Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գիրքի Միջազգային 8-րդ Փառատօնը Երեւանի Մէջ
Սեպտեմբեր 5-ին Երեւանի մէջ սկիզբ առած է գիրքի 8-րդ միջազգային փառատօնը` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Ազգային պատկերասրահին մէջ, իսկ տօնավաճառը` պատկերասրահի շէնքին կամարներուն տակ:
Գիրքի տօնավաճառին կը մասնակցին` 50-է աւելի հրատարակչութիւններ, գրավաճառներ, թանգարաններ, գրադարաններ, կրթամշակութային հաստատութիւններ` իրենց արտադրանքը վաճառելով 20-50 տոկոս պարտադիր զեղչով:
Փառատօնի ծրագրին մէջ նախատեսուած են 50 ձեռնարկներ` գիրքի շնորհահանդէսներ, բանաստեղծութեան ընթերցումներ, գրական հանդիպումներ, մասնագիտական քննարկումներ, վարպետութեան դասեր, գրական մրցանակաբաշխութիւն:
Փառատօնին կը մասնակցին անուանի գրողներ, գրաքննադատներ եւ հրատարակիչներ` Հայաստանէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Իտալիայէն, Լաթվիայէն, Վրաստանէն, Ռուսիայէն, Չեխիայէն, Յունաստանէն, Նետերլանտներէն, Իրանէն, Միացեալ Նահանգներէն:
Նշենք, որ փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ նաեւ մարզերուն մէջ` սեպտեմբեր 28-ին Գիւմրի, իսկ հոկտեմբեր 4-ին` Կապան:
Քաղաքացիներուն Մեծամասնութիւնը Սիւնիքով Ճամբայ Տրամադրելը Բացասական Կը Համարէ. Հարցախոյզ
«Կելափ ինթերնեշընըլ»-ի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Արման Նաւասարդեան ներկայացուց կատարուած վերջին հարցախոյզին արդիւնքները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատեն Սիւնիքով ճամբայ տրամադրելը, քաղաքացիներուն 17,4 տոկոսը ըսած է` «բոլորովին դրական», 18,1 տոկոսը` «աւելի շատ` դրական», 11,3 տոկոսը` «աւելի շատ` ժխտական», իսկ 47,6 տոկոսը` «ընդհանրապէս ժխտական», իսկ 5,6 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել:
«Կը տեսնենք, որ շուրջ 60 տոկոսը բացասական արձագանգած է Սիւնիքի տարածքով ճանապարհ տրամադրելու հանգամանքին», նշեց Նաւասարդեան:
Երկրորդ հարցումն էր` «Ուաշինկթընի համաձայնագիրը արդեօք պիտի նպաստէ՞ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման». 15,4 տոկոսին պատասխանը եղած է` «Այո՛», 22,8 տոկոսինը` «աւելի շատ` Այո՛», 13,5 տոկոսինը` «աւելի շատ` ո՛չ», իսկ 41,6 տոկոսինը` «Ո՛չ»:
«Այսինքն այն թեզին, որ ուաշինկթընեան համաձայնագիրը պիտի նպաստէ խաղաղութեանը, հարցախոյզի մասնակիցներուն գրեթէ 55 տոկոսը չի հաւատար», ըսաւ Նաւասարդեան:
Այլ հարցում մըն էր` Ազրպէյճան իբրեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան նախապայման կը ներկայացնէ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը. ո՞ր դատողութեան առաւել համաձայն են.
«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին գործն է, եւ որեւէ երկիր, որոնց կարգին` Ազրպէյճան, իրաւունք չունի ազդելու այդ գործընթացին վրայ». 58 տոկոս:
«Ասիկա Ազրպէյճանի հերթական քաղաքական ծուղակն է, եւ անկախ փոփոխութենէն` Ազրպէյճան համաձայնագիր չի ստորագրեր». 25,1 տոկոս:
«Կը քուէարկեմ սահմանադրութեան փոփոխութեան, եթէ անիկա առաջնորդէ իրական եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ». 12,2 տոկոս:
Դժուարացած է պատասխանել 4,7 տոկոսը:
Նշենք, որ հարցազրոյցը կատարուած է 3-25 օգոստոսին` հեռաձայնով. անոր մասնակցած են 1101 քաղաքացիներ:
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն Վիճակը Մտահոգիչ Է Սակայն Իշխանութիւնը Լուռ Կը Մնայ
Կառավարութիւնը ցարդ չէ արձագանգած Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիներուն մէջ անձնասպանութեան փորձ ընողներուն մասին իրաւապաշտպաններուն ահազանգերուն, Հայաստանի քաղաքացիներու պահման, առողջական եւ հոգեբանական ծանր վիճակին մասին մտահոգիչ տեղեկութիւններուն:
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, Եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու շահերու պաշտպան Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութեան» հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած էր այս հարցերուն եւ` ահազանգ հնչեցուցած:
Հայաստանի Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի ընդդիմադիր անդամ Թագուհի Թովմասեան, իր կարգին, բարձրացուց գերիներուն հարցը` ընդվզելով. «Մեր գերիները մնալու են Աստծոյ յոյսին. կ՛ապրեն` կ՛ապրեն, կը մահանան` կը մահանան, ինքնավնասման կը գնան… չենք կարող ասել, թէ ինչով կ՛աւարտուի այս ամէնը, բայց, որ ոչ մի լաւ տեղ չի տանում այս իրադարձութիւնների զարգացումը, կարող ենք ի սկզբանէ արձանագրել»: Ան շեշտեց, որ իրականութեան մէջ կառավարութիւնը առարկայական քայլերու չի ձեռնարկեր անոնց վերադարձին ուղղութեամբ, թէեւ սահմանադրութեամբ կառավարութեան պարտաւորութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի քաղաքացիներուն իրաւունքները: «Կասկածները դառնում են հիմնաւոր, որ գերիների վերադարձը Նիկոլ Փաշինեանին քաղաքականապէս ձեռնտու չէ, որովհետեւ ռազմաքաղաքական գերիների վերադարձն իր համար կարող է որոշակի քաղաքական անյարմարութիւն պատճառել, եւ նրա վերընտրութիւնն իր համար աւելի կարեւոր է, քան` ՀՀ քաղաքացու շահը», ըսաւ Թովմասեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Կարմիր խաչի գրասենեակը գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար վերջին յոյսն էր, բայց Ազրպէյճանի պահանջով միջազգային այս կառոյցը եւս փակուեցաւ` կատարեալ մեկուսացման մէջ ձգելով Հայաստանի քաղաքացիները: Ըստ Թովմասեանի, Հայաստանի կառավարութիւնը այլընտրանքային որեւէ գործիքակազմ ստեղծելու ուղղութամբ եւս քայլերու չի ձեռնարկեր:
«Կարմիր խաչն այն եզակի եւ բացառիկ կառոյցն էր, որ կարողանում էր մտնել պատժախցեր եւ իրական տեղեկութիւն փոխանցել ընտանիքներին, հիմա վերջին օղակը կտրուեց, այդ օղակը կտրուելուց յետոյ ես դժուարանում եմ ասել, թէ ի՛նչ է սպասւում մեր գերիներին` հաշուի առնելով այն բոլոր կտտանքները եւ խոշտանգումները, որ այս տարիների ընթացքում իրականցուել են հայ գերիների նկատմամբ տարբեր ժամանակներում», շեշտեց Թովմասեան:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ, իշխանական Ռուստամ Բաքոյեան մինչդեռ կը հաւաստիացնէ, որ կարելի ամէն ինչ կը կատարուի գերիներուն վերադարձին ուղղութեամբ: «Մեզ համար գերիների վերադարձն առաջին տեղում է, օրակարգում է, ինչին մենք ծանօթ ենք, դա սառցալերան երեւացող հատուածն է, իսկ չերեւացող հատուածն ահռելի ծաւալի աշխատանք է, որն իրականացւում է», ըսաւ Բաքոյեան:
Սիրանուշ Սահակեան եւ տասնէ աւելի հասարակական կազմակերպութիւններ, իրենց կարգին, այս հարցով դիմած են արտաքին գործոց նախարարութեան` հայ գերիները մեկուսացումէ եւ անկէ բխող վտանգներէ ապահովագրելու համար յստակ գործիքակազմերու առաջարկով:
Միւս կողմէ` Պաքուն «հայ գերիներու հարցը» փակուած կը նկատէ: Ազրպէյճանական իշխանական մամուլը այս վերնագիրով հրապարակեց ծաւալուն վերլուծութիւն մը` ընգծելով, որ գերիներուն հարցը տեղ չգտաւ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ: Ըստ լրատուամիջոցներուն, Պաքուի մէջ պահուող Հայաստանի քաղաքացիներուն վիճակը Ազրպէյճանի ներքին գործն է:
Թումօ-ի Տուփ Կը Տեղադրուի Վարդենիսի Մէջ
Քանի մը օր առաջ Թումոյի տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան (AMAA) տնօրէն Արէն Տէյիրմենճեան ստորագրած են յուշագիր` Վարդենիսի մէջ Թումօ տուփ հաստատելու մասին: Ան պիտի գործէ AMAA-ի կողմէ կառուցուող կրթահամալիրի տարածքին եւ ամէն շաբաթ Վարդենիս քաղաքի ու մերձակայ բնակավայրերու շուրջ 320 երիտասարդներու կարելիութիւն պիտի ընձեռէ իրենց շրջանին մէջ ուսումնասիրելու արհեստագիտութեանց եւ տիզայնի նորարարական ոլորտները:
Վարդենիսի Թումօ տուփին մէջ ուսանողները պիտի հետեւին ինքնուսուցման վարժանքներու, իսկ դասընթացքներու եւ աշխատանոցներու համար Թումոյի տրամադրած անվճար երթեւեկութեան միջոցներով պիտի մեկնին Թումօ Դիլիջան, որուն արդէն կցուած են Սեւանի, Գաւառի, Ճամբարակի, Իջեւանի, Ազատամուտի, Բերդի, Արծուաբերդի եւ Ստեփանաւանի մէջ գործող Թումo տուփերը:
Ուիլիըմ Սարոյեանին Նոււիրուած Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւնը
Սեպտեմբեր 5-11 ընթացող «Սարոյեանական օրեր»-ու ձեռնարկներու ծիրէն ներս Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է «Սարոյեանական գոյներ. բառերէն անդին» առժամեայ ցուցադրութեան: Ներկայ եղած են` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին, Միացեալ Նահանգներու մէջ «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Սքոթ Սեդրակեան, պաշտօնատարներ եւ հիւրեր:
Վերոնշեալ հիմնադրամին հետ գործակցաբար կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են Սարոյեանի հարիւրէ աւելի նկարչական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` գրողին հեծանիւը, զոր ան հայրենիքի ճամբաներէն անցնելէ ետք նուիրած է «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին:
Փոխնախարար Քոչարեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ յատկապէս նշած է. «Ուիլիըմ Սարոյեան համամարդկային արժէքներու եւ մշակութային երկխօսութեան խորհրդանիշ է: Անոր ստեղծագործական ժառանգութիւնը կը միաւորէ հայ եւ ամերիկեան մշակութային աշխարհները` ընդգծելով բարեկամութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համընդհանուր մարդասիրական արժէքներու կարեւորութիւնը»:
Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ մշակոյթի բնագաւառին մէջ հայ-ամերիկեան գործակցութիւնը, որ կը նպաստէ` ժողովուրդներու մերձեցման, ստեղծագործական փոխանակումներուն եւ միջմշակութային երկխօսութեան զարգացման:
Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 յունուար 2026: