Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-Ի 126-ամեակի Տօնակատարութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Յունուար 31, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի համար ծնած, գործած, հալածուած, ծառայած ու հարկ եղած պարագային բովանդակ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր իր լաւագոյն ընկերները նահատակութեան բագինին զոհած 126 տարեկան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձին ժողովրդային այս հոծ ներկայութիւնը խորքային ամենաարժէքաւոր արտայայտութիւնն է, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր, հոս, հայրենիքէն հեռու երկրի մը մէջ, որուն շինութեան, բարգաւաճման, խաղաղ գոյակցութեան, անդորրութեան պահպանման, ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդման իր անժխտելի ու հիմնադիր դերակատարութիւնը ունեցած են հայութիւնն ու ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Հպա՛րտ ենք ձեզմով, սիրելի՛ ժողովուրդ, ներկաներ ու բացականեր, որ հաւատացիք ու կը շարունակէք հաւատալ ձեզմէ ծնած ու ձեզմով ապրող այս կուսակցութեան անցեալին ու ներկային, ու կը շարունակէք զօրակցիլ անոր` հոն տեսնելով հայութեան առջեւ ցցուող մարտահրաւէրները վերցնող խիզախութիւն, աննկուն կամք, ժողովրդանուէր գործունէութիւն եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան բռունցք:

Այս հաւատքը կը զօրացնէ մեզ վստահաբար: Կը զօրանանք բոլորս միասնաբար: Բայց աւելի՛ն. Հ Յ Դաշնակցութիւնը կը դնէ միշտ արթուն մնալու, միշտ աննկուն կամք պողպատելու, ինքզինք նորոգելու, նոր հորիզոններ փնտռելու ու զանոնք նուաճելու, ժողովուրդին յարաճուն եւ արդար ակնկալութեանց անսալու, ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւր հայու արդար իրաւունքը պաշտպանելու հարկադրանքին, ու մանաւանդ պատասխանատուութեան դիմաց:

Այլապէս` ինչո՞ւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Ինչո՞ւ ունենալ, պահել պահպանել ու գուրգուրալ ոչ միայն անոր գոյատեւման, այլ զարգացման, ուժեղացման եւ հզօրացման ի խնդիր:

Եւ ինչո՞ւ ան կրցած է ապրիլ 126 տարի, դիմանալ պատմութեան գլանին, կռուիլ, պարտուիլ, հալածանքի ու դաւադրութեանց ենթարկուիլ, հազարներ զոհել, բայց յաղթել եւ ապրիլ, փիւնիկի նման վերընձիւղուիլ ու տարածուիլ, բոյն դնել աշխարհատարած հայութեան սրտին մէջ ու շարունակել թռիչքը:

Եւ ինչո՞ւ մարդիկ, կազմակերպութիւններ, գաղտնի սպասարկութիւններ, պետութիւններ թէ վարչակարգեր օտար ուժեր թէ հայ վարձկաններ ոխերիմ թշնամի տեսած են Դաշնակցութեան մէջ ու աշխատած, ձգտած ու կը շարունակեն աշխատիլ ու ձգտիլ անոր տկարացման, քայքայման ու լուծարքին համար:

Որովհետեւ ան համայն հայութիւնը ոտքի պահող ողնայարն է, սիրտն ու միտքը եւ հզօր բազուկը:

Վկա՛յ դուք, սիրելի՛ ժողովուրդ:

Վկա՛յ երիտասարդութիւնը, 126 տարեկան Դաշնակցութիւնը երիտասարդ պահող անվեհեր տղաք ու աղջիկներ:

Վկա՛յ դուք, հայ մայրեր ու հայրեր, որ ձեզի ժառանգ մնացած Դաշնակցութեան գաղափարական ուժը, կազմակերպական առնականութիւնը եւ ծառայական առաքելութիւնը փոխանցեցիք ձեր զաւակներուն անոնց մատղաշ տարիքէն եւ զանոնք նուիրեցիք հայ ժողովուրդի երազներուն իրականացման համար պայքարող Դաշնակցութեան:

Իբրեւ Դաշնակցութեան ծրագրով ու կանոնագրով երդուեալ դաշնակցականներ` հպարտ ենք կուսակցական մեր պատկանելիութեամբ: Ոչ ոք պարտադրած է մեզի անդամակցիլ այս կազմակերպութեան: Անդամակցած ենք ազատ կամքով, ազատ ու կամաւոր որոշումով: Եւ կուսակցութեան անդամագրուելով, որոշած ենք մեր անհատական ազատութիւններէն զիջում կատարել հաւաքական գործին ի խնդիր, ընդունելով Դաշնակցութեան ծրագիրը, ենթարկուելով անոր կանոնագրին եւ աշխատելով ի խնդիր` անոր նպատակներու իրականացման: Նպատակներ` որոնք կ՛ապահովեն հայ ժողովուրդի գոյատեւումը, անոր բարօրութիւնը, եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հաստատումը: Նպատակներ, որոնք հայ ժողովուրդին են եւ ընդհանրական, ու մենք կամաւոր բանակն ենք, զինուորագրեալները այդ ժողովուրդին: Մենք յաւելեալ իրաւունք եւ առանձնաշնորհում չունինք եւ իրաւունքը չունինք ունենալու: Իբրեւ մեր Դատի խոնարհ սպասարկուներ` այդ իրաւունքը կը վերապահենք միայն մեր ժողովուրդին:

Բայց կուսակցութեան շարքերէն դուրս կայ Դաշնակցութեան գաղափարական ուժը, ուժը բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպութեան անդամ չեն, չեն մեղանչած Դաշնակցութեան ծրագրին ու կանոնագրին դէմ, բայց դաշնակցական են հոգիով, նուիրումով, աշխատանքով, բայց մանաւանդ` հաւատքով:

Ու ճիշդ հո՛ս է Դաշնակցութեան դար մը եւ քառորդ ապրած ըլլալու իրողութեան անժխտելի գաղտնիքը: Եւ հո՛ս է Դաշնակցութեան յաջողութիւնը: Կուսակցական ընկերներու թիւին հազարապատիկը եղող հայ մարդոց գաղափարական ուժեղութիւնը եւ պայքարելու մարտունակութիւնը:

Եւ որովհետեւ զինուորներն ենք մեր ժողովուրդին, բանիւ եւ գործով, պատահականութիւն չէ, որ քանի մը շաբթուան ուշացումով 2017-ին ուզեցինք կատարել 126-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այս երեկոյ, նախօրէին Հայաստանի բանակի հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութեանց:

Հայ դատի ու հայ ժողովուրդին համար զինուորագրեալը, ուր որ ալ գտնուի ան, գաղափարական ի՛նչ ուղղութեան ալ պատկանի, երբ կը հաւատայ Հայաստանի ու հայութեան յաւերժութեան ու մեր անտեղիտալի իրաւունքներու համար յարատեւ եւ յարաճուն պայքարին, զինուոր է հայոց բանակին:

Ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ 1890-էն սկսեալ մարտնչող հայ ֆետայիին հիմնած յեղափոխական խումբերուն ժառանգորդն է հայոց բանակը:

1918-ին թրքական ներխուժումը կասեցնող հայկական գունդերու ժառանգորդն է հայոց բանակը:

Արցախը ազատագրող, համայնավար կարգերը քանդող ազատամարտիկներուն եւ Հայաստանի ապստամբ ժողովուրդին զաւակն է 25-ամեայ հայոց բանակը:

Հայ դատի ջահը բարձր բռնած ու թրքական թիրախներ հարուածող քաջարի մարտիկներուն թողած կտակն է հայոց բանակը:

Ազրպէյճանական սադրանքներուն դիմակալող Արցախի հայ զինուորն է 25 տարեկան այս բանակը:

Հայաստանի սահմաններն ու ներքին անդորրութիւնը պահպանող մեր երիտասարդ եղբայրներն են հայոց բանակը:

Մենք ենք, բոլորս ենք այդ բանակը` ճակատի վրայ, թէ հեռուն:

Մեր յոյսն ու բերդն է հայոց բանակը:

Մեր կամքն է հայոց բանակը:

Թշնամին սարսափեցնողն է հայոց բանակը:

Թշնամիին հակահայ սադրանքները կասեցնող ամրոցն է Հայոց բանակը:

Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հիմքն է հայոց բանակը:

Պահենք, պահպանենք զայն: Զօրակցինք անոր ի գին ամէն զոհողութեան: Զայն նկատենք անանցանելի պատնէշ, կարմիր գիծ:

Փա՛ռք ու պատիւ մեր բանակին:

Փա՛ռք ու պատիւ քաջարի զինուորներուն:

Յարգա՛նք ու գործը շարունակելու խոստում` նահատակ զինուորներուն:

