Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Դէմ Համատարած Պայքար Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Սեպտեմբեր 10, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի մէջ Հայ եկեղեցւոյ դէմ համատարած պայքարը եւ հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու նկատմամբ ահաբեկչական քաղաքականութիւնը լայն ծաւալ ստացած էր:

Ազրպէյճանական իշխանութիւններու սանձարձակ ճնշումներուն հակառակ, Արցախի տարբեր բնակավայրներէն պարբերաբար համախօսական գրութիւններ ու խնդրագիրեր կ՛ուղղուէին Սուրբ Էջմիածին` իրենց համար հոգեւոր հովիւներ ձեռնադրելու եւ նշանակելու համար:

Սակայն խորհրդային իշխանութիւնները ճնշում կը գործադրէին հոգեւոր իշխանութիւններուն վրայ եւ արգելք կը հանդիսանային, որպէսզի ոեւէ հոգեւորական չուղարկուի Արցախ:

Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն յաջորդ քայլը եղաւ արգիլել եկեղեցիներուն համար նուիրատուութիւններու հաւաքումը:

Հայոց սրբութիւնները եւ հաւատացեալներու զգացումները անարգելու մոլուցքէն տարուած, ազրպէյճանական իշխանութիւնները եկեղեցիներու խորաններէն սկսան հակաքրիստոնէական  ելոյթներ կազմակերպել:

Խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքին գտնուող միւս թեմերն ալ թէեւ բարւոք պայմաններու մէջ չէին գտնուեր, սակայն Արցախի թեմի պարագային անհամեմատ աւելի ծանր պայմաններ ստեղծուած էին:

Գանձակի հայոց առաջնորդ Լեւոն եպիսկոպոս 7 փետրուար 1924-ին Սուրբ Էջմիածին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին ուղղած իր զեկուցագիրին մէջ, ներկայացնելով ազրպէյճանական իշխանութիւններուն բռնաճնշումները եւ կամայականութիւնները թեմին եւ անձամբ իր նկատմամբ, կ՛աւելցնէր. «Այս դրութիւնը աւելի տգեղ պատկերով կայ Ինքնավար Լեռնային Ղարաբաղում եւս:… Ընդհանրապէս, Ղարաբաղից եկողները անհաւատալի գոյներով նկարագրում են տեղի եկեղեցական-հոգեւորական կեանքը, որի համեմատութեամբ երջանկութիւն համարելով այստեղի պայմանները»:

* * *

Արցախի թեմի առաջնորդ եւ Գանձակի ու Ամարասի վանքերու վանահայր Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեան 13 օգոստոս 1925-ին Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին գրած նամակին մէջ կ՛ըսէր.

«Թեմումս կան 162 հայ գիւղեր իւր 136 եկեղեցիներով, վերջիններս քարաշէն վայելուչ են, բայց դռները բաց, անտէր:

Երկու տարի առաջ եղած 88 քահանայից հրապարակայնօրէն կարգաթող է եղել 32-ը, վախճանուել է չորսը, ծերութեան կամ կուրութեան պատճառով չի քահանայագործում 16-ը, մամուլում չեն յայտարարել, բայց փաստացի չի քահանայագործում ինը քահանայ: Մնացած 28 քահանաները թեմի ընդարձակութեան համեմատ այնքան քիչ են, որ կարելի է ասել, որ Արցախի թեմն առանց քահանաների է»:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ առանց վհատելու եռանդուն գործունէութիւն  ծաւալեց թեմը վերակենդանացնելու համար: Ան տարբեր ձեւերով իր շուրջ համախմբեց քանի մը քահանաներ եւ փորձեց բարւոք յարաբերութիւններ ձեւաւորել իշխանութիւններուն հետ: Ստեղծուեցաւ թեմական հոգեւոր ատեան, թեմական խորհուրդ եւ տասներեք գործակալութիւն, եւ հաշուառուեցան բոլոր վանքերուն գոյքերը:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Ամարասի վանքին վանահօր պաշտօնակատար նշանակեց, շրջեցաւ Խաչենի, Ջրաբերդի ու Վարանդայի հայկական գիւղերը, ամէնուրեք քարոզեց եւ հոգեւոր միջոցառումներ կազմակերպեց: Նախատեսուած էր նաեւ թեմական պատգամաւորական ժողով հրաւիրել:

Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը գոհունակութեամբ ընդունեց Արցախի թեմի առաջնորդին գործունէութիւնը եւ յանձնարարեց. «Աշխատել ամէն կերպ փակուած եկեղեցիները վերաբանալ եւ թմրած ժողովրդի միտքը եւ հոգին վերակենդանացնել եւ յորդորել հոգեշունչ քարոզներով ու կապել եկեղեցու եւ նրա անբաժան նախաւանդ ծէսերի եւ սովորութիւնների հետ»:

* * *

Սուրբ Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը գրութիւններ ուղարկեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ժողկոմխորհի նախագահ Արմենակ Ղարագէօլեանին` Արցախի գիւղերուն մէջ կուսակցական գործիչներու եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու հակաեկեղեցական տգեղ ու պատիւ չբերող պահուածքին առաջքը առնելու խնդրանքով:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իր գրութեան մէջ փաստերով կը ներկայացնէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քսանէ աւելի գիւղական եկեղեցիներ փակելէ եւ զանոնք թատրոնի ու ակումբի վերածելէ զատ, իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ կուսակցական գործիչները կոպիտ բռնութիւններով ու անվայելուչ արարքներով կը վիրաւորեն գիւղի հաւատացեալ բնակչութեան կրօնական սրբութիւններն ու զգացումները:

* * *

Սուրբ Էջմիածին իր բոլոր հնարաւորութիւններով փորձեց միջոցներ ձեռնարկել Արցախի մէջ գոնէ մասամբ մեղմացնելու Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իրականացուող բռնարարքները:

Սակայն Սուրբ Էջմիածնի միջամտութիւնը ի զօրու չէր կանխելու Հայ եկեղեցին ի սպառ ոչնչացնելու Ազրպէյճանի որդեգրած նպատակասլաց քաղաքականութիւնը:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ, իշխանութիւններու հսկողութենէն եւ հալածանքներէն խուսափելու նպատակով Շուշիէն Գանձասար տեղափոխուեցաւ իբրեւ համեմատաբար աւելի ապահով վայր:

Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ամէնուրեք եկեղեցիները բացայայտօրէն կը գտնուէին ներքին գործոց կոմիսարիատի խիստ հսկողութեան տակ:

Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան յատուկ հրահանգներով սկսաւ եկեղեցիներու գոյքի աննախընթաց թալան ու բռնագրաւում:

Ազրպէյճանական մամուլին մէջ բացայայտ հպարտութեամբ սկսան նկարագրուիլ եկեղեցիները փակելու եւ հոգեւորականները անմարդկային ձեւով նուաստացնելու սահմռկեցուցիչ փաստերը:

* * *

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ Յակոբեանի Արցախի թեմի առաջնորդի պարտականութիւններու կատարումը, ծանրագոյն պայմաններու տակ, այսուհանդերձ, փրկութիւն էր թեմին համար: Ան հերոսական, գերմարդկային ճիգեր եւ բացառիկ անձնազոհութեամբ կը փորձէր պահպանել Արցախի թեմին գոյութիւնը:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ նիւթական ծայր աստիճան ծանր կացութեան մէջ էր եւ սովի մատնուած էր: Ան ստիպուած անընդհատ օգնութիւն կը խնդրէր Սուրբ Էջմիածինէն, որպէսզի կարենար կերպով մը քարշ տալ իր գոյութիւնը եւ պահպանել թեմը:

Ահաւոր էր նաեւ Արցախի քահանաներուն վիճակը, որոնց տնտեսական անձուկ պայմաններուն մասին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին պատկերացում տալու համար Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ երկու օրինակ կը բերէր. «Մոխրաթաղի ծխատէր Տէր Պետրոս քահանան 7 ռուբլի 50 կոպէկ քահանայական հարկը չկարողանալով վճարել, Ջրաբերդից ոտքով Բագու է գնում եւ եւ մուրողութեամբ է այդ գումարը ձեռք բերում: Առաջաձորի ծխատէր Տէր Յովհաննէսը ունեւոր թուրք գիւղերում մշակութեամբ է իւր սեւ հացը վաստակում»:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին նոյնպէս նիւթապէս ոչ բարւոք վիճակի մէջ էր եւ կը գոյատեւէր թեմերէն ստացուած նպաստներով, այսուհանդերձ կը շարունակէր իր չափազանց սուղ միջոցներէն օգնութիւն յատկացնել Արցախի թեմին:

Արցախի թեմական խորհուրդը նամակ գրեց Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, ուր կ՛ըսուէր, որ «շնորհիւ իւր (Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետի) եկեղեցական, քարոզչական, վարչական ունակութեան եւ անդուլ աշխատանքի, թեմումս վերականգնուեց աստուածպաշտական կարգը, շրջելով եւ քարոզելով բոլոր գիւղերը նշանակեց թեմական խորհուրդ, գործակալներ, հոգաբարձուներ, որով թեմիս հոգեւոր գործերն սկսան իրենց բնականոն հունի մէջ մտնել»: Թեմական խորհուրդը միաժամանակ Գէորգ Ե. Ամենայն հայոց կաթողիկոսէն կը խնդրէր Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետը եպիսկոպոս ձեռնադրել:

* * *

Արցախի թեմի փակման հարցը Ազրպէյճանի համար առաջնահերթ օրակարգ էր, եւ անոր գործադրութիւնը ժամանակի հարց կը նկատուէր:

Հայ եկեղեցոյ դէմ պայքարը ազրպէյճանական իշխանութիւնները կը քողարկէին համայնավարական գաղափարական տեսլականով:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Արմենակ Ղարագէօզեանի գլխաւորութեամբ եւ Ղարաբաղի տեղական մարմիններու օգնութեամբ քայլ առ քայլ առաջ կը տանէին թեմը խեղդամահ ընելու եւ իսպառ վերացնելու, նախորդող տարիներուն սկսած քաղաքականութիւնը:

Պաքուի իշխանութիւնները իբրեւ քօղ կ՛ընդգծէին Լենինի նախապէս կատարած այն արտայայտութիւնը, որ եկեղեցւոյ ունեցուածքը պէտք է յառաջ մղել անխնայ վճռակամութեամբ եւ արագօրէն` կանգ չառնելով դիմադրութեան առջեւ:

Նոյն ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի նախագահութիւնը որոշում ընդունեց հոգեւորականութեան քայքայման մասին, ուր կ՛ըսուէր. «Հոգեւորականութեան քայքայման նպատակով տեղական կազմակերպութիւնների ներգրաւումն անցկացնել գաղտնի` խիստ սահմանափակելով այդ նպատակով ներգրաւուած ընկերների շրջանակները»:

Հայ եկեղեցւոյ դէմ պայքարելու համար խորհրդային քարոզչական մեքենան աշխուժ գործունէութիւն սկսաւ ծաւալել: Կ՛ըսուէր, որ «դրամատիրութեան մնացորդներու վերացումը մարդոց գիտակցութենէն անհրաժեշտ պահանջ է եւ պարտականութիւն խորհրդային երկրի ամէն մէկ ազնիւ քաղաքացիի համար: Այդ վնասաբեր մնացորդներու շարքին առաջին տեղերէն մէկը կը գրաւեն կրօնական հաւատալիքները, որոնք դեռ մնացած են որոշ տարրերու գիտակցութեան մէջ: Այդ խաւարամտութեան հետեւանքով վերոյիշեալ տարրերը հեշտութեամբ գործիք կը դառնան մեր ներքին եւ արտաքին թշնամիներու համար»:

Համայնավարական քարոզչական մեքենային համաձայն Հայ եկեղեցին կը ղեկավարուի «արկածախնդիր վարդապետներով եւ թունաւոր վեղարաւոր եպիսկոպոսներով»: Կ՛ըսուէր, որ հոգեւորականներուն պարտականութիւնն է «սնահաւատութիւնները ամրացնել  հաւատացեալներու գիտակցութեան մէջ, խաբէութեամբ ծէսեր վաճառել անոնց, չեղած սուրբերու շինծու հրաշքներու առասպելներով շշմեցնել հաւատացեալները, ցնորական դրախտի հրապոյրով խաբել եւ դժոխքով սարսափեցնել ու իրենց ազդեցութեան տակ պահել մարդիկ, պայքարիլ լուսաւորութեան, գիտութեան դէմ եւ ընդյատակեայ լրտեսութեամբ ու ոճիրներով պայքարիլ  յօգուտ իր դասակարգի շահերու եւ ի վնաս ժողովուրդին»:

Վրթանէս ծայրագոյն վարդապետ 5 սեպտեմբեր 1925-ին թեմական պատգամաւորական ժողով հրաւիրեց, մասնակցութեամբ 28 քահանաներու եւ տասը աշխարհականներու: Գլխաւոր օրակարգ նկատի առնուած էր թեմական պիւտճէի գոյացում, եկամուտներու գանձման ձեւի մշակում եւ քահանայական ֆոնտի հիմնում:

Բայց հազիւ պատգամաւորական ժողովը բացուած, ազրպէյճանական իշխանութիւնները ցրուեցին ժողովականները, այն պատճառաբանութեամբ, որ պաշտօնապէս կառավարութիւնը տեղեակ չէր պահուած եւ նաեւ` համայնավար տեղական կազմակերպութենէն ներկայացուցիչ պէտք է ըլլար այդ ժողովին:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Սեպտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցին Հաշուեյարդարի Ենթարկելու Նպատակասլաց Քաղաքականութիւն
Պատմական

Հայ Եկեղեցին Հաշուեյարդարի Ենթարկելու Նպատակասլաց Քաղաքականութիւն

Սեպտեմբեր 17, 2025
Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կողմէ Հալածանքներ Հայ Եկեղեցւոյ Եւ Եկեղեցականներուն Դէմ
Պատմական

Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կողմէ Հալածանքներ Հայ Եկեղեցւոյ Եւ Եկեղեցականներուն Դէմ

Սեպտեմբեր 3, 2025
Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Կազմաւորումը
Պատմական

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Կազմաւորումը

Օգոստոս 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?