Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն (Ձբ.). Հալէպին Ազատագրումը…

Յունուար 30, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Այս անգամ անձրեւը չէր լար, ինչպէս կը սիրեն ներկայացնել ռոմանթիկ բանաստեղծները: Ընդհակառա՛կը, ձայնակցելով հրաձգութեան որոտմունքին` տեղատարափը կ՛աւետէր ազատագրումը մեր հնգամեայ գերութենէն:

Ան, որ (ինծի պէս) տակաւին տեղեակ չէր լուրէն, ահաբեկուած էր, թէ ոճրագործներու հերթական գրոհը յաջողեր է, անոնք քաղաքի կեդրոն հասեր են ու հոս կը կրակեն արդէն: Ուրեմն` կծկտէ՛ ու սպասէ՛ ճակատագիրդ:

Մինչդեռ հայրենիքը ազատագրող մարտիկներն են,  որոնք իրենց հրճուանքին ելք կու տային` տարբեր զէնքերէ այնպիսի տարողութեան կրակահերթերով, որոնցմով կը դղրդար քաղաքը: Հոգ չէ, թէ այդ հրճուանքին զոհ երթային անցորդներ…

Գերութեան հինգ տարիներուն մեր երազանքի գագաթը եղած էր այդ` «Ալ վերջանա՜ր…», իսկ հիմա, երբ իրականութիւն էր այդ, ուրախանալու իսկ կը տատամսէինք: Աւելի իշխող էր կասկածը` իրա՞ւ… վերջնակա՞ն…

Քանի՜ քանի՛ անգամներ եղան շուտափոյթ ազատագրումի խոստումներ, քանի՜ քանի՛ անգամներ հաւատացինք ու ապա ինկանք խոր հիասթափութեան մէջ, թէեւ ամէնքս ալ կը հասկնայինք, որ շատ բարդ ու մեծ թիւով զոհեր պահանջող գործողութիւն մը պիտի ըլլար հազար-հազարաւոր ու կատարելապէս սպառազինուած ոճրագործներէն քաղաքը ազատագրելը:

Համատեղ ծրագիրը կատարեալ կերպով մշակուած էր ու իրականացաւ քայլ առ քայլ` շնորհիւ ոչ միայն բանակի, այլ դիւանագիտութեան, ուր փոքր չէր հիւսիսի եղբօր դերը:

22 դեկտեմբեր 2016-ին յայտարարուեցաւ ահաբեկիչներու վերջին խումբերուն արտաքսումը Հալէպէն ու քաղաքին կատարեալ ազատագրումը: Պարզուեցան սահմռկեցնող փաստեր, յայտնաբերուեցան ոճրագործներու բազմաթիւ զինապահեստներ, ուր այլազան զինամթերքի այնպիսի հսկայական պաշարներ կուտակուած էին, որոնցմով անոնք կրնային տարիներով պատերազմիլ, քաղաքը ամայացնել ու կատարեալ աւերակի վերածել: Ու հոն լա՜յն շունչ մը կ՛առնես, կ՛օրհնես այս ռազմավարութիւնը մշակողները:

Ազատութեան առաջին իսկ փաստը տրուեցաւ, երբ բազմաթիւ գոց փողոցներէ հանուեցան արգելապատնէշները, Սուլէյմանիէի մայր պողոտան եւ ուրիշ բազմաթիւ փողոցներ տիրացան իրենց իրաւունքին` եղան ինքնաշարժներուն երթեւեկելի: Ճիշդ է որ մեր սովորութիւնը խանգարուեցաւ, տարիներէ ի վեր հետիոտնի ճեմավայր փողոցները ինքնաշարժները գրաւեցին, բայց յանուն ազատութեան` կրնանք այդ զոհողութիւնը ընել…

Յաջորդ անհաւատալին Ճիտէյտիէի միջնադարեան նեղ թաղերէն անցնիլն ու կարենալ բերդ երթալն էր: Ինչպիսի՜ հրճուանք, երբ կանգուն է քաղաքին խորհրդանիշը, թէկուզ իր բնակիչներուն պէս` վիրաւոր: Մարդիկ խուռներամ ուխտի գացին հոն` վստահանալու անոր գոյութեան հրաշքին ու նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու, որ տոկացեր էր ու կը պահէր քաղաքին դէմքը:

Հալէպին ազատագրումը այդ օրերուն այլ խորհրդանիշ մը եւս ունեցաւ, որ շուտով աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւեց` Ազիզիէի հրապարակի Կաղանդի ծառը… լուսաւո՜ր, շողշողո՜ւն… Ու ժողովուրդը հրապարակը վերանուանեց «Տօնածառի հրապարակ»…

Հայերը… որ իրենց թուաքանակին համեմատութեամբ մեծ վնասներ կրողներէն էին, եղան նաեւ առաջին ուրախացողներու կարգին, վերակառուցումի, վերանորոգումի ծրագիրները մէջտեղ դրուեցան: Ուխտի գացին թէեւ վիրաւոր, բայց բարեբախտաբար կանգուն Ս. Քառասնից Մանկանց  հնամեայ եկեղեցի, այրուած, սակայն չխոնարհած Ս. Գէորգ, նաեւ հայոց բերդ- խորհրդանիշերէն մին` տարիներով հարուածի թիրախ դարձած Ճեմարան:

Կատարեալ տօնախմբութիւն ընելը տակաւին կանուխ է, քանի որ երկիրը լման չէ թօթափած ոճրագործներու հորդաները, ու քաղաքն ալ  տակաւին  կարելիութիւնը չունի մեծ հրավառութիւններու ու տօնակատարութեան, բայց կու գայ նաեւ ա՛յդ օրը, կ՛ուզե՛նք հաւատալ, մանաւանդ որ ժողովուրդը սկսած է Սուրիոյ դրօշակին քովը նաեւ ռուսականը ծածանել ու «Ծառի հրապարակին» մէջ տոքթ. Պաշշարին հետ քով-քովի կախուած է Փութինին մեծադիր նկարը…

Այս ուրախութեան մէջ մեր միակ տհաճութիւնը դարձեալ Թուրքիոյ յաղթական դիրքն է: Կրկին անգամ կրցան ճկուիլ, ծռմռիլ, կրկին կրցան տէր փոխել, կրկին անգամ յաջողեցան իրենց դիրքը շահագործել (որ սորվիլը հայ դիւանագէտներուն ալ չէր վնասեր), կրկին անգամ քաղաքական հրապարակի վրայ ո՛չ թէ ապտակ, այլ իրաւարարի կամ կարգաւորողի դեր ու դիրք ստացան: Կրկին «Հիւանդ մարդը» առողջացաւ ու կարկանդակի մեծ բաժին առնելու վրայ է… Ահա՛ քաղաքականութեան յարափոփոխ դէմքը…

Կ՛ուզե՛նք հաւատալ Հալէպի ազատագրումին, բայց…

Պատերազմի անցնող վեց տարիներուն երկրին բնակչութիւնը մեծ տոկոսով քաղաքական մեկնաբան դարձաւ, ու որպէս այդպիսին` անոր մէջ արթուն պէտք էր ըլլար դիտող, համադրող ու վերլուծող միտքը: Ահա ա՛յդ է, որ արթուն է մեր մէջ ու կը խանգարէ կատարեալ հաւատքով նայիլ Հալէպի վերջնական ազատագրումին կամ այս աւազակային պատերազմի աւարտին: Ամերիկայի կամակատար մեծ պետութիւնները պիտի ընդունի՞ն այս պարտութիւնը, թէ՞ կը սպասեն նոր նախագահին կողմնորոշումը` նոր ծրագիրներ իրագործելու համար: Ամէն պարագայի` մնալով քեռիէն կախեալ:

ՄԱԿ-ի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը (անտարակո՜յս` կրթուած անձ մը) վերջերս կրկին իրենց յօրինած սուտին ժանգոտած անիւը կը դարձնէր, թէ Սուրիոյ նախագահը իր ժողովուրդը կը կոտորէ, թէ իրենք անկարող են անտարբեր մնալ տառապող մարդոց վիճակին… (Օ՜,Օ՜, Օ՜…) ու յանկերգը կ՛երգէր` ինք ալ բացակայ իր ստանձնած դերէն: Կը նայէի անոր` «gentlema՜n» ու կը խղճայի իր հոգիին սնանկութեան, հոգին սատանային ծախած ըլլալուն` յանուն ո՛չ թէ կատարեալը գտնելու ֆաուստեան երազանքի, այլ… յանուն դրամի, միա՛յն դրամի…

Ձայնս լսելի պիտի չըլլար անոր խօսելու համար, ու իմ ըսելիքս, արեւելեան կատարեալ անվրդովութեամբ, ըսաւ Չինաստանի ներկայացուցիչը` «Կը բաւէ՛ թունաւորէք մթնոլորտը…»: Խօսքի մէջ ժլատ արեւելքցին ըսել ուզեց` «Պարո՛ն, դուք  առանց շիկնելու կը ստէք, կը յերիւրէք հոս, բոլորիս ներկայութեան, ու շատեր ալ, թէեւ կը գիտակցին ձեր սուտին, սակայն կը լռեն, ուրեմն անոնք եւս ստախօս ու մարդասպան են…»:

Անգլիացին վեր նայեցաւ` խորհելով, թէ կ՛անձրեւէ…

Այսուհանդերձ, հաւատա՞նք Հալէպի վերջնական ազատագրումին: Թող ե՛ս ըլլամ թերահաւատը, սակայն նայելով շրջակայ երկիրներու վիճակին, մեծ պետութիւններու պայթուցիկ յարաբերութեանց, քաղաքական դաշտի մթութեան ու քաոսին` ուրախանալու կարողութիւն չունիմ: Պարզապէս պէ՛տք է հաւատալ, քանի որ Քրիստոս պատգամեց, որ հաւատքը կը փրկէ:

Հաւատա՛նք, սակայն սուրը պատեանը չդնենք, քանի որ, ինչպէս Իսահակեան կը պատգամէ`

Գիտցէ՛ք, քնում են գետերն ու քամին,

Սակայն չի քնում երբեք թշնամին…

Աւարտ
«Սուրիական օրագրութեան»

Նախորդը

Երփներանգ Բանաստեղծութիւններ

Յաջորդը

Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ…

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?