Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փա՜ռք, Մեր Երկրորդ Արարատին` Հայոց Դիւցազուն Բանակին (28 Յունուար)

Յունուար 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պէտք չէ թոյլ տալ, որպէսզի հակառակորդը մտածի թուլութեան մասին հայկական կողմից, եւ, որպէսզի դրա զգացումն ազրպէյճանական կողմը չունենայ, անյապաղ պէտք է հզօր կրակ բացել 10, 100 անգամ աւելի, քան նրանք:

Զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանց
(Նախկին սպայակոյտի պետ,
արցախեան պատերազմի հերոս)

«Ազդակ», 23 դեկտեմբեր 2015

Իւրաքանչիւր հայ կրնայ հարց տալ, եւ արդարօրէն, թէ հայութիւնը ունի մէկ Արարատ, որուն գագաթին յաւերժ կը հանգչին երկու գանձեր, սպիտակաթոյր ձիւնը, որ հրաշք բնութեան կողմէ տրուած պարգեւ մըն է, իսկ միւսը` աստուածութիւններու մշտնջենական բնակավայր ըլլալու հանգամանքը:

Ի զուր չէ, որ հազարամեակներու թաւալքին հետ մեր սրբազան լեռը կրցած է տոկալ եւ իր հովանիին տակ պահել ու պաշտպանել բուռ մը ժողովուրդ, ազգային իր առանձնայատկութեամբ եզակի, ստեղծած մշակոյթով եւ պատմութեամբ անկրկնելի:

Արդ, ի՞նչ բացատրութեամբ եւ հիմնաւորումով հայոց բանակը կը նմանցնենք մեր սրբազան լերան, երբ անոր հուժկու, կաշմբուռն եւ երկնամերձ գագաթին վրայ պատուով կայք են հաստատեր հայոց աստուածութիւններու ոգին, եւ որուն շնորհիւ հայն ու Հայաստան կրցեր են գոյատեւել եւ վերապրիլ պատմութեան խորերէն ի վեր:

Աւելի՛ն. գոյութիւն ունի՞ բնութենական հրաշալիք մը, գեղեցիկ պատկեր մը, տարերային ուժ մը, ինքնահաստատ վիթխարի պատուանդան մը, դէպի տիեզերք սլացող քառակերտ յուշարձան մը, ուժի եւ կամքի ներշնչման հսկայ տաճար մը, որքան է պարագան հայոց սրբազան լերան` Արարատին:

Իրօք, գոյութիւն չէ ունեցած, ու պիտի չունենա՛յ այսուհետեւ նման հրաշալիք, գէթ մեզի` հայերուս համար, որովհետեւ երկրագունդի ստեղծումէն ասդին Արարատի շունչն ու ոգին գերազանցող ոչ մէկ երեւոյթ արձանագրուած է բոլոր ժամանակներուն: Ան մնացած է անգերադասելի իբրեւ տիրական ներկայութիւն,  հմայող ատրուշան  եւ անպարագծելի խորհուրդներ պարփակող լեռնաշխարհ:

Հայո՜ց լեռնաշխարհ:

Հայո՜ց բանակ:

Երկու սրբատաշ արժէքներ, որոնք իրարմով կրնան ապրիլ միայն, իրարու թեւ եւ թիկունք տուած, կրնան պաշտպանուիլ միանգամայն, զիրար ողջագուրելով եւ սնուցելով կրնան տոկալ յաւիտեան: Սա է եղած դառն պատմութեան թելադրանքն ու պահանջը, մարդկային կեանքի խաղն ու պարտադրանքը:

Փաստօրէն, նման պատկառելի խորհրդանիշի մը պաշտպանութեան կոչուած ազգ մը, ճաշակելէ ետք բարբարոս թշնամիներու սպանդներն ու յարձակումները, բնաջնջումի պատերազմներն ու ճիւաղային ծրագիրները, կրկին յառնած է ու լծուած ինքնապաշտպանութեան` յանուն ազգին ու հայրենիքի գոյատեւման:

Իսկ ո՞վ կրնար ընել նման աստուածահաճոյ սխրանք, եթէ ոչ բուռ մը ֆետայի տղաներ, որոնք օր մը Մամիկոնեանք հռչակուեցան, ուրիշ դարեր Դաւիթ Բէկի հարազատները դարձան, աւելի ուշ Սասնայ լեռներու մկրտութիւնը ապրեցան, հասան Սարդարապատի մարտադաշտ ու Հայաստան կերտեցին, եւ ժամանակի թաւալքին հետ միասին, այսօր, անոնք` իբրեւ մերօրեայ հայոց բանակայիններ կը շնչեն ազատ ու անկախ հայրենիքի հողին վրայ, իբրեւ մարտունակ, կայացած, ուժեղ ու պատուախնդիր տղոցմով կազմաւորուած բանակի գունդեր:

Եւ, կեանքի դարադարձիկ մէկ փուլին, արցախեան գոյամարտի թոհուբոհէն ծնունդ կ՛առնէին աննման ֆետայական փաղանգներ, որոնք, շնորհիւ իրենց արիական ցեղի պատկանելիութեան, հրաշքներու համազօր սխրանքներ կերտեցին ու փրկեցին ազգը ստոյգ բնաջնջումէ:

Այսօր հայոց պետականութեան հովանիին ներքեւ կը գործէ հայոց բանակը, որուն ազգային գաղափարախօսութիւնն ու մարտունակութեան ոգին խարսխուած են Նժդեհեան ուսմունքի ակունքներուն: Մեր հզօր բանակը, թէեւ 25-ամեայ, արդէն կրցած է նուաճել արհեստագիտութեան թէ արհեստավարժութեան բարձունքներ, անիկա տիւ եւ գիշեր լծուած է` անկոտրում կամքով եւ բացառիկ անձնազոհութեամբ տէր կանգնելու իր ժողովուրդին, անվհատ պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները եւ թշնամի հորդաներու ցոյց տալու հայ բազուկի գերազանց տոկունութիւնը:

Այլ խօսքով, առանց հայոց բանակի տիրական ներկայութեան եւ աննման տղոց ամէնօրեայ սխրանքին, մութ եւ տխուր է հայ իրականութեան պատկերը, խեղճ վիճակ կրնայ պարզել հայութեան ապագան: Անփոխարինելի են հայ զինուորին շունչն ու ոգին, կամքն ու ժպիտը, նոյնիսկ պատերազմի ժամանակներուն, որովհետեւ ան է միակ երաշխաւորն ու ապաւէնը վերանկախացած հայրենիքին գոյատեւման:

Ամբողջ աշխարհին ծանօթ են արցախեան պատերազմի թէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ հայ մարտունակ բազուկի գործած քաջագործութիւններուն, հայ սրբազան տղոց նուիրումին եւ հայրենապաշտպանութեան օրինակները, երբ բուռ մը երիտասարդներ, ապաւինելով իրենց սեփական ուժին ու կորովին, մտքին ու արեան կանչին ծունկի բերին թշնամի բանակներ թէ վարձկան խաբշիկներ:

Փաստօրէն, ինչպէս արցախեան գոյամարտին, նաեւ մինչեւ այսօր (ապրիլեան քառօրեայ մարտեր), հայ երիտասարդ զինուորը, իր կողքին ունենալով հայ սպայի եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին աջակցութիւնն ու օրհնութիւնը, կրցաւ հրաշքներ գործել, խայտառակել եւ զգետնել թուրք-ազերի մարդակերներ, որոնք եկած էին դարանակալ ու յանկարծակի` հայութիւնը բնաջնջելու  մտադրութեամբ:

Իրօք, հայոց բանակի 20-ամեայ զինուորը, շնորհիւ իր զգօնութեան, ազգային բարձր գիտակցութեան եւ Արարատի նման անսասան կամքին, իր սէգ ճակատը ցցեց վեհերոտ թշնամիին փամփուշտներուն դէմ, իր առնական կուրծքը պարզեց ահաւոր ռումբերուն դէմ, չվախցաւ, չնահանջեց, չթուլցաւ եւ պաշտպանական խրամատներուն մէջ  երկնեց նորօրեայ յաղթանակը` Արարատի յաղթանակը:

Յաղթանակ, որ իր տարողութեամբ եւ խորհուրդով չի զիջիր Բաշ Ապարանի թէ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն, այն առումով, որ, եթէ երբեք հայ զինուորն ու սպան չգիտակցէին պահուան լրջութեան ու վտանգին, մինչեւ վերջին փամփուշտ եւ շատ անգամ առանձին չկռուէին բարբարոս թշնամիին դէմ, իրենց զուլալ արեան շիթերով չշաղախէին հայրենի սուրբ հողը, ապա հայութեան ու հայրենիքին այսօրը այլ բնոյթ եւ կերպարանք պիտի ստանար:

Ըսած ենք յաճախ, որ թուրք-ազերին ու թրքութիւնը գրեթէ ամէնօրեայ ձեւով կ՛որոճայ հայատեացութիւնը եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իրականացնելու իր թուրանական խենեշ ծրագիրը: Սա արեւու լոյսին պէս յստակ պէտք է ըլլայ հայոց պետականութեան եւ ազգային բանակի իւրաքանչիւր անհատի համար:

Ահա թէ ինչո՛ւ Արարատի մը չափ արժէքաւոր է հայոց բանակը, որուն բացակայութեան կամ տեղատուութեան չկայ հայութիւն, ազգ ու հայրենիք:

Արդ, վերոնշեալ մտորումներու լոյսին տակ, ինչպիսի՞ գործնապաշտ եւ գիտականացած գործելակերպեր կ՛ակնկալուի հայոց պետականութենէն, բայց մանաւանդ` հայ ժողովուրդէն, ամէն քայլափոխի տիրութիւն ընելու ազգային ոգիով հարուստ այս կառոյցին:

Անփոխարինելի կառոյցին, որ կոչուած է ըլլալու ազգ-բանակ ամենաճիշդ ռազմավարական յղացքին կորիզը: Իսկ նման հայեցակարգ սնուցելու համար, հայրենի պետութիւնը ունի կատարելիք բազմաբնագաւառ աշխատանք, որպէսզի ամուր, կայացած եւ տնտեսապէս ուժեղ պետութեան հովանիին տակ գործէ ազգ-բանակ դրոյթը, որուն նախնական արտայայտութիւններուն ականատես եղանք ազգովին, երբ ժողովուրդը զօրակոչուեցաւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:

Միւս կողմէ, թերի եւ անհեռանկար կը մնայ նման ռազմավարական յղացք, եթէ երբեք անմասն կը մնայ սփիւռքահայութիւնը իր բոլոր շերտերով: Ահա այս է մեծագոյն մարտահրաւէրը, որուն իրականացման պէտք է ձգտի պետութիւնը:

Հայոց պետութիւնը պարտաւոր է, եթէ յապաղած ալ չէ, իր բոլոր կարելի միջոցներն ու կարելիութիւնները ի սպաս դնելու` այդ մէկը յաջողցնելու ի խնդիր: Ճիշդ պիտի ըլլայ առանց թմբուկի եւ աղմուկի լծուիլ ե՛ւ կազմակերպչական, ե՛ւ վարչական, ե՛ւ տնտեսական աղբիւրներու յանձանձումին եւ ապահովման:

Հայ քաղաքական միտքը, կորսնցնելով իր ճկունութիւնը, թէեւ կ՛ապրի որոշակի խարխափումներ, այլապէս ալ պարտաւոր է պետական հասունացման մակարդակի հասցնել ռազմավարական մտածողութիւններու շքերթը եւ շուտափոյթ լծուիլ անոնց յաջողութեան: Ժամանակի գործօնը բացառապէս հայութեան դէմ կը գործէ, դարաւոր թշնամին կը սպառազինուի, իսկ այսպէս կոչուած բարեկամ երկիրներ առաջնահերթ կը նկատեն իրենց տնտեսաքաղաքական խայտաբղէտ ծրագիրները:

Հայութեան ո՛չ գիտութիւն, ո՛չ մարդուժ ո՛չ ալ նիւթական կը պակսի ըլլալու յառաջադէմ, զարգացած ու կայացած երկիր: Պարզապէս հարկ է անդրադառնալ սխալներու եւ բացթողումներու, հեռու մնալ ստուերային գործելակերպերէ, առանց ուշացումի ձերբազատիլ պետական մակարդակի փտածութենէ եւ լծուիլ հայութեան ներուժի օգտագործման:

Փաստօրէն, ցարդ կարգախօսերու եւ ցանկութիւններու բարբաջանքներ կը լսենք, հայութեան ներուժի օգտագործման իմաստով: Հայութեան ստուար տոկոս մը հեռու է ազգային կեանքէ եւ հայրենիքի կարօտէ: Զո՞վ մեղադրել:

Այսուհանդերձ, հարկ է խոնարհիլ անզուգական հոգիի ու կամքի տէր հայ զինուորին ու սպային դիմաց, որ առանց երկմտանքի եւ անվեհեր կռուեցաւ թշնամիին դէմ, զարկաւ ու զարնուեցաւ, փշրեց յարձակող վարձկաններու ատամներն ու կորովը եւ իր հերոսի արքայութիւնը պարտադրեց բոլորին, թշնամիին ու բարեկամին:

Մատնանշումին լաւագոյն ապացոյցը 2016-ի ապրիլեան մարտերն էին, երբ նորահաս զինուորն ու փորձառու սպան կողք-կողքի, թեւ-թիկունքի կռուեցան հայոց խրոխտ լեռներու լանջերուն, բլուրներուն, պաշտպանական խրամատներուն մէջ եւ միասնաբար երկնեցին հայոց նորօրեայ փառքը:

Արդ, հայ զինուորի ասպետական ու բռնցքացած հոգիին մեծութիւնը պէտք է մնայ անգերազանցելի, դառնայ նշխար ոգեւորութեան եւ մասունք` յարգանքի:

Ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ Արարատի գագաթին սաւառնող հայոց աստուածներու ոգեկան ներկայութեան եւ խանդավառ կշռոյթին հաւատարիմ կրնայ ըլլալ միայն հայոց բանակը, որ գիտէ անսակարկ նուիրել իր թանկագինը` կեանքը,  ապրելու եւ ապրեցնելու Արարատին հասնելու մեր դարաւոր երազանքը:

Փա՜ռք, հայ զինուորին:

 

 

 

Նախորդը

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայ Մամուլի Արթուն Պահակն Ու Անկաշառ Պատգամախօսը

Յաջորդը

Տօնդ Շնորհաւոր` Հայկական Բանակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?