2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը Արցախի Հանրապետութիւնը հռչակեց։ Երեսունչորս տարի ետք այս թուականը կը շարունակէ արձագանգ գտնել: Այս տարի եւս ան կը նշուի յիշատակումներով եւ Երեւանի մէջ «Վերադարձ»-ի ընդդիմադիր հաւաքներով ։
Այս հաւաքները կը վկայեն ազգի անսասան կապը Արցախի հետ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնեն, որ պետական գործառնութեան աւելի լուրջ աշխատանքի մը առջեւ կը գտնուինք։ Հայերուն համար «վերադարձի իրաւունք» արտայայտութիւնը վերացական միտք մը չէ․ ան կը յիշեցնէ թէ՛ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ թէ՛ Արցախի հայութեան սեպտեմբեր 2023-ի բռնագաղթը ազրպէյճանական յարձակման պատճառով։ «Վերադարձի իրաւունք»-ի վաւերականութիւնը անառարկելի է։ Սակայն հայ քաղաքական միտքին ուղղուած հիմնական հարցադրումը այն է, թէ այսօր ինչպէ՞ս պէտք է մօտենալ այս հարցին՝ գործնական պետական գործառնութեան տեսանկիւնէն եւ ոչ թէ` քաղաքական թատրոնով:
Վերադարձի իրաւունքը խորապէս արդարութեան մէջ արմատաւորուած հայեցակարգ մըն է. հայ ժողովուրդը, որ ցեղասպանութիւն եւ տեղահանութիւն ապրած է, ուրիշներէ աւելի կը հասկնայ բռնի տեղահանութեան ցաւալի իմաստը։ Որոշ ազգայնականներու համար «վերադարձ եւ վերամիաւորում»-ը կը մարմնաւորէ աւելի լայն տեսլական մը՝ վերականգնել հայկական ներկայութիւնը հայրենական հողերուն վրայ (թէպեւ 368-էն ի վեր հայկական պետութիւնը հազուադէպօրէն ունեցաւ միացեալ տարածք, սակայն ան եղած է տարբեր վայրերու մէջ՝ Կիլիկիայէն մինչեւ մերօրեայ Հայաստան եւ այլ շրջաններ)։ Այս տեսակէտները հասկնալի են, երբեմն ալ անհրաժեշտ՝ ազգային էթոս մը ձեւաւորելու համար։ Սակայն միայն վաւերական իրաւունքը քաղաքական ծրագիր մը չի կազմեր։ Այսօրուան հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ վերադարձի հարցը յաճախ կը շահագործուի օտար ուժերու կողմէ, որոնք լուռ մնացին Արցախի ցեղային զտման ժամանակ, եւ՝ ներքին հակադիր ուժերու կողմէ, որոնք զայն կը գործածեն իբրեւ հայրենասիրութեան փորձաքար՝ ընտրական դիրքաւորումներու ընթացքին:
Այս խօսոյթին գլխաւոր թերութիւնը այն է, որ վերադարձի պաշտպանութիւնը կը նկատէ պատերազմի քարոզ, իսկ վերադարձի դէմ կեցուածքը՝ խաղաղութեան համար հպատակութիւն: Այս կեղծ երկբեւեռացումը երկար տարիներէ ի վեր կը տառապեցնէ հայ քաղաքական միտքը: Աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր Արցախի հարցը գլխաւորաբար ներկայացուած է իբրեւ «պատերազմ կամ խաղաղութիւն», իսկ միւս կենսական ոլորտները անտեսուած են, ինչպէս՝ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդումը, տնտեսական զարգացումը, ճնշման կամ հալածանքի պայմաններուն մէջ հեռացած արցախցիներու վերադարձը, կամ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելն ու անոնց յարմարումը։ Թշնամի Ազրպէյճանը ճիշդ այս ուղղութիւններով աշխատեցաւ՝ կարողութիւններ զարգացնելով բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, մինչ հայ ղեկավարութիւնը, ընդհանրապէս անվտանգութիւնը ուրիշին յանձնած, առաւելապաշտութեան կառչած ճառերով բաւարարուեցաւ: Այսօր պատասխանատու պետական գործառնութիւնը կը պահանջէ, որ Հայաստանի նպատակները հաւասարեցուին իր իսկ միջոցներուն՝ փոխանակ ազգային ռազմավարութիւնը կաշկանդելու կեղծ երկբեւեռ ընտրանքներով:
Այսօր Երեւանի մէջ ընդդիմադիր հաւաքները Արցախի հարցը ազգային օրակարգին վրայ կը պահեն, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը այսօր չունի «կախարդական փայտիկ» մը, որով կարելի ըլլար ապահովել Արցախի փախստականներու համախումբ վերադարձը՝ միջազգային երաշխիքներու ապահովութեամբ: Իւրաքանչուր լուրջ ռազմավարութիւն պիտի պահանջէ ժամանակ, ուշադրութիւն եւ միջոցներ։ Միւս կողմէ, ամբոխահաճ իշխանութիւնը կը կառչի խաղաղութեան պատրանքին՝ հպատակաբար ընդունելով կատարուած իրողութիւնը, միաժամանակ ներազգային ճակատին վրայ (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար եւ իր բոլոր ցանցերով) կը շարունակէ սնուցանել բացասական խօսոյթ՝ արցախցի խոցելի փախստականներուն դէմ. Երկու մօտեցումներն ալ քաղաքականութենէն մղուած կը թուին եւ ոչ թէ՝ իրականութեան վրայ հիմնուած, ինչպէս որ կը պահանջէ ճգնաժամային այս իրավիճակը:
2025-ին աշխարհը բազմաբեւեռ է, ճեղքուած եւ ծայրայեղօրէն մրցակցային։ 1878-ի Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրէն ի վեր հայերուն մօտ կը շարունակուի պահպանուիլ այն հոգեբանութիւնը, թէ «քրիստոնեայ հայերու» փրկութիւնն ու արդարութիւնը պիտի գար մեծ պետութիւններէն: Սակայն, ինչպէս կը յիշեցնէ իրապաշտ Ճոն Միրշհայմը, ինչպէս մենք կը շարունակենք վկայել, միջազգային համակարգը անիշխանական է,փրկիչներ չկան։ Իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն` Հայաստանի պետական վարչագիտութիւնը կարելի չէ օտարներու արտապատուիրակել, իսկ հայկական շահերը կարող են պաշտպանել միայն հայերը իրենք։ Հայոց պատմութիւնը, յատկապէս` վերջին երկու դարերուն, այս դասը բրտօրէն կը հաստատէ։ Երբ քաղաքական կազմակերպութիւններ ամէնուր կը նախընտրէին անկարելի երազներ հետապնդել, իրենք իրենց կ՛երաշխաւորէին, որ ճնշումի տակ չեն ըլլար վիճակը քայլ առ քայլ բարելաւելու ուղիներ գտնելու համար:
2 սեպտեմբերը այս շաբթուան հայ քաղաքական կեդրոնական նիւթը եղաւ. սակայն նոյնքան կարեւոր է յիշել 26 օգոստոսը՝ 1071-ի Մանազկերտի ճակատամարտը, որ նշանաւորեց դարերու թրքական գերիշխանութեան սկիզբը Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ։ Ընկեր մը վերջերս յիշեցուց, որ երեք հազար տարիներու գրառուած հայկական պատմութենէն գոնէ հազար տարին հայերը նոյն աշխարհագրութիւնը բաժնած են թրքական ցեղերու հետ։ Վիպապաշտ ազգայնականութիւնը իր տեղը ունեցած է 19-րդ դարու աշխարհին մէջ, սակայն այսօրուան իրականութեան գիտակցութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ընդունիլ մեր աշխարհագրութեան սահմանափակումները։ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմավարական մտածողութիւնը պէտք է խարսխուի իր իրական դրացնութիւններուն վրայ՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան, եւ ոչ թէ կերակրուի անցեալի փառքերու կարօտախտի պատրանքներով: Ահա այս իրապաշտ ակնոցով միայն հայկական քաղաքական միտքը կրնայ սկսիլ իմաստ տալ աշխարհաքաղաքական կիզակէտին եւ պետութեան ռազմավարական շահերուն շուրջ մրցող պահանջներուն:
Հետեւաբար հարցումը կը մնայ այն, թէ ներկայիս որո՞նք պէտք է ըլլան Արցախի վերաբերեալ ճիշդ քաղաքական նպատակները։ Պատասխանը չի սկսիր վերացական տեսութիւններով, այլ՝ մարդոցմով, աւելի քան 120.000 հայերով, որոնք իրենց տուներէն արտաքսուեցան։ Արցախի հայերուն գոյաբանական ճակատագիրը այսօր գոյատեւման եւ Հայաստանի մէջ մնալու խնդիրն է։ Անոնց վիճակը վերադարձի իրաւունքին շօշափելի դրսեւորումն է։ Մինչ անոնց հայրենի հողերը այժմ անհասանելի են, անոնց տեղաւորումը հայկական հասարակութեան մէջ՝ մշակութային շարունակականութեամբ, մարդասիրական հրամայական մըն է եւ միաժամանակ կենսական՝ Արցախի հիմնահարցը կենդանի պահելու համար։ Հայաստան ունի ժողովրդագրական խնդիր եւ կարիք՝ մարդկային ներուժի։ Արտագաղթը կանխելը արցախցի փախստականներու համար առաջնահերթ է եւ ժամանակի դէմ մրցում. Հայաստանի մէջ այսօր արժանապատիւ եւ հաստատ կեանքերու ստեղծումը կը պահէ վաղուան վերադարձի կարելիութիւնը, եթէ պայմանները փոխուին։ Այս մտածումները նախապէս ներկայացուցած եմ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ (Ճգնաժամային Պահը՝ Հայաստանի Մէջ Փախստականներու Նախարարութեան Մը Հիմնումի Անմիջական Հրամայականը) եւ այստեղ աւելի մանրամասն պիտի չանդրադառնամ այս նիւթին։
Գործնական առումով, քաղաքական թատրոնի մէջ ընկղմելու փոխարէն՝ Արցախի հարցի անմիջական նպատակները կարելի է այսպէս սահմանել․
- Ապահովել պատշաճ բնակարան, կրթութիւն, առողջապահութիւն եւ աշխատանք՝ արդիւնաւէտ, հաստատական եւ հետեւողական միջոցներով,
- Խթանել համայնքային կեանքի ստեղծումը, որ կը պահէ Արցախի մշակութային շարունակականութիւնը եւ կը մատուցէ հոգեբանական աջակցութիւն,
- Քաջալերել, որ փախստականներուն մեծամասնութիւնը ստանայ հայկական քաղաքացիութիւն (մինչ այժմ միայն փոքր տոկոս մը այդ քայլին դիմած է տարբեր պատճառներով)։
Արժէ յիշել, որ թէեւ Արցախի փախստականներուն մեծամասնութիւնը արդէն ունէր հայկական անձնագիրներ՝ 007 շարքով աւարտող, սակայն անոնց տրամադրուեցան նաեւ «ժամանակաւոր պաշտպանութեան փախստականութեան վկայականներ», որոնք Հայաստանի մէջ շատերու մօտ ընկալուեցան իբրեւ սահմանափակող փաստաթուղթեր։ Թէ՛ կառավարութիւնը եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը անորոշ մնացած են արցախցիներու քաղաքացիութեան հարցին նկատմամբ։ Այդ վկայականները որոշ ժամանակ տրամադրեցին սահմանափակ նիւթական օգնութիւն, սակայն օգոստոս 2025-էն ի վեր վճարումներուն մեծ մասը դադրեցաւ, եւ մնացած նպաստները, մանաւանդ՝ թոշակառուներու եւ երիտասարդներու, կը սպասուի, որ մինչեւ տարեվերջ դադրին։ Ընդհակառակն, լիարժէք հայկական քաղաքացիութիւնը փախստականներուն կը շնորհէ մէկանգամեայ բնակարանային հաւաստագիրներ, քայլ մը, որ յատկապէս նշանակալի է մեծ ընտանիքներու եւ Երեւանէն դուրս հաստատուողներու համար, ուր կեանքի պայմանները աւելի մատչելի են:
Կարելի է ենթադրել, թէ հայկական պետութիւնը եւ սփիւռքը միասին կարող են ունենալ միջոցները՝ այսօր իսկ հետապնդելու Արցախի փախստականները Հայաստանի մէջ հաստատելու նպատակը։ Եթէ քաղաքական կամք գոյութիւն ունենայ, եւ համոզիչ ծրագիրներ մշակուին, կարելի է նաեւ այլ երկիրներու օժանդակութիւնը ներգրաւել աջակցելու համար։ Նոյնպէս սպասելի է, որ Արցախի փախստականները ստանձնեն հայկական քաղաքացիութիւն եւ ոչ թէ գրաւուին այլ երկիրներու մարդկային ներուժ փնտռող ներգաղթի ծրագիրներով։ Այս ճգնաժամին արձագանգելը միայն մարդասիրական պարտականութիւն չէ, այլ նաեւ՝ հայկական պետական վարչագիտութեան փորձաքար։ Միայն այդպէս Լեռնային Ղարաբաղի հայերը պիտի դադրին փրկութիւն որոնելէ օտար երկիրներու մէջ:
Կ՛ուզեմ աւարտել որոշ դիտարկութիւններով, զորս ուրիշներու մօտ իմաստաւորած եմ։ Ամառները երբեմն Թեսաղոնիկէ՝ Յունաստան կ՝այցելեմ, ուր Ցեղասպանութենէն ետք մեծ հայրս գաղթական եղած էր։ Կ’անցնիմ բազմաթիւ քաղաքներէ, որոնց անունները կը սկսին «Նէա»-ով՝ յիշեցնելով նոր համայնքները, զորս կառուցեցին յոյն փախստականները՝ 1922-ին Անատոլուէն արտաքսուած, Յունաստանի պարտութեան եւ յոյներու ու հայերու համատեղ տեղահանութեան պատճառով: Այս քաղաքներուն մէջ երրորդ սերունդ մը պահած է ազգային յիշողութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ նոր կեանքեր կառուցելով եւ յունական քաղաքակրթութեան շարունակականութիւնը ապահովելով։ Յոյն ժողովուրդը երբեք չմոռցաւ իր առաջնորդներու քաղաքական եւ զինուորական ձախողութիւնները. անոնցմէ շատեր դատուեցան նոյեմբեր 1922-ին, եւ ոմանք ուղղակի գնդակահարուեցան «Փոքր Ասիոյ աղէտ»-ին համար, որուն պատճառով շուրջ 1,2 միլիոն յոյներ իրենց բնիկ Անատոլուէն արտաքսուեցան: Սա հետեւանքն էր պարզամիտ առաջնորդներու քաղաքական միտքին, որ հաւատալով Սեւրի դաշնագիրին՝ հետապնդեց «Մեծ Իդէա» (Μεγάλη Ιδέα)՝ մեծ Յունաստանի մը տեսլականը: Հետագային բնակչութեան փոխանակումը Թուրքիոյ հետ եւ 1923-ի Լոզանի դաշնագիրը գործնականօրէն աւարտեցին «Մեծ Իդէա»-ն իբրեւ գործուն քաղաքականութիւն։ Հայերը այսօր բաղդատաբար կը դիմագրաւեն նման ընտրութիւն․ յիշողութիւնը դարձնել թուլացո՞ւմ, թէ՞ ծառայեցնել նորոգման հիմքի եւ ներգրաւուիլ ինքնիշխան ժողովուրդի մը արժանի պետական վարչագիտութեան մէջ:
Վերադարձի իրաւունքը իրաւացի եւ խորապէս ցաւալի մտահոգութիւն մըն է։ Բայց երբ արդարութիւնը կը հետապնդուի առանց ռազմավարութեան, կը դառնայ դատարկ ճիգ մը, եւ հայ ժողովուրդը յոգնած է այդ դատարկութենէն։ Աւելի մտահոգիչ են մեր շուրջի 2020-ի աղէտալի պատերազմէն ի վեր քաղաքական անտարբերութիւնը եւ անոր շարունակուող հետեւանքները։ Հայաստանի ճգնաժամէն անդին անցնելուն համար ազգային քննարկումը պէտք է փոխադրուի քաղաքական թատրոնէն դէպի պատասխանատու եւ իրապաշտ պետական գործառնութիւն: Ասիկա կը պահանջէ ճշդել նպատակներ, որոնք համազօր են զանոնք իրականացնելուն միջոցներուն։ Պատասխանատու քաղաքական դերակատար մը, որ կը զբաղի Արցախի հարցով, պիտի սկսի ամէնէն հրատապ խնդիրէն՝ հոգալ Արցախի փախստականներուն պէտքերը, միաժամանակ ամրապնդելով հայկական պետութիւնը եւ դիմադրելով ազգային բանավէճի ձեռնավարութեան թէ՛ ներքին պատեհապաշտներու եւ թէ՛ օտար ուժերու կողմէ: Քանի որ իշխանութիւնը ընտրած է անտեսել Արցախի հիմնահարցը, պարտականութիւնը կը մնայ ընդդիմադիր ուժերուն եւ լայն քաղաքացիական շրջանակներուն ուսերուն վրայ՝ ստեղծելու իրապաշտ այլընտրանք: Միայն գործնական նպատակներու շուրջ համախմբուելով եւ իսկական գործունէութիւն ստանձնելով է, որ կարելի պիտի ըլլայ անցնիլ 2020-ի ու Արցախի յաջորդող աղէտին անդամալուծութենէն անդին եւ բանալ ճանապարհ մը՝ դէպի աւելի ապահով ու ինքնիշխան ապագայ։ Արցախի հայերու իրաւունքները կը պահանջեն քաղաքական կամք՝ ստանձնելու այսօրուան պարտաւորութիւնները, միաժամանակ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը աչքի առջեւ պահելով եւ պատրաստուելով վաղուան՝ ամէնէն արդիւնաւէտ պայմաններուն տակ:
Յառաջ երթալու ուղին կը պահանջէ մեր ներկայ իրավիճակին եւ մեր նախատեսած նպատակակէտին միջեւ եղած կէտերը միացնել։ Անիկա դատարկ լոզունգներով չի կառուցուիր, այլ նախ եւ առաջ կարիքը ունի իրական յանձնառութիւններու՝ բնակարան, աշխատանք, համայնք եւ քաղաքացիութիւն՝ մեր արցախցի փախստական հայրենակիցներուն համար. Հայաստանի մէջ, եւ այսօր:
Րաֆֆի Արտալճեան՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ «Ֆլեչըր» համալսարանի շրջանաւարտ, արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ խորհրդատու՝ արհեստագիտական ընկերություններու, հանրային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։ Ան կը մտածէ եւ կը գրէ սփիւռքը եւ Հայաստանը յուզող քաղաքական հարցերու մասին։