Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պակսող Տպաքանակներով Առաւել Հասանելիութիւններ (90-Ամեակին Ընդառաջ – Ա.)

Դեկտեմբեր 28, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

cover-patsarig-2017

«Ազդակ»-ի բացառիկը կը ներկայացնէ փակուող տարուան ընթացքին «Ազդակ»-ի իրագործած ծրագիրները: Աւանդութիւն դարձած այս բաժինին կ՛աւելնայ նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի վերջին թիւերուն յանձնել մամուլի առջեւ ծառացած խնդիրներէն ամէնէն հիմնականները, որոնց ուղղութեամբ աշխատանք ծրագրուած էր, ընդգծելու համար, թէ անոնցմէ որքա՛նը կրցանք իրականացնել, եւ որքա՛նը մնացին տակաւին իրագործելի:

Ժամանակին առընթեր տպագիր մամուլին գոյութեան սպառնացող վտանգներուն ծաւալը մեծցաւ: Համաշխարհային այս երեւոյթին դէմ ազդեցիկ քայլեր չեն առնուիր, մինչ ելեկտրոնայինի նորարարութիւնները կը հրամցուին շատ արագ կշռոյթներով:

Տպագիր տարբերակներուն հետ վիճակաձգութիւններ կազմակերպելը, նուէրներ բաժնելը, անվերջ սակագիները նուազումի ենթարկելու փորձերը, նոյնիսկ անվճար թերթ բաժնելու նախաձեռնութիւնները կը թուին, որ մամուլի աւանդական հասկացողութիւնը փրկելու յոյսեր չեն ներշնչեր: Գոյութեան պահպանման կռիւ է, որ տպագիր մամուլը կը շարունակէ ամէն օր ամէնէն հռչակաւոր միջազգային մամուլի ներկայացուցիչէն մինչեւ համեստ տպաքանակներով շրջանառութեան մէջ եղող թերթը:

Ընդհանուր ընկալումը այն է, որ միայն քաղաքական դրամագլուխով գոյութիւն պահող թերթն է կամ ալ առեւտրական այս կամ այն ընկերութեան սեփականութեան վերածուող թերթը, որ միակողմանի ներդրումներու բերումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Փակուող թերթերու ցանկերը կը շարունակուին համալրուիլ, մինչ սրընթաց կը զարգանայ այլընտրանքային լրատուամիջոցը:

Այստեղ արդէն օրը նոր, նորութիւնը նոր. նորարարութիւնն է, որ անխնայ կը գործէ: Մեթոտը կարծէք վերածուած է նպատակի եւ նորութիւն ներմուծելը համացանցի ծառայութիւններու կողմէ վերածուած է յառաջատար գործառոյթի, ելեկտրոնային մրցավազքերու մէջ:

Կայքը արդէն իսկ ստացած է աւանդական, սթաթիք ընկալում: Համացանցային լրատուութեան մէջ արդէն անցեալ սերունդ նկատուող կայքը կ՛օգտագործուի տուեալ հաստատութեան, լրատուամիջոցի պաշտօնական այցեքարտի հասկացողութեամբ, որուն յղում կը կատարուի  տուեալ հաստատութեան մասին պաշտօնական թիւեր, տեղեկութիւններ քաղելու կամ ուսումնասիրութեան մը պատրաստութեան համար անհրաժեշտ տեղեկութիւնները քաղելու:

Այսօրուան տեղեկագիտութիւնը կայքը կը նկատէ պաշտօնական հասցէ, թէկուզ առօրեայ կշռոյթով թարմացուող, որուն յղում կը կատարուի  ընկերային ցանցերու միջոցով:

Ընկերային ցանցերու վրայ երեւցած կապն է, որ կը տանի ընթերցողը դէպի կայք, եթէ շրջանառութեան մէջ դրուած լրատուութեան ամբողջութիւնը կարդալու ժամանակն ու տրամադրութիւնը գոյութիւն ունի:

Այսպէս է, որ մենք նկատեցինք, որ «Ազդակ»-ի ֆէյսպուքի քանի մը էջերու բերումով «Ազդակ»-ի կայքին միացողներուն (առօրեայ միանալու քլիքներու թիւ  եւ ոչ թէ անպայման այցելուներու թիւ` 145.000-150.000 միացում) թիւը կ՛աւելնայ:

