Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան` Նաեւ Գրող

Յունուար 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յարութիւն Թորոսեան անունը անմիջականօրէն արուեստասէրը կը կամրջէ հայկական արդի գեղանկարչութեան հետ: Լիբանանէն մինչեւ եւրոպական ոստաններ, Հայաստան եւ ովկիանոսէն անդին` Միացեալ Նահանգներ, անոր հռչակը անցեալ դարու ուշ 50-ական տարիներէն սկսեալ տարածուած է նկարչութեան աշխարհին մէջ, ոչ միայն ստեղծագործական վաստակին շնորհիւ, այլ նաեւ իբրեւ արուեստի ու գեղանկարչութեան դասախօս-արուեստաբան: Մասնակցած է հաւաքական ու անհատական բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, արուեստի աշխարհն ու մամուլը առաջին իսկ օրէն զինք ողջունած են իբրեւ բազմատաղանդ եւ նորարար գեղանկարիչի: Անոր երանգապնակէն բխած են բնապատկերներ, դասական, վերացական եւ այլ արտայայտութիւններ: Արուեստասէրը կրնայ անոր արուեստի աշխարհին հետ հաղորդակցիլ` ունենալով գործերուն գեղատիպ հաւաքածոյ-ալպոմները, որոնք իրենց արժանի տեղը նուաճած են հայ, լիբանանցի եւ աշխարհահռչակ այլ արուեստագէտներու ալպոմներուն շարքին: Այս բոլորը զինք արժանի դարձուցած են շքանշաններու եւ մրցանակներու:

Վերջերս, Յարութիւն Թորոսեան լոյս ընծայեց գողտրիկ հատոր մը` «Անկարելի սէր»  (144 էջ), ընթերցողին ըսելու, որ նաեւ գրիչի մարդ է, չէ բաւականացած միայն վրձինով ու արուեստի մասին իր դասախօսական վաստակով:

Թորոսեանի գերագոյն նպատակը գրականութիւն ընել չէ, այս հատորը մամուլին յանձնելով, այլ կ՛ուզէ ընթերցողին հասցնել իր յուշերը, որոնք լոկ անձնական երես չունին, այլ սեղմ հայելի մը կը կազմեն արուեստագէտներու սերունդի մը, որ իրեն սերնդակից է, իրմէ երէց կամ կրտսեր, արուեստագէտներ, որոնք օր մը յանդգնեցան Լիբանանի արուեստի պարտէզներէն ոստում կատարել դէպի Փարիզի ու եւրոպական այլ կեդրոններու արուեստանոցները` հաղորդակից ըլլալու գլխագիր արուեստի արարման եւ փոխադարձ «առ-եւ-տուր» մը կատարելու հոն:

Անձնական լայն շերտեր կան հատորին մէջ, որ աւելի յուշագրական է, քան վիպական, թէեւ վիպականը չէ անտեսուած բոլորովին: Կը պատմէ կանուխ երիտասարդութեան օրերէն դրուագներ` արուեստի աշխարհ մուտք գործելու, սիրոյ առաջին զգացումներու եւ քիչ մըն ալ առօրեային մասին: Յետոյ արդէն Փարիզ է, ուր արուեստանոցներուն կողքին, իր կեանքին մէջ լայն տեղ կը գրաւեն իգական սերի ներկայացուցիչներ, որոնք նմանապէս արուեստի աշխարհին մէջ են կամ անոր կողքին կը դեգերին. էջերը կը զարգանան դէպի Զուիցերիա եւ Սպանիա ճամբորդութիւններով, ուր սիրային արկածախնդրութեանց եւ, ի հակադրութիւն միջինարեւելեան պահպանողական ընկերութեան, լայն ազատականութեան մը զուգահեռ, կը ներգրաւուի արուեստի տարբեր աշխարհներու մէջ: Կարմիր թելի նման, այդ բոլորին մէջէն կ՛անցնի Ժաքլինին հետ իր սիրավէպը, որ կը ներկայանայ իբրեւ զիրար որոնող, սակայն նաեւ զիրար նուաճելու ելած անհատականութիւններու մրցումի մը դիպաշար, կարծէք թէ ըլլային նոյն բեւեռով օժտուած մագնիսի երկու կտորներ, որոնք իրարմէ կը հեռանան, երբ փորձես իրարու դպցնել…

Վիպական յուշագրութիւնը կ՛աւարտի փարիզեան առանձնացուած սիրավէպին ձախողութեամբ. արուեստագէտը կը վերադառնայ Լիբանան, կ՛այցելէ հայրենիք, կը գտնէ կեանքի ընկերը եւ… կեանքը կը թաւալի բնական հունով:

Ուշագրաւ գիծեր են մեր բանաստեղծութեան ու երաժշտութեան աշխարհին հետ Թորոսեանի մտերմութեան արտայայտութիւնները` գիրքին էջերուն: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Թորոսեան կը պատկանի սերունդի մը, որ գեղանկարչութեան մէջ խորացած ըլլալու կողքին, համակուած է արուեստի այլ բնագաւառներով եւ ոչ թէ ինքզինք «բանտարկած» իր նախասիրած աշխարհին մէջ: Իրեն ժամանակակից արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու հետ հանդիպումներու, բարեկամութիւն մշակելու մասին հպանցիկ ակնարկութիւնները որոշ համեմ կը ներարկեն հատորին:

Հատորը կը յատկանշուի աղուոր հայերէնով մը, որ հաղորդական է ու կը խուսափի վերամբարձ ձեւերէ: Էջերուն, կարելի է փնտռել եւ գտնել «դարաշրջան» մը ու անոր անուղղակի վաւերագրումը: Ի մասնաւորի` արուեստագէտը աւելի լաւ ճանչնալու միջոց մըն է նաեւ, ըմբռնելու, որ կինը ինչո՛ւ այնքան տիրական ներկայութիւն է անոր պաստառներուն մէջ: Գրքոյկին կողքի նկարը պերճախօս վկայութիւն մըն է այս իմաստով: Պատումին կողքին, տեղ գտած են քանի մը գեղանկարի լուսանկար, իսկ վերջին կողքին վրայ` հեղինակին սեղմ կենսագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տարեկան Հանդիպումին

Յաջորդը

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայ Մամուլի Արթուն Պահակն Ու Անկաշառ Պատգամախօսը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?