Գեղանկարչական բանաստեղծականութիւնը կ՛առնչուի աւելի գուներանգներու ու կերպերու, քան` բովանդակութեան հետ: Երաժշտականութիւնը, առանց գուներանգներու կշռոյթին, դժուար թէ կարողանայ բացայայտել կտաւի բանաստեղծական հենքը: Իսկ երփներանգ բանաստեղծականութիւնը, առանց գունածին լոյսի, կը դառնայ ինքնանպատակ ու կը մնայ լուսանցքի վրայ:
Միաժամանակ թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ բանաստեղծական լուսերանգներով օժտուած են Էմմա Գրիգորեանին ստեղծագործութիւնները, որոնք իբրեւ յիշողութեան սերմեր` կը բացուին մեր ժամանակներու սրընթաց կեանքի ընթացքին:
Ան ծնած է 1943-ին, Գիւմրի, աւանդապահ ընտանեկան յարկի տակ: Տան բարենպաստ մթնոլորտն ու միջավայրը իր մէջ կը զարգացնեն գեղեցիկի զգացողութիւնն ու անոր հանդէպ սէրը, տոգորուած` մարդկայնական արժանիքներով: 1967- ին կը սկսի ցուցադրուիլ, իսկ երկու տարի ետք կ՛աւարտէ Երեւանի Գեղարուեստաթատերական հիմնարկը` արժանանալով ջերմ հետաքրքրութեան ու գնահատանքի:
«Աղջնակը», գործ` Էմմա Գրիգորեանի
Էմմա Գրիգորեան, գունանկարչութեան զուգահեռ, է՛ նաեւ գիծի վարպետ մը: Գիծի արտայայտչականութեան հիմքի վրայ կառուցուած անոր երփնագրերը յաճախ օժտուած են նաեւ բանաստեղծական լուսերանգներով, որոնք մտածուած ծրագրաւորումի մը հետեւանք չեն, այլ` ինքնաբուխ ու տարերային թելադրականութեան մը արդիւնք: Ի վերջոյ Բագրատին քոյրն է ան, որուն խորհուրդներն ու թելադրանքները իրենց շինիչ դերը կատարած են Էմմայի կազմաւորման մէջ:
Եթէ հետեւինք Էմմայի ստեղծագործական կեանքի հոլովոյթին, պիտի նշմարենք, որ ան սկսած է դասականութեամբ ու անցնելէ ետք յետտպաւորապաշտութեան եւ «ֆովիզմ»-ի բովերէն, հասած է կիսավերացականութեան ոլորտները: Թէեւ երբեմն կը փորձէ մտնել վերացականութեան դաշտ, սակայն, առանց յապաղելու հոն, «կը նահանջէ» դէպի կիսավերացականութիւն, ուր ինքզինք աւելի հանգիստ ու ապահով կը զգայ կարծէք:
Անոր բնանկարները գրաւականն են գեղեցիկի որոնումներուն, ուր կենդանական աշխարհը, գեղջկական կառոյցներն ու ինքը` մարդը կը միաձուլուին իրարու` առանց աղաւաղելու բնութեան կուսականութիւնն ու մարդու մարդկային կերտուածքը: Կարգ մը կտաւներու պարագային ամէն ինչ խաղաղ, հանդարտ ու գեղեցիկ կը թուի, գրեթէ չկան շեշտուած տառապալից պահեր եւ կամ տագնապալից գոյատեւման պայքարներ: Կեանքի «գաւառական» մաքրութիւնն ու բնութեան հմայքը լաւապէս դրսեւորուած են որոշ բնանկարներու մէջ, ինչպէս` «Իմ գիւղը», «Յուշեր», «Զրոյց», «Ճամբորդութեան մը ազդանշանը» եւ այլն: Կան ուրիշ գործեր, որոնք սակայն անհանդարտ ու տագնապալից վիճակ մը կը պարզեն, ինչպէս` «Բանաստեղծի աշխարհը», «Հրաշալի եռեակը» եւ կամ` «Իմ երկիրը»:
Իբրեւ բնանկարիչ` սարեանական բնանկարչութեան շառաւիղներէն է ան, այնպէս, ինչպէս` Մինաս Աւետիսեանը, Բագրատ Գրիգորեանը, Աշոտ Յովհաննիսեանը եւ կամ Սէյրան Խաթլամաճեանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կերտեց հայրենի իր բնաշխարհը: Էմման եւս կը պատկանի նոյն շարքին` միաժամանակ տարբերուելով անոնցմէ` յատկապէս իր գիծի արտայայտչականութեամբ:
«Ներկայացում» գործ` Էմմա Գրիգորեանի