Հակասական երեւոյթը կը կայանայ հետեւեալ իրականութեան մէջ: Ցած տպաքանակներու իրականութիւնը կրնայ խաբուսիկ տպաւորութիւն ստեղծել, որ մամուլ կարդացողներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի, մինչ փաստ է, որ հայ մամուլը որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր հասանելի է մեծագոյն թիւերով: Ցած տպաքանակներ, սակայն առաւելագոյն հասանելիութիւն: Այս է հայկական մամուլի (եւ ոչ միայն հայկական) իրականութիւնը բացատրող բանաձեւը:

Հիմա բնականաբար տարբեր հարց կը դրուի, թէ հասանելի ըլլալով որքանո՞վ կը կարդացուի մեր մամուլը դարձեալ աւանդական հասկացողութեամբ:

Դժուար է թիւերով խօսիլը այս պարագային: Կ՛ենթադրուի, որ ընկերային ցանցերու վրայ պտտուող, հաւանութիւն ստացող եւ բազմահազար այլ ֆէյսպուքեան ընկեր օգտատէրերու հետ բաժնուող մամուլի յօդուածները այդ բոլոր աստղաբաշխական թիւերուն կողմէ չեն կարդացուիր: Բայց, որ նիւթերը կ՛երեւան, վերնագիրները որոշ ուղղութիւն կը փոխանցեն, լուսանկարները կը դիտուին, եւ որոշ պարագաներու այս կամ այն յօդուածը քննարկումի կ՛նթարկուի ասոնք իրականութիւնը շեշտող փաստեր են, որոնք այսօրուան մամուլի հասանելիութեան ցուցանիշեր են: Այդ ցուցանիշերը բովանդակային առումով աւանդական ընկալումի հետ կրնան կապ չունենալ, այսուհանդերձ աւանդական մամուլին նորարար ձեւով հետեւելու երեւոյթներ կ՛ընդգծեն անպայման:

Կը թուի սակայն, որ դասական ընթերցողին համար նորարար այս ոճերը եւս կայք հասկացողութեան նման սերնդափոխութեան ենթարկուելու փուլին մէջ կը գտնուին:

Այլընտրանքային մամուլի կերտիչները շուկայի պահանջարկներուն նման կը մատակարարեն լուրերը եւ այդ լրատուութիւններուն հետ կատարուող քարոզչութիւնը: Այսօր խորագիր-ամփոփ լրատուութիւն, զգայացունց ստուգուած-չստուգուած լուր շրջանառութեան մէջ դնելու կատարողականութիւնը նոր ձեւաչափերու կ՛ենթարկուի, նոր մեթոտաբանութեամբ կ՛աշխատի:

Շուկայի պահանջարկը արագ տեւողութեամբ հետաքրքրական ժապաւէն դիտելն է: Ժապաւէնը եւս այստեղ դասական հասկացողութիւն է եւ ճիշդ չի բացատրեր այսօրուան այլընտրանքային շուկայի արտադրանքը: Տեսերիզը, օգտագործուած այլ տեսանիւթեր, ներկայացնողներ, ներկայացման ընթացքին օգտագործուող պարունակէն ներս թէ դուրս մէջբերումներ, բնագրային վաւերականութիւն ձգելու տպաւորութեամբ, եւ այդ բոլորին առընթեր օգտագործուող էնիմէյշընի դրութեամբ միջամտող կերպարներ, կացութիւն բացատրող գծագրութիւններ: Ահա այլընտրանքային լրատուութեան նոր արտադրութիւնը, որ կը թուի, թէ ամէնէն ազդեցիկ ձեւերով պիտի յաճախէ բջիջային հեռախօսերու պաստառներուն վրայ, լուրը փոխանցէ, բայց մանաւանդ այդ լուրին ճամբով տպաւորութիւն-համոզում ստեղծէ:

Այս արտադրանքին համար կ՛աշխատին խումբեր, բնագիրը պատրաստողներ, քարոզչական ուղղուածութիւնը ճշդողներ, երաժշտութիւնը զատողներ, գծագրութիւնները շարժունակ դարձնելու արհեստագիտութեան տիրացածներ, եւ ի վերջոյ տեսանիւթային ռեփորթաժը բազմապատկութեան հեւքին մէջ դնող եւ տարածող, հասանելի դարձնողներ:

Հիմա հարց է, որ հայ մամուլը այլընտրանքային լրատուութեան մեթոտներ որդեգրելու իր հեւքին եւ պարտաւորութեան մէջ պիտի յաջողի՞ քայլ պահել այս նորարարութեան հետ եւ նոյն միջոցներով իր լուրն ու լուրին ճամբով բուն ուղերձը փոխանցելու պարտականութիւնը կատարելու համար: Երիտասարդ տարրերու հետ մեր կատարած քննարկումներուն ընթացքին կը շեշտուին այս անհրաժեշտութիւնները, կը նկատուին միտումները եւ այդ բոլորին մէջ կը մտածուին նաեւ քայլ պահելու այսօրուան մեր հնարաւորութիւններուն մասին:

Եւ կը մրճահարեն երկուութիւն ստեղծող հարցադրումներու ճնշիչ տեսակէտները: Շարունակե՞նք լեզուական վէճերը, տպագիրը պահել-չպահելու բանավէճը, բաժանորդներ հաւաքագրելու համար նոր սակագիներ ճշդել-չճշդելու անորոշութիւնը փարատելու մղումները, թէ՞ պահենք այն ինչ որ ունինք եւ վազենք դէպի նորարարութիւնը` խաղէն դուրս չմնալու եւ հասանելիութեան կայունէն դէպի զարգացում ոստումներ ապահովելու համար:

Կայքը, ընկերային ցանցը, ինսթակրամը, թուայնացումը, էփփը (որոնք բոլորն ալ որդեգրուած են «Ազդակ»-ի կողմէ), կարծէք սերնդափոխուելու օրինաչափութեան ենթակայ են  եւ կ՛ենթարկուին արդէն: Ներկայ դարն ու ներկայ արհեստագիտութիւնը չեն սիրեր նորարարութեան երկարատեւողութիւնը: Ժամանակը ենթարկուած է նոր ընկալումի եւ ստանձնած է պարտականութիւն անվերջ նորարարելու յատկապէս այս ոլորտը:

Համակողմանի համոզմունք է եւ այդպէս ալ յայտարարուած, որ 21-րդ դարը տեղեկագիտութեան դար է, տեղեկացուած մարդուն դարն է. կը յիշենք, բոլորս, որ տեղեկագիտութեան դարը սկսաւ թափանցիկութեան կարգախօսով, իրազեկուելու իրաւունքի պաշտպանութեամբ: Թէեւ թափանցիկութեան եւ տեղեկացուածութեան կարգախօսներ առաջ քշողները, ըստ էութեան իրենց ծրագիրներու նպատակայնութեան մէջ ամէնէն փակերն էին եւ ամէնէն չտեղեկացնողները:

Այս կարգախօսները բնականաբար կը հետապնդէին վերահսկելիութեան ամրագրումը, ամէն ինչէ տեղեակ ըլլալու եւ ամէն ինչ վերահսկելի դարձնելու քաղաքականութեան կիրարկումը գործնապէս:

Այլընտրանքային լրատուութիւնը եւ մարդ անհատին լրատուամիջոցի վերածուիլը ամէնէն ազդեցիկ գործօններն էին այս վերահսկելիութիւնը տարածելու եւ բաց համակարգի ստեղծումով իրազեկելու առընթեր, խորքին մէջ նաեւ իրազեկուելու մարդու նախընտրած նիւթերուն, շարժումներու, մտածողութեան, ճաշակին, շրջագայութիւններուն եւ գտնուած վայրին:

Այս բոլորին տեղեկացուած եւ իրազեկուած ըլլալով հանդերձ, հայ մամուլը այս մեթոտներու օգտագործումով իր լուրերը, գաղափարները, հասանելի դարձնելու եւ խաղէն դուրս չմնալու հարկադրանքին տակ կը գտնուի այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի:

Միայն ժամանակը, այն ալ շատ արագ ընթացող ժամանակը եւ նոյնքան արագ նոր մեթոտներ պարտադրող ժամանակը կը յաջողի ցոյց տալ, թէ «Ազդակ» որքա՞ն կը յաջողի կամ պիտի յաջողի նորարարութիւններուն ընդառաջ որդեգրել խաղի կանոնները, բայց պահել գաղափարականն ու բովանդակայինը:

Նախորդը

Յաջորդը

Աշխարհի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն. Լեւոն Արոնեանի Յաջող Սկիզբը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Յունիս 14, 2025
Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին  Միջազգային Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Միջազգային Արձագանգներ

Յունիս 14, 2025
Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?