Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Գերանցե՞նք Ազգի Ներկայի Լեղին

Սեպտեմբեր 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Խաղաղութեան հաստատման ծամածռութիւններու հանդիսատես ենք, կ՛աղմկենք եւ ծափ կու տանք:

Կայ ֆրանսական ասութիւն մը, որ կ՛ըսէ` «Օձեր կուլ տալ» («avaler des couleuvres»), որ կը նշանակէ հանդուրժել եւ ընդունիլ ամէն չարիք եւ անարդարութիւն: Կարծէք մեր ժողովուրդը «օձեր կուլ տալու» դատապարտուած է, որպէսզի այս կամ այն ձեւով գոյութիւն պահէ: Կամ մեզ կը ստիպեն այդ ընել, որպէսզի  կարենանք ապրիլ:

Շաբաթներէ ի վեր բազմատեսակ լրատուամիջոցներ հայ ժողովուրդին օձեր կլլեցնելու մեծերու կազմակերպած թատրոն են: Հայերն ալ, բան գործ թողած, իրարու կը բացատրեն, թէ օձ կուլ տալը լա՞ւ է, թէ՞ ոչ: Ամէնքն ալ, ձայնասփիւռով, համացանցով, «թապլեթ»-ային անսկիզբ եւ անվերջանալի թեր ու դէմ տեսակէտներու հանդէսներով կը վկայեն այն մասին, որ լա՞ւ է,  թէ՞ վատ օձ կուլ տալ, կամ թէ` ինչպէ՞ս պէտք է կուլ տալ օձերը, որպէսզի հայ ազգը եւ անոր հայրենիքը ունենան լաւ ապագայ, որ կը սահմանուի աննախադէպ խաղաղութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման բազմերանգ խոստումներով: Այս երազային ապագային համար հայերուն կ՛առաջարկուի, աւելի ճիշդ, անոնց կը պարտադրուի «օձեր» կուլ տալ:

Այդ ընելով` կը դարմանուի՞ պարտութիւններու եւ կորուստներու հոգեխոցը, կը վերականգնի՞ն հայրենիքը եւ անոր տէր ու ծառայ ըլլալու գիտակցութիւնը, կամքը եւ յանձնառութիւնը, Հայաստան պետութեան, Հայաստան հայրենիքի եւ ամէն օր աճող եւ յար բազմանունայնացող սփիւռք(ներ)ի մէջ:

Մամուլ, լրատուամիջոց, համացանց` բեմ են պարտութեան անհատնում թեր ու դէմ կրկնութիւն եղող վերլուծումներու եւ դատաստաններու, եթէ աճպարարութեամբ պարտութիւնը յաղթանակ չհամարուի: Համակարգիչի պատուհանը բազմահեռատեսիլային հանդէս է: Խօսափողներու առջեւ իրարու կը յաջորդեն լրագրողներ եւ անոնց բանգէտ հիւրերը, պետական գործիչներ, երբեմն ալ` զբօսաշրջիկ «հայրենասէրներ», որոնք մարգարէանալով` եղածը, չեղածը եւ ըլլալիքը կը ներկայացնեն: Յառաջդիմած ենք, ման կու գանք արդիականութեան ընծայած եւ տիւ ու գիշեր մեզի ընկերակցող «թապլեթ» կոչուած շարժական հեռատեսիլով, օրն ի բուն կրնանք լսել եւ դիտել ամէնագէտները եւ անոնց վճիռները,  կը սպասենք վերջին մարգարէին յայտնութիւնը:

Մինչեւ այսօր, երբ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» կ՛ըսէի, կը հասկնայի «ՀԱՅՐԵՆԻՔ», մէկ եւ նոյն արեւին տակ եղած հայաշխարհը, ուր ապրած են նախահայրեր, պապ ու ապուպապ: Հիմա շուարումի մատնուած եմ, երբ թոռներս կողքիս կը նստեցնեմ, «Հայաստան» եւ «Հայոց պատմութիւն» կը խօսիմ: Չեմ գիտեր` անոնց ինչպէ՞ս բացատրել «ԻՐԱԿԱՆ ԵՒ Ո՛Չ ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆԵՐԸ»: Կը յիշեմ, օդանաւին մէջ ըսուած, արտագաղթող հայ մօր խօսքը` ուղղուած իր անչափահաս զաւկին. «Քեզ նոր հայրենիքդ կը տանիմ»: Կարծէք հայրենիքը շոր է եւ զայն երբեմն կրնանք փոխել:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հրապարակած է այն միտքը, որ կայ «իրական Հայաստան»-ը եւ վերջ: Մի՞թէ կայ, կա՞ր, անիրական եւ հեքիաթային Հայաստան մըն ալ: Այս հաստատումի հետեւութեամբ, ենթադրե՞նք, որ տեղ մը կայ ոչ իրական Հայաստան մըն ալ: Ո՞ւր եղած է եւ է այդ երեւակայական երկիրը: Ան «Քաջ Նազար»-ի առասպե՞լ է, թէ՞ պատմութեան մէջ արձանագրուած իրողութեան եւ իրաւունքի վկայութիւն, նախահայրերու ինքնաիրականացման աշխարհը, ուր անոնք ապրած են, զայն դրոշմած են կեանքով, որ պատմութիւն է, մշակոյթ եւ կենցաղ, ուր եղած են հայկական թագաւորութիւններ, յայտնուած են աննիւթական արժէքներ, մշակոյթ եւ արարումներ, իրաւունք դաջած են աշխարհագրութեան եւ ժամանակին:

Եթէ հետեւինք ժամանակակից գիտութեան ընծայած բազմաբնոյթ միջոցներով հրապարակուող եւ որպէս հայկական ներկայացող լրատուամիջոցներուն, անոնք ըլլան խօսք թէ պատկեր, շուարումի կը մատնուինք` ի տես եւ ի լուր իրերամերժութեան եւ «սեւացրէք»-ի բաց եւ անդուռ հանդէսներու, ուր կը բեմադրուին զիրար հակասող (ան)ճշմարտութիւնները:

Նախահայրերէն ժառանգուած հայոց հայրենիք Հայաստանէն մնացած է վերջին բեկոր տարածք մը, զոր կը կոչենք Հայաստանի Հանրապետութիւն, զոր պէտք է ապրեցնել եւ պաշտպանել: Բայց այս պատճա՞ռ է, որ ուրացուին հայ ժողովուրդի անցած ուղին, «Հայոց պատմութիւն»-ը, Հողը, ուր ստեղծուած է ինքնութիւն` Մեսրոպով, Անիով, Աղթամարով, Արարատով, Գրիգոր Լուսաւորիչով, սուրբերով, գուսաններով, առասպելներով, Նարեկացիով, Սասունցի Դաւիթով: Պարտուածի եւ ընկեցիկի լքման հոգեբանութեամբ պէտք չէ ՀԱՅԱՍՏԱՆ իրողութիւն-իրաւունքի ուրացումը քաղաքականութիւն համարել եւ ստրկացումը` դարեր ապրած ազգի ներկայ եւ ապագայ, նոյնիսկ եթէ այդ ստրկացումը, ինքնախաբէութեամբ  որպէս այդ չի ներկայանար, որպէս այդ չենք ընդունիր:

Հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան ենթահող երկիրը համաշխարհային պատմութեան մէջ արձանագրուած ծանօթ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ARMENIA տարածքը հայ ժողովուրդի երկիրն է, հոն արձանագրուած է ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը,  երբ չկային ո՛չ Թուրքիա եւ ո՛չ Ազրպէյճան: Այս ճշմարտութեան առջեւ պէտք է կանգնեցնել բոլոր անոնք, որոնք, չես գիտեր, վասն ո՞ր արդարութեան, հայոց  հայրենիքի մասնատումը ընդունած են եւ կը շարունակեն մասնատել, մենք ալ մենք մեզ կը համոզենք,  որ հայրենիք պահելու եւ ունենալու քաղաքականութիւն կը խաղանք:

Նախահայրերէն ժառանգուած հայոց հայրենիք Հայաստանէն մնացած է վերջին բեկոր տարածք մը կայ, զոր կը կոչենք Հայաստանի Հանրապետութիւն: Եւ ինքնամխիթարութեան համար, չմնալու համար պարտութեան եւ կորուստի առթած հոգեխոցի եւ ընկճուածութեան ընդարմացման մէջ, ինքնախաբէութեամբ, ԲԵԿՈՐԸ կը կոչենք ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, զայն կ՛ընդունինք  որպէս շնորհուած տեսակ մը մխիթարական պարգեւ, անորոշ ապագայով երկիր մը, քանի որ Պաքուի համար միշտ օրակարգ է ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆը եւ Հայաստանէն հեռացած ազրպէյճանցիներու վերադարձը, որպէսզի իրական Հայաստանը նուաճէ խաղաղութիւն` դառնալով «Ազրպէյճան»:

Փակագիծ. կը խօսուի՞, կը խօսի՞նք Պաքուի եւ Արցախի հայերու վերադարձի եւ իրաւունքներու մասին: Միացեալ Նահանգներու խաղաղութիւն կերտող «բիզնեսնագէտ» նախագահը ե՞րբ պիտի խօսի հայ ազգի եւ հայրենահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքի մասին: Ան օր մը ըսաւ` ԵՂԵՌՆ: Պիտի ըսէ՞, թէ ի՛նչ կայ բառին տակ եւ մէջ:

Կը յիշեցնեմ, որ Ամերիկայի ներկայ նախագահի նախորդներէն նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն արդարութեան հիմունքներով գծած էր Հայաստանի քարտէսը, որպէսզի հայերը չմնան հայրենահանուած եւ Ցեղասպանութեան խոցը  դարմանուի, բարոյականութեան հիմերու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատուին:

Մարդկութիւնը բաց ճակատով պիտի ըսէ՞, թէ կը մերժէ ֆրանսացի բանաստեղծ-առակագիր Ժան տը Լաֆոնթենի յոռետեսական դառն իմաստութիւնը, որ` «Զօրաւորին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» («la loi du plus fort est toujours la meilleure»):

Ուրիշ ֆրանսացի իմաստուն մը ըսած է, որ` «Գիտութիւնը առանց բարոյական ըմբռնումին` հոգիի աւերակ է («science sans conscience n՛est que ruine de l՛âme»): Այսօր ժողովուրդի մը ինքնութիւն եւ իրաւունք «բիզնես» անմիջականին կը զոհուին: Ֆրանսական յեղափոխութեան օրերուն, կառափնատ տարուած տիկին Ռոլան ըսած էր. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, ի՜նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ»… Ըսե՞նք, «Ո՜վ բիզնես», քեզի համար կը զոհուին, ինչ որ բարբաջելով կը կոչեն իրաւունք եւ արդարութիւն…

«ԱԶԳ եւ ՀԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ այսօր կենսական է վերականգնել Ո՛Չ ԸՍԵԼՈՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆԸ», որպէսզի հայը չսրբուի պատմութեան բեմէն:

Ի՞նչ պիտի պատմեմ թոռներուս իրենց ո՛չ թէ իրական հայրենիքի մասին, այլ`  իրաւ հայրենիքի, որ չըլլայ հեքիաթ, շաբաթավերջի երգ, պար ու խորոված, ըլլայ առանց նոր հայրենիքներով չփոխարինուող հարազատը, որպէսզի մենք ըլլանք մենք, ըլլանք անխարդախ շարունակութիւն, չդատապարտուինք ըլլալու բազմապատկուող անհայրենիքներու շարքին մոլորակին վրայ ասդին անդին սփռուած համայնքներ:

Իսկ համայնքը ազգ չէ, այլ` ազգի մնացորդ, որուն յիշողութիւնը կը նօսրանայ եւ անոր բովանդակութիւնը աստիճանաբար կը փոխարինուի այլ նորով: Այս ուղիի վերջին կը յայտնուի «ծագումով հայ» նոր քաղաքացին, որ ժամանակ մըն ալ ինքզինք կոչէ «աշխարհաքաղաքացի»: Այդպէս յառաջացած են պատմութեան գիրքերու մէջ յիշուող  անլեզու եւ անհայրենիք դարձած «մեռած ազգ»-երը:

Կ՛ունենա՞նք գահավիժումը կասեցնող ազգային գաղափարախօսութիւն, զայն կենսագործող իրա՛ւ առաջնորդութիւն, որ ինք թմբիրէ արթննայ, արթնցնէ ժողովուրդը եւ զայն միացնէ:

Իրենց եսերով փքուած ողորմելիներ այս կարգի միտքերուն համար կ՛ըսեն, որ անոնք` «Ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած են» («un coup d՛épée dans l՛eau»):

28 օգոստոս 2025, Փարիզ

Նախորդը

Դասական Երգի Երեկոյ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Առիթով

Յաջորդը

Կոմիտասի Վերջին Գիշերը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?