Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առցանց Վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց Պատմութեան» Գիրքը

Սեպտեմբեր 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, առցանց վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց պատմութեան» գիրքը:

Այս ամփոփ հատորը հանրագիտական-ցուցակագրական բնոյթի հրատարակութիւն մըն է, ուր կարելի է դիւրութեամբ գտնել մեր պատմութեան գլխաւոր փուլերուն դերակատար հանդիսացած դէմքերու անունները եւ անոնց գործունէութեան երեսները` վայրերու եւ թուականներու նշումով, ինչպէս նաեւ` զինուորական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային որոշ երեւոյթներու տեղեկագրութեամբ:

Այդ բոլորին լաւապէս ծանօթանալու համար հարկ է վերադառնալ բուն հատորին` Histoire de l’Arménie par Hrant Pasdermadjian, որ ֆրանսերէն լոյս տեսած է 1949-ին, կամ անոր հայերէն թարգմանութեան, կամ որոնել այլ աղբիւրներ, որոնցմէ ոմանք ցուցակագրուած են այս գիրքի վերջաւորութեան: Անկասկած այսօր կան մեր պատմութեան վերաբերեալ նոր տուեալներ, որոնք աւելցուած են նոթերու ձեւով կամ նշուած են վերջաւորութեան` ընդհանրապէս քաղուած «Հայոց պատմութիւն – 12» հայրենի դասագիրքի ցուցակէն: Որոշ թուականներ կրնան քիչ մը տարբերիլ մէկ պատմաբանէն միւսը, սակայն այս ամփոփումին մէջ պահուած են առաւելաբար Փաստրմաճեանի նշած թուականները:

Հրանդ Փաստրմաճեան` զաւակը Արմէն Գարոյի, ծնած է 1904-ին` Թիֆլիս, նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ժընեւ, քաղաքային ճարտարագէտի վկայականը ստացած է Ցիւրիխի բազմարուեստից վարժարանէն, առեւտրական տնտեսութեան հետեւած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանը, ապա Կրընոպլի համալսարանէն ստացած է իրաւագիտութեան վարդապետի աստիճանը: Պատասխանատու պաշտօններ վարած է տնտեսական մեծ ընկերութիւններու մէջ, տնտեսական եւ ընկերային գիտութեանց դասախօս է եղած Ժընեւի համալսարանը: Վաղաժամ մահացած է 1954-ին: Հայոց պատմութեան, մշակոյթին ու Հայ դատի նկատմամբ մեծ եղած է իր սէրն ու ներդրումը:

Վ-Ա.Ա.

Այս հրատարակութեան աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին գլխաւորաբար`

  • Յասմիկ Տէր Պետրոսեան (առաջին հրատարակութիւնը մեքենագրելով),
  • Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան (ներկայ հատորը շարագրելով),
  • Ռազմիկ Պերթիզեան (իր գեղանկարները տրամադրելով),
  • Անուշաւան արք. Դանիէլեան (քարտէսներու օգտագործման արտօնութիւնը տալով),
  • Խաչատուր Ստեփանեան (Հայոց պատմութեան դասագրքի թուայնացած օրինակը տրամադրելով),
  • Անուշ Ակներեան (գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարելով),
  • Վրէժ-Արմէն Արթինեան (խմբագրելով ներկայ հատորը):

Բոլորին` մեր շնորհակալութիւնները:

Գիրքը կարդալ այս յղումով

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի
դաստիարակչական յանձնախումբ

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

Գլխաւոր աղբիւրը` Հրանդ Փաստրմաճեանի «Հայոց պատմութիւն»-ը (ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը Մ. Իշխանի)
«Համազգային», Պէյրութ, Ա. հատոր 1954, Բ. հատոր 1958 (Սկիզբէն մինչեւ 1923` Լոզանի դաշնագիրը)
(Գիրքին ամփոփումը կատարած է Վրէժ-Արմէն Արթինեան)
Առաջին հրատարակութիւն` ՀԵԴ «Լեւոն Շանթ» խումբի (Մոնրէալ, 1967):
Վերահրատարակութիւն` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի

Մոնրէալ
2025

 

Նախորդը

«Վարանդա» Երգչախումբը Կը Շարունակէ Երգել

Յաջորդը

Մուրինիօ. «Պէտք Չէ Բաղդատել Հին Աստղերը…»

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?