, երբ կը խօսի ազգային ուժեղ պահուածքին մասին, մտքերը հատու են եւ վճռական` երբ կ՛անդրադառնայ ազգային աւերիչ վարքագիծերու եւ քաղաքական կեցուածքներու, իսկ դատողութիւնը` անաչառ, այսինքն` անկողմնակալ, երբ կը հանդիպի ազգավայել արարքներու եւ քաջագործութիւններու:

Այլ խօսքով, Յովսէփ Էսկիճեանի հոգեգրաւ եւ բեղուն գրառումները` տարբեր սեռի պատկանող, խորքին մէջ հարազատ արտացոլացումն են անոր Մեսրոպապաշտ հայորդիի, անյագ ընթերցասէրի, գիտականութեամբ պարուրուած հոգեմտային աշխարհի, ժողովրդանուէրի ու հայրենասէրի կազմաւորումին:

Անոր հայատրոփ սիրտն ու հոգին լիարժէքօրէն արձագանգած են արցախեան ազատագրական պայքարի հրաշք սխրանքներուն եւ վերանկախացած հայրենիքի նուաճումներուն: Աւելի՛ն. Յովսէփ Էսկիճեանի մտքին, մտասեւեռումներուն եւ տեսլականներուն առանցքը վերանկախացած հզօր հայրենիք մը ունենալու խոր հաւատամքն է:

Հատորին մէջ ընթերցողը կը վայելէ հրապարագրական ոճի մը էսկիճեանական երանգը, դիպուկ սրամտութեամբ, հիւմըրով յագեցած սլաքներն ու փոթորկոտ արտայայտութիւնները, երբ ան դէմ յանդիման կը գտնուի, այս պարագային վերանկախ Հայաստանի առաջին նախագահին գործած քաղաքական ապազգային վարքագիծին: Յիշարժան է խորագիրը, որ կ՛ըսէ. «Յո՞ երթաս… մենատէր դեմոկրատ. «Թուղթ առ Լեւոն ասորագէտին` վասն տխրահռչակ տեկրետին իւրոյ…»:

Հատորին մէջ կը խայտան անոր սրտառուչ, ոգեղինացած եւ խոր ապրումներով յագեցած դաշնակցականի մը պատգամներն ու համոզումները:

Հոս կը յիշենք, հեղինակի կատարած ուխտագնացութիւնը Արցախ աշխարհ եւ այցելութիւնը հայոց ազատագրական պայքարի անկրկնելի տիտան եւ մեծ ռազմագէտ Նիկոլ Դումանի տուն թանգարան, ուրկէ ներշնչուած ան իր խոհերուն մասնակից կը դարձնէ նաեւ մեզ, իբրեւ դաշնակցականի ուխտեալ ծառայողի:

Իւրայատուկ գրաւչութիւն մը ունին այն երկու յօդուածները, որոնք կը վերաբերին դաշնակցական վրիժառու հսկայի մը` Հրաչ Փափազեանի ծանօթացման եւ «հայ ճեմարանի անդարձ օրերէն յամեցող քաղցր յուշեր»-ը, երբ հեղինակը կ՛ոգեկոչէ իր սիրելի ու պաշտելի ուսուցչիներուն` Լեւոն Շանթի, Կարօ Սասունիի, Գառնիկ Բանեանի, Սիմոն Վրացեանի, Գառնիկ Գիւզելեանի եւ այլ մեծութիւններու խնկելի յիշատակը: Հատորը այլազան է իր բովանդակութեամբ,

Արտայայտիչ կողքի նկարով «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ» հատորը (218 էջ), ունի գեղատիպ տպագրութիւն, լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, 2016-ին:

 

Նախորդը

Գործազրկութիւն, Ձրի Ճաշ Թշուառին, Մայթին Վրայ Գիշերող Եւ Միլիոն Եւրոյով Աշխատավարձեր

Յաջորդը

Գրիչի Զբօսանք. «Ես», «Ես»-եր

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգները Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?