Հայոց բանակի ուժեղացումը առանձնաբար չի կրնար ապահովել հայրենի պետութեան գոյութիւնը իր բոլոր ստորոգելիներով: Համայն հայութեան հայրենիքը ըլլալու աշխատանքը վիթխարի ճիգի կը կարօտի պետութեան կողմէ` նախ ապահովելու համար ներքին ընկերային արդարութիւն, փտածութեան խորտակում, օրէնքի գերիշխանութիւն, իրաւ ժողովրդավարութեան ամրացում, հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով առաջնորդուածութիւն, արտագաղթի դադրեցում, քաղաքացիի իրաւունքներու յարգում, ազատ շուկայի ժխտական անդրադարձի վերացում:

Կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւնները, որոնց մէջ երկար պայքարէ ետք յաջողեցաւ իր դրոշմը ունենալ Դաշնակցութիւնը, եթէ լրջութեամբ եւ արագօրէն իրենց թարգմանութիւնը ունենան խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ապա պետութիւնը քաղաքական հասունութեամբ հիմը դրած կրնայ ըլլալ յուսալի ապագայի մը:

Յուսալի այս ապագայի կերտման մէջ անտարակոյս իր դերը ունի Հայաստանի կողքին հին ու նոր սփիւռքը: Հիմնովին սխալ է վերապահութիւններ ստեղծել երկու զանգուածներուն միջեւ կամ իրարու նկատմամբ: Վերջնական համոզում է, որ Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու հայրենիքն է: Այս մէկը կը մնայ կարգախօս, եթէ անոր չհետեւի Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ ճիշդ գործակցութեան ծրագրաւորումը: Ընդունինք, որ Հայաստանը բոլորին հայրենիքը դարձնելու բնական նպատակը կարիքը ունի նման գործակցութեան: Հզօր սփիւռքը անհրաժեշտ է Հայաստանի համար ու հզօր Հայաստանը անհրաժեշտ է սփիւռքի հզօրութեան: Այս իմաստով հաւասար պատասխանատուութիւններ գոյութիւն ունին: Հայաստանն ու սփիւռքը գործակիցներ են եւ ոչ մէկը ենթակայ է միւսին: Այլ երկուքը միասնաբար ենթակայ են ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին: Հետեւաբար, թելադրողի հեղինակութենէն անդին, ուժի կեդրոններ հաստատելու ձգտումի փոխարէն, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ներքին հակասութիւններ որոնելու եւ զանոնք շահագործելու միտումներէն վեր, անհրաժեշտ է միասնաբար, գործակցաբար, դերերու ճշգրիտ բաշխումով աշխատանքի լծուիլ այնպիսի պահու մը, երբ ո՛չ Արցախի, ո՛չ շրջանային, ո՛չ միջազգային եւ ո՛չ ալ զուտ հայկական պայմանները մեզի կու տան ժամանակը եւ քմայքը` զբաղելու երկրորդական հաշիւներով եւ ինքնահաստատման վաղուան արդէն ժամանակավրէպ դարձած մոլուցքներով:

Աշխարհը թաւալգլոր կ՛ուղղուի գաղափարազուրկ ընկերութեան գիրկը: Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ նման փոփոխութիւններ աստիճանաբար մարդը կ՛ուղղեն վերածուելու աշխարհաքաղաքացիի: Անհատը իր հայրենիքը կը տեսնէ ճամբորդութեան ճամպրուկին մէջ, կամ հոն, ուր կրնայ տնտեսական բարգաւաճում ապրիլ: Աշխարհը հայրենիքի վերածելու գաղափարի անգաղափարական ընթացքը կը շարունակէ իր ճամբան:

Ու մենք ալ սկսած ենք վարակուիլ այս դաւադրական մթնոլորտէն: Մարդը թիւ նկատելու, շահու աղբիւր նկատելու, դրամատնային հաշիւ նկատելու, ազգի ու ազգութեան բացարձակ արժէքը ոտնակոխելու թակարդին մէջ իյնալու նախանշաններ արդէն իսկ տեսանելի են: Արդիականութեան, ըստ էութեան պետական շահերու նպաստող, սակայն հանրութեան հաճելի թուացող գեղեցիկ սկզբունքներու արտայայտութեան, հաղորդակցութեան արդիական միջոցներու, ընկերային ցանցերու ազատ օգտագործման դրօշակիր դառնալու արագավազ մրցումը վստահաբար կը սազի նիւթապաշտութեամբ առաջնորդուող Արեւմուտքին կամ նմանօրինակ ընկերութիւններու, որոնց ո՛չ ինքնութիւնը վտանգուած է, ո՛չ իրաւունքները ոտնակոխուած, ո՛չ հայրենիքը գրաւուած եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը` տարտղնուած: Նման ժողովուրդներ ապահոված կրնան ըլլալ իրենց յաւերժութիւնը եւ իրենց երկիրը: Իսկ մենք` հայութիւնն ու Հայաստանը,  ինչո՞ւ պարտաւորուած ենք հետեւիլ, արտօնեցէք այս բառին, այս «մոտային»:

Այո՛, մենք անհրաժեշտութիւնը ունինք քայլ պահելու համաշխարհային զարգացման հետ: Չենք կրնար կղզիանալ, դռները փակել, չտեսնել ու չի լսել: Քայլ պահել, սակայն, չի նշանակեր նմանիլ ուրիշին, կորսնցնել սեփականը, ուրանալ ինքնութիւնը: Այո՛, անհրաժեշտ է կառուցել նորը, մե՛ր նորը, եւ ոչ ուրիշին կողմէ առաջարկուած, ուրիշին կողմէ կառուցուած, իրեն համար հաճելի մեզ քանդող նորը:

Նորը, նոր հայը կառուցենք մե՛ր պայմաններով: Ո՛չ այն հայը, որ հպարտ է օտարին մէջ իր ինքնութեան մոռացումով, սակայն` մականունի «եան»-ով: Ո՛չ այն հայը, որ հայկական քաղաքացիութիւն կը ստանայ մետասաներորդ ժամուն իր մեծ հօր հայկական արմատները յիշելով, որպէսզի կարենայ դիւրութեամբ ստանալ եւրոպական կամ ամերիկեան այցեգիր: Ո՛չ այն հայը, որ Հայաստանը կը տեսնէ միայն առեւտուրի կեդրոն, շահու աղբիւր ու կը խռովի անկէ, երբ իր առեւտրական գործառնութիւնը իր ակնկալած շահը չ՛ապահովեր:

Մենք չենք ուզեր տեսնել այն նոր հայը, որ այլեւս հայ դպրոցը, հայ միութիւնը, հայ մշակոյթը անհրաժեշտ չի տեսներ հայութեան ինքնութեան պահպանման մէջ, այլ բաւարարուած կ՛ըլլայ տարեդարձէ տարեդարձ Ցեղասպանութեան յուշարձան այցելել կամ մահուան մահիճին իր վերջին օրերուն նուիրատուութիւն կատարել օտար հաստատութեան մը, յաւերժացնելու համար իր վաղուց կամովին մոռցած հայ անունը:

Մենք կարիքը չունինք այն նոր հայուն, որ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան կը ձգտի թեթեւցնելու համար Հայաստանի տնտեսական բեռը կամ կը բաւարարուի Թուրքիայէն ձեռք բերել իր սեփական կալուածներու նիւթական հատուցում: Ո՛չ ալ այն նոր տիպարին, որ Թուրքիոյ հետ իր գործառնութիւնով կամ կատարած զբօսաշրջական պտոյտներով կը պատրուակէ, որ կը նպաստէ հայութեան Դատին, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ գրաւեալ հողերու վերադարձին:

Այո՛, մենք նոր հայ տիպար պարտինք կերտել, որուն ջիղերն ու զգայարանքները ըլլան հայատրոփ, որ իր հայութեամբ ու ինքնութեան հպարտութեամբ յարգանք պարտադրէ օտարին, հայ նոր տիպար, որ չամչնայ իր ազգանունէն կամ հայութեան թերութիւններէն: Որ ընդունի նորը, զայն հայկականացնէ, անով բարելաւէ, բարեկարգէ հայութիւնն ու Հայաստանը ու պարզապէս օտարին նուագած ջութակին մէկ լարը չըլլայ ու այդ ջութակը նուագելով` մնայ օտարին ծառայութեան մէջ:

Անցնող հնգամեակը տագնապալի եղաւ Միջին Արեւելքի համար, որուն ժողովուրդին իբրեւ անբաժանելի մասը` տառապեցաւ նաեւ հայութիւնը: Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ մէջ կատարուող արիւնալի դէպքերը վտանգեցին նաեւ հայութիւնը: Ահաբեկչութեան գազանացումը հարուածեց շրջանի ժողովուրդները: Վնասուեցան նաեւ անհատ հայեր եւ հայկական հաստատութիւններ:

Պատերազմը իր ահաւորութեամբ հարուածեց մանաւանդ Սուրիան: Մեծապետական հաշիւներու կռուախնձոր դարձած Սուրիան ենթարկուեցաւ համաշխարհային յարձակումի, որուն մէջ գլխաւոր դերակատար եղաւ Թուրքիան` իբրեւ պետութիւն եւ գլխաւոր հովանաւորող իր վարքագիծին այդքան հարազատ եղող ահաբեկչութեան:

Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայութիւնը թրքական ուղղակի թէ հովանաւորուած հարուածներով թիրախ դարձաւ Քեսապի, Տէր Զօրի ու Հալէպի մէջ: Ընդհանուր աւերին աներեւակայելի քանդումին ու ապագայի անորոշութեան մէջ Սուրիոյ մեր քոյրերն ու եղբայրները բռնեցին գաղթականութեան ճամբան: Լիբանանն ու Հայաստանը եղան առաջին հանգրուանը, իսկ ուրիշներ հասան աւելի հեռու:

Սակայն հայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ Սուրիոյ մէջ: Իսկ քաղաքական լուծումը, որուն ջատագովը եղաւ Դաշնակցութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրէն, իր նախանշանները սկսած է տալ արդէն, ու յայտարարուած է Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի որոշումը:

Այնպէս` ինչպէս մեր կարելին ըրինք Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու օժանդակութեան համար, ամէն կարելի պիտի ընենք նաեւ վերականգնումի համահայկական գործին: Հակառակ որոշ դժուարութեանց, երբեմն անտեղի դժգոհութեանց, երբեմն արձանագրուած անհատական շահագործումի երեւոյթներուն` օժանդակութեան գործը պիտի շարունակուի, միաժամանակ նաեւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի յաջողեցնելու սուրիահայ մեր հայրենակիցներու տունդարձը` Սուրիա:

Սուրիոյ հայութեան վերադարձը ու հզօրացումը մեր հզօրացումն է: Սուրիոյ հայութիւնը ռազմավարական արժէք է եւ Հայ դատի պայքարի պատնէշ: Այդպէս ալ պէտք է մնայ:

Անցնող տարին, եթէ ոչ խոշոր ապահովական, սակայն գէթ քաղաքական անկայունութեան տարի մը եղաւ Լիբանանի համար, որ ի վերջոյ յաջողեցաւ ունենալ հանրապետութեան նախագահ, նոր վարչապետ եւ կառավարութիւն, ու խորհրդարանը սկսաւ իր աշխատանքներուն:

Հպարտօրէն կրնանք յայտարարել, որ տարիներու երկայնքով ՀՅ Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքական ուղեգիծը այս անգամ ալ ճիշդ դուրս եկաւ եւ մեր ընտրանքը յաղթանակեց: Այդ ընտրանքին երդուեալ հակառակորդներ, թշնամութեան գացող անզիջող կողմերը ի վերջոյ համոզուեցան, որ միայն երկխօսութեամբ լուծուող լիբանանեան տագնապին ելքը` զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրութիւնն էր` իբրեւ քրիստոնէական զօրաւոր կողմ ու ապա կառավարութեան մը կազմութիւնը վարչապետ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, յարգելով Լիբանանի բաղկացուցիչ համայնքներու եւ քաղաքական ուժերու արդար ներկայացուցչութիւնը:

Մենք յաջողեցանք պահպանել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, իրերամերժ կողմերու միջեւ փոխադարձ յարգանքի հիմամբ կշռադատուած յարաբերութիւն, եղանք երկխօսութեան ջատագով ու մասնակից:

Պայքարեցանք ու պիտի շարունակենք պայքարիլ Լիբանանի հայութեան քաղաքական ինքնուրոյնութեան եւ համայնքի իրաւունքներուն եւ շահերու պաշտպանութեան ի խնդիր: Մերժեցինք ու յաջողեցանք խորտակել մեզ լուսանցքայնացնելու ամէն մտածում:

Պարկեշտութեամբ գործեցինք մեր դաշինքներուն մէջ, նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք դեռ կարճ ժամանակ առաջ Դաշնակցութեան գործին ու վարքագիծին հանդէպ ժխտական վերաբերում ունէին: Մեր ձգտումն ու աշխատանքը եղաւ միշտ պահել ու զօրացնել ազգային համակեցութեան, քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ բաժնեկցութեան եւ գործունեայ մասնակցութեան սկզբունքները:

Մենք կը հաւատանք, որ հայը պարտի մնալ լիբանանցի տիպար քաղաքացի: Տիպար քաղաքացին, սակայն, վիզը ծուռ եւ իրաւազրկուած քաղաքացին չէ մեզի համար, այլ իր իրաւունքներուն տէր, պարկեշտ, հայուն արժանապատուութիւնը բարձր պահող քաղաքացին է:

Հայը Լիբանանի մէջ պատճառ չունի, իրաւունքը չունի ինքզինք պակասաւոր քաղաքացի զգալու: Բարդոյթ չէ, ու չի կրնար բարդոյթ ըլլալ Լիբանանի մէջ հայ քաղաքացի ըլլալ: Մենք հպարտ հայը կը տեսնենք Լիբանանի մէջ: Մենք յաւելեալ արժէք ենք հոս ու այդպէս պիտի մնանք:

Հակառակ քաղաքական բեմի ասեկոսեներուն, անհրաժեշտ է սահմանադրական ժամկէտները յարգելով` կատարել խորհրդարանական ընտրութիւններ Լիբանանի բոլոր համայնքներուն արդար ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական օրէնքով մը: Մենք պատրաստ ենք այդ ընտրութիւններուն մասնակցելու հիմնականին մէջ հայկական ինքնուրոյն որոշումը հայկական պահելու առաջադրանքով եւ, առ այդ, վերահաստատելու հայկական երեսփոխանական պլոքը, որուն դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ միշտ եղած է շինիչ, հաշտարար ու լիբանանակեդրոն: Այս իմաստով, չկան կանխատրամադրութիւններ, այլ գործակցութեան լայն կարելիութիւններ բոլոր այն ուժերուն եւ քաղաքական հոսանքներուն ու կուսակցութիւններուն հետ, որոնք կը յարգեն մեր այս սկզբունքները: Ընտրութիւնները կը դիտենք մէկ ամբողջութիւն, Զահլէէն Մեթն ու Պէյրութ եւ իբրեւ այդպիսին կը հաստատենք մեր գործակցութիւնները:

Այս իմաստով, մենք դէմ ենք անտեսումի եւ լուսանցքայնացման որեւէ փորձի` մեր համայնքին եւ իրաւունքներուն նկատմամբ: Անցեալէն եկած ու մեզի հանդէպ գործուած անարդարութիւնը կը վերանայ, երբ լիբանանահայ զանգուածները միասնաբար կարենան գործել ապահովելու համար Լիբանանի հայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի առիթով մեր կատարած խոստումները իրականութիւն սկսան դառնալ ժամանակի ընթացքին: Քաղաքական մարզի մէջ կատարուած աշխատանքներուն առընթեր, յաջողեցանք նպաստել լիբանանահայութեան երազը եղող Ազգային Միացեալ վարժարանը իրականութիւն վերածելու ճիգին, ազգային վարժարաններու ուսուցիչները արդարօրէն արժանացան իրենց իրաւունքներուն, պատուով յաջողեցանք քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն, մեր երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը յաւելեալ դերակատարութիւն ունեցաւ կուսակցական ու հասարակական կառոյցներուն մէջ, անոնք մասնակցեցան եւ իրագործումներ կատարեցին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած երիտասարդական – ուսանողական ճամբարներու, Կոտայքի շրջանը ստացաւ յատուկ գուրգուրանք, Արցախի քառօրեայ պատերազմը վերածուեցաւ լիբանանցի հայուն կոտտացող վէրքին, «Արցախ Ֆոնտ»-ն ու այլեւայլ ծրագիրներ շարունակեցին հասնիլ Արցախ, Հայաստան աւելիով ամրացաւ մեր սրտերուն մէջ, հայ կինը յաւելեալ դերակատարութիւն ունեցաւ մեր կուսակցական, ազգային-հասարակական կեանքին մէջ: Լրջօրէն հետեւեցանք ոչ հայերու հողավաճառքի եւ կալուածներու վաճառման հարցին: Դաշնակցութեան պատիժին ենթարկուեցան այս որոշումը խախտող կուսակցականներ: Գործնական քայլերով յաջողեցանք որոշ ներդրումներով թեթեւցնել ազգավնաս այս ընթացքը: Քաղաքապետութեան ճամբով կամ մեր քաջալերանքով իրագործման ընթացքի մէջ մտան շինարարական ծրագիրներ:

Այն, ինչ որ թուեցինք, մէկ մասն է աշխատանքին, որուն մասնակից եղաք դուք: Աշխատանք, որ պիտի շարունակուի նաեւ վաղը:

Դաշնակցութեան գործը դադար չի կրնար ճանչնալ ու միշտ կը շարունակուի:

Դաշնակցութեան գործին հաւատացող սիրելի հայորդիներ,

Համահայկական մեր ընդհանուր պայքարին մէջ Լիբանանի հայութեան դերը կը մնայ անփոխարինելի: Եւ մենք երդուած ենք ոչ միայն պաշտպանել այս ճակատը, այլ` ամրացնել զայն անպայմանօրէն: Եւ Լիբանանի ճակատի պաշտպանութեան այսօրուան հրամայականը Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանումն է:

Ինքնութեան պահպանման առաջին ամրոցը մեր հայահոծ շրջաններու Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի հայկական դիմագիծի ամրացումն է: Արեամբ պաշտպանուած այս շրջանները կարելի չէ ծախել դրամով: Մեր տղաքը հայեցիութեան եւ ինքնութեան պահպանման համար ինկան, ու ոչ ոքի արտօնելի է վաճառել արեամբ շահուածը: Չե՛նք կրնար արտօնել, որ արտագաղթած հայեր հիմա ալ դրամով վաճառքի հանեն իրենց ժառանգ մնացած կալուածները ու դժբախտաբար երբեմն նաեւ` իրենց ծնողներուն գերեզմանները:

Առ այդ, պահելով արգելքը, իբրեւ գործնական քայլ, կը յայտարարենք կազմութիւնը «Պուրճ Համուտի զարգացման ընկերութեան», որուն հիմնական նպատակն է պահպանել Պուրճ Համուտի հայեցի ինքնութիւնը: Նմանօրինակ ծրագիր նաեւ պիտի յառաջանայ Այնճարի համար:

Ինքնութեան պաշտպանութեան երկրորդ ամրոցը հայ ընտանիքն է` իր ծնողներով ու զաւակներով: Հայ ընտանիքը հիմնական արժէք է, եւ մենք նախանձախնդիր ենք անոր պահպանման` պահպանելու համար մեր ինքնութիւնը, մեր հայկականութիւնը: Տնտեսական, ընկերային, անձնական, հաւաքական տարբեր պատճառներով նահանջի մէջ է հայ ընտանիքը: Նահանջի մէջ է հայեցիութիւնը մանաւանդ հոս, հայ ընտանիքին մէջ: Հայկական աւանդութիւններէ հեռացում, արդիականութեան քողին տակ օտարացում, խառն ամուսնութիւններ, ամուսնալուծման տոկոսի բարձրացում, ազատ կենակցութիւն, ընտանիքէն դուրս կեանքի շարունակութիւն` կը հարուածեն մեր ինքնութիւնն ու ընտանիքը:

Առ այդ, ու հաւատալով հանդերձ, որ հայ ընտանիքի պահպանման մէջ հիմնական դերակատարն է Հայ եկեղեցին ու հայ դպրոցը, պաշտօնապէս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով կը յայտարարենք հիմնադրութիւնը երեք ֆոնտերու:

Առաջին` Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ

Այս ֆոնտը յանձն կ՛առնէ հայ զոյգերու պսակի բոլոր ծախսերը, իրենց պատկանող ծուխերուն մէջ, արտօնագիր, տոմարի արձանագրութիւն եւ խորհրդակատարութիւն:

Երկրորդ` Հայ մանուկի ֆոնտ

Այս ֆոնտը յանձն կ՛առնէ հայկական անունով մկրտուող երեխային մկրտութեան եկեղեցական ծախսերը:

Երրորդ` ընտանիքի բազմացման ֆոնտ

Այս ֆոնտը յանձն կ՛առնէ հայթայթել հայ ծնողներէ ծնած երրորդ եւ աւելի նորածիններու ծննդեան պարգեւ, նուազագոյնը` 2000 տոլար: Այս ալ թող ըլլայ մեր թշնամիին դէմ մեր օրօրոցային վրէժը:

Հայկական ինքնութեան պահպանման երրորդ ամրոցն է հայ ուսանողը եւ անոր կրթութիւնը: Մեր ժողովուրդի զօրացման, պողպատացման հիմնական դերակատարն է հայ ուսանողը: Առ այդ, կը յայտարարենք, հաստատումը Հայ ուսանողի ֆոնտի, որ համալսարանական կրթաթոշակի իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ ուսանողներու համալսարանական կրթութեան` Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններու մէջ:

Հայկական ինքնութեան պահպանման չորրորդ ամրոցն է մեր երիտասարդութիւնը, մեր կեանքը ուժական դարձնող եռուն այս տղաքն ու աղջիկները, մեր զաւակները, քոյրերն ու եղբայրները, մեր պատանիները, աշակերտները, արհեստաւորներն ու աշխատաւորները: Անոնք են մեր գանձը, հայութեան Դատին պայքարի ողջ զինամթերքը:

Անոնք են գուրգուրանքի ու տեւական հոգածութեան արժանի հաւաքականութիւնը, ու միաժամանակ թիրախ` մեր ինքնութիւնը, հայեցիութիւնն ու արժանապատուութիւնը քանդելու միտող հարուածներու: Օրէ օր կ՛ուռճանայ ընկերային ախտերու երեւոյթը: Ազատութեան քողին տակ, մեր տղաքն ու աղջիկները, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, կ՛իյնան ինքնաքանդումի ճիրաններուն մէջ: Զանազան ախտեր, բարոյականի անյարիր երեւոյթներ, արդիականութեան համար ինքնամոռաց վիճակներ, ընկերային ցանցերու վրայ երեւցող անճոռնիութիւններ, թմրամոլութիւն եւ մասամբ նորին մեզ կը դնեն վտանգներու առջեւ, որոնց դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ:

Այս ախտերը հայ երիտասարդը կ՛առաջնորդեն զեղծարարութեան, գողութեան, ոճիրի, անձնասպանութեան, ընտանիքի քանդումի ու կորուստի:

Հաւաքական այս տագնապը հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կը պարտադրէ: Ու մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, որուն հանդէպ հաւատք ունիք դուք, սիրելիներ, ի՞նչ ընենք:

Լռե՞նք, ձեռնածա՞լ մնանք: Ձգենք որ մեր զաւակները իյնան մոլորութեանց գի՞րկը:

Լքենք զանոնք, սպասենք անոնց աստիճանական կորուստի՞ն:

Ձգենք, որ մեր մայրերը այրի մնան, զաւակները որբ, ծնողները անզաւակ ու շարունակեն ողբալ անոնց կորո՞ւստը:

Կ՛արտօնէ՞ք, որ մենք անտարբեր մնանք հաւաքական այս չարիքին դիմաց:

Անհրաժեշտ են կանխազգուշական միջոցառումները` այո՛: Անհրաժեշտ են քարոզչութիւնն ու դարմանումը` վստահաբար:

Բայց անբաւարար են միայն այս քայլերը:

Մենք չենք կրնար, իրաւունքը չունինք ձեռնածալ մնալու ի տես այս երեւոյթին: Ու պարտաւոր ենք զգուշացնելու բոլորը, թմրամոլը, թմրեցուցիչը տարածողը, անոր գործածութիւնը դիւրացնողը, թմրեցուցիչի վաճառականը, որ մեր երիտասարդները չեն կրնար թիրախ մնալ մութ ծրագիրներու կամ վաճառականական շահերու:

Մենք տէրն ենք այս ժողովուրդին, ծառան ենք անոր, բայց մանաւանդ` պաշտպանը: Պիտի չարտօնենք, որ այս չարիքը շարունակէ հարուածել մեր երիտասարդութիւնը:

Սիրելի՛, արժանապատիւ հայեր,

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակով սկսած ու 126-ամեակով շարունակուող ներկայ փուլի մեր կեցուածքները կարգախօսներ չեն, այլ` գործնական աշխատանքներ:

Չենք քննադատեր խօսողները, բայց մեզի համար գործն է կարեւորը:

Այն վստահութիւնը, որ դուք կու տաք մեզի, մեր վիզերուն, ճիտին պարտքն է:

Այն նեցուկը, որ կու տաք մեզի, յաւելեալ կռանումով կը յանձնենք մեր ժողովուրդին:

Հսկայ ծրագիրներով կը ներկայանանք այսօր: Տարիներու համբերութիւն, յարատեւութիւն, ճիգ ու ջանք պահանջող, քրտինք ու կեանք պահանջող աշխատանքներ են անոնք:

Դուք արժանի էք աւելիին:

Մենք պատրաստ ենք ձեր զօրակցութեամբ աւելին կատարելու:

Պահանջեցէք մեզմէ ու մենք պատրաստ ենք,

միասնաբար պահելու մեզի ժառանգ ինկած աւանդը` ի խնդիր հայութեան ամրութեան, ի խնդիր մեր ժողովուրդի յաւերժութեան:

Կեցցէ՛ք դուք, սիրելի՛ նուիրեալներ,
Կեցցէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը,
Կեցցէ՛ մէկ ու ամբողջական հայութիւնը,
Կեցցէ՛ ամբողջական Հայաստանը:

Նախորդը

Կայուն Զարգացումը Հնարաւոր Է Միա՛յն Արդար Հայաստանում

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?