Գիծի արտայայտչականութիւնը առկայ է նաեւ իր դիմանկարներուն մէջ, որոնք մեծ մասամբ կիներ են: Անոնցմէ շատեր ինքնանկարի բնոյթ ունին ու կը դրսեւորեն գեղանկարիչի ներաշխարհին տարբեր վիճակներն ու տրամադրութիւնները: Հոգեկան ամրութիւն, յոյս, վճռակամութիւն ու նոյնիսկ կենսասիրութիւն արտայայտող անոր կին կերպարներուն մէջ կը նշմարուին թախծոտ տուայտանքն ու անորոշութեան զգացողութիւնը… ապագայի նկատմամբ: Այս զգացողութիւնները առկայ են նաեւ իր «Երեք սերունդ» ստեղծագործութեան մէջ: Նոյն բովանդակութեամբ գործ մը ունի Մարտիրոս Սարեան, ուր պատկերուած են երիտասարդ, հասուն տարիքի եւ տարիքոտ Սարեանները: Իսկ հոս պատկերուած են մանուկը, պարմանուհին ու երիտասարդը, որոնք թէեւ իրարու հետ ներդաշնակուած նոյն կերպարի կեանքի տարբեր փուլերը կը դրսեւորեն, սակայն բոլորն ալ կ՛արտայայտեն տուայտանքի ոլորապտոյտի մէջ բռնուած թախծալից ու մտահոգ վիճակներ: Գրեթէ նոյն տրամադրութիւնները կը դրսեւորեն նաեւ անոր կարգ մը այլ տիպարները, ինչպէս` «Մայրութիւններ»-ն ու նոյնի՛սկ «Պարուհիները»:
Այս բոլորէն վեր, սակայն, Էմմային արուեստի պսակն ու տարերքը կը կազմեն այս կերպարները (ինչպէս` «Յաղթանակ», «Խաչելութիւն», «Ներկայացում», «Կերպարանափոխութիւն» եւ այլն): Անոնք պատկերուած են կեդրոնախոյս վրձնահարուածներով ու կրակի երանգներով, որոնք հրդեհուած ներաշխարհի մը պատրանքը կը դրսեւորեն: Իսկ եթէ պիտի առանձնացնենք ստեղծագործութիւն մը` իբրեւ առանձին երեւոյթ, այդ մէկը «Աղջնակ»-ն է: Այս գործը Էմմայի արուեստը կը հասցնէ ուրոյն բիւրեղացման, ուր սեւ խորապատկերի վրայ ինքնամուղ (automatism) կերպով վրձինուածները ունին բացառիկ հնչեղութիւն ու ներազդեցիկ արտայայտչականութիւն:
Հակառակ անոր որ Էմմա Գրիգորեան երկու տասնամեակէ աւելի կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Նիւ Եորքի նման հսկայ ու կեանքով յագեցած քաղաքի մը մէջ, սակայն անոր արուեստը գրեթէ ազդուած չէ ամերիկեան զարտուղի ուղղութիւններէն եւ ոչ ալ` կուտակուած երկնաքերներու յարափոփոխ ճոխութիւններէն:
Արշիլ Կորքի Ադոյեանը կ’ըսէ. «Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է»: Էմմայի պարագային եւս յիշողութիւնը կը կատարէ սերմի դեր: Ան կ՛ապրի անցեալով եւ կը ստեղծագործէ ներկայի մէջ` համաձայն իր յիշողութիւններու ներքին ձայնի թելադրականութեան: Շարք մը կտաւներ ուղղակի արձագանգներն են իր յիշողութիւններուն, ինչպէս` «Յուշեր», «Գինեձօն», «Զրոյց», «Հրաշալի եռեակ», «Մեղեդի» եւ այլն:
Արեւելեան բորբ արեւի լուսերանգներով օժտուած անոր ստեղծագործութիւնները ցուցանիշ են իր անհատականութեան ու չմիջնորդուած յիշողութիւններու կենսունակութեան: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոր իւրաքանչիւր գործ երփներանգ բանաստեղծութեան մը տպաւորութիւնը կու տայ մեզի:
Պէյրութ
Մայրութիւն
«Մայր ու դուստր», գործ` Էմմա Գրիգորեանի
Էմմայի մտորումներն իր «Մայր եւ դուստր» նկարի մասին (ցուցադրուել է 2004-ին Եւրոպական յանձնաժողովի ցուցասրահում տեղի ունեցած` Ողիմպիական խաղերին նուիրուած ցուցահանդէսում):
«Ամէն մի մայր, երբ լոյս աշխարհ է բերում իր զաւակին, պարուրւում է թէ՛ երջանկութեան եւ թէ՛ վախի զգացմունքներով` երջանկութեան` կեանքի անգնահատելի պարգեւին արժանանալու համար, եւ վախի` զաւակի կեանքի համար: Զինուոր կորցնելը, ո՛րտեղ էլ լինի, վիշտ ու տառապանք է նրա մօր համար, բոլոր մայրերի համար ողջ աշխարհում:
Ողիմպիական զինադադարը յորդորում է մարդկութեանը մի պահ կանգ առնել ու մտածել, մտածել իւրաքանչիւր զինուոր-մարզիկի անսահման ընդունակութիւններն ու նուաճումները խրախուսելու ու բազմապատկելու մասին: Դրա համար պէտք է նրան հեռու պահել կեանքի մութ ու բիրտ ուժերից, պէտք է աշխարհը նուաճել` անվստահին ու թշուառին օգնութեան ձեռք մեկնելով, պէտք է բոլոր մայրերին ազատել` իրենց զաւակների կեանքի համար վախի զգացողութիւնից:
Ահա թէ ինչու խաղաղութիւնն ու մայրութիւնը պահապաններն են ողջ մարդկութեան»:
ԷՄՄԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Կարծիքներ-Տպաւորութիւններ
Ժանրային բազմազանութեան մէջ առանձնանում են դիմանկարները: Պատկերելով մեծ մասամբ կանացի դէմքեր` Գրիգորեանն ընդգծում է կերպարի հպանցիկ երեւոյթներից ու առօրէական գծերից ձերբազատուած ներաշխարհը: Հայ արուեստի բուռն զարգացող խորապատկերի վրայ նկարչուհի Էմմա Գրիգորեանն իր ուրոյն դէմքն ու դիմագիծն ունեցող անհատականութիւն է: Ոգեղինութիւնը, նրբագեղութիւնը, կանացի թախծոտ հնչիւնները Գրիգորեանի վրձնի շնորհիւ ձեւ ու կերպարանք են ստանում` մարդկանց մէջ առաջացնելով բարու եւ գեղեցիկի ջերմացնող զգացումներ:
ՊՕՂՈՍ ՀԱՅԹԱՅԵԱՆ
(Երեւան)
Ներկերը անոր կտաւներուն վրայ կը դառնան` գոյն, աշխարհ, յոյս ու թրթիռ: Անոր կտաւներուն մէջ կը տեսնէք սկսած հայ աշխարհի նախաստեղծ ռամիկ գեղեցկութենէն մինչեւ մերօրեայ, քաղաքակիրթ նրբաճաշակ մօտեցումը: Գոյնի եւ գիծի կշռոյթ կայ անոր գործերուն մէջ: Անոր իւրաքանչիւր կտաւ արեւ մըն է տունին մէջ:
ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ (Նիւ Եորք)
Էմմայի գործերուն մէջ կայ յատուկ բոյրը Հայաստանի բնապատկերներուն, վանքերուն եւ հոն ապրող մարդկային էակներուն: Բայց այն, ինչ որ այդ բոլորը կը դարձնէ բանաստեղծական, ատիկա Էմմայի կեանքի գեղեցկութեամբ ու կարօտով լեցուն նայուածքն է, գինովցած` սիրոյ եւ երջանկութեան երազներով:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (Փարիզ)
Ահա՛ Էմմա Գրիգորեանի պաստառները, որոնց մէջ նկարչուհին ոչ միայն ներդրած է իր արուեստն ու տաղանդը, այլեւ` իր զգացումները, իր ցաւն ու ուրախութիւնը:
ՀԵՆՐԻԿ ԲՈՒԴԱՂԵԱՆ (Նիւ Եորք)
Էմմայի կտաւներուն մէջ ուշադրութիւնս գրաւած անբացատրելիութիւնը եւս բնորոշելի է «Տաղանդ» բառով: Անոր հետ ծանօթանալէ ետք հասկնալի դարձան այդ տաղանդին առանձնայատկութիւնները` թէ՛ նկարչուհիին աշխարհընկալման, թէ՛ զուտ կանացի ինքնատպութեան եւ թէ՛ նոյնիսկ իրեն շրջապատող տարածքներու կազմակերպման մէջ:
ՄԱՐԿԱՐԻԹԱ ԵԱԽՈՒՆՏՈՎԱ
(Մոսկուա)
Ի՞նչ ըսել է հոգիով երփնագրել: Եթէ ատիկա կը նշանակէ ցաւի եւ լռութեան մէջէն ստեղծագործել, ապա աւելի բարձր նպատակի առջեւ են Էմմայի ստեղծագործութիւնները, որոնք մեզի կ՛օգնեն մտքով անդրադառնալու այն արահետներուն, որոնք մեզ կ`առաջնորդեն դէպի մեր հոգեկան թրթռացումը, մեր տենչանքներն ու կորսնցուցած յիշողութիւնները: