Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 8-րդ Թիւը

September 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուած է  Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի օգոստոսեան թիւը: Պաշտօնաթերթի այս թիւի յօդուածներուն մեծ մասը նուիրուած է Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու բանակցութիւններուն արդիւնքներուն եւ ընդունուած փաստաթուղթերուն, որոնց առանցքը կը հանդիսանայ, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը:

Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը այս առիթով «Դրօշակ»-ին տրամադրած յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնայ հայութեան համար շարք մը կարեւոր հանգամանքներու, որոնք կը բխին ուաշինկթընեան հանդիպումէն, ինչպէս կ՛արտացոլան շրջանառութեան մէջ դրուած երկու փաստաթուղթերէն:

Մոսկուայի Սեւծովեան-կասպիական տարածաշրջանի հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Սարգիս Սարգսեանը կը վերլուծէ հաւանական միջանցքի խնդիրը աշխարհաքաղաքական պարունակին մէջ` անդրադառնալով տարածաշրջանային գործընթացներուն, որոնք ալ կը բխին դերակատար երկիրներու շահերէն:

Նոյն թեմային անդրադարձ կայ նաեւ «Դրօշակ»-ի մէջ հրապարակուած միւս յօդուածներուն մէջ, որոնց կիզակէտը գլխաւորաբար Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական եւ ոչ միայն քաղաքական խիստ տագնապալի իրողութիւններն են` հակազգային իշխանութիւններուն արկածախնդրական գործունէութեամբ պայմանաւորուած: «Առաջնորդող»-ին մէջ յատկապէս կը խօսուի այն մասին, որ օրուան իշխանութիւնները երկիրը ներքաշելով ճակատագրական գործընթացներու մէջ, առաջնորդուելով սոսկ սեփական իշխանութեան վերարտադրութեան նպատակով` կը փորձեն աճպարարի նման պղտոր գործընթացներէն դուրս բերել խաղաղութեան հասնելու կեղծ պատկերը յառաջիկայ ընտրութիւններուն անգամ մը եւս ժողովուրդը մոլորեցնելու համար:

Պատմաբան Անի Մելքոնեան անդրադարձած է օգոստոսին հայ ժողովուրդին համար տեղի ունեցած պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող երկու իրադարձութիւններու` 1920-ի օգոստոս 10-ին Սեւրի պայմանագիրի ստորագրութեան եւ 1990-ի օգոստոս 23-ին Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագիրի ընդունման:

«Դրօշակ»-ը իր ընթերցողին ուշադրութեան կը ներկայացնէ քաղաքական եւ այլ բնոյթի շարք մը այլ յօդուածներ եւս:

«Դրօշակ»-ի այս տարուան ութերորդ թիւը կարելի է կարդալ հետեւեալ հասցէով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/08/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-8-2025%D5%A9.pdf

Նախորդը

Թրամփ Մրցանակի… Մրցակիցնե՞ր Ունի

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խաղաղութեան Միֆն Ու Իրարամերժ Տրամաբանութիւնները

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.