28 յունուարին կը նշենք մեր ազգային սրբազնագոյն տօներէն մէկը` Հայոց բանակին տօնը:
Պատմական հերոսամարտերու, ազատագրական պայքարի երկունքէն ծնունդ առած ու անկախ մեր հայրենիքի անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը հանդիսացած հայոց բանակը մեր ազգային հպարտութիւնն է:
Հայոց բանակն է հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան մարմնացումը: Բանակին ծառայող մեր մարտունակ զինուորները ոչ միայն մեր հայրենիքին սահմանները կը պաշտպանեն, այլեւ` մեր ժողովուրդին ազատ ու մեր պետութեան ինքնիշխան ապրելու եւ բարգաւաճելու իրաւունքը, աւելի՛ն, անոնց ծաղկումին նպաստող խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Հայոց բանակի քաջարի զինուորները մեր տարածքները լոկ աշխարհագրական իմաստով չէ, որ կը պաշտպանեն. անոնք կը պաշտպանեն համայն հայութեան հայրենիքը Արցախէն Հայաստան ու հայրենիքի պաշտպանումով կանգուն կը պահեն համայն հայութեան ազգային գոյութեան պատուանդանը:
Անոնք, իրենց հայեացքը յառած Արարատին, դէմ կը դնեն մեր ոսոխներու մշտական ոտնձգութիւններուն` քաջ գիտնալով, որ անհաւասար ուժի դէմ անգամ յաղթական է այն բանակը, որ կը մարտնչի յանուն արդարութեան, յանուն իր սուրբ հողին, յանուն իրաւունքի:
Նիկոլ Դումանի, Նժդեհի, Դրոյի, Թաթուլ Կրպէեանի, Աշոտ Ղուլեանի արիութեամբ սնանած հայոց բանակը իր կազմութենէն մինչեւ օրս թէեւ ճակատագրական մարտեր մղեց ու թանկագին հերոսներու գարուն կեանքը զոհ տուաւ, սակայն գօտեպնդուեցաւ, պատմութիւն կերտեց ու տարուէ տարի զարգացաւ, արդիականացաւ` դառնալով տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ ու հայրենասէր բանակը: Այլ կերպով կարելի չէ բացատրել ազերի hորդաներուն դէմ դնող 19-ամեայ մեր զինուորներուն քաջութիւնն ու յանդգնութիւնը: Թշնամիին արդիական զէնքերն ու լարախաղաց դաշնակիցներն անգամ ի զօրու չեղան տկարացնելու հայ զինուորին կամքն ու մարտունակութիւնը:
Այսուհանդերձ, հայոց բանակին զօրավիգ կանգնելու, անոր գերարդիականացման նպաստելու կոչուած ենք ազգովին, որովհետեւ հայոց բանակը համայն հայութեան բանակն է, անոր գոյերթին հիմքը, համահայկական շահերուն հիմնական պաշտպանը:
Տարածաշրջանային եւ հայկական վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ պատերազմի մէջ թէ խաղաղութեան, երկրի մը կայունութեան հիմնական երաշխիքը անոր հայրենասէր ու ազգասէր բանակն է:
Զօրավիգ կանգնինք մեր ազգային հպարտութեան` հայոց բանակին ու նուիրումի իր ոգին փոխանցենք նորահաս սերունդներուն, որպէսզի կերտենք հայրենասէր ու յանձնառու հայորդիներ` հայոց բանակի զինուորագրեալներ:
«Գ